(Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առթիւ)
1850-1885 տարիներու ընթացքին, թրքական տիրապետութեան տակ ապրող հայ ժողովուրդը եւ, յատկապէս, Պոլսոյ ու Իզմիրի ոստաններուն մէջ ապրողները իմացական ընդհանուր հետաքրքրութիւներու եւ, ինչո՞ւ չէ, գրական ստեղծագործ աշխատանքի ծաղկուն շրջան մը ապրեցան, որ կը յիշուի հայոց պատմութեան մէջ իբրեւ ազգային եւ ընկերային վերածնութիւն՝ Զարթօնք։
Ինքնաճանաչութեան այդ շարժումը ներքին տարբեր զարգացումներէ ծնունդ առած պայմաններու ներգործութեան ենթակայ էր եւ արտաքին՝ յատկապէս եւրոպական ցամաքամասէն՝ բոլորովին տարբեր-տարբեր «փչող» հովերու ներքոյ թելադրուած-ազդուած հոյլ մը մտաւորականութեան գործօն մասնակցութեամբ իրականացաւ։
Զարթօնքի այդ շարժումը օրէ-օր ծաւալող շահագրգռութեանց ճակատ մը առաջացուց եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդեց իր կարողութիւն-կարելիութիւններուն գիտակցութեան՝ ազգային, ընկերային բարեշրջումի ճիգերուն։
Զարթօնքի շրջանի այդ տենդոտ կեանքն անշուշտ «վարդերով» չէր պարուրուած, ունէր իր ներքին դժուարութիւն-խմորումները եւ բուռն պայքարի փուլերը՝ սկեպտիկ (տարակուսող, թերահաւատ) դասակարգի եւ յառաջդիմութեան ձգտումով խանդավառուած մարդոց միջեւ։
Սպասելի եւ բնական էին այդ բոլորը, երբ դարեր շարունակ բարձրաստիճան հայերու՝ ամիրաներու կամայական քմահաճոյքներն էին, որոնք կը կարգաւորէին ազգի գործերը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ՝ մեր հոգեւորականութիւնը, հազուադէպ բացառութիւններով անշուշտ, իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը կ՛օգտագործէր ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած նորութեան այդ շարժումներուն դէմ՝ կղերապետական ծանօթ մտահոգութիւն-շահագրգռութիւններով։
1835էն սկսած կը խմորուէր «Էսնաֆներու» (աշխատաւորական դասակարգ) եւ ամիրաներու հակամարտութիւնը, ազգային գործերը եւ հայ պատրիարքութիւնը ժողովրդավար հիմունքներով կառավարելու համար։ Մօտ 25 տարի տեւած այս տենդոտ պայքարը յայտնի է Սահմանադրական Շարժում անուան տակ, որ անընդհատ գրաւեց բոլոր խաւերու ուշադրութիւնն ու եռանդը, մինչեւ 1863 թուականը, երբ վերջապէս Թուրքիոյ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը կը վաւերացուէր եւ անկէ յետոյ՝ անարգել կը գործադրուէր։
Պոլսոյ եւ Իզմիրի կեդրոններուն մէջ, նոր կազմաւորուած քաղքենի դասակարգն էր, որ արհեստաւորներու, առեւտրականներու եւ մտաւորականներու ալ համախմբումով՝ կþուզէր ազատուիլ «ամիրաներու» ազնուապետական եւ խիստ պահպանողական տիրապետութենէն, վերանորոգելու համար ազգային կեանքը, զուգահեռաբար արժեցնելով իր տնտեսական եւ բարոյական կարողութիւնները։ Այլ խօսքով՝ ինքնահաստատման հասնելու ներքին կազմախօսական երեւոյթէն եւ հոգեբնախօսական անխուսափելի ու բնական նկատուած անդրադարձներէն մղուած, այդ շարժումը միաժամանակ հարկը կը զգար հակազդելու «մեծերուն»՝ այսպէս կոչուած «հիներուն» կողմէ յաճախ երիատասարդներու հասցէին դրսեւորուած ժխտումի եւ ստորագնահատման մեղադրանքներուն, վերապահական արտայայտութիւններուն։
Մարդկային կեանքի մէջ, ազգերու ընկերային կեանքի զարգացման ու վերանորոգման հոլովոյթէն պարտադրուած, նորերը կոչուած են իրենց կենսունակութիւնն ու մտածումի անկախութիւնը արժեցնելու - երբեմն ծայրայեղ յանձնապաստանութեան հասնելով։ Սոյն երեւոյթը իր արդարացումը կը գտնէ, սակայն, երբ կը կատարուի հաւատքով ու առանց յետին նպատակ-մտածումներու։
Յառաջապահ ու ծայրայեղ այդ երիտասարդութեան դէմ, հետեւաբար, նոյնքա՛ն հասկնալի վերապահութեամբ եւ խրտչումով մը համակուած՝ դիրք կը ճշդէր հին սերունդը, ոչ թէ անպայման յետադիմական եւ կամ ինքնագոհ տրամադրութիւններու մղումով, այլ ազգային աւանդութիւններուն նկատամամբ, եկեղեցիի եւ հոգեւորականութեան հանդէպ տածած խորունկ պատկառանքէ մը տարուած, հաւանաբար։
