Մայիս 4ին Անա­քօ տա­փանա­ւուն վրայ ցու­ցադրուեցաւ բե­մադիր­ներ Ան­նա Պէն­ժա­մայի (Գառ­նի­կեան) եւ Կիյոմ Գլէ­րի «Լռու­թեան Ժա­ռան­գութիւ­նը» (L’Héritage du silence)։ Ֆիլ­մը կը պատ­մէ «թուրք» Ար­մէ­նի, Տող­քա­նի, Եաշա­րի եւ Նազ­լըի մա­սին, որոնց կեան­քի անկիւնադարձը

հանդիսացած է իրենց նա՛եւ Հայ ըլլալու ուշացած բացայայտումը։ Անոնց մեծ պա­պերը իրենց իրա­կան ինքնու­թիւնը թաքցնե­լով յա­ջողած են ազա­տիլ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ։ Որոշ­ներ փրկուած են քիւրտ ըն­տա­նիք­նե­րու մի­ջոցաւ, իսկ ու­րիշներ ալ ըն­դունե­լով իս­լա­մու­թիւնը ձու­լուած ու մոռ­ցուած են։ Այ­սօր վա­խի եւ լռու­թեան մթնո­լոր­տէն հա­րիւր տա­րիներ ետք ի յայտ եկած է անոնց կեան­քի պատ­մութիւ­նը։ Վեր­ջին տա­սը տա­րինե­րուն հետզհե­տէ մեծ թիւ կը կազ­մեն այն Թուրքե­րը որոնք ըն­տա­նեկան այս գաղտնի­քը բա­ցայայ­տե­լով բարձրա­ձայն կը պա­հան­ջեն իրենց նախ­նի­ներու հայ­կա­կան ժա­ռան­գութիւ­նը։ Ահա­ւասիկ այս ժա­պաւէ­նը նոր դի­մագիծ մը կու­ տայ իս­լա­մացած Հա­յերու ժա­ռանգնե­րուն, որոնց թի­ւը Թուրքիոյ մէջ մէկ մի­լիոնէ աւե­լի է։ Բե­մադիր­նե­րը կ՚ու­ղեկցին անոնց, որոնք իրենց նե­րաշ­խարհի փնտռտուքնե­րու մէջ կը փոր­ձեն տե­ղեկա­նալ եր­բեք չպատ­մուած գաղտնիք­նե­րու ծալ­քե­րու մա­սին…։

Այ­սօր երբ ամ­բողջ աշ­խարհը կ՚ոգե­կոչէ 1915ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակը, «Լռու­թեան Ժա­ռան­գութիւ­նը» կը դրսե­ւորէ մարդկա­յին պարզ եւ միաժա­մանակ շլա­ցու­ցիչ պատ­մութիւ­նը՝ ապա­ցու­ցե­լու հա­մար որ Թուրքիոյ պե­տու­թեան ժխտո­ղական կե­ցուած­քը եւ այդ երկրին մէջ հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան «կա­նոնա­ւոր» ոչնչա­ցու­մը չեն կրցած վե­րաց­նել ցե­ղաս­պա­նու­թեան խա­րանը։ Ընդհա­կառա­կն, Ար­մէ­նը, Տող­քա­նը, Եաշա­րը եւ Նազ­լըն իրենց հա­կապատ­կեր դի­մագի­ծով այդ վէր­քե­րը կ՚ապ­րին այնպէս որ կար­ծէք ժա­մանա­կը վերջնա­պէս կանգ առած է 1915ին…։

Ինչպէս կը տե­ղեկաց­նէ Մա­յիս 4ի ձեռ­նարկին կազ­մա­կեր­պիչնե­րէն Աստղիկ Գառ­նի­կեան, երե­կոյ­թը բաղ­կա­ցած է երեք բա­ժին­նե­րէ՝ ֆիլ­մին ցու­ցադրու­թիւնը, զոյգ լրագ­րող-բե­մադիր­նե­րուն հան­րութեան ներ­կա­յացու­մը եւ մկրտուած իս­լա­մացած Հա­յուն (Տող­քա­նի) ծա­նօթա­ցու­մը։ Յայտնենք թէ վեր­ջինս ֆրան­սե­րէն սոր­վե­լու հա­մար քա­նի ամի­սէ ի վեր Փա­րիզ կը գտնուի։
Ան­նա Պէն­ժա­մա եւ Կիյոմ Գլէր իրենց կար­գին զօ­րաւոր ինքնու­թեան մը փնտռտու­քի հետ­քե­րով նե­տուած են այս աշ­խա­տան­քին մէջ։

Առա­ջինը (մօ­րը կող­մէ հայ) պատ­մած է թէ ինք շատ քիչ բան գի­տէր իր պա­պերու Թուրքիա ապ­րած տա­րինե­րու մա­սին։ Մեծ հայ­րը Մեր­տիկէօզ (Իզ­մի­թի մօտ) գիւ­ղէն էր, իսկ մեծ մայ­րը ծնած է տա­րագ­րութեան ճա­նապար­հին։ Անոնք նա­խընտրած են չխօ­սիլ իրենց ան­ցեալին մա­սին, հա­ւանա­բար շատ ցա­ւալի յի­շատակ­նե­րու պատ­ճա­ռաւ։ “Այս «բա­ցերը» իմ ինքնու­թեան բա­ղադ­րիչնե­րը եղած են, ինչպէս իս­լա­մացած Հա­յերու ըն­տա­նեկան գաղտնիք­նե­րը, որոնք մէկ դա­րէ ի վեր կը հե­տապնդեն զա­նոնք”, ըսած է Ան­նա Պէն­ժա­մա։ Իսկ ան­կախ նկա­րահա­նող Կիյոմ Գլէր ան­մի­ջապէս ըն­դունած է իր գոր­ծընկե­րոջ առա­ջար­կը՝ միաս­նա­բար աշ­խա­տելու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մային շուրջ, նկա­տի ու­նե­նալով որ նիւ­թը հա­մամարդկա­յին բնոյթ կը կրէ եւ թէ Թուրքիոյ «պաշ­տօ­նական» դիր­քո­րոշ­ման ետին թաք­նուած է սար­սա­փելի տա­ռապան­քի մը իրո­ղու­թիւնը։ Ան ծնած է Սին­կա­փուր եւ ապ­րած Փոր­թուկա­լի, Ֆրան­սա­յի եւ Լի­բանա­նի մի­ջեւ, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ ո՛չ մէկ տեղ ինքզինք իր «տու­նին» մէջ կը զգայ։ Բե­մադիր­նե­րը բազ­մա­թիւ ան­գամներ գա­ցած են Թուրքիա (մաս­նա­ւորա­բար Տի­յար­պէ­քիր) եւ բա­ւական եր­կար ժա­մանակ հոն մնա­լով հան­դի­պում ու­նե­ցած են նուազա­գոյ­նը 40 ան­ձե­րու հետ, որոնք ծա­գու­մով իս­լա­մացած Հա­յեր էին եւ կը ներ­կա­յաց­նէին բնակ­չութեան տար­բեր խա­ւերը։ Անոնք - այդ բո­լորի ընդմէ­ջէն - ընտրած են վե­րոն­շեալ չորս տի­պար­նե­րը։ Կ՚ար­ժէ նշել թէ Տող­քան հա­կառակ անոր որ պարզ քա­ղաքա­ցի մըն է, սա­կայն ինքզինք Հրանդ Տին­քի եւ Սե­ւակ Պա­լըք­ճըի դա­տին պաշտպա­նը կը նկա­տէ, որոնց մա­հը մե­ծապէս ազ­դած է իր վրայ…։ Իս­լա­մացած հայ ծնող­քէ սե­րած այս երի­տասար­դը որ­պէսզի այ­լեւս եր­բեք «չվախ­նայ», որո­շած է վե­րագտնել իր հայ­կա­կանու­թիւնը։
Տա­փանա­ւուն վրայ ցու­ցադրուած ժա­պաւէ­նը դի­տած են աւե­լի քան հա­րիւր հան­դի­սատես­ներ։ 

«Լռու­թեան Ժա­ռան­գութիւ­նը» ցարդ ներ­կա­յացուած է Վա­լանս ու Վիէն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Պոլ­սոյ ֆիլ­մի մի­ջազ­գա­յին փա­ռատօ­նին, ամէ­նուր ար­ժա­նանա­լով ներ­կա­ներու բարձր գնա­հատան­քին։ Հոն յատ­կանշա­կան են նաեւ Իվ Թէր­նո­նի եւ Ֆէթ­հի­յէ Չէթինի վկա­յու­թիւննե­րը։