Անց­նող մօտ 9 տա­րի­նե­րուն, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտող թուրք դի­ւա­նա­գի­տու­թեան «­Գիւ­տը» պատ­մա­կան հար­ցե­րը պատ­մա­բան­նե­րուն ձգե­լու ա­ռա­ջարկն է, որ յա­ճախ կը լսո­ւի պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան այն պաշ­տօ­նատար­նե­րու բեր­նէն, ո­րոնք եր­դո­ւած են հա­ւա­տա­րիմ մնալու ի­րենց յօ­րի­նած սու­տե­րուն ու կ­’աշ­խա­տին ամ­բողջ աշ­խար­հին ալ պար­տադ­րել, որ ըն­դու­նին այդ սու­տե­րը, որ­պէս բա­ցար­ձակ ճշմար­տու­թիւն։

Մարտ 18ին նման կոչ մը ը­րած է դար­ձեալ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Թա­յիպ Էր­տո­ղան, ուր յի­շե­լէ ետք թէ «պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րը հա­զա­րա­ւոր մահ­մե­տա­կան­նե­րու վնաս հաս­ցու­ցած ե­ն», «ո­րոնց փաս­տա­թուղ­թե­րը ու­նի­ն» եւ «ո­րոնց հա­մար հա­յե­րէն հա­շիւ պա­հան­ջե­լու շատ բան ու­նի­ն», սա­կայն ի­րենք «այդ բո­լո­րը որ­պէս քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գոր­ծիք չեն գոր­ծա­ծե­ր», այլ պար­կեշ­տօ­րէն կ­’ը­սեն՝ «մեր ար­խիւ­նե­րը բաց ե­ն», «բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը հոս ե­ն», «դուք ալ բա­ցէ՛ք ձեր ար­խիւ­նե­րը», «պատ­մա­գէտ­ներ, ի­րա­ւա­գէտ­ներ պաշ­տօ­նի կո­չենք, թող ա­նոնք քննեն եւ ո­րո­շեն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը»։

Այս բո­լո­րէն ետք, ա­ռանց հա­յե­լիի մէջ նա­յե­լով ինք­զինք տես­նե­լու, հե­գ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թեամբ մը կ­՛ը­սէ.- «­Բո­լոր եր­կիր­նե­րու մէջ մէկ առ մէկ պտը­տե­լով, բո­լո­րին մէջ ալ դրամ խաղց­նե­լով, բա­րո­յա­կա­նէ դուրս ա­րարք­ներ գոր­ծադ­րե­լով, Թուր­քիոյ դէմ ո­րո­շում­ներ առ­նել տա­լով, ոչ մէկ տեղ չէք կրնար հաս­նիլ»։

Ե­թէ ու­շադ­րու­թեամբ կար­դանք այս «չա­կեր­տա­ւո­ր» պար­բե­րու­թիւ­նը, պի­տի տես­նենք որ ը­սո­ւա­ծը որ­քան բա­ռա­ցիօ­րէն շի­տակ ու ա­նա­ռար­կե­լի կեր­պով կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ի­րենց, այ­սինքն թրքա­կան գոր­ծե­լա­կեր­պին, ուր բո­լոր այն եր­կիր­նե­րու մէջ, ուր ո­րո­շում­ներ կ­’առ­նո­ւին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տող, «մէկ առ մէկ պտը­տե­լով, բո­լո­րին մէջ ալ դրամ խաղց­նե­լով, բա­րո­յա­կա­նէ դուրս ա­րարք­ներ գոր­ծադ­րե­լով, Ե­գիպ­տոս եւ այ­լուր հայ­կա­կան ար­խիւ­ներն ու փաս­տա­թուղ­թե­րը փճաց­նել տա­լով, պատ­կան եր­կիր­նե­րու հետ մերթ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խզե­լու յան­կեր­գով եւ մերթ նիւ­թա­կան մեծ ա­ռեւ­տուր­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը ջնջե­լու սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ մէկ խօս­քով ի­րենց պե­տա­կան հա­մակ ՈՒԺԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ի գործ դնե­լով, կ­՛աշ­խա­տին վի­ժեց­նել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի նպաստ իւ­րա­քան­չիւր ո­րո­շում ու ջանք կը թա­փեն ի­րենց «բա­րո­յա­կա­նէ դուր­ս» եւ ան­մարդ­կա­յին գոր­ծե­լաո­ճով «տեղ հաս­նիլ»։

