«Կ՛ըսեն` մարդիկ իրենց գրպանին մէջ իրենց մանկութիւնը կը պահեն: Իմ գրպանիս մանկութիւնը այս ճամբարն է։ Մենք այս տեղը ետ կ՛ուզենք»,-Կարօ, Թուզլայի հայկական ճամբարի նախկին սան:
«Քեմփ Արմէն» անունով յայտնի հայկական ճամբարը Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող, երէկ լքուած, այսօր արդէն կիսաքանդ շինութիւն մըն է:
Այժմ աւերակի վերածուած շինութիւնը ժամանակին մեծ ընտանիքի մը տունը եղած է: Անիկա եղած է չքաւոր ու որբ հայ երեխաներու ամառնային ճամբարը: 5552 ք.մ. տարածք ունեցող «Քեմփ Արմէն»ը 1961 թուականին գնուած է Հայ Բողոքական Եկեղեցւոյ հիմնադրամին կողմէ եւ ծառայած է որպէս ամառնային ճամբար` Կետիկփաշայի հայկական դպրոցին չքաւոր ու որբ սաներուն համար:
Հոս իրենց ամառը կ՛անցնէին մօտ 1500 Կարօներ, Զաքարներ, Հրանդներ, Ռաքելներ, Լեւոններ: Ճամբարը կառուցուած է նոյն այս երեխաներուն ձեռքով: 6-7 տարեկան երեխաները հող կրած են ու պատ ներկած: Անոնց քրտինքով քար-քարի վրայ դրուած է, այգի տնկուած է ու ծառ ջրուած է: Կեանքի նուազագոյն ուրախութիւններէն զրկուած 1500 երեխայ այս ճամբարին մէջ գտած են մեծ ու ջերմ ընտանիք: Իրենց ձեռքով տուն կառուցած, սորված են իրենց մայրենի լեզուն, ու ճամբարի պատերէն ներս ձգած են իրենց մանկութեան լաւագոյն յիշողութիւնները:
Ու այսպէս շուրջ մէկ տասնեակ տարի, մինչեւ որ ճամբարը ապօրինի ճանապարհով խլուած է հայկական հիմնադրամին ձեռքէն: Ճամբարի բռնագրաւման պատմութիւնը բաւական երկար է ու խրթին: Պատմութիւնը լի է բազմաթիւ անտրամաբանական որոշումներով, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու խախտումներով, դատական ապարդիւն գործընթացներով:
Մինչ ճամբարի նախկին սաները կը պայքարէին իրենց մանկութեան տունը ետ ստանալու համար, վերոնշեալ պատմութիւնը համալրուեցաւ եւս մէկ տխրահռչակ իրադարձութեամբ:
Լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ ճամբարը կը պատրաստուին քանդելու ու անոր տեղը շքեղ առանձնատուն կառուցելու: Իսկ շատ չանցած՝ շինարարական մեքենաները մտան ճամբար ու սկսան հողին հաւասարեցնել զայն: Որոշ սրտցաւ մարդոց ջանքերով ճամբարի ոչնչացումը կանգ առաւ, ժամանակաւորապէս դադրեցուեցաւ:
Այս պատմութեան աւարտը ի՞նչ պիտի ըլլայ, կը դժուարանամ ըսելու:
Բայց վերջերս - ճամբարին շուրջ ծաւալած զարգացումներուն վերաբերեալ - հնչող «ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ե՞րբ, որո՞ւ որոշումով, ի՞նչ հիմնաւորումով» եւ այլ հարցերուն՝ կը ցանկանամ աւելցնել իմ հարցս.-
«Ի՞նչ խիղճով Կարոյին գրպանէն կը գողնաք ու կը քանդէք իր մանկութիւնը»:
Աստղիկ Իգիթեան