altՏէր Զօ­րի Նա­հա­տա­կաց մատ­րան ա­կա­նա­հա­րում եւ 1915ի նա­հա­տակ­նե­րու ա­ճիւն­նե­րու սրբապղ­ծում, Քե­սա­պի վրայ յար­ձա­կում` հայ բնակ­չու­թեան տե­ղա­հան­ման հե­տե­ւան­քով (շատ նման 1915ի տե­ղա­հան­ման), Հա­լէ­պի «­Սի­մոն Վ­րա­ցեան» կեդ­րո­նի ռմբա­կո­ծում, ինչ­պէս նաեւ` Քա­ռա­սուն Ման­կանց դա­րա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­կա­նա­հա­րում (ո՛չ թէ ռմբա­կո­ծում. տար­բեր բա­ներ են): Ա­հա­ւա­սիկ ա­մէ­նէն ցայ­տուն օ­րի­նակ­նե­րը, թէ ինչ­պէ՛ս թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը պա­տե­րազմ կը մղէ ընդ­դէմ իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րող հա­յու­թեան դէմ` օգ­տո­ւե­լով Սու­րիոյ մէջ մղո­ւող պա­տե­րազ­մէն: Թր­քա­կան տրա­մա­բա­նու­թեամբ` «ֆրսանթ պու ֆրսանթ» («պա­տեհ ա­ռի­թը ա՛յս ա­ռիթն է):

Թող ոչ ոք կաս­կած ու­նե­նայ այս ուղ­ղու­թեամբ:

Այն­պէս մը չէ, որ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը նոյ­նիսկ մզկիթ­ներ բա­ցէ ի բաց ա­կա­նա­հա­րե­ցին, հե­տե­ւա­բար մերն ալ այդ ընդ­հա­նուր մո­լուց­քին զոհ գնաց… մեր­ժե­լի է այս մօ­տե­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ սխալ է:

Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րին հա­մո­զու­մով՝ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ա­ռա­ջին պար­բե­րու­թեամբ նշո­ւած օ­րի­նակ­նե­րը թրքա­կան ո­րո­շու­մով գոր­ծադ­րո­ւած ա­րարք­ներ էին:

Կա­րե­ւոր չէ, թէ ո­րո՛ւ ձեռ­քով:

Կա­րե­լի է նաեւ մե­ղադ­րա­կան շեշ­տով ը­սել, թէ ե­ղա­ծը թրքա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թիւն է: Բայց այս մօ­տե­ցու­մը զգա­ցա­կան հար­թու­թեան վրայ է. իսկ պա­տե­րազ­մը ֆութ­պոլ չէ, որ չոր ու ցա­մաք օ­րէնք­ներ ու­նե­նայ (օ­րի­նակ` ձեռ­քով կա­րե­լի չէ դպնալ գնդա­կին, «օֆ­սայտ» կայ), ի­րա­ւա­րար ու­նե­նայ, ո­րուն սու­լի­չը ա­ւե­լի ազ­դու է, քան` կարգ մը եր­կիր­նե­րու սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը:

Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ա­մէն ինչ ար­տօ­նե­լի է պա­տե­րազ­մին մէջ:

Կը հաւ­նի՞նք, չե՞նք հաւ­նիր, ար­դա՞ր է, ա­նար­դա՞ր է. ա­սոնք ան­կա­րե­ւոր բա­ներ են:

Մենք հա­շի­ւի պի­տի նստինք չոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, հե­ռու` զգա­ցա­կան հար­թու­թե­նէն:

Սա՝ պատ­կե­րին մէկ մասն է:

Միւս մա­սը ա՛յն է, որ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը (սփիւռք թէ Հա­յաս­տան, ժո­ղո­վուրդ թէ պե­տու­թիւն) իր ու­ժե­րը լա­րեց Հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով: Քա­րոզ­չա­կան ա­ռու­մով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, եր­բեմն նոյ­նիսկ ան­նա­խըն­թաց: Քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով եւս մե­զի ի նպաստ ար­ձա­նագ­րո­ւած կէ­տե­րը ար­հա­մար­հե­լի չէին, Վա­տի­կա­նէն սկսեալ:

Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը սա­կայն` ըստ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րի հա­մո­զու­մին, հայ­կա­կան կող­մը ճա­նաչ­ման հանգ­րո­ւա­նէն անց­նե­լով` հա­տուց­ման հանգ­րո­ւան թե­ւա­կո­խեց: Ան­կախ ան­կէ, թէ «պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն», «հա­տու­ցում», թէ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րա­ցում» բա­ռե­րը կը գոր­ծա­ծենք:

Ի­րե­րու այս դրու­թեան մէջ Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը դատ բա­ցաւ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նին մօտ, Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­տի­րաց­ման պա­հան­ջով: Այս մէ­կը պէտք է նկա­տել թրքա­կան դիր­քե­րու «ռմբա­կո­ծում»` հայ­կա­կան կող­մէն:

Թուր­քիա տա­կա­ւին չսթա­փած այս «ռմբա­կո­ծում»ի ո­րո­տէն` հի­մա կը դի­մագ­րա­ւէ այլ հա­ւա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կան մը, այս ան­գամ` Ս. Էջ­միա­ծի­նէն, երբ Գա­րե­գին Բ. վե­հա­փա­ռը յայ­տա­րա­րեց, թէ մաս­նա­գի­տա­կան մա­կար­դա­կով կը քննո­ւի Թուր­քիոյ կող­մէ բռնագ­րաեալ Ս. Էջ­միա­ծի­նի ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րը ի­րա­ւա­կան մի­ջոց­նե­րով պա­հան­ջե­լու հար­ցը:

Այ­սինքն` դատ-դա­տաս­տա­նով:

Այս մէ­կը կրնայ նշա­նա­կել ո՛չ միայն Կար­սի Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղե­ցին, այլ նաեւ` ամ­բողջ Ա­նիի տա­րած­քին գտնո­ւող հայ­կա­կան դա­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ` ներ­կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­րեւմ­տեան սահ­մա­նէն մին­չեւ 1914ի օս­մա­նեան-ցա­րա­կան սահ­մա­նա­գի­ծը գտնո­ւած բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­ներն ու կրօ­նա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րը:

Սա ան­շուշտ ի­րա­ւա­գի­տա­կան ե­րես ալ ու­նի եւ տրա­մա­բա­նա­կան պի­տի ըլ­լայ են­թադ­րել, որ Վե­հա­փա­ռին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հա­ւա­նա­բար կը վե­րա­բե­րի ճիշդ այս հան­գա­ման­քին:

Թող ո՛չ ոք ու­նե­նայ այն պատ­րան­քը, որ ջու­րը չտե­սած բո­պիկ­նա­լու (կամ Կի­կո­սի) տրա­մա­բա­նու­թեամբ կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւի այս յօ­դո­ւա­ծը:

Բ­նա՛ւ, եր­բե՛ք:

Բայց փաս­տը այն է, որ ե­թէ պա­տե­րազ­մի տրա­մա­բա­նու­թեամբ մօ­տե­նանք (ու­րիշ տրա­մա­բա­նու­թիւն գոր­ծա­ծե­լը սխալ պի­տի ըլ­լար), թէ՛ Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին ա­ռած քայ­լը եւ թէ՛ Ս. Էջ­միա­ծի­նէն կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ու­րիշ բան չեն, ե­թէ ոչ-թրքա­կան դիր­քե­րու «ռմբա­կո­ծում» կամ հայ­կա­կան «յար­ձա­կո­ղա­կա­նի» շա­րու­նա­կու­թիւն:

Այն­պէս որ, կռի­ւը կը շա­րու­նա­կո­ւի:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