Եթէ հարկ ըլլայ ընդունիլ, որ Ապրիլ 24ը մեր մեռելոցն է, հարկ պիտի ըլլայ ընդունիլ նաեւ, որ Մայիս 28ը մեր յարութիւնն է։

Ապրիլ 24ին աւելի շատ նահատակներ ունեցանք, քան հերոսներ։

Մայիս 28ին աւելի շատ հերոսներ ունեցանք, քան նահատակներ։

Մենք այլեւս նահատակներու պէտք չունինք այնքան, որքան պէտք ունինք հերոսներու։

Կարճ խօսքով՝ Ապրիլ 24ին հայրենիք մը կորսնցուցինք, Մայիս 28ին հայրենիք մը ստեղծեցինք։ Կորսուածը չէր մեր ստեղծածը, բայց վերջապէս հայրենիք մըն էր։

Հայրենիքը անցեալի փառքն է եւ ապագայի յոյսը։ Մենք առաջինը կորսնցուցինք, բայց շահեցանք երկրորդը։ Որքան մեծ է փառքը, նոյնքան մեծ է հայրենիքը։ Բայց նաեւ որքան զօրաւոր է յոյսը, նոյնքան զօրաւոր է հայրենիքը։

Պիտի ըսենք պարզ ու յստակ ¬ զօրաւոր է մեր յոյսը, ուստի զօրաւոր պիտի ըլլայ մեր հայրենիքն ալ։

Հին իմաստութիւնը կþըսէ, թէ յոյսը ցաներ են եւ տեղը բան չէ բուսեր։

Ասիկա հին իմաստութիւնն է։ Կայ նաեւ նորը.¬ յոյսը ցանելէ ետք հնձել պէտք է, հնձել գիտնալու է։

Հետեւաբար, մենք բոլորս, հինգուկէս միլիոն հայեր այսօր, տասը միլիոն հայեր՝ վաղը, ոչ միայն պիտի ցանենք, այլեւ պիտի հնձենք։ Այսօր սերմանողներ ենք, վաղը պիտի դառնանք հնձուորներ։

Կը հարցնենք.¬ Մայիս 28ը մասնաւոր տէր մը ունի՞։

Կը պատասխանենք.¬ ո՛չ, չունի։ Բայց ունի ընդհանրական տէր մը, որ հայ ժողովուրդն է։

Այս աշխարհասփիւռ ցեղը, որ փառաւոր անցեալ մը ունի եւ Մակեդոնացիի աննահանջ Յոյսը, բազում անգամ հայրենիք կորսնցուց եւ բազում անգամ հայրենիք ստեղծեց։ Դարձեալ ու վերստին պիտի ստեղծէ ըստ պատկերի իւրում։ Որքան մեծնայ համրանքով, նոյնքան պիտի մեծնայ հողով։

Սակայն մենք քանակական ազգ չենք, որակական ազգ ենք։ Մեր ուժը մեր քանակին մէջ չէ, որակին մէջ է։ Մեր բոլոր յաղթանակները կը պարտինք մեր որակին, իսկ պարտութինները՝ մեր քանակին։

Երբեք նկատի չենք առներ մեր ուժը։ Նկատի կ՛առնենք մեր իրաւունքները միայն։

Ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանենք, աւելի ճիշդ կրնա՞նք պաշտպանել մեր իրաւունքները ներկայ պայմաններուն մէջ։

Հարցը այս չէ սակայն, եւ չենք իսկ մտածեր այս մասին.¬ կրնա՞նք, չե՞նք կրնար։ Պարզապէս կը հաւատանք, թէ այն ոյժը ¬ տեսանելի կամ անտեսանելի ¬, որ պաշտպանեց մեզ Մայիս 28ին (կամ Մայիս 28երուն), պիտի պաշտպանէ նաեւ ժամանակին եւ տարածութեան դէմ, գալիք Մայիս 28երուն։

Կը կրկնենք, մենք ունեցանք ոչ թէ մէկ, այլ բազում Մայիս 28եր, «թէպէտ եւ եմք ածու փոքր յոյժ ընդ փոքրու սահմանեալ»։ 1918 Մայիս 28ը վերջինը չէ, ինչպէս առաջինն ալ չէ։

Այս երեւոյթը մենք կը կոչենք «յոյս ցանել»։

Օր մը անշուշտ պիտի ունենանք վերջին Մայիս 28ը, եւ այդ վերջին 28ին պիտի դառնանք ոչ թէ ցանողներ, այլ հնձողներ։ Սակայն թող չըսուի, թէ անուղղելի երազատեսներ ենք, տեսակ մը վերամբարձ տեսլահարներ, կամ թէ կը պատկանինք մարդոց այն դասին, որ կը սիրէ երազել բերանը բաց, խնձորի ծառին տակ քովնտի երկարած։

Չենք ուրանար, որ այո՛, յամառօրէն կը վազենք ոչ թէ երկու, երեք կամ տասը երազներու, այլ միակ երազի մը ետեւէն, որ կը կազմէ մեր մեղալի իտէան։ Չմոռնանք, որ երազատեսներ էին բոլոր մարգարէները, բոլոր առաքեալները, բոլոր սուրբերը, բոլոր հերոսներն ու մարտիրոսները։ Պատմութիւնը կը յիշէ գործնական մարդու, իրականութենէն վեր բաներու չհաւատացող երկրածին մարդու գորշ անուն մը միայն՝ Յուդան, որ առաքեալներուն հետ ապրեցաւ, բայց առաքեալ չեղաւ երբեք։