Խոր­քին մէջ, սա­կայն, այդ բո­լոր խորհր­դա­րան­նե­րը մէկ առ մէկ կա­րե­նալ հա­մո­զե­լու եւ ի­րենց տե­սա­կէ­տին յար­մարեց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը, թէ բա­րո­յա­կան եւ թէ նիւ­թա­կան տե­սա­կէ­տէ ի­րենց վրայ շատ ծանր կշռե­լէն բա­ցի, յա­ջո­ղու­թեան ո­րոշ յոյս մըն ալ չեն ներշն­չեր։ Ա­հա թէ ին­չու կ­’աշ­խա­տին պատ­մա­բան­նե­րու քննարկ­ման տա­նիլ հար­ցը, ուր շատ ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի ըլ­լայ «դրամ խաղց­նե­լո­վ»  գրա­ւել ան­հատ պատ­մա­բան­նե­րը, քան ամ­բողջ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րը, ուր եր­բեմն պի­տի հան­դի­պին նաեւ բա­րո­յա­կան սկզբուն­քի տէր ու պար­կեշտ ե­րես­փո­խան­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը դրա­մով չեն վա­ճա­ռեր…։ Ա­հա պատ­ճա­ռը, որ հա­մակ թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­գի ի բրին լծո­ւած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը փո­խանցելու պատ­մա­բան­նե­րու քննարկ­ման։ Ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ այս դա­ւադ­րու­թեան մէջ ներ­քա­շել հա­յե­րուն, այդ օր վստա­հա­բար թաշ­կի­նակ ձեռք ա­ռած պի­տի պա­րեն ի­րենց նպա­տա­կին հա­սած ըլ­լա­լու հրճո­ւան­քով։

Սա­կայն տես­նենք, թէ ինչ ար­դիւնք կ­՛ա­կըն­կա­լեն պատ­մա­բան­նե­րու քննար­կու­մէն։

Գի­տենք որ ի­րենք ար­դէն իսկ ո­րո­շած եւ վճռած են ար­դիւն­քը։

Քա­նի ան­գամ­ներ լսո­ւած են Էր­տո­ղա­նի, Տա­ւու­տօղ­լո­ւի, Ճէ­միլ Չի­չէ­քի, Եու­սուֆ Հալ­լա­ճօղ­լո­ւի եւ նման­նե­րու բեր­նէն, ի­րենց վճռա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, թէ «ի­րենք ա­մե­նե­ւին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չեն գոր­ծա­ծ», թէ «ի­րենց ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւ­նը ե­ղած է միշտ մա­քու­ր», թէ «ի­րենք պատ­ճառ մը չու­նին եր­բեք ի­րենց ան­ցեա­լէն ամչ­նա­լո­ւ», թէ «ի­րենց ճա­կա­տը միշտ բաց ե­ղած է», թէ «այս «սէօզ­տէ» ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ը­սո­ւած հայ­կա­կան պնդում­նե­րը բո­լո­րո­վին սուտ ե­ն» ե­ւայլն։

Երբ այս է թուրք պե­տա­կան այ­րե­րուն վճռա­կան ո­րո­շու­մը, ալ ինչ կը մնայ պատ­մա­բան­նե­րուն քննար­կե­լու…, երբ ի­րենք ար­դէն իսկ քննար­կած ու ո­րո­շած են ա­մէն բան, դիւ­րաց­նե­լով նաեւ պատ­մա­բան­նե­րուն գոր­ծը…, ո­րոնց կը մնայ ա­ռանց յոգ­նու­թեան վա­ւե­րաց­նել միայն ի­րենց (թրքա­կան տե­սա­կէ­տի) ո­րո­շու­մը… ու վերջ…։

Էր­տո­ղա­նի երկ­րորդ ա­ռար­կու­թիւնն ալ այն է, թէ խորհր­դա­րան­ներ ու ան­հատ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ պէտք չէ ո­րո­շեն թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղած է, այլ պատ­մա­բան­նե­րը միայն պէտք է զբա­ղին այդ հար­ցով։

Սա­կայն այս­պի­սի ա­ռար­կու­թիւն ը­նող Էր­տո­ղան ինչ­պէս կը հա­մար­ձա­կի, թէ ինք՝ եւ թէ իր խորհր­դա­րա­նը վճիռ ար­ձա­կել եւ ը­սել թէ ,ցե­ղաս­պա­նու­թիւն չէ ե­ղած, սուտ էե։ Մի­թէ ինքն ալ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը չէ՞։ Մի­թէ իր խորհըր­դա­րանն ալ խորհր­դա­րան մը չէ՞։ Մի­թէ ի­րենք բա­ցա­ռիկ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում ու­նե­ցող խորհր­դա­րան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի՞չ են, կա­րե­նալ ո­րո­շում­ներ ար­ձա­կե­լու…։

Ու այս­պէս խօս­քով ու գոր­ծով ինք­զինք հա­կա­սող նախ Էր­տո­ղան իր ամ­բողջ ճար­պի­կու­թիւն­նե­րով կ­’իյ­նայ իր իսկ փո­րած փո­սին մէջ։

