Ան­մի­ջա­կա­նի ճնշման են­թար­կո­ւե­լով հիմ­նա­կա­նը ոչ մէկ ձե­ւով փա­կա­գի­ծի մէջ պէտք չէ դնել: Ա­պա­գան սուղ վճա­րել կու տայ այս փա­կա­գի­ծին գի­նը, ոչ ըն­դար­մա­ցած հետզ­հե­տէ ա­նինք­նու­թիւն դար­ձող օ­տա­րա­խօս զան­գո­ւա­ծին, այլ ազ­գին, ո­րուն ա­նու­նով կը սի­րենք ճա­ռել, ինչ­պէս

հա­զիւ բար­բա­ռող մա­նու­կը Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեա­նի «­­Խօսք իմ որ­դուն»ը դող­դո­ջե­լով կ’ար­տա­սա­նէ: Այ­սինքն՝ ա­ռանց ը­սա­ծին ի­մաս­տէն բան հասկ­նա­լու:

Ազ­գը բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րով չ’ապ­րիր, չի տե­ւեր: Բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը կարկտ­նո­ւած հա­գուստ են, զոր ոչ ոք կ’ու­զէ կրել:

Հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, հա­ճո­յա­խօ­սու­թիւն­նե­րը եւ մար­դոր­սա­կան (proselytisme) ա­մէն կար­գի ճապ­կում­նե­րը, բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, պե­տա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան, կու­սակ­ցա­կան, միու­թե­նա­կան, կրթա­կան, դառն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ կա­մա­ւոր եւ շա­հախնդ­րո­ւած ան­վա­ղոր­դայն եւ ա­պազ­գա­յին վե­րա­բե­րում­ներ են: Ան­հա­րա­զա­տը եւ հա­րա­զա­տը, ինք­նու­թիւ­նը եւ ա­նինք­նու­թիւ­նը, ի­րա­ւազր­կու­մը եւ ի­րա­ւուն­քը մի­ջին եզ­րեր չու­նին, ինչ­պէս մա­հո­ւան եւ կեան­քին մի­ջեւ եր­րորդ ձեւ մը գո­յու­թիւն չու­նի:

Ազ­գին հա­մար հա­յե­րէ­նի հար­ցը այդ­պէս է:

Ա­ռանց ազ­գա­յին լե­զո­ւի ինչ­պէ՞ս կը գո­յա­տե­ւէ ազ­գը իր հա­րա­զա­տու­թեամբ, ի՞նչ բա­նի շա­րու­նա­կու­թիւն կ’ըլ­լայ, ի՞նչ կը ժա­ռան­գէ եւ ի՞նչ կը կտա­կէ: Ա­ռանց լե­զո­ւի ի՞նչ բա­նի կը ծա­ռա­յէ բա­նաս­տեղ­ծի «կանգ եւ պի­տի շա­տա­նան­ք»ը: «­­Ծա­գու­մով հա­յե­ր»ը կրնան շա­տա­նալ, բազ­մաց­նե­լով ու­րիշ ազ­գե­րը, բայց ի՞նչ կ’ըլ­լայ «կան­գ»ը: Երբ հար­ցում­նե­րը ճիշդ չեն սահ­մա­նո­ւիր, պա­տաս­խան­նե­րը եր­բեք ճիշդ չեն ըլ­լար:

Ազ­գա­յին լե­զո­ւի իւ­րա­ցու­մը, ա­նա­ղարտ պահ­պա­նու­մը, զտու­մը, եւ հա­րա­զա­տու­թեամբ զար­գա­ցու­մը կը կազ­մեն ամ­բող­ջու­թիւն մը, որ­մէ հրա­ժա­րիլ կը նշա­նա­կէ ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան նկա­րագ­րի փո­փո­խու­թիւն, այլ նկա­րագ­րով հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը ստեղծ­ման ճամ­բուն վրայ, հուսկ ան­հե­տա­նա­լէ ա­ռաջ: Այս կա­ցու­թեան պատ­շա­ճե­լով հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թեամբ մար­դոր­սու­թիւն ը­նե­լու թա­փա­հա­րում­նե­րը ան­մի­ջա­կան եւ յա­ճախ նիւ­թա­կան կամ ե­րե­ւե­լիա­կան մի­տում­ներ կրնան բա­ւա­րա­րել, ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­ծե­լով մի­ջո­ցի, այ­սինքն գո­հա­ցում տա­լով դիր­քա­պաշ­տա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րու:

Միա­մի­տի վե­րա­բե­րու­մով ճ­կոյ­թի ե­տին պէտք չէ թաք­նո­ւիլ: Օ­տա­րա­խօս դար­ձած «ի­րենք զի­րենք զգա­ցու­մով հայ» դա­ւա­նող­ներ կան, լաւ է, բայց կը պա­տա­հի՞ որ եր­բեմն խօ­սինք նաեւ «օ­տա­րա­խօս դառ­նա­լով հա­յու­թե­նէ խզուած­նե­րո­ւ» մա­սին, ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ խում­բե­րուն տո­կոս­նե­րուն բաղ­դա­տա­կա­նը ը­նե­լով: Ֆ­րան­սա­ցին կ’ը­սէ, եւ յա­ճախ այդ կը յի­շեմ, որ «ծա­ռը պէտք չէ ծած­կէ ան­տա­ռը»: Այ­սինքն, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին խնդիր­նե­րու պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշտ է ի­րա­տե­սու­թիւ­նը ձեռ­քէ չհա­նել, չա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ մա­կե­րե­սա­յին եւ ա­ժան զգա­ցա­կա­նու­թեամբ, բա­ցա­ռիկ պա­րա­գա­նե­րու յի­շե­ցու­մով:

Միշտ պէտք է խոր­հիլ, որ մեր սե­փա­կա­նը միայն մե­զի կը պատ­կա­նի, ոչ-սե­փա­կա­նը մե­զի չի պատ­կա­նիր: Այս տար­րա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը բա­ռա­յին մար­զանք­նե­րով եւ ճապ­կում­նե­րով սխալ դա­տում­նե­րու եւ շփոթ­նե­րու դուռ կը բա­նայ:

Նաեւ հա­յե­րէ­նով է որ կ’ի­մաս­տա­ւո­րուի բա­նաս­տեղ­ծի «կան­գ»ը: Եւ այս «կան­գ»ը կա­րե­լի կ’ըլ­լայ մշա­կու­թա­յին ի­րաւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, դպրոց­նե­րէն մին­չեւ թատ­րոն, պար, լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ, խորհր­դա­րան, ժո­ղով­ներ, ե­կե­ղե­ցի: Ազ­գա­յին բա­րո­յա­կա­նի խնդիր պէտք է հա­մա­րել հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւիլ, հա­յե­րէն գրել, այդ ը­նել բծախնդ­րու­թեամբ, պահ­պա­նե­լով հա­յե­րէ­նի ինք­նու­րոյն հան­ճա­րը եւ ո­րա­կը:

Այդ ո­րա­կը…

Լ­րա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը, գրա­ւոր եւ բա­նա­ւոր մա­մու­լը, գրա­կա­նու­թիւ­նը, պատ­մա­կան եւ այլ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան մար­դոց խօս­քը, տո­ւեալ ազ­գի մը պա­րա­գա­յին, կը կա­տա­րո­ւին ազ­գա­յին լե­զո­ւով: Այս չը­նել կ’ա­ռաջ­նոր­դէ յա­ջոր­դա­կան հրա­ժա­րում­նե­րու: Բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­ներն ալ ու­նին գա­ւա­ռա­կան շրջան­նե­րու լե­զո­ւա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թիւն­ներ, զորս կա­րե­լի է կո­չել բար­բառ­ներ, ու­նին ըն­թա­ցիկ կամ փո­ղո­ցի լե­զու, ա­ղա­ւա­ղո­ւած լե­զու (ֆրան­սա­ցին կ’ը­սէ jargon, եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ պար­զա­պէս կ’ըն­դօ­րի­նա­կեն, այդ­պէս ալ կ’ը­սեն եւ կը գրեն ժար­գոն, մինչ­դեռ կա­րե­լի է բա­ւա­րա­րո­ւիլ ա­ղա­ւա­ղո­ւած հա­յե­րէն բա­ցատ­րու­թեամբ: Բայց լե­զո­ւի ար­տա­յայ­տու­թեան յի­շո­ւած կալուած­նե­րը պէտք է յար­գեն լե­զուն իր ո­րա­կով: Այս­պէս, ֆրան­սա­ցի հե­ղի­նակ­նե­րը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, թեր­թե­րը, ձայ­նաս­փիւ­ռը, հե­ռա­տե­սի­լը, ա­նիշ­խա­նա­կան գոր­ծա­ծու­թիւն ի­րենք ի­րենց թոյլ չեն տար, ի­րենց բա­ռամ­թեր­քը այս­դիէն ան­դիէն չեն որ­սար, օ­տար բա­ռե­րը տա­ռա­դար­ձու­թեամբ ֆրան­սե­րէ­նի վե­րա­ծե­լու մի­մո­սու­թիւն չեն ը­ներ, խայ­տաբ­ղէտ օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­ներ չեն նե­րա­ծեր, տեղ մը թրքա­բա­նու­թիւն­ներ, ու­րիշ տեղ ա­րա­բա­նու­թիւն­ներ, անգլիա­բա­նու­թիւն­ներ, եւ այլ: Օ­րա­թեր­թի խմբագ­րի լե­զուն, հե­ռա­տե­սի­լի եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի խօս­նա­կի լե­զուն կա­նո­նա­կար­գո­ւած քե­րա­կա­նու­թեամբ, շա­րա­հիւ­սու­թեամբ եւ ու­րոյն բա­ռամ­թեր­քով կը հրամ­ցո­ւի ըն­թեր­ցո­ղին եւ ունկն­դի­րին:

Բաղ­դա­տած ֆրան­սե­րէ­նի այս պատ­կե­րին, որ ինք­զինք կը պա­հէ որ­պէս ազ­գի լե­զու, ի՞նչ է պատ­կե­րը հա­յե­րէ­նի:

Հա­յե­րէ­նը, Հա­յաս­տան եւ բազ­մա­գոյն սփիւռք­ներ, ա­ղա­ւա­ղում­նե­րով «կը ճո­խա­նա­յ», ա­մէն օր քիչ մը ա­ւե­լի: Բա­ռա­րան կա­րե­լի է կազ­մել ա­րա­բա­բա­նու­թիւն­նե­րով, ֆրան­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով, թրքա­բա­նու­թիւն­նե­րով, ռու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րով, եւ այլ բա­նու­թիւն­նե­րով, օ­տար բա­ռե­րու հե­ղե­ղա­յին գոր­ծա­ծու­թեամբ, բա­ռեր՝ ո­րոնց հա­յե­րէն­նե­րը մեր լե­զո­ւին եւ գիր­քե­րուն մէջ կա­յին եւ կան, ե­թէ չկան ան­գամ ինչ բա­նի կը ծա­ռա­յեն լե­զո­ւա­բան­նե­րը, ա­կա­դե­միա­նե­րը, գրող­նե­րը, որ հա­յար­մատ բա­ռեր ե­թէ չստեղ­ծեն: Տ­գի­տու­թեամբ կամ ի­մաս­տուն ե­րեւ­նա­լու հո­գե­կան բար­դոյ­թով, հա­յե­րէ­նի մէջ կը թխմենք օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­ներ եւ օ­տար բա­ռեր, կը խա­թա­րենք մեր լե­զո­ւի շա­րա­հիւ­սու­թիւ­նը (syntaxe), եւ մեր ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը (ո­րով­հե­տեւ ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տու են ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ այդ ինք­նու­թեան պա­տո­ւան­դան լե­զո­ւին), ոչ միայն թոյլ կու տան ազ­գը խա­թա­րող ա­նիշ­խա­նու­թիւ­նը, այլ նաեւ մաս­նա­կից եւ մեղ­սա­կից են:

Կր­կին յի­շենք ի­րենց ար­մատ­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու ցան­կու­թեամբ ապ­րող Քէ­պէ­քի ֆրան­սա­ցի­նե­րը, ո­րոնք, երբ ա­րար աշ­խարհ իւ­րա­ցու­ցած է ա­մե­րի­կեան ի-մէյ­լը (e-mail), ի­րենք այդ մեր­ժե­ցին եւ հնա­րե­ցին ի­րենց ֆրան­սե­րէն բա­ռը, ը­սին՝ քու­րիէլ (courriel) եւ Ֆ­րան­սան հե­տե­ւե­ցաւ: Այս հպար­տու­թիւ­նը ին­չո՞ւ չներշն­չո­ւի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ:

Թող թոյլ տրո­ւի ը­սել, որ գրա­կա­նու­թիւն, թեր­թեր, ձայ­նաս­փիւռ, հե­ռա­տե­սիլ, լե­զու տա­րա­ծող դպրոց­ներ են, մա­նուկ­նե­րուն եւ մե­ծե­րուն հա­մար, եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­րա­գա­յին, ա­նոնք յա­ճախ լե­զու խա­թա­րող են, ափ­սոս: Գ­րե­լու եւ խօ­սե­լու պար­տա­կա­նու­թիւն եւ յա­ճախ ալ սնա­փա­ռա­կան մար­մաջ ու­նե­ցող­նե­րը ին­չո՞ւ ճիգ չեն ը­ներ հա­յե­րէն գրե­լու եւ խօ­սե­լու, փո­խա­նակ հա­յե­րէ­նը վե­րա­ծե­լու ան­ճոռ­նի էս­փե­րան­թո­յի: Հե­տե­ւան­քը կ’ըլ­լայ այն, իբ­րեւ թէ հասկ­նա­լի ըլ­լա­լու եւ մար­դոր­սու­թեան հա­մար, հա­յե­րէ­նը ամ­բող­ջո­վին կը լքենք, քա­ղա­քա­կան խա­ղին դե­րա­կա­տար­նե­րը կը խօ­սին օ­տար լե­զու­նե­րով, թեր­թեր լոյս կը տես­նեն օ­տար լե­զու­նե­րով, ձայնս­փիւռ եւ հե­ռա­տե­սիլ կը դառ­նան օ­տա­րա­լե­զու, որ­պէս­զի կա­րե­նանք հպար­տա­նալ եւ ը­սել, թէ տե­սէ՜ք, ինչ­պէս լաւ պատ­շա­ճած ենք… հրա­ժա­րում­նե­րով:

Կը պա­տա­հի՞ որ լսէք Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան այ­րե­րը, հա­մո­զո­ւե­լու հա­մար, թէ ինչ­պէս նո­րա­հա­յե­րէն կը ստեղ­ծեն, դի­վեր­ցի­ֆի­քա­ցիա­նե­րով եւ բլան­դա­ցիա­նե­րով, է­կո­նո­մի­կա­յով եւ տրանս­պըր­թով: Իսկ լուր հա­ղոր­դող­նե՞­րը. չեմ գի­տեր թէ ե՞րբ թայմ աութ պի­տի առ­նեն, ե՞րբ շի­նա­րար­նե­րը պի­տի դադ­րին ա­պա­մոն­թա­ժեց­նե­լէ եւ ռես­տաւ­րա­ցիան պի­տի ը­նեն մեր լե­զո­ւա­շէն­քին: Այս կա­ցու­թեան մէջ բան մը կը նշա­նա­կէ՞ դեռ ա­մէն օր հո­լովուող լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թիւ­նը…

Տեղ մը հա­յե­րէ­նը հնու­թիւն կը հա­մարո­ւի եւ որ­պէս յա­ռաջ­դի­մու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն կը փո­խա­րի­նո­ւի օ­տար լե­զու­նե­րով: Այլ տեղ հա­յե­րէ­նը, բե­մե­րու վրայ (թատ­րոն եւ ան­հա­մար ժո­ղով­ներ), ձայ­նաս­փիւ­ռի եւ հե­ռա­տե­սի­լի ա­լիք­նե­րով, հի­մա ար­դէն հա­մա­ցան­ցի ան­ցան­կա­պատ խառ­նա­րա­նին մէջ, տե­ւա­բար կ’են­թար­կո­ւի նա­խա­յար­ձակ­ման, նե­րո­ղու­թիւն՝ ակ­րե­սիա­յի, ա­մէն օր ինք­զինք ա­ճեց­նող գործ­նա­պաշ­տա­կան ժար­գո­նով… որ պարզ­պէս պա­տե­հա­պաշ­տա­կան է, ե­թէ չէք վախ­նար ճշմար­տու­թե­նէն:

Հա­մա­հայ­կա­կան խոհր­դա­ժո­ղով­նե­րու սի­րա­հար­նե­րը եւ երկր­պա­գու­նե­րը (fan), չե՞ն մտա­ծեր ազ­գը լե­զո­ւաս­պա­նու­թե­նէ փրկե­լու խորհր­դա­ժո­ղով մը գու­մա­րել: Ի դէպ, էս­թէպ­լիշ­մըն­թէն յար­գար­ժան մը պի­տի գտնո­ւի լե­զո­ւաս­պա­նու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան սկզբուն­քա­յին տար­բե­րու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լու հա­մար: Կ­’ը­սեմ, նա­ւա­բե­կեա­լին պէս, որ իր օգ­նու­թեան ճի­չը կը գրէ թուղ­թի մը վրայ, կը դնէ շի­շի մը մէջ եւ կը յանձ­նէ ով­կիա­նո­սի ա­լիք­նե­րուն…

Պէտք է հա­ւա­տալ հրաշ­քին, ա­պա թէ ոչ…

Յ. Պա­լեան