Մայիս 28ը երազ մը չէ՞ր ասկէ վաթսուն տարի առաջ, եօթանասուն տարի առաջ, հինգ կամ վեց դար առաջ։

Այո՛, անկասկա՛ծ։

Բայց այս երազը 1918ին դարձաւ¬եղա՛ւ իրականութիւն, իսկ հիմա արդէն պատմութիւն է, այսինքն՝ երազի մը գերեզմանը եւ իրականութեան մը օրօրոցը։

Հայրենիքը կենդանի իրականութիւն է անշուշտ, բայց նաեւ երազ է, իտէալ է, հոգեկան զօրութիւն է։

Կենդանի իրականութիւնը այսօր կայ, վաղը կրնայ չըլլալ, ինչպէս պատահած է «հոլով անգամ», բայց երազը, իտէալը, հոգեկան զօրութիւնը անկորնչելի է եւ անկողոպտելի։ Այսօր ալ կայ, վաղն ալ պիտի ըլլայ։

Քիչ մը աւելի առաջ տանինք մեր երազատեսութիւնը եւ ըսենք.¬ մեծ կայսրութիւններու փլուզումը տեսանք, մեծ բանակներու խորտակումը տեսանք մեր հողին կամ սահմաններուն վրայ։ Անոնք անցան, մենք մնացինք։ Եւ մնացինք ոչ թէ որովհետեւ աւելի զօրաւոր էինք, այլ որովհետեւ մեզ վարողը հողին ոյժն էր, երազին ոյժն էր, իտէալին ոյժն էր, ոգիին ոյժն էր։

Սակայն կրկին ու անգամ մը եւս պիտի ըսենք, որ Մայիս 28ը եզակի չէ, յոգնակի է։

Մէկ չէ, երե՛ք է։

Առաջինը 1918 Մայիս 28ը, որ գրուած ու կնքուած պատմութիւն է հիմա։

Երկրորդը այսօրուան Մայիս 28ը, որ կը գրուի կամ գրուելու վրայ է։ Այս երկուքը նուաճուած զօրութիւններ են, այսինքն երազ չեն այլեւս, իրականութիւն են։

Կը մնայ դեռ երրորդ Մայիս 28ը։ Այն, որ պիտի նուաճուի օր մը։ Այն, որ իրականութիւն չէ այսօր, բայց իրականութիւն պիտի դառնայ անպատճառ։ Այն, որ պատմութիւն չէ, բայց պատմութիւն պիտի ըլլայ մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային։

Ճշդիւ ե՞րբ. ատիկա Տէրը ինքը միայն գիտէ։

Ահա այս չգրուած, բայց գրուելիք պատմութիւնն է, այս չնուաճուած, բայց նուաճուելիք զօրութիւնն է, որ կը կազմէ մեր երազը, Պետքար լեռը, որուն կը ձգտինք հասնիլ եւ որուն կը հաւատանք, թէ պիտի հասնինք անկասկած։

Գալիք այս Մայիս 28ը կը կազմէ մեր ազգային ուխտը. կրնանք զայն ամփոփել սա չորս բառերուն մէջ.¬ ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ։

Մեր ուխտին առաջին կէսը, առանց երկրորդ կէսին, թերի է եւ պակասաւոր։

Ուխտին երկրորդ կէսը, առանց առաջին կէսին, նոյնպէս թերի է եւ պակասաւոր։

Երկու կէսերուն միացումը, համալրումն է, որ կը կազմէ մեր ազգային ուխտը։ Թէ՛ այն բարձունքը, որուն կը ձգտինք, եւ թէ՛ այն նշանակէտը, որուն կը յուսանք հասնիլ ուշ կամ կանուխ։

Կրնա՞նք այսօր¬վաղը իրագործել մեր ազգային ուխտը. ո՛չ։

Բայց ժողովուրդները տարիներով չեն ապրիր, դարերով եւ դարերու համար կþապրին։ Չենք գիտեր, թէ յաջորդ դարը եւ յաջորդ դարերը ի՞նչ կրնան բերել մեզի։ Մինչ այդ՝ կþուզենք զարթուն պահել մեր ազգային իտէալը եւ ազգային ուխտը։

¬ Մարդ Աստուծոյ,¬ կþըսէ դարաւոր իմաստութիւնը,¬ Ամենակալն Աստուած մեծատուն է եւ առատաձեռն։ Խնդրէ անկէ ոչ թէ հանապազօրդ հացդ, ոչ թէ խրճիթ մը այգիով կամ առանց այգիի, այլ պալատ մը, նոյնիսկ կայսրութիւն մը։

Աստուծմէ մեր խնդրածը լայնածաւալ, ծովէ ծով տարածուող կայսրութիւն մը չէ, այլ ամբողջացած հայրենիք մըն է ամբողջացած հայութեամբ։

Այս է ամէնը։

Եւ որովհետեւ այս «ամէն»ը այսօր¬վաղը իրականութիւն դարձնելու յոյս չկայ, ոմանք մեր երազը... երազատեսութիւն կը համարին, իսկ մեր յոյսը՝ ցնորք։

Երազագիտութիւն կամ ցնորք, մենք կառչած կը մնանք մեր ազգային ուխտին։

 Բ. ԹԱՇԵԱՆ

«Ազատ Օր» 28-5-1971