Հա­լէպ ճգնա­ժամ կ­՛ապ­րի եւ հա­լէ­պա­հա­յե­րը դար­ձեալ շա­տե­րու ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կան են: Մա­մու­լի մէջ եւ հա­մա­ցան­ցի վրայ տա­րաբ­նոյթ կար­ծիք­ներ կը հնչեն այս մա­սին. այն­քան շատ, որ եր­բեմն կը խու­սա­փինք կար­դա­լէ:

Կաս­կած չու­նիմ, որ շա­տեր ան­կեղծ սրտցա­ւու­թեամբ եւ մտա­հո­գու­թեամբ կը մօ­տե­նան այս հար­ցին: Ո­մանց նպա­տակ­նե­րուն եւ դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն վե­րա­պա­հու­թեամբ կը մօ­տե­նամ. սա­կայն…

Այս ակ­նար­կիս հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թեան հաս­ցէին հնչած ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներն են:

Ե­թէ դուք այդ­պէս մտա­ծող­նե­րէն էք, կը խնդրեմ որ չշա­րու­նա­կէք կար­դալ…

Անց­նող 4 տա­րի­նե­րուն հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը ան­կան­խա­տե­սե­լի բազ­մա­թիւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու եւ կա­ցու­թիւն­նե­րու դի­մաց գտնո­ւե­ցաւ: Այ­սօր, հա­ւա­նա­բար, այդ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու ա­մէ­նէն ծան­րը կ­՛ապ­րի այս հա­մայն­քը:

Բայց ի պա­տիւ այն­տեղ մնա­ցող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մայն­քա­յին կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի:

Այս­տեղ միու­թե­նա­կան-հա­ւա­քա­կան կեան­քը նկա­տի չու­նիմ…

Ն­կա­տի ու­նիմ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն կեն­ցա­ղա­յին եւ ա­պա­հո­վա­կան կա­րիք­նե­րուն քիչ թէ շատ հաս­նե­լու պա­րա­գան: Աս­տո­ւած չը­նէ, որ այլ գա­ղութ­ներ ալ նման վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւին. կը կաս­կա­ծիմ, որ կրնան դի­մա­նալ եւ գլուխ պա­հել:

Ո­մանք կը կար­ծեն, որ այդ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը «փառք» վա­յե­լե­լու հա­մար հա­մայնք «կը պա­հեն»: Տե­սա­կէտ է, ի հար­կէ: Իսկ ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ ա­նոնք բո­լո­րո­վին այլ պատ­ճառ­նե­րով կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը: Ի վեր­ջոյ, ե­թէ կարգ մը յո­ռե­տես­նե­րու սե­նա­րիո­յին հա­մա­ձայն՝ վտան­գը ուղ­ղա­կի հա­յե­րուն հաս­նի, չեմ կար­ծեր, որ դի­մա­ցի­նը «պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը» եւ «հա­մայն­քա­պե­տե­րը» պի­տի խնա­յէ:

Իմ ըն­կեր­նե­րէս եւ ծա­նօթ­նե­րէս շա­տեր, ի­րենց զա­ւակ­նե­րով եւ ըն­տա­նիք­նե­րով, տա­կա­ւին Հա­լէպ կը մնան եւ ա­մէն ան­գամ, երբ նման ան­տե­ղի քննա­դա­տու­թեան հան­դի­պիմ, ա­նոնց փո­խա­րէն ես կը նե­ղո­ւիմ ու կ­՛ընդվ­զիմ։

Չի բա­ւեր, որ ա­նոնք սե­փա­կան ըն­տա­նի­քի հո­գե­րու կող­քին նաեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան բե­ռը կը տա­նին, դեռ ալ քննա­դա­տու­թիւն պի­տի լսեն ե­ղեր…

Ար­դար չէ:

Ճիշդ կամ սխալ՝ այդ խում­բը պատ­մա­կան իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը կա­տա­րէ:

Ա­րեան բաղ­նի­քի մէջ, ան­գոյն, ան­դէմ հո­սանք­նե­րու մէջ կողմ­նո­րո­շո­ւի­լը դիւ­րին չէ:

Սրտ­ցաւ­ներս կրնանք մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը եւ նկա­տած­նե­րը կողմ­նա­կի հասց­նել ա­նոնց:

Հա­լէ­պա­հա­յու­թեան օգ­նել ցան­կա­ցող­նե­րը, ա­ռանց բարձ­րա­գոչ «ի­մաս­տու­թիւն­ներ»ու ալ, կրնան ի­րենց գոր­ծը ը­նել, ա­ռանց «հա­ւա­քա­կան ո­րո­շու­մի բա­ցա­կա­յու­թիւն»ը պատ­ճա­ռա­բա­նե­լու…

Ար­դէն հա­զար ան­գամ ը­սո­ւե­ցաւ, որ Հա­լէպ մնալ-չմնա­լու ո­րո­շու­մը անձ­նա­կան է: Ե­թէ դուք գի­տէք եւ կրնաք հաս­նիլ ան­հատ­նե­րու, ո­րոնք կը ցան­կան, սա­կայն նիւ­թա­կան պատ­ճառ­նե­րով չեն կրնար դուրս գալ այդ քա­ղա­քէն, խնդրեմ՝ օգ­նե­ցէք: Բայց ձգե­ցէք, որ մար­դիկ ա­ռանց յա­ւե­լեալ ծան­րու­թեան աշ­խա­տին:

Ես, ի տար­բե­րու­թիւն ո­մանց, շնոր­հա­կա­լու­թիւն պի­տի յայտ­նեմ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան կեան­քի յաղ­թա­հար­ման մէջ ի­րենց բա­ժին ներդ­րու­մը ու­նե­ցող ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ ա­մէն մէկ ան­հա­տի:

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