«Ռոյթըրզ» կը գրէ, որ երբ Նեզահաթ Էլեֆթոս փոքր տարիքին ընտանեկան արկղի մը մէջ լուսանկարներու ծրար մը գտաւ, անոր մեծ մայրը խոստովանեցաւ, թէ լուսանկարներուն մէջ էին իր քրիստոնեայ հայ եղբայրները, որոնք Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին զոհ գացին հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանդներուն։
Շուրջ քառասուն տարի Նեզահաթ Էլեֆթոս փորձեց պահել իր Զարիֆէ մեծ մօր այն գաղտնիքը, թէ ինք հայ քրիստոնեայ ծնած է եւ ոչ թէ Տիարպեքիրի ժայռոտ բլուրներուն վրայ գտնուող Օնպաշըլար գիւղի իր դրացիներուն նման իսլամ քիւրտ մը։ «Սակայն անոնք գիտէին։ Մեզ կը վարկաբեկէին, մեզ անհաւատներ, «կեաւուր» կը կոչէին»,- կը յայտնէ 48ամեայ Էլեֆթոս։
Նկատի ունենալով, որ քրտական համայնքի վերաբերմունքը փոխուած է, Էլեֆթոս ներկայիս պատրաստ է իր ընտանիքին հայկական ծագումին մասին խօսելու։ «Այժմ քիւրտերը հայերու բարեկամներն են։ Ես հպարտ եմ երկուքը ըլլալուս»,- կ՚ըսէ ան։
Զարիֆէի եղբայրներուն եւ հարիւր հազարաւոր այլ հայերու Օսմանեան Թուրքիոյ հողերուն վրայ սպանութիւններէն մէկ դար ետք, Էլեֆթոսինի նման պատմութիւնները կը խզեն Թուրքիոյ բնակչութեան 20 առ հարիւրը կազմող քիւրտերուն մօտ լռութեան պատը։
Քիւրտերը կ՛օժանդակեն հայկական եկեղեցիներու վերակառուցման, խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներ կ՛առաջադրեն եւ հայկական կալուածներուն տիրանալու խոստումով՝ հայերու ջարդերուն մասնակցած իրենց նախահայրերուն համար ներում կը հայցեն։ Աւելին, քիւրտերը հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերը կը ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն, ի տարբերութիւն թուրքերուն, որոնց մեծամասնութիւնը կը մերժեն հայերու պնդումները, թէ իրենց 1,5 միլիոն ազգակիցներուն սպանդը ցեղասպանութիւն մըն է։
Արեւմուտքցի մասնագէտներու մեծամասնութիւնը եւ շուրջ քսան կառավարութիւններ 1915ի դէպքերը կը նկատեն ցեղասպանութիւն մը, որ գործուած է քաղաքակարթութեան մը դէմ, որ չորս հազար տարիէ ի վեր կը ծաղկէր այն տարածքին մէջ, որ այսօրուան Թուրքիան է։
Դարէ մը ի վեր թաքնուած
Սակայն ոմանք վերապրեցան, փոխեցին իրենց անունները, կրօնը եւ մշակոյթը, չբացայայտելու համար իրենց հայ ծագումը։ «Շուրջ 200.000 հայեր ձուլուեցան, որպէսզի ողջ մնան»,- կ՛ըսէ Թաներ Աքչամ՝ հազուագիւտ թուրք ցեղասպանագէտ մը եւ Մասաչուսեցի Քլարք համալսարանէն պատմաբան մը։ «Անոնց մէկ միլիոն կամ աւելի ժառանգորդները հաւանաբար կ՚ապրին Թուրքիոյ մէջ, թէեւ անոնց ճշգրիտ թիւը յստակ չէ»։
«Իսլամացած հայերու» մեծամասնութիւնը երիտասարդ կիներ էին, որոնք առնուած էին իբրեւ երկրորդ կին կամ որբացած մանուկներ, ճիշդ Զարիֆէի նման, որ 1915ին 12 տարեկան էր։ Ան տեսած էր զինեալներու կողմէ իր եօթը եղբայրներու գնդակահարումը նախքան փախուստ տալը դէպի բլուրներ, ուր զինք գտած էր Էլեֆթոսի մեծ հայրը, որ զինուոր էր։ Ան զինք վստահած է քիւրտ ընտանիքի մը, ապա երբ վերադարձած է ամուսնացած է Զարիֆէի հետ, որ արդէն իսլամացած էր։ Տիարպեքիր քաղաքի հնադարեան Սուր շրջանի քիւրտ քաղաքապետ Ապտուլլահ Մեմիրպաշ յայտնած է, որ իր համայնքը հայերուն դէմ կատարուած սխալը սկսաւ ճանչնալ 1980ական եւ 1990ական թուականներէն ետք, երբ թրքական բանակն ու քիւրտ զինեալներ շրջանին մէջ իրարու դէմ կռուեցան։ 2012ի զինադադարի յայտարարութենէն առաջ շուրջ 40.000 մարդիկ - մեծ մասամբ քիւրտեր - սպաննուեցան։ «Ահա թէ ինչու ինքնայպանում կայ։ Եթէ անմիտ չըլլայինք, մեզի ալ չէր պատահեր»,- կը հաստատէ ան։
Հաշտութիւն
Միջին Արեւելքի մեծագոյն հայկական եկեղեցին՝ Ս. Կիրակոսը կը ծառայէր հետզհետէ անյայտացող հօտի մը, մինչեւ որ 1985ին վերջին հոգեւոր հովիւը հեռացաւ։ Այժմ Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ ի յայտ եկած են վերապրողներու շուրջ 300 ժառանգորնդեր, որոնցմէ ոմանք քրիստոնէութիւնը որդեգրած են։
Ս.Կիրակոսի մէջ Զատկուան Պատարագի ընթացքին 40 անձեր հաղորդութիւն ստացան։ Այդ մէկը մաս կը կազմէ քիւրտերու եւ հայերու միջեւ աւելի համապարփակ հաշտութեան մը։