­altՎեր­ջերս թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը Խ­րիմ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տին եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին կող­մէ հնչե­ցին Ռու­սիոյ դէմ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք առն­չո­ւած էին Խ­րի­մի, ի­ մա՛` այդ­տեղ բնա­կող թա­թար­նե­րուն հար­ցին: Ահ­մեթ Տա­ւու­թօղ­լու յայ­տա­րա­րեց.- «­Ձեռք եր­կա­րե­լով Ուք­րա­նիոյ` մենք պէտք չէ մոռ­նանք Խ­րի­մի ժո­ղո­վուր­դին տա­ռա­պանք­նե­րը: Խ­րի­մի ա­նօ­րի­նա­կան կցու­մը կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ: Խ­րի­մի թա­թար­նե­րուն հետ կա­պը պահ­պա­նե­լը եւ ա­նոնց մե­կու­սա­ցու­մը կան­խար­գի­լե­լը կա­րե­ւոր են այս պա­րա­գա­յին»: Մեւ­լութ Չա­ւու­շօղ­լու իր կար­գին յայ­տա­րա­րած էր, որ «յետ-­խորհրդա­յին տա­րած­քին մէջ Ռու­սիոյ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ար­դա­րա­ցում չու­նին»` ա­ւելց­նե­լով, որ Խ­րի­մի մէջ թա­թա­րա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ճնշում­նե­րու կ­՛են­թար­կո­ւին ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ: Այդ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը չմաս­նակ­ցե­ցաւ Մոս­կո­ւա­յի մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­նա­կի 70ա­մեա­կի նշման զօ­րա­հան­դէ­սին:

Ան­գա­րա­յի այս կե­ցո­ւածք­նե­րը այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­ցու­ցին, որ ա­նոնք առն­չո­ւած են Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին Փու­թի­նի ար­տա­սա­նած խօս­քին: Սա­կայն Փու­թի­նի խօս­քը շատ զգու­շա­ւոր էր ու ան­կէ կը բա­ցա­կա­յէր «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը եւ Թուր­քիոյ կամ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ո­րե­ւէ նշում չէր պա­րու­նա­կեր: Փո­խա­րէ­նը, Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հոլ­լան­տի խօս­քը ա­ւե­լի ու­ժեղ էր: Ան ա­մե­նայն հանգս­տու­թեամբ օգ­տա­գոր­ծեց «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կո­չու­մը նկա­տեց Ֆ­րան­սա­յի «պար­տա­ւո­րու­թիւն»ը եւ ա­ւել­ցուց.- «­Թուր­քիոյ մէջ շատ կա­րե­ւոր բա­ռեր կան, ո­րոնք ար­դէն հնչած են, կան կա­րե­ւոր բա­ռեր, ո­րոնք տա­կա­ւին կը սպա­սեն հնչե­լու, ա­նոնք կա­րե­ւոր են ցա­ւը մեղ­մաց­նե­լու հա­մար»: Հա­կա­ռակ այդ ի­րո­ղու­թեան, Ֆ­րան­սա­յի նկատ­մամբ նոյն­պի­սի բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը չե­ղաւ: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել Գեր­մա­նիոյ պա­րա­գա­յին, ո­րուն նա­խա­գահն ու խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ճանչ­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Թուր­քիա նշեալ եր­կիր­նե­րէն ոչ մէ­կէն տուն կան­չեց իր դես­պա­նը, ո­րով­հե­տեւ այդ քայ­լը վե­րա­պա­հո­ւած է Վա­տի­կա­նի կամ Աւստ­րիոյ նման Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող եր­կիր­նե­րուն եւ ոչ թէ զայն տա­րի­ներ ա­ռաջ ճանչ­ցած կամ այժմ ճանչ­նալ ծրագ­րող եր­կիր­նե­րուն:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Էր­տո­ղա­նի` Մոս­կո­ւա­յի մէջ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. Պա­տե­րազ­մի յաղ­թա­նա­կի 70ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թե­նէն բա­ցա­կա­յու­թեան, ա­պա այդ քայ­լը կա­րե­լի չէ Փու­թի­նի խօս­քին առն­չել, այլ թե­րեւս այն ի­րո­ղու­թեան, որ ան փո­խան Կա­լի­փո­լիի` այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան. քայլ մը, որ­մէ նե­ղա­ցած է Էր­տո­ղան: Այս թե­զը կտրուկ կեր­պով հաս­տա­տե­լու հա­մար պէտք է սպա­սել մին­չեւ 14 Յու­լիս` Ֆ­րան­սա­յի ան­կա­խու­թեան նշու­մը` տես­նե­լու հա­մար, թէ Էր­տո­ղան Փա­րիզ հրա­ւի­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին պի­տի մեր­ժէ՞ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ներ­կայ գտնո­ւիլ: Ա­ռայժմ կրնանք միայն են­թադ­րել, որ Մոս­կո­ւա չեր­թա­լով Էր­տո­ղան զգու­շա­ցաւ գրգռե­լէ զայ­րոյ­թը այդ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը պոյ­քո­թի են­թար­կող Ա­րեւ­մուտ­քին, որ ար­դէն իսկ աչք կը գոցէ ա­րեւմ­տեան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը ան­տե­սե­լով Ռու­սիոյ հետ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու Թուր­քիոյ քայ­լե­րուն նկատ­մամբ:

Խ­րի­մի եւ այդ­տեղ բնա­կող թա­թար­նե­րուն հար­ցով Թուր­քիոյ կա­տա­րած խիստ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ա­մէ­նէն հա­ւա­նա­կան դրդա­պատ­ճա­ռը 7 Յու­նի­սին նա­խա­տե­սո­ւած թրքա­կան խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներն ու ազ­գայ­նա­կան­նե­րու յա­ւե­լեալ քո­ւէ­ներ շա­հե­լու նպա­տակն է: Ի վեր­ջոյ ա­տի­կա կը բխի նաեւ Թուր­քիոյ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան ազ­գայ­նա­կան թե­ւի եւ ինք­նին Էր­տո­ղա­նի հա­մո­զում­նե­րէն: Պէտք է յի­շել «­Գորշ Գայ­լեր»ու հիմ­նա­դիր Ալ­փաս­լան Թիւր­քե­շի որ­դին` Ահ­մեթ Քուր­թալ­մըշ Թիւր­քե­շի այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.- «­Թուր­քիոյ մէջ մե­ծա­գոյն ազ­գայ­նա­կա­նը Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղանն է»:

Աս­կէ մեկ­նե­լով` կա­րե­լի է ը­սել, որ ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը սխալ գոր­ծե­ցին, երբ թրքա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը ար­տօ­նե­ցին թա­թար­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կին քննու­թեան հա­մար այ­ցե­լել Խ­րիմ:

Վահ­րամ Էմ­միեան