­Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րա­դար­ձը, սոյն տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ մտադ­րած էի, թէ այս սիւ­նա­կին վրայ ա­ւե­լի յա­ճախ խորհր­դա­ծենք գա­ղա­փա­րա­կան ըն­կա­լում­նե­րու շուրջ: Թե­րեւս այդ բնոյ­թով

կարգ մը յօ­դո­ւած­ներ ալ լոյս տե­սան «­Մենք ու Մե­րոնք» խո­րա­գի­րին ներ­քեւ: Բայց ինչ­պէս բո­լորս տե­սանք, յատ­կա­պէս Ապ­րիլ ամ­սո­ւան ան­ցու­դար­ձե­րը մե­զի պար­տադ­րե­ցին հեւ ի հեւ վազ­ք մը, ո­րու ըն­թաց­քին կա­րե­լի չէր պահ մը իսկ ա­մէ­նօ­րեայ հո­սան­քէն դուրս գալ եւ խնդիր­նե­րը քիչ մը ա­ւե­լի հե­ռո­ւէն դի­տել: Դեռ տա­րե­մու­տի օ­րե­րէն Ան­մո­ռուկ Ծա­ղի­կը ա­գու­ցած էինք մեր լամ­բա­կին եւ կար­ծած, թէ ան լման տա­րի մը մեզ պի­տի մղէ դա­րա­ւոր ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու:

Սա­կայն կա­րե­լի՞ է: Մե­կու­սա­ցած կեանք մը չէ Թուր­քիոյ մէջ մեր ապ­րա­ծը: Խիստ ներգ­րա­ւո­ւած ենք եր­կի­րի ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րով: Ի վեր­ջոյ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ մը ու­նինք մեր վե­րեւ, որ օ­րըս­տօ­րէ ա­ւե­լի հա­մար­ձակ ե­լոյթ­նե­րով կը թե­լադ­րէ բռնա­կա­լի մը դի­մա­գի­ծը: Կը դրժէ նա­խա­գահ ընտ­րո­ւած պա­հուն կա­տա­րած եր­դու­մը: Չի վա­րա­նիր հրա­պա­րա­կել կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը: Կը հա­կա­սէ իր իսկ խօս­քե­րուն:
­Հա­զիւ ա­միս մը մնա­ցած է նոր խորհր­դա­րա­նի ընտ­րու­թեան, եւ այս ան­գամ ի դէմ նա­խորդ­նե­րու, հա­ւա­նա­կան է որ ե­րեք հայ պատ­գա­մա­ւոր­ներ տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ան­դա­մակ­ցու­թեամբ մուտք գոր­ծեն խորհր­դա­րան:

Հե­տե­ւա­բար, խիստ ա­լե­կո­ծած է քա­ղա­քա­կան դաշ­տը: Թր­քա­հա­յու­թիւ­նը հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նի իր պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ է, որ այս­քան մեծ հա­մե­մա­տու­թեամբ կը զօ­րակ­ցի ընդ­դի­մա­դիր, նոյ­նիսկ կա­րե­լի է ը­սել ծայ­րա­յեղ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մը: Ար­դա­րեւ, սկսե­լով մեր ըն­տա­նե­կան ան­մի­ջա­կան շրջա­նակ­նե­րէն, ամ­բողջ պոլ­սա­հայ ըն­կե­րու­թեան մէջ ու­շագ­րաւ հա­կում մը կը նկա­տո­ւի ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան հան­դէպ: Թէեւ նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ալ այս քա­ղա­քա­կան հո­սան­քին ա­ռա­ջար­կած ան­կախ թեկ­նա­ծու­նե­րը բա­ւա­կան ձայ­ներ հա­ւա­քած էին հա­յա­շատ թա­ղե­րու մէջ: Բայց այս ան­գամ, երբ շար­ժու­մը փո­խա­նակ ան­կախ թեկ­նա­ծու­նե­րու, կու­սակ­ցու­թեան ա­նու­նով կը մաս­նակ­ցի ընտ­րու­թեան, տա­սը տո­կո­սի ար­գել­քը յաղ­թա­հա­րե­լով՝ կրկնա­պա­տի­կէն ալ ա­ւե­լի պատ­գա­մա­ւոր­ներ պի­տի ու­նե­նայ խորհր­դա­րա­նին մէջ:

Բայց միայն մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րը չեն մեր օ­րա­կար­գը ձե­ւա­ւո­րող­նե­րը: Կե­տիկ­փա­շա­յի Հայ Բո­ղո­քա­կա­նաց Ե­կե­ղեց­ւոյ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղած Թուզ­լա­յի Ման­կա­կան ճամ­բա­րը ան­գամ մը եւս փո­թոր­կեց մեր օ­րա­կար­գը: Այս տո­ղե­րը գրո­ւած պա­հուն մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան բազ­մազ­գի զան­գո­ւած մը փու­թա­ցած է ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ մեր ձեռ­քէն խլո­ւած տա­րած­քին տէր կանգ­նե­լու:

«­Նոր Զար­թօնք»ի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը շարժ­ման ան­ցու­ցած է ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րող բազ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք վճռած են տա­րած­քը գրա­ւե­լով փլուզ­ման ար­գելք հան­դի­սա­նալ: Ի դէմ՝ «ի՞նչ կրնան ը­նել որ» հարց­նող յե­տա­դի­մա­կան ու պահ­պա­նո­ղա­կան միտ­քին, կը կա­րե­ւո­րենք գա­ղա­փա­րա­պաշտ այս ե­րի­տա­սարդ զան­գո­ւա­ծին դի­մադ­րե­լու ու պայ­քա­րե­լու կո­րո­վը: Ա­նոնք ար­դէն ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն յա­ջո­ղե­ցան քան­դիչ սար­քե­րը դուրս հա­նել տա­րած­քէն: Ան­շուշտ, ե­թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այդ­պէս տնօ­րի­նեն, դի­մադ­րող­նե­րուն կամքն ու կո­րո­վը ան­զօր կը մնայ պե­տա­կան բռնու­թեան դէմ: Ու­րեմն մե­զի կը մնայ կա­րե­լի չա­փով զօ­րակ­ցիլ ի­րենց, առ­կայ եւ շա­րու­նա­կո­ւող ա­նար­դա­րու­թիւնն ու ա­նար­դա­րու­թե­նէն ծա­գող խայ­տա­ռա­կու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կել:

 Հ­րանդ Տին­քի սպա­նու­թեան յա­ջոր­դող օ­րե­րուն «ի՞նչ կրնանք ը­նել» հար­ցու­ցած էինք մենք մե­զի: Այժմ մար­տա­դաշ­տը Թուզ­լա­յի «­Քեմփ Ար­մէն» ճամ­բարն է:

Բագ­րատ Էս­դու­գեան