Յու­շագ­րու­թեան, գե­ղա­գէ­տի, պատ­մա­գէ­տի, կրօ­նա­կան հա­մայն­քի, հա­յա­սէ­րի, մաս­նա­կի կա­ցու­թիւն­նե­րէն ան­դին, հայ­կա­կան սփիւռ­քը, իր բա­ղադ­րա­մա­սե­րով, պի­տի կա­րե­նա՞յ ինք­զինք վե­րամ­տա­ծել որ­պէս ի­րա­ւու­թեամբ ազ­գի ան­քակ­տե­լի եւ ան­բա­ժա­նե­լի մաս: Ազ­գի մա՛ս. ո՛չ օ­տա­րերկ­րա­ցի, ո՛չ ծա­գու­մով հայ, ո՛չ յա­ւեր­ժա­կան ըլ­լա­լու յա­ւակ­նու­թեամբ սփիւռք՝ որ կը յա­ւակ­նի տե­ւել որ­պէս ազ­գի հա­տո­ւած՝ զբօ­սաշր­ջի­կի յու­զում­նե­րով, հե­ռո­ւէն դի­տող:

Ճա­ռե­րու մէջ ըն­թա­ցիկ դար­ձած բա­ռա­պա­շա­րով կը յայ­տա­րա­րենք այ­լեւս բան չնշա­նա­կող տա­րա­զը. մէկ ազգ, մէկ մշա­կոյթ, մէկ հայ­րե­նիք: Տարտղնուած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րով ինչ­պէս մէկ կ’ըլ­լայ ազ­գը, մէկ մշա­կոյ­թը ինչ­պէս կ’ըլ­լայ, երբ հա­յը օ­տա­րա­լե­զու գրա­կա­նու­թիւն կը ստեղ­ծէ, հայ­կա­կան ե­րաժըշ­տու­թեան հետ ոչ հե­ռո­ւէն եւ ոչ մօ­տէն ա­ռըն­չոող մե­ղե­դի­նե­րով կ’եր­գէ (ե­րէկ թրքե­րէն, այ­սօր ճա­զա­յին, ա­րա­բա­կան, հա­րա­ւ-ա­մե­րի­կեան, եւ­րո­պա­կան), հա­յե­րէ­նը կ’աղ­ճա­տէ եւ կամ կը խօ­սի աշ­խար­հի բո­լոր լե­զու­նե­րով՝ յի­շա­տա­կի կամ հա­մե­մի վե­րա­ծե­լով հա­յե­րէ­նը, եր­բեմն ալ սնա­պար­ծու­թեան ա­ռիթ­ներ ըն­ծա­յե­լով օ­տա­րին հա­մար եւ օ­տար եր­կինք­նե­րու տակ նո­ւա­ճո­ւած փառ­քե­րով:

Ին­չո՞ւ կը խու­սա­փինք խոր­քի ա­ւե­րի մա­սին խօ­սե­լէ, ի՞նչ կը կար­ծենք փրկել, բա­ցի ա­նո­րոշ եւ հետզ­հե­տէ ան­դի­մա­գիծ խմբակ­նե­րէ:

Հայ­րե­նա­հա­նու­մէն հա­րիւր տա­րի ետք, մեր օ­րե­րու ա­ղէտ-ար­տա­գաղ­թով յատ­կան­շո­ւող հե­ռա­ցու­մէն ետք, երբ սփիւռ­քը կը սկսինք հա­մա­րել մնա­յուն, ա­ռանց գի­տակ­ցե­լու, որ այդ մնա­յու­նը այդ­քան ալ մնա­յուն չի կրնար ըլ­լալ ըն­կե­րա­քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սամ­շա­կու­թա­յին ճնշում­նե­րու տակ, ոչ ալ որ­պէս հե­տե­ւանք մեր յա­ջոր­դա­կան տե­ղա­տուու­թիւն­նե­րուն եւ պատ­շա­ճեց­ման ընտ­րանք­նե­րուն:

Ճա­ռե­րը չեն փո­խեր կո­պիտ ի­րա­կա­նու­թեան ըն­թաց­քը, որ­քան որ ալ հին եւ նոր էս­թէպ­լիշ­մընթ­նե­րը, այ­լա­զան շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րով, օ­րօ­րեն զանգուած­նե­րը, ա­նոնք ո­րոնք դեռ չեն մա­շած, կամ մա­շու­մի ըն­թաց­քի մէջ են, զգա­ցու­մով հա­յեր կամ ծա­գու­մով հա­յեր, օ­րի­նա­կե­լի կեր­պով մե­րո­ւած հա­յեր (հիւ­րըն­կալ եր­կիր­նե­րու կող­մէ մեզ շո­յող շռայ­լո­ւած խօսք, որ մեր սին հպար­տու­թիւ­նը դար­ձած է), երբ ար­դէն ո­մանք բա­ռա­յին մար­զանք­ներ կ’ը­նեն, ճշդե­լու հա­մար, որ կէս, քա­ռորդ, կամ մէկ վաթ­սուն­չոր­սե­րորդ հա­յեր կան, եւ կամ, ա­ռանց ծի­ծա­ղե­լի ըլ­լա­լու վա­խի ը­սո­ւած՝ հա­րիւր տո­կո­սով հա­յեր, ո­րոնք միա­ժա­մա­նակ հա­րիւր տո­կո­սով ֆրան­սա­ցի, անգ­լիա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի են… Ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս­ներ՝ ծի­ծա­ղե­լիու­թե­նէ չվախ­ցող: Կր­նանք միտ­քի մար­զան­քը եր­կա­րել՝ ա­ռանց ան­հանգս­տա­նա­լու:

Գո­յու­թե­նա­կան խնդիր կայ: Ա­ռանց բա­ռե­րու շուրջ դառ­նա­լու, պի­տի ըմբռնենք, որ Հա­յու­թիւ­նը դա­տա­պար­տո­ւած է այ­լոց կող­մէ կամ ինք­զինք կը դա­տա­պար­տէ քոչո­ւո­րի վի­ճա­կին, որ մնա­յուն քոչ­ուո­րու­թիւն կը դառ­նայ հետզհե­տէ, ե­րէկ բա­ցատ­րո­ւող, այ­սօր ըստ ա­մե­նայ­նի մեր­ժե­լի, ե­թէ մեկ­նա­կէտ ըն­դու­նինք հայ­րե­նա­կեր­տում եւ ազ­գա­կեր­տում միա­ձու­լո­ւած զոյ­գը, որ կ’են­թադ­րէ ան­հա­տա­կա­նի գե­րան­ցու­մը: Քոչ­ուո­րը բան­տար­կեալն է ան­հա­տա­կա­նի, ո­րուն մէջ ժա­մա­նակ մըն ալ կրնայ տե­ւել ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցում մը, ճիշդ այն­պէս, ինչ­պէս սո­վո­րու­թիւն դար­ձած է ը­սել՝ զգա­ցու­մով հայ, ան­հո­րի­զոն եւ ան­կողմ­նա­ցոյց, որ իր վրա­նը կրնայ զար­նել ա­մէ­նու­րեք, Նոր Զե­լան­տա կամ Լաս Վե­կաս՝ ար­բեց­նող խա­ղա­տու­նե­րուն մօտ ըլ­լա­լու հա­մար: Քոչո­ւո­րու­թիւն՝ հե­տե­ւե­լով պա­րարտ մար­գա­գե­տին­նե­րու հաս­ցէին:

Ինչ­պէ՞ս եւ ին­չո՞ւ վե­րամ­տա­ծել սփիւռ­քի վա­ղը: Ո՞ր հո­րի­զոն­նե­րուն պի­տի բա­ցո­ւի այդ վա­ղը, ի՞նչ ը­նե­լու հա­մար, որ­պէս ի՞նչ՝ շա­րու­նա­կու­թիւն ըլ­լալ-չըլ­լա­լու յա­րա­բե­րա­բար: Մին­չեւ ե՞րբ թա­փա­հա­րում­նե­րով կրնայ տե­ւել ազ­գի ա­ւե­լի քան կէ­սը, որ­պէս համ­րանք ըմբռ­նո­ւած կէս, ոչ ան­պայ­ման որ­պէս ո­րակ: Ան­հատ­ներ եւ ըն­տա­նիք­ներ պի­տի տե­ւեն, ազ­գա­կա­նա­կան կա­պեր պի­տի պա­հո­ւին, բայց ա­նոնք դա­րե­րու շա­րու­նա­կու­թիւն եւ հա­ւա­տար­մու­թիւն պի­տի չըլ­լան, քա­նի որ պի­տի փո­խո­ւին լե­զու­ներ, ա­ւան­դու­թիւն­ներ, ար­ժէք­ներ, պի­տի յա­ռա­ջա­նան խառ­նուրդ­ներ:

Ճշգ­րիտ ոչ մէկ գնա­հա­տում կրնանք ը­նել սփիւռք(ներ)ի թո­ւա­կան պատ­կե­րի մա­սին, նոյ­նիսկ տա­սը կամ քսան տո­կո­սով սխա­լե­լու ի­րա­ւունք տա­լով մենք մե­զի: Մար­դա­հա­մա­րի նմա­նող ըն­կե­րա­բա­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կրնայ օգ­նել կա­ցու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նե­լու: Սո­վո­րա­բար կ’ը­սենք՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի կէ­սէն ա­ւե­լի: Հի­մա, Ե­րե­ւա­նի մէջ կրնաք լսել, որ Մոս­կո­ւա­յի հա­յե­րու թի­ւը շատ ա­ւե­լի մեծ է քան նոյ­նինքն Ե­րե­ւա­նի: Ի՞նչ է հա­յոց թի­ւը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ա­ռան­ձին ա­ռած հսկա­յա­կան ոս­տան (mégapole) Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, կամ Ֆ­րան­սա, Սաօ Փաու­լօ: Սահ­մա­նե­լով ո­րոշ չա­փա­նիշ­ներ, ինչ­պէ՞ս կրնանք գնա­հա­տել այդ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու հայ­կա­կան ո­րա­կը: Այդ ո­րա­կը բա­ւա­րար ե­րաշ­խի՞ք է ինք­նու­րոյ­նա­բար տո­կա­լու եւ տե­ւե­լու հա­մար:

Չեմ գի­տեր ո՞ր ա­մօթ­խա­ծու­թեան տուրք տա­լով չենք խօ­սիր հա­մա­ճա­րակ դար­ձած խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք ձու­լու­մը բազ­մա­պա­տիկ կշռոյ­թով կ’ա­րա­գաց­նեն, ե­թէ բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­ներ յի­շե­լով ինքնա­խա­բէու­թեան անձ­նա­տուր չըլ­լանք: Մեծ ոս­տան­նե­րու մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած հա­յե­րը, շրջա­պա­տի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին եւ տնտե­սա­կան ա­հեղ հո­սան­քին մէջ ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նան տե­ւել, երբ հայ­կա­կա­նու­թիւն ապ­րիլ միայն շա­բա­թա­վեր­ջի զո­ւար­ճու­թիւն է՝ տե­սա­նե­լի որ­պէս մաս­նա­ւոր­նե­րու խմբակ, երբ ան­դին ան­տե­սա­նե­լի զան­գո­ւած մը կայ, որ կը հա­լի, ա­ռանց կա­րե­նալ ընդ­դի­մա­նա­լու, ընդ­դի­մա­նալ ու­զե­լու: Միամ­տու­թիւն է տես­նել միայն փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք դեռ կը դի­մա­նան հզօր կամք ցու­ցա­բե­րե­լով, ե­րե­ւա­կա­յե­լով որ կան նաեւ միւս­նե­րը, ո­րոնք բա­ցա­կա­ներ են, ան­հե­տա­ցած ըլ­լա­լէ ա­ռաջ:

Հայ­կա­կան սփիւռ­քի հայ­կա­կան ա­պա­գան հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնն է: Ազ­գի լի­նե­լու­թեան օ­րա­կա՞րգ է այս ա­պա­գա­յի հար­ցը: Աս­կէ ան­դին կրնանք ի­րա­րան­ցում­ներ ստեղ­ծել բա­րե­սի­րու­թեան կամ ծա­նօ­թաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րով, լոպ­պի­յին­կով, ո՞ւր հաս­նե­լու հա­մար:

Ա­ռանց ճապ­կում­նե­րու հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան միտ­քը կեն­սա­գոր­ծել իս­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն պէտք է ըլ­լայ եւ չէ՛: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն եւ Ար­ցախ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու չափ տա­րա­ծու­թիւն ու­նին: Իսկ բնա­կեց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ են կազ­մա­կեր­պու­թիւն եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն, ան­հա­տա­կա­նէն ան­դին սե­ւե­ռե­լով հա­ւա­քա­կա­նին: Ոչ ոք թող ը­սէ թէ, դեռ կա­նուխ է, որ ին­ծի հա­մար ուշ է: Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը հե­ռա­ւոր (կամ ան­կա­րե­լի) նպա­տակ հա­մա­րելը պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւն է, ան ան­մի­ջա­կան նպա­տակ պէտք է ըլ­լայ:

Քա­ղա­քա­կան միամ­տու­թիւ­նը ազ­գա­յին ո­ճի­րի հա­մա­զօր է: Պէտք է տես­նել եւ եզ­րա­կաց­նել, որ մեր մե­րո­ւած քա­ղա­քա­ցի հա­յը դա­տա­պար­տո­ւած է ծա­գու­մով հայ ըլ­լա­լու, եւ հուսկ ան­հե­տա­նա­լու: Ե­թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չը­սէք, գտէք տար­բեր բնո­րո­շում: Մէկ սե­րունդ ա­ռաջ կ’ը­սէին ճեր­մակ ջարդ:

Հե­տե­ւա­բար, հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը հայ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է, որ­պէս­զի զան­գո­ւած­նե­րը չվե­րա­ծո­ւին յի­շա­տակ­նե­րու, ընդ­հա­նուր ազ­գաց պատ­մու­թեան գիր­քե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու: Ի­րա­տե­սու­թիւ­նը այլ բան կրնա՞յ ը­սել:

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւն՝ հա­կա­ռակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու, զորս հարկ է յաղ­թա­հա­րել հա­ւա­քա­կան ճի­գով եւ կամ­քով: Բո­լոր միւս կազ­մա­կեր­պա­կան թա­փա­հա­րում­նե­րը եւ ցու­ցա­կան հրա­վա­ռու­թիւն­նե­րը ան­վա­ղոր­դայն են, ան­վա­ղոր­դայն ըլ­լա­լու կո­չո­ւած են, էս­թէպ­լիշ­մըն­թի զո­ւար­ճու­թիւն են, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ չընդգր­կո­ւե­լու հա­մար:

Հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը մե­քե­նա­բար կրկնո­ւող կար­գա­խօ­սի մա­կար­դա­կէն պէտք է բարձ­րաց­նել կազ­մա­կեր­պա­կան հե­տապն­դո­ւող ծրագ­րով ի­րա­կա­նա­ցու­մի:

Եւ ըստ այնմ դա­տել պե­տու­թիւ­նը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ էս­թէպ­լիշ­մըն­թի աստ­ղե­րը:

Պե­տու­թիւ­նը ին­չո՞ւ պի­տի չձեռ­նար­կէ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րու ստեղծ­ման:

Յա­կոբ Պա­լեան