­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի ան­ցած է, սա­կայն ա­կա­նա­տես­նե­րու եւ ա­նոնց ե­րե­խա­նե­րու պատ­մած պատ­մու­թիւն­նե­րուն մէջ 1915ի եւ ա­նոր յա­ջոր­դած ջար­դե­րուն մա­սին նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ ի յայտ կու գան, ըստ Tert.amի՝ կը գրէ թրքա­կան Evrensel կայ­քը:

­Շատ տա­րի­ներ անց իր հայ ըլ­լա­լու մա­սին ի­մա­ցած ­Հա­տի ­Կիւ­մու­շը տա­րի­ներ շա­րու­նակ բազ­մա­թիւ ճնշում­ներ տե­սած է: ­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ ապ­րած է որ­պէս իս­լամ, սա­կայն ա­նոր հետ շա­րու­նա­կած են «կեա­ւու­րի» պէս վե­րա­բե­րիլ:

­Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րու հան­դէպ վե­րա­բե­րու­մը ա­նոնց­մէ շա­տե­րուն դրդած է թաքց­նելու ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը: ­Շատ հա­յեր կա՛մ իս­լա­մա­ցած են, կա՛մ փոր­ձած են իս­լա­մի պէս ապ­րիլ: Ա­նոնց­մէ մէկն ալ ուր­ֆա­ցի ­Հա­տի ­Կիւ­մուշն է:

Ա­նոր ըն­տա­նի­քը Ուր­ֆա գաղ­թած է Ա­տըեա­մա­նէն: ­Գաղ­թի պատ­մու­թիւ­նը ան այս­պէս կը ներ­կա­յաց­նէ.- «­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­ռաջ մեր գիւ­ղի` Օլ­պի­շի բնակ­չու­թեան կէ­սը հա­յեր ե­ղած են: Եղ­բայ­րա­բար, հա­մա­տեղ ապ­րած ենք: 1915ին եւ ան­կէ ետք հա­յե­րը գաղ­թած են: 1915ին այդ գիւ­ղին մէջ հօրեղ­բայր­ներս ու մեր բա­րե­կամ­նե­րէն շա­տե­րը սպան­նո­ւած են: ­Բախ­տի բեր­մամբ մէկ հօ­րեղ­բայրս ողջ մնա­ցած է, ան ալ լսո­ղու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած է ու հո­գե­կան հա­ւա­սա­րակշռու­թիւ­նը խան­գա­րո­ւած է: ­Կո­տո­րա­ծէն ետք ա­մէն ինչ ձգած են ու գաղ­թած: Ատ­կէ ետք սկսած են ապ­րե­լու Ուր­ֆա­յի ­Սի­վե­րէք շրջա­նին մէջ»:

Ան կը պատ­մէ, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ ճնշում­նե­րու են­թար­կո­ւած է հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պատ­ճա­ռով:

«­Ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն ըն­կեր­նե­րուս հետ ֆութ­պոլ կը խա­ղա­յի, եւ հա­կա­ռակ որ ես լաւ խաղ­ցող էի, միշտ թե­րիի, յան­ցա­ւո­րի նման կը վե­րա­բե­րէին հետս: Դպ­րո­ցին մէջ ալ «կեա­ւուր» կ­՛ը­սէին: ­Բայց մեր ըն­տա­նի­քը կո­տո­րա­ծէն ետք իս­լա­մի պէս ապ­րած էր: Շր­ջա­կայ մար­դոց կրօ­նը ա­տոր կը դրդէր: Ճն­շում­նե­րէն ետք հայրս իս­լամ դար­ձած էր: Եւ ես չէի հասկ­նար` ե­թէ իս­լամ ենք, մե­զի ին­չո՞ւ «կեա­ւուր» կ­՛ը­սէին»,- կ­՛ը­սէ ան:

­Կիւ­մու­շ կը նշէ, որ հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պատ­ճա­ռով դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է կեան­քի տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ: ­Հայ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով սի­րե­լին լքած է զինք, մէկ այլ պա­րա­գա­յին ալ հրա­ժա­րած են աղ­ջիկ տալէ ի­րեն:

Ան կը նշէ, որ ­Թուր­քիոյ մէջ պէտք է դադ­րին հա­յը որ­պէս հայ­հո­յանք օգ­տա­գոր­ծե­լէն: ­Կիւ­մու­շ կոչ կ­՛ը­նէ՝ փոր­ձելու զի­րար ճանչ­նալ ա­ռանց կրօ­նա­կան հա­մո­զում­նե­րը քննե­լու: ­Հա­մո­զուած է` ատ­կէ ետք պի­տի սկսին ի­րա­րու դար­ձեալ եղ­բայ­րա­բար նա­յե­լու: «Եղ­բայ­րու­թեան եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան սեր­մե­րը դար­ձեալ ցա­նենք»,- կ­՛ը­սէ ան: