Յունաստանի ամբողջ տարածքին հայ առաքելական համայնքը կը պատրաստուի Յունիս 7ի թեմական ընտրութեանց, որոնց արդիւնքով պիտի առաջանայ Յունահայոց Ազգային Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի պատգամա
ւորներու նոր կազմը։
Այս տարուան թեմական ընտրութիւնները առանձնայատուկ են նախ այն առումով, որ յունական պետական նոր օրէնսդրութեան հիման վրայ՝ մեր յարանուանութիւն-համայնքը արժանացած է «իրաւական անձնաւորութեան» հանգամանքի պաշտօնական ճանաչման։
Նաեւ՝ նորովի մշակուած ու վերանորոգուած է Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան վրայ հիմնուած յունահայոց Թեմական Կանոնագրութիւնը, որ ժողովական եւ վարչարարական իմաստներով կոչուած է կանոնակարգելու մեր թեմական կեանքը՝ այժմէականացնելով եւ յստակացնելով ազգային իշխանութիւնները ժողովրդային հակակշռով եւ ժողովրդավարական եղանակով ղեկավարելու գործը։
Յունիս 7ի թեմական ընտրութեանց առանձնայատկութիւնը աւելիով կը շեշտուի մանաւանդ այն հանգամանքով, որ Յունաստանի ազգային-պետական տնտեսութեան սնանկացման ներկայ պայմաններուն հետեւանքով՝ ծանր դժուարութեանց առջեւ կանգնած ենք եւ բախտորոշ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք իբրեւ յունահայ քաղաքացիներ եւ հայ ազգային համայնք։ Փաստօրէն իբրեւ Յունահայ Համայնք՝ ազգային Մեր Տան տիրութիւն ընելու, կարգի բերելու եւ կանգուն պահելու կարեւորագոյն օրակարգը ունինք։
Մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները, մեր ակումբներն ու ազգային մնացեալ կառոյցները տնտեսապէս ապրեցնելու, երիտասարդացնելու, զարգացնելու եւ արդիականացնելու հրամայականին տակ ենք։
Կը նշանակէ, որ առաջնահերթաբար պէտք ունինք մեր համայնքի բոլոր ուժերուն, յատկապէս երիտասարդ ու միջին սերունդի որակաւոր մարդուժի զօրաշարժին, որպէսզի ազգային եւ միութենական մեր կեանքը ժողովրդային հակակշռով ու ժողովրդավարական մասնակցութեամբ յառաջ մղենք՝
- Ի սպաս վաղուան մեր սերունդներուն հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ ճառագայթումին։
- Ի խնդիր հայկական մեր տոհմիկ աւանդներու եւ մշակութային արժէքներու վերանորոգումին։
Աւագ մեր սերունդները այսօր եւս ոչինչ կը զլանան, այլեւ կը շարունակեն իրենց անսակարկ զոհաբերութեամբ ծառայել յունահայ գաղութի պահպանման եւ ազգային-միութենական մեր կառոյցներու աշխոյժ գործունէութեան։
Ժամանակը եկած է, որպէսզի Մեր Տունը կարգի բերելու մարտահրաւէրին գիտակցին եւ, իրենց կարգին, ազգային-միութենական մեր կեանքն ու կառոյցները ղեկավարելու կենսական գործին ծառայական իրենց մասնակցութիւնը բերեն կեանքի ասպարէզ մտած, ընտանիք կազմած եւ բարօր ապագայ նուաճելու պայքարին մէջ նետուած նորահաս մեր ուժերը եւս։
Յունիս 7ի թեմական ընտրութեանց յաջողութիւնը մեծ չափով կախեալ է, հետեւաբար, նաեւ ու մանաւանդ երիտասարդ եւ միջին սերունդի մեր ազգայիններուն աշխոյժ ու մեծաթիւ մասնակցութենէն։
Որքան զգալի ու վարակիչ դառնայ յունահայ ազգային կեանքին եւ, այդ ճամբով, թեմական ընտրութեանց եւ ազգային ժողովականութեան մասնակցելու երիտասարդական թափը, այնքան մեր համայնքը կ’ընդլայնէ նորահաս ուժերով եւ որակով ազգային-միութենական մեր մեքենան շարժման մէջ պահելու եւ աւելիով աշխուժացնելու հնարաւորութիւնները։ Յունիս 7ին, թաղային հիմունքով ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան խուռներամ մասնակցելով, նոյնպէս եւ ազգային երեսփոխան ընտրուելու թեկնածու ներկայանալով ու համապատասխան ժողովրդավարական մրցապայքար մղելով՝ յունահայ երիտասարդութիւնը անփոխարինելի ու բարեբեր իր ներդրումը կատարած պիտի ըլլայ՝
- Յունահայ Գաղութի ազգային մեքենային ժողովրդային հակակշռով վերաշխուժացումին։
- Մեր Տան տիրութիւն ընելու եւ նորահաս ուժերով ու որակով կարգի բերելու յառաջընթացին։