Տա­կա­ւին 2009ին էր, ուր թուրք պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի նա­խորդ նա­խա­գահ Եու­սուֆ Հալ­լա­ճօղ­լուն, խօ­սե­լով «Ան­գա­րա­յի ի ձե­ռին ու­նե­ցած մէկ մի­լիոն փաս­տա­թուղ­թե­րու­ն» վրա­յով, կ­’ա­ռա­ջար­կեր պատ­մա­բան­նե­րուն յանձ­նել ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին քննար­կու­մը, որ­պէս­զի… «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՅՐԷՆ ՍԿՍԻ…», ուր երբ պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­խում­բը չկա­րե­նայ յստակ կեր­պով փաս­տել թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կա­տա­րո­ւած է, այն ա­տեն հայ­կա­կան պնդում­նե­րը ամ­բող­ջո­վին աղ­բա­նոց պի­տի նե­տո­ւին…։

Սա­կայն այս­պէս խօ­սած պա­հուն իսկ ներ­քին վախ մը կ­’ան­հանգս­տաց­նէր զինք, քա­նի որ նոյն ա­տեն ան կը զգու­շաց­նէր պե­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի «յանձ­նա­խում­բի ան­դա­մակ­ցու­թեան չհրա­ւիրուին այն­պի­սի պատ­մա­բան­ներ, ո­րոնք նա­խա­պա­շա­րո­ւած մար­դիկ ե­ղած ըլ­լա­ն»։ Այ­սինքն անզ­գու­շու­թեամբ թրքա­կան տե­սա­կէ­տին հա­կա­ռակ ե­ղող պատ­մա­բան­ներ չհրա­ւի­րո­ւին յան­կարծ…, եւ կամ կարծ­րա­տիպ ան­հատ­ներ՝ ո­րոնք կա­րե­լի չըլ­լայ գրա­ւել «դրամ խաղց­նե­լով…», քա­նի որ այդ պա­րա­գա­յին կրնայ ստա­ցո­ւիլ, ճիշդ հա­կա­ռա­կը եւ «թրքա­կան պնդում­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ աղ­բա­նոց կը նե­տո­ւին…»։

Այդ վա­խը չէ՞ր մի­թէ, որ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին ը­սել պի­տի տար, որ «մենք ար­դէն ո­րո­շած ենք մեր պատ­մա­բան­նե­րը…»։

Թուր­քիա իր բո­լոր մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րը ի գործ դրած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը պատ­մա­բան­նե­րու քննարկ­ման կա­րե­նալ բե­րե­լու հա­մար։ Ա­նոր մէջ է, որ կը տես­նէ զինք օր ու գի­շեր տան­ջող հայ­կա­կան մղձա­ւան­ջին լու­ծու­մը։

Սա­կայն հա­յու­թիւ­նը այն աս­տի­ճան միա­մի՞տ է մի­թէ, որ ա­րե­ւի լոյ­սին պէս տե­սա­նե­լի ու ան­հեր­քե­լի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կաս­կա­ծի տակ առ­նէ եւ պատ­մա­բան­նե­րուն հետ քննարկ­ման անց­նի, որ­պէս­զի «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­պա­ւէ­նը դար­ձեալ ծայ­րէն սկսի՞…»։

Ա­հա­ւա­սիկ, թուրք մտա­ւո­րա­կան, փաս­տա­բան եւ գրող Ֆէ­թի­հիէ Չէ­թին յստակ կեր­պով կ­’ը­սէ, թէ «­Հայ­ոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը փաս­տի չի կա­րօ­տիր»։

Այ­սօր Ա.Մ.Ն. 43 նա­հանգ­ներ եւ աշ­խար­հի 24 եր­կիր­ներ ա­ռա­ւել, օ­տար եւ հայ գրող­ներ ու պատ­մա­բան­ներ վա­ւե­րա­ցու­ցած են Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Ինչ ը­սել մա­նա­ւանդ տաս­նեակ­նե­րով թուրք պատ­մա­բան­նե­րուն, գրող­նե­րուն, մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, լրագ­րող­նե­րուն, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն, ո­րոնք ար­խիւ­նե­րէն հա­նո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րով եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, մա­նա­ւանդ Թա­լաա­թին գրած գաղտ­նի նա­մակ­նե­րուն բա­ցա­յայ­տում­նե­րով եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ապ­րած հա­զա­րա­ւոր տա­րի­քա­ւոր­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րով ու փաս­տե­րով, ոչ միայն կը հաս­տա­տեն ու կ­’ըն­դու­նին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, այլ կը քննա­դա­տեն ու կը մե­ղադ­րեն ի­րենց թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, քա­ջու­թիւնն ու պար­կեշ­տու­թիւ­նը չու­նի ա­ռե­րե­սո­ւե­լու իր պատ­մու­թեան հետ, ըն­դու­նե­լու իր գոր­ծած ո­ճիր­նե­րը, այլ կը շա­րու­նա­կէ իր ու­րա­ցու­մի ա­մօ­թա­լի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Տա­կա­ւին կը տես­նենք թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, ո­րոնք կոչ կ­’ուղ­ղեն ի­րենց կա­ռա­վա­րու­թեան, որ ըն­դու­նին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրեն հա­յե­րէն։

Դեռ թարմ է բո­լո­րին մտքին մէջ, թէ ինչ­պէս եր­կու տա­րի ա­ռաջ, հա­զա­րա­ւոր թուր­քեր նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեն հա­յե­րէն անոնց դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ա­հա­ւոր բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րուն ու բո­լո­րին ծա­նօթ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար։

Թր­քա­կան կա­ռա­վարու­թիւ­նը միշտ քննա­դա­տած է հայ թէ օ­տար պատ­մա­բան­նե­րը, լրագ­րող­նե­րը, գրող­նե­րը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րը, ո­րոնք կը դա­տա­պար­տեն Թուր­քիան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­րա­նա­լուն հա­մար, թշնա­մու­թիւն տես­նե­լով ա­նոնց քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Սա­կայն լռու­թիւն կը պա­հէ իր ազ­գա­կից­նե­րը ե­ղող բո­լոր այդ թուրք պատ­մա­բան­նե­րուն ու գրող­նե­րուն նկատ­մամբ։

Հոս կա­րե­լի է մի­ջան­կեալ ը­սել, որ ե­թէ կաս­կա­ծե­լի կէտ մը ե­ղած ըլ­լար Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պնդում­նե­րուն մէջ, ան­պայ­մա­նօ­րէն պի­տի գտնո­ւէին ո­րոշ հա­յեր ո­րոնք կաս­կած պի­տի յայտ­նէին ցե­ղաս­պա­նու­թեան վրա­յով։ Սա­կայն կա­րե­լի՞ է գտնել հայ մը, որ կաս­կած յայտ­նած ըլ­լայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հան­դէպ։ Ո՛չ։ Քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր հայ իր մոր­թին վրայ է, որ կը զգայ ա­նոր ցաւն ու հե­տե­ւանք­նե­րը, տա­կա­ւին 100 տա­րի ետք իսկ։

Իսկ երբ կը տես­նենք հա­զա­րա­ւոր թուր­քեր, պատ­մա­բան­նե­րէն, գրող­նե­րէն, լրագ­րող­նե­րէն մին­չեւ ժո­ղո­վուր­դին խա­ւե­րը, ո­րոնք փաս­տա­թուղ­թե­րով  ու վկա­յու­թիւն­նե­րով կը ներ­կա­յաց­նեն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, աս­կէ ան­դին տա­կա­ւին ինչ­պէս կա­րե­լի է ու­րա­նալ, երբ ար­դէն իսկ թուր­քերն են վկա­յող­նե­րը…։ Սա­կայն ին­չու Էր­տո­ղան եւ իր ար­բա­նեակ­նե­րը լուռ են բո­լոր այս «ար­դա­րա­մի­տ» բայց ի­րենց հա­մար «դա­ւա­ճա­ն» նկա­տո­ւող այդ թուր­քե­րուն հան­դէպ։

Լուռ են ա­նոր հա­մար, որ նախ հա­կա­փաս­տարկ­ներ չու­նին ա­նոնց ան­հեր­քե­լի փաս­տե­րուն դի­մաց, երկ­րորդ՝ ա­նոնց հետ լե­զո­ւակ­ռո­ւի մէջ մտնել չեն ու­զեր, քա­նի որ այդ պի­տի նշա­նա­կէր ա­ւե­լի ար­ծար­ծել հար­ցը եւ ա­ռիթ տալ, որ ա­ւե­լի խո­րա­նան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քննար­կում­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լիով պի­տի բա­ցա­յայ­տեն ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը…։

Ո­րով լա­ւա­գոյն կեր­պը պի­տի ըլ­լար լռու­թիւն պա­հել, այդ «դա­ւա­ճա­ն» թուր­քե­րուն հան­դէպ ու շա­րու­նա­կել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը պատ­մա­բան­նե­րուն քննարկ­ման տա­նե­լու ի­րենց պնդու­մը ա­պա­ւի­նե­լով միայն ու միայն ի­րենց «ՈՒԺԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ…»։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐԵԱՆ