alt«­Հայ­րե­նա­սէր մըն էր Պա­տո­ւե­լին...»։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ամ­բողջ ա­ռանց­քին, աշ­խար­հա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու կող­քին՝ ու­նե­ցած ենք նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ, ո­րոնք կա­րե­ւոր եւ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած են մեր ազ­գա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան կեան­քի ո­լորտ­նե­ րուն մէջ։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րուն մէջ, նե­րա­ռե­լով նաեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րը, ե­կե­ղե­ցա­կան­ներն ու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը նաեւ մնա­ցած են պատ­նէ­շի վրայ եւ ի­րենց ժո­ղո­վուր­դին հետ «գա­ցած են մին­չեւ վերջ...»։

Կ­ղե­րա­կան­նե­րու եւ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու այս փա­ղան­գին մէջ եւ յատ­կա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թեան ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ըն­թաց­քին, իր կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի Տիգ­րան Գուն­տաք­ճեան։

Թէեւ 9 Սեպ­տեմ­բե­րի 1915-ին ա­նոր նա­հա­տա­կու­թիւ­նը լրագ­րա­կան շրջա­գա­յու­թեան ու­շադ­րու­թեա­նը չար­ժա­նա­ցաւ, սա­կայն ա­նոր մա­հո­ւան գու­ժը, այն օ­րե­րուն ան­թել հե­ռա­գի­րի նման տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­մէն կողմ՝ Ե­գիպ­տո­սէն մին­չեւ Պաղ­տատ, Փոր Սա­յի­տէն Տէր Զօ­րի ա­նա­պատ­նե­րը ցրո­ւած սի­րե­ցեալ իր հօ­տին…։

Հօրս մօ­րեղ­բայ­րը, ո­րուն ա­նու­նը ա­մուր կեր­պով առն­չո­ւած է Քե­սա­պի եւ շրջա­նի հա­յու­թեան պատ­մու­թեան, որ­պէս գա­ղու­թի «տո­կուն» ղե­կա­վար, նոյ­նիսկ ժո­ղո­վուր­դի այն հա­տո­ւա­ծը, որ տա­րա­կար­ծիք ե­ղած է պա­տո­ւե­լիին գա­ղա­փար­նե­րուն եւ իր աշ­խա­տան­քա­յին ո­ճին՝ ան­վա­րան կը վկա­յէին, թէ «…հայ­րե­նա­սէր մըն էր պա­տո­ւե­լին»։ Այս հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը՝ Տիգ­րան Գուն­տաք­ճեան ժա­ռան­գած էր իր ըն­տա­նի­քէն եւ ա­նոր դաս­տիա­րա­կու­թե­նէն եւ հե­տե­ւա­բար ան իր հա­մակ կեան­քը նո­ւի­րեց նոյ­նինքն այդ «ի­տէա­լին»…։

Ան­կախ այն ի­րա­կա­նու­թե­նէն, թէ Տիգ­րան ծնած էր հա­ւա­տա­ցեալ եւ ե­կե­ղե­ցիին ծա­ռա­յող ըն­տա­նի­քի մը մէջ՝ հայ­րը վեր. Յա­կոբ Գուն­տաք­ճեան եւ մայ­րը ե­րի­ցու­հի Մա­րիամ, սա­կայն ա­նոր «ճամ­բան» դիւ­րին չե­ղաւ հաս­նե­լու հա­մար «հո­գե­ւոր» կո­չու­մին եւ իր կեան­քը տրա­մադ­րե­լու իր ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեա­նը հա­մար…։ «­Կեան­քի ճամ­բայ»ն գտ­նե­լու ա­նոր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ե­ղաւ փոր­ձու­թիւն­նե­րով լե­ցուն՝ նե­րա­ռե­լով հայր-որ­դի տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը, կեան­քի մէջ ««ի­տէա­լը» կեր­տե­լու տես­լա­կա­նին ի խնդիր…։

Տիգ­րա­նի հայ­րը, վեր. Յա­կոբ Գուն­տաք­ճեան ե­կած էր Ա­մա­նո­սի լեռ­նե­րու վրայ գտնո­ւող Հա­սան Պէյ­լէն…։ Ան իր աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով կը մեկ­նի Մա­րաշ, իր կնոջ Մա­րիա­մին հետ, ուր 5 Սեպ­տեմ­բեր 1878-ին, կը ծնի Տիգ­րան։

Եւ Տիգ­րա­նի «կեան­քի ճամ­բու» փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը կը սկսին մա­նուկ հա­սա­կէն, երբ ան Մա­րա­շի մէջ կը վա­րա­կո­ւի ծա­ղի­կի հա­մա­ճա­րա­կով։ Ծ­նող­քը գրե­թէ յու­սա­հա­տած էին եւ կ­’ա­պա­ւի­նէին Աս­տու­ծոյ բու­ժու­մին…։ Եւ ա­հա փոք­րիկն Տիգ­րա­նի կեան­քը կը խնայ­ուի, ի գին ա­նոր դէմ­քին վրայ մնա­ցած հետ­քե­րուն, ո­րոնք ցկեանս ի­րեն պի­տի ըն­կե­րա­նա­յին…։

Վեր. Յա­կոբ նոյն տա­րին կը վե­րա­դառ­նայ իր ծննդա­վայ­րը Հա­սան Պէյլ...։ Ո­րոշ շրջան մը ան կը մեկ­նի նաեւ Պէյ­լան, դար­ձեալ հովո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թեամբ...։ Տիգ­րան դպրոց կը յա­ճա­խէ Հա­սան Պէյ­լի եւ Պէյ­լա­նի մէջ, որ­մէ ետք ան կը ղրկո­ւի Այն­թապ, ուր կը յա­ճա­խէ Կեդ­րո­նա­կան Քո­լե­ճի նա­խակր­թա­րա­նը։ 1895-ի հա­մի­տեան ջար­դե­րուն ըն­թաց­քին, Տիգ­րա­նի մէջ կ­’արթն­նայ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ կը կեր­տո­ւի ա­նոր հայ­րե­նա­սէ­րի նկա­րա­գի­րը, որ կը մղէ զինք պա­տա­նի տա­րի­քէն ընտ­րե­լու զէն­քը եւ մաս­նակ­ցե­լու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան շար­ժում­նե­րուն։ Խումբ մը դա­սըն­կեր­ներ, ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցի­չին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ խոյս կու տան քո­լե­ճէն՝ միա­նա­լու հա­մար Հայ­կա­կան ֆե­տա­յա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան խմբակ­նե­րուն։ Խոյս տո­ւող հայ պա­տա­նի­նե­րուն մէկ մա­սը բռնած էին Քի­լի­սի ճամ­բան եւ հոն սպաննո­ւած...։ Տիգ­րան եւ ա­նոր եր­կու բա­րե­կամ­նե­րը կ’առ­նեն Հա­սան Պէյ­լի ճամ­բան եւ հոն կը հան­դի­պին ա­ւա­զակ­նե­րու, ո­րոնք կը կո­ղոպ­տեն զի­րենք բայց կը «խնա­յեն» ի­րենց կեան­քե­րը։

Տիգ­րան, ո­րոշ ժա­մա­նակ մը մնաց դպրո­ցէն հե­ռու՝ Հա­սան Պէյ­լի մէջ, փոր­ձե­լով կեան­քը լեց­նել տար­բեր զբա­ղում­նե­րով։ Հօ­րը մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ նե­ղու­թիւ­նը միշտ առ­կայ էր, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Ան կը մտա­ծէր, թէ տղան ձգած էր դպրոց եւ ու­սում, եւ հե­տե­ւա­բար կորսն­ցու­ցած՝ կեան­քին մէջ «ի­տէա­լի» մը հաս­նե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Բայց եւ այն­պէս հօ­րը վճռա­կա­մու­թիւնն ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ իր զաւ­կին, ան­պա­կաս չէր մնար։ «