­­Կե­րո­նա­կան­ցի Ար­մե­նա­կի սէ­րե­րը հաս­ցէ ու­նին: Ա­նոնց­մէ մէկն է հայ դպրո­ցը: ­Հայ դպրո­ցի կա­րե­ւոր եւ ան­կա­րե­ւոր ձեռ­նարկնե­րուն ներ­կայ կ’ըլ­լայ, զօ­րա­վիգ կ’ըլ­լայ: Երկ­րա­շար­ժը այն­քան չի ցնցեր զինք, որ­քան փա­կո­ւող հայ դպրո­ցը:

­­Հայ դպրո­ցը միշտ կա­րիք­ներ ու­նի: Կ­’ի­մա­նանք հան­գա­նա­կու­թեան, պա­րա­հան­դէ­սի, ճաշ­կե­րոյ­թի, երգ­չա­խում­բի ե­լոյ­թի, եւ այլ ձեռ­նարկ­նե­րու մա­սին: ­Լաւ է:

Երբ մար­դիկ ուղ­ղա­կի դրամ չեն տար հայ դպրո­ցին, ճա­շե­լով կա­րե­լի է ա­նոնց­մէ դրամ առ­նել:

Ար­մե­նա­կին ալ ճաշ­կե­րոյ­թի տոմ­սակ ծա­խած են, մե­զի հա­մար ալ գնած է: ­Շա­բաթ ե­րե­կոյ, Էլ­պի­սը, ­Մա­կա­րու­հին, Ար­մե­նակ եւ ես ճշդո­ւած ժա­մուն սրահ մտանք: Ս­րա­հին խո­րը տեղ մը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին մեզ: ­Պա­տո­ւոյ սե­ղան մը դրո­ւած էր: ­Կը դի­տէինք:

Պա­տո­ւոյ սե­ղա­նի կոչ­նա­կան­նե­րը հա­սա­րակ ազ­գա­յի­նի պէս ճիշդ ժա­մուն չեն գար: Ե­թէ ճիշդ ժա­մուն գան, ի­րենց փքո­ւած ե­սե­րուն ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ինչ­պէ՞ս կրնան ը­նել ան­տէր ա­թոռ­նե­րու առ­ջեւ:
Ս­պա­սե­ցինք:

– ­Մա­կա՛ր, դուն շատ մարդ կը ճանչ­նաս, ը­սէ՛ ին­ծի թէ ո՞վ է այ­սօ­րո­ւան հո­վա­նա­ւո­րը, բա­նաս­տե՞ղծ է, գրո՞ղ, գիտ­նա­կա՞ն, արո­ւես­տա­գէ՞տ, ազ­գա­յին հե­րո՞ս, ես իր ա­նո­ւան չեմ հան­դի­պած:

– Ես ալ չեմ ճանչ­նար, լսած եմ որ հի­ւանդ է, քու գիտ­ցած հի­ւանդ­նե­րէդ չէ, կը տա­ռա­պի ժո­ղո­վախ­տէ, ե­րե­ւե­լի ըլ­լա­լու ճա­նա­պար­հը հոն­կէ կ’անց­նի: ­Ծա­գու­մով հա­յու տե­սակ է, կը սի­րէ ճառ խօ­սիլ, բայց ոչ-հա­յե­րէն:

Ա­նոնց­մէ է, ո­րոնք հա­յե­րէ­նը կը հա­մա­րեն աղ­քատ եւ աղ­քատ ազ­գա­կա­նի լե­զու, բայց եր­բեմն որ­պէս հա­մեմ հա­յե­րէն բա­ռեր կ’ը­սեն, շնորհ ը­նե­լով:

Խօ­սե­ցանք հա­րիւ­րա­մեա­կի մա­սին, ար­դէն հա­րիւր­յի­սու­նա­մեա­կի մա­սին մտա­ծող­ներ կան:

Անս­պա­սե­լիօ­րէն պա­տո­ւոյ սե­ղա­նի թեկ­նա­ծու­նե­րը միաս­նա­բար հա­սան, սկաու­տա­կան խում­բի պէս: ­Նո­ւա­գա­խում­բի փո­ղութմ­բու­կի աղ­մու­կին մէջ ճա­շի սպա­սար­կու­թիւ­նը սկսաւ: ­Բա­ժակ­նե­րը լե­ցո­ւե­ցան: ­Նո­ւա­գա­խում­բը լռեց: Օ­տար հիւ­րե­րը ի­րենց լե­զո­ւով ա­ւան­դա­կան հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թիւ­նը ը­րին, ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րե­լով որ զի­րենք չմոռ­նան քո­ւէա­տու­փին առ­ջեւ: ­Հա­րիւր տա­րիէ ի վեր հիւ­րըն­կալ եր­կիր­նե­րու մէջ կրկնո­ւող բե­մադ­րու­թիւն:
­­Ճա­շե­րուն հետ ճա­ռե­րը քայլ կը պա­հէին:

– ­Մա­կա՛ր, այդ ճա­ռե­րը մար­սո­ղու­թեան կը նպաս­տե՞ն:

– Ի՞նչ կ’ը­սես: Ե­թէ այդ շնոր­հը ու­նե­նա­յին սե­ղան­նե­րուն վրայ կա­զով ջուր կը դնէ­­՞ին,- ը­սի իմ կար­գիս:

Վեր­ջա­պէս, ինչ­պէս որ պատ­շաճ է, հրա­ւի­րե­ցին հո­վա­նա­ւո­րը իր պատ­գա­մը տա­լու ար­դէն կուշտ եւ քիչ մըն ալ տաք­ցած գլու­խով ներ­կա­նե­րուն:

Երբ հո­վա­նա­ւո­րը վի­զը առ­ջեւ տնկած իր ա­ռա­ջին բա­ռե­րը ը­սաւ, Ար­մե­նակ ան­հանգս­տա­ցաւ:

– ­Վա՛յ քեզ աշ­խարհ,- ը­սաւ,- հայ դպրո­ցի մա­սին օ­տար հիւ­րե­րը մէկ բառ հա­յե­րէն չխօ­սե­ցան, լսե­ցինք, հի­մա հա­յը կը խօ­սի հայ դպրո­ցի մա­սին, այն­պէս ինչ­պէս օ­տար­ներ խօ­սե­ցան: Ի՜նչ խօ­սուն օ­րի­նակ ա­շա­կերտ­նե­րուն: ­Տե՛ս, դպրո­ցի մա­սին հո­վա­նա­ւորն ալ հա­յե­րէն բառ չ’ը­սեր, ինչ­պէս օ­տար­նե­րը, տար­բեր բուրդ կը մա­նէ:
­­Հո­վա­նա­ւո­րը նոյն ո­գիով կը շա­րու­նա­կէր եւ հա­յե­րը բե­րա­նա­բաց կը լսէին: Ան յան­կարծ բղա­ւեց՝ ճա­ռը ա­ւար­տե­լու հա­մար. «­­Կեց­ցէ՛ հայ դպրո­ցը, կեց­ցէ՛ ­Հա­յաս­տա­նը, կեց­ցէ՛ ­Ղա­րա­բա­ղը», եւ կուշ­տեր յոտն­կայս ծա­փե­րով պա­տաս­խա­նե­ցին հո­վա­նա­ւո­րին:
Ար­մե­նակ եւս ոտ­քի ե­լաւ, մե­զի ալ ը­սաւ. «Եր­թանք, բա­ւա­րար է որ­քան լսե­ցինք եւ փաս­տե­ցինք, որ ծա­գու­մով հայ ենք, հա­ճոյք պատ­ճա­ռե­լով մեր հիւ­րըն­կալ հիւ­րե­րուն: ­Չը­սին, թէ հայ դպրոցն էր նպա­տակ, թէ ան մի­ջոց չէր…»:
­­Պա­տո­ւոյ սե­ղա­նին շուրջ կը շա­րու­նա­կէին ձեռք սեղ­մել… ­Հա­յե­րէ­նի հո­գե­հան­գի՞ստ էր:

Մա­կար, ի ­Գա­ղիա