Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոստ» թերթը, իր «Քոնկրէսի տասը անդամներու ուղեւորութիւնը գաղտնի ֆինանսաւորուած է օտար պետութեան կողմէ» խորագիրով ծաւալուն յօդուածին մէջ, բացայայտեց 2013 թ. Պաքուի համաժողովին մասնակցած 10 օրէնըսդիրներու եւ անոնց աշխատակազմի 32 անդամներու ամբողջովին վճարուած ուղեւորութեան աղմկայարոյց մանրամասները: Համաժողովին իբրեւ հրաւիրեալ բանախօսներ մասնակցած էին նաեւ նախագահ Օպամայի երեք բարձրաստիճան խորհրդականները` Ռոպերթ Կիպսը, Ճիմ Մեսինա եւ Տէյվիտ Փլաֆ:
Պաքուի մէջ միջազգային քարիւղի համար հաւաքի կազմակերպիչը` Ատըրպէյճանի Հանրապետութեան «Սոգար» պետական քարիւղի ընկերութիւնը, ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»ի ձեռք բերած Քոնկրէսի Կարգուձեւի յանձնաժողովի գաղտնի զեկոյցի, ամերիկեան երկու ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւններու միջոցով փոխանցած է 750 հազար տոլար՝ ուղեւորութեան «ֆինանսաւորման աղբիւրը պահելու համար»: Եւս 750 հազար տոլար նուիրաբերած են «Պրիթիշ Փեթրոլիում», «Քոնոգոֆիլիբս» եւ «Քէյպիէր» ընկերութիւնները` թռիչքի տոմսերու, հիւրանոցային ծախսերու եւ նուէրներու համար:
Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ «մինչեւ 2013 թ. Մայիս 28-29ի համաժողովը, «Սոգար»ը եւ ուժանիւթի քանի մը մեծ ընկերութիւններ (ներառեալ Իրանի ազգային քարիւղի ընկերութիւնը) փորձած էին ազատուիլ Իրանի նկատմամբ Ա.Մ.Ն. տնտեսական պատժամիջոցներէն` Կասպից ծովու 28 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազատարին համար»: Ի դէպ, համաժողովէն մէկ ամիս առաջ, «Սոգար»ը Հիւսթընի մէջ հիմնադրեց «Ատրպէյճանի բարեկամներու ասամպլէա» ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը` անոր հաշուին փոխանցելով 750 հազար տոլար: Իսկ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած երկրորդ ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը «թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդ»ն էր, որ նոյնպէս հիմնադրուեցաւ Հիւսթընի մէջ: Երկու կազմակերպութիւնները, Քեմալ Օքսիւզի գլխաւորութեամբ, արձանագրուած էին Հիւսթընի միեւնոյն հասցէին: Քոնկրէսը հաստատեց շարք մը օրինագիծեր, որոնցմով պատժեց Իրանը` միեւնոյն ժամանակ արտօնութիւններ սահմանելով «Սոգար»ի նախագիծին համար: Այնուհետեւ, Օպամայի ստորագրելէն յետոյ, անոնք օրէնքի ուժ ստացան:
Պաքու մեկնած տասը քոնկրէսականներն էին. Ճիմ Պրայտընշթայն (Օքլահոմա), Իվէթ Քլարգ (Նիւ Եորք), Տենի Տեւիս (Իլինոյս), Միշէլ Կրիշամ (Նիւ Մեքսիքօ), Ռուբէն Հինոճոզան (Թեքսաս), Լէոնարտ Լանս (Նիւ Ճըրսի), Շէլայ Ճեքսըն Լի (Թեքսաս), Կրեգորի Միքս (Նիւ Եորք), Թետ Փոյ (Թեքսաս) եւ Սթիւ Սթոքման (Թեքսաս):
Կարգուձեւի յանձնաժողովի հետաքըն-նողները բացայայտեցին, որ այս օրէնսդիրները, իրենց ամուսիններու եւ հարսնցուներու ընկերակցութեամբ, ստացած էին շարք մը նուէրներ, ներառեալ «բիւրեղապակեայ թէյի սպասքներ, մետաքսէ շալեր, փիրուզէ օղեր, ոսկենախշ ամաններ եւ ատրպէյճանական գորգեր…. Բոլոր օրէնսդիրները ստացած են առնուազն մէկ, իսկ ոմանք` երկու գորգ, որոնցմէ մէկը փոքր չափով` նախատեսուած աղօթքի համար, իսկ միւսը` մեծ: Գորգեր ստացան նաեւ աշխատակազմի շատ անդամներ»:
Իրենց անօրինական կամ ոչ-պատշաճ գործողութիւնները արդարացնելու նպատակով այս օրէնսդիրներէն ոմանք ծիծաղելի յայտարարութիւններ ըրին Քոնկրէսի Կարգաձեւի յանձնաժողովի հետաքննողներուն.
- Քոնկրէսական Տեւիս յայտարարեց, որ Պաքուի համաժողովին ժամանակ ան «ստացած է մէկ գորգ, որ բերած էին իր հիւրանոցային սենեակը»: Ան ըսաւ, որ մտածած է այդ գորգը որեւէ թանգարանի կամ բարեսիրական միութեան նուիրելու մասին…
- Քոնկրէսական Հինոճոզա ըսաւ. «Ես կը կարծէի, որ իմ ստացած յուշանուէրները նուազագոյն արժէք ունին եւ կը համապատասխանեն Ներկայացուցիչներու Տան Նուէրներու մասին կանոններուն»:
- Ներկայացուցիչ Միքսի մամուլի քարտուղար Լատան Ահմատի յայտարարեց, որ քոնկրէսականը «ենթադրած է, թէ գորգը արտօնուած համարուող նուէր է»:
- Քոնկրէսական Լանսի աշխատակազմի բարձրաստիճան անդամ մը «Ուաշինկթըն Փոստ»ին ըսաւ, որ քոնկրէսականը «Ուաշինկթըն վերադառնալէն յետոյ վերադարձուցած է իր ստացած մէկ գորգը: Աշխատակազմի անդամը նաեւ նշեց, որ Լանս զոյգ մը օղ ստացած է եւ փոխ-հատուցած 100 տոլար համաժողովի կազմակերպման օժանդակող ոչ-առեւտրական խումբին՝ Նիւ Ճըրսի վերադառնալէն անմիջապէս ետք»:
- Քոնկրէսական Կրիշամ Կարգուձեւի յանձնաժողովի հետաքննողներուն ըսաւ, որ ան չէ յայտնած գորգերուն մասին, որովհետեւ չէ կարծած, թէ անոնք առանձնապէս արժէքաւոր են: Ան նաեւ զանոնք ոչ-հրապուրիչ համարած է. «ատիկա այն կարպետը չէր, որ ես պիտի փափաքէի գնել»:
- Քոնկրէսական Պրայտընշթայն միակ օրէնսդիրն էր, որ բացայայտեց գորգերու մասին իր ֆինանսական զեկոյցին մէջ. «ան փոքր գորգը գնահատած էր 2500 տոլար, իսկ մեծը` 3500»:
«Ուաշինկթըն Փոստ»ը, մէջբերելով Կարգուձեւի յանձնաժողովի զեկոյցէն, բացայայտեց, որ ներկայացուցիչներ Քլարգ, Կրիշամ, Հինոճոզա, Լանս եւ անոնց աշխատակազմի անդամները այդ ուղեւորութեան ընթացքին նաեւ «մեկնած են Թուրքիա, այցելած Պոլիս, Անգարա կամ երկուքը միասին….
Բոլոր ծախսերը հոգացած է «բարեկամութեան եւ համագործակցութեան Վոսփորի ատլանտեան մշակութային միութիւն» թրքական ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնը, ըսուած է զեկոյցին մէջ: Օրէնսդիրները չեն բացայայտած այդ կազմակերպութեան դեր»:
Քոնկրէսի Կարգուձեւի յանձնաժողովը եզրակացուց.- ««Սոգար» եւ «Ատրպէյճանի բարեկամներու ասամպլէա»ն նուէրներ մատուցած են Քոնկրէսի ճամբորդներուն՝ ճանապարհածախսերու անթոյլատրելի ձեւով, խախտելով Ներկայացուցիչներու Տան կանոնները, կանոնակարգերը եւ դաշնային օրէնքը», իսկ «Թուրքիա ուղեւորուած քոնկրէսականները ճանապարհածախսի վճարները ընդունած են անթոյլատրելի աղբիւրներէ, որ յանգեցուցած է անթոյլատրելի նուէրի` խախտելով Ներկայացուցիչներու Տան կանոններն ու կանոնակարգերը»: Բացի այդ, հետաքննողները հաղորդեցին, որ Ատըրպէյճանի կառավարութեան առընթեր հինգ ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւնները հաստատեցին, որ իրենք հովանաւորած են համաժողովը` լրացնելով յայտարարագրեր Կարգուձեւի յանձնաժողովին հետ 2013 թ. Ապրիլ եւ Մարտ ամիսներուն: «Հինգ հովանաւոր կազմակերպութիւնները չեն օժանդակած քոնկրէսականներու ճանապարհորդութեան` չնայած կեղծ հաւաստիացման ձեւերու, որ ներկայացուցած են Կարգուձեւի յանձնաժողովին»: «Ուաշինկթըն Փոստ» թերթը հաղորդեց, որ այս տուեալները յանձնուած են Կարգուձեւի յանձնաժողով` հետաքննելու Քոնկրէսի կանոնակարգի եւ դաշնային օրէնքներու հնարաւոր խախտումները, որոնք կ՝արգիլեն օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ ազդելու փորձերը:
Խիստ մտահոգիչ է, որ քոնկրէսականները պատրաստ են վաճառելու իրենց քուէները ատրպէյճանական եւ թրքական կաշառակերութեամբ համակուած կառոյցներուն՝ ձրի գորգի մը համար…
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիեր»