Տա­սը օ­րէն՝ Յու­նիս 7ին, ամ­բողջ Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին, հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րը հրա­ւի­րո­ւած են հա­յաբ­նակ թա­ղե­րու կեդ­րոն­նե­րը՝ կա­տա­րե­լու հա­մար Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Թե­մի Ե­րես­փո­խա­նա­կան Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ ւոր­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը։

Ընտ­րա­կան Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բը ար­դէն հրա­պա­րա­կած է թեկ­նա­ծու­նե­րու ցան­կը թա­ղա­յին հի­մուն­քով ա­ռա­ջադ­րո­ւած ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րուն։ Իսկ Թա­ղա­յին Ընտ­րա­կան Են­թա­յանձ­նա­խում­բե­րը ձեռ­նար­կած են կազ­մա­կերպ­չա­կան անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տանք­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վո­ւի ազ­գա­յին­նե­րու մե­ծա­թիւ ու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Յու­նիս 7ի քո­ւէար­կու­թեանց։

Հա­կա­ռակ իր փոք­րա­թիւ գա­ղութ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը հպարտ է ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան աշ­խոյժ կա­ռոյց­ներ ստեղ­ծած եւ զար­գա­ցու­ցած ըլ­լա­լու իր ա­ւան­դով։ Այդ ա­ռու­մով՝ Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց կա­ռոյ­ցը կը հան­դի­սա­նայ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­մախմբ­ման, կազ­մա­կերպ­ման եւ զար­գաց­ման գլխա­ւոր կռո­ւան­նե­րէն մէ­կը, այ­լեւ՝ այն ե­զա­կի կա­ռոյ­ցը, որ կը կազ­մո­ւի եւ կը ղե­կա­վա­րո­ւի ժո­ղո­վուր­դի քո­ւէ­նե­րով ու ժո­ղովրդա­վա­րա­կան հա­կակ­շի­ռով։

Գաղտ­նիք չէ, որ ինչ­պէս հա­յաշ­խար­հի ամ­բողջ տա­րած­քին, այն­պէս եւ յու­նա­հայ կեան­քի մէջ, ընդ­հա­նուր ան­տար­բե­րու­թեան եւ ձեռն­թա­փու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գիչ ըլ­լա­լու աս­տի­ճան ծա­ւալ ստա­ցած են։ Ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան թէ միու­թե­նա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րը, ա­մէ­նու­րե՛ք, նաեւ Յու­նաս­տա­նի մէջ, կը տա­ռա­պին ան­դամ­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու թո­ւա­կան նուա­զու­մէն, նաեւ՝ ղե­կա­վար կազ­մե­րու դրսե­ւո­րած յոգ­նա­ծու­թեան եւ լճա­ցու­մի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն...

Կազ­մա­կեր­պա­կան այդ տե­ղա­տո­ւու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը շեշ­տէ հա­յա­պահ­պան­ման, հա­յա­խօ­սու­թեան եւ հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ճա­կատ­նե­րուն վրայ հի­նէն ե­կող ու շա­րու­նա­կո­ւող նա­հան­ջի ե­րե­ւոյթ­նե­րը։

Այ­դու­հան­դերձ՝ նոյն­պէս փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն է, որ հա­յու­թիւ­նը ա­մէ­նու­րե՛ք ձեռ­նա­մուխ է իր ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան կեանքն ու կազ­մա­կերպ կա­ռոյց­նե­րը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու, ար­դիա­կա­նաց­նե­լու եւ ժա­մա­նա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ու­ժա­կա­նու­թեամբ օժ­տե­լու զօ­րա­շար­ժին։

Այս ա­ռու­մով եւս մեր գա­ղու­թը բա­ցա­ռու­թիւն չի կազ­մեր, այ­լեւ՝ յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն է, որ­պէս­զի ազ­գա­յին-կազ­մա­կեր­պա­կան իր կեանքն ու կա­ռոյց­նե­րը վե­րա­նո­րո­գէ՝ յա­տուկ մղում տա­լով բո­լոր մար­զե­րէն ներս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ա­ռա­ւել աշ­խոյժ եւ յանձ­նա­ռու մաս­նակ­ցու­թեան, այ­լեւ՝ ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թեան։

Յու­նիս 7ի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ան­կաս­կա՛ծ փոր­ձա­քար մը պի­տի ըլ­լան՝ Յու­նա­հայ Գա­ղու­թի ինք­նա­նո­րոգ­ման եւ վե­րաշ­խու­ժաց­ման ըն­թաց­քը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լու ի­մաս­տով։

Մեր Տու­նը կան­գո՛ւն պա­հե­լու մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րը ըստ ար­ժան­ւոյն դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար՝ ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է լծո­ւինք մեր ու­ժե­րը կար­գի դնե­լու եւ տնտե­սե­լու լա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին։

Փոք­րա­թիւ մեր գա­ղու­թը ան­ցեա­լին դժո­ւա­րու­թիւն չէ ու­նե­ցած՝ բուռ մը խեն­թե­րով ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու, տնտե­սե­լու եւ զար­գաց­նե­լու ճա­կա­տին վրայ։

Ե­թէ մեր ծնող­նե­րը ո­չին­չէն կրցան ստեղ­ծել եւ մեր սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ կտա­կել կազ­մա­կերպ կա­ռոյց­նե­րով կեն­սու­նակ գա­ղութ մը, այ­սօ­րո­ւան մեր սե­րունդ­նե­րը ներշնչ­ման անհ­րա­ժեշտ աղ­բիւ­րը ու­նին ու­նին, որ­պէս­զի ի­րենց ու­ժե­րու ամ­բող­ջա­կան լա­րու­մով եւ նուի­րա­բե­րու­մով՝ վե­րա­նո­րո­գեն Յու­նա­հա­յոց բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, այդ կար­գին եւ յատ­կա­պէս Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց ազ­գըն­տիր կա­ռոյ­ցը։

Կը բա­ւէ, որ տէ՛ր կանգ­նինք փոք­րա­թիւ ու­ժե­րով կազ­մա­կերպ եւ աշ­խոյժ մեր գա­ղու­թը կան­գուն պա­հե­լու, կար­գի բե­րե­լու եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գիով տնտե­սե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։