Սերունդներու յաջորդականութեան միջեւ գոյացող վիհը միշտ ալ անկամրջելի մնացած է, բոլոր ժողովուրդներու պարագային ու բոլոր դարերու ընթացքին։
Մեղադրելի չեն այդ փոխադարձ անհասկացողութիւններն ու տարակարծութիւնները։ Պարզապէս երիտասարդը բան մը փոխելու, դեր մը կատարելու կամ ծառայելու իր շտապման մէջ, շատ անգամ կ՛անտեսէ տեղական պայմանները, որոնցմէ դասեր քաղած ու հասունութեան հասած երէցները՝ «հիները» եւս, ալ աւելի հանդարտած ու, երբեմն, նոյնինքն այդ հանդարտութիւնը ի գին ամէն զոհողութեան պահելու իրենց նախանձնախնդրութենէն տարուած, իրենց կարգին կը հասնին անընդունելի ծայրայեղութիւններու, բախումներու։
Նման պարագաներ ու օրինակներ միշտ ալ եղած են ու միշտ ալ գոյատեւած են։ Կարեւորը նմանօրինակ այդ բախումներէն միջին եզրակացութիւններու հասնիլն է, մէկ խօսքով՝ յաջողութիւնը երկու կողմերէն ալ յանդգնութիւն կը պահանջէ, լուսանցքի վրայ ձգելու համար անհասկացողութիւններն ու տարակարծութիւնները։
Հայու հասարակական, ընկերային ու եկեղեցական կեանքէն ներս շատ կանուխէն յայտնուած ժողովրդականացման-ժողովրդականացնող շարժումն ու արտայայտութիւնը, իբրեւ հանրային եկեղեցական կողմնորոշման ելակէտ ու յաջորդաբար ընդհանրացած-ընդունուած որպէս համակարգ, հետագային օրինակ ծառայեցին հայ համայնքներու կազմակերպման։ Պոլսոյ Ազգային Սահմանադրութեան օրինակը գործադրուեցաւ մեր համասփիւռքեան իրականութեան մէջ, յատկապէս Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան պատկանող զանազան թեմերէն ներս, միշտ ալ նոր օրերու հրամայական պահանջումներով կատարուած պատշաճեցում-յաւելումներով։
Զարթօնքի Սերունդի յեղաշրջական շարժման հաւատարիմ արձագանգն են Ազգային Սահմանադրութեան ճանաչումն ու գործադրութիւնը մեր կեանքին մէջ։
Ժողովուրդը տէրն է իր արժանապատուութեան, որովհետեւ իր ազգակցական ու հայրենակցական գիտակցութիւնը նուիրագործուած է կարծիքի իր անկախութեան ճանաչումով։
Մեր ղեկավարութիւնները կը բխին մեր զանգուածէն, կ՛ընտրուի՛ն, չե՛ն պարտադրուիր կամ չե՛ն բռնանար, չե՛ն նշանակուիր։ Գերիշխանութիւնը ժողովուրդինն է, գեր-գահական յաւակնութիւններ չեն կրնար գերիշխել։
Այսօր մենք՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ որպէս անդամներ, մեզի որպէս ազգային աւանդ պարգեւուած մեր Ազգային Սահմանադրութեան ճամբով, կը կանչուինք որպէս քաղաքացիական գիտակցութեան տէր հաւաքականութիւն, մեր քուէներու միջոցով ընտրելու մեր ներկայացուցիչները, որոնք իրենց կարգին պիտի ընտրեն մեր համայնքի Ազգային Վարչութիւնը, ժողովրդավարական կարգերու պահպանումով, վարելու համար թեմի ազգային, կրօնական եւ վարժարանային աշխատանքները։
Աշխարհի քաղաքական քարտէսին ծանօթ ամէն ոք կրնայ հաստատել, որ յառաջդիմութիւնը կը պատկանի անոնց, որոնք կ՛առաջնորդուին ժողովրդավարական սկզբունքներով ու զանոնք համակարգող օրինագիրքերով։ Մեր թեմի պարագային Ազգային Սահմանադրութիւն անուան տակ շարժումը եւս պայմանաւորուած է տուեալ հաւաքականութեան՝ հայ ժողովուրդի անցած պատմական ճանապարհի առանձնայայտկութիւններով, կենսահոգեբանական հակումներով, ներազգային եւ ազգամիջեան գործակցութեան պատրաստակամութեան աստիճանով եւայլնով։
Կեանքը ցոյց կու տայ, որ 152 երկար տարիներու վրայ երկարող մեր սփիւռքեան գաղթօճախներու «Ազգային Սահմանադրութեամբ» ղեկավարման ձեւը, ըստ էութեան, պակաս ժողովրդավարական չէ, առաւել՝ իր աշխարհականացման ցայտուն դիմագիծով ու հզօրութեամբ, յառաջապահ դիրքի վրայ կը դասուի, ինչ որ զայն օրինակելի կը դարձնէ։
Մկրտիչեան Կ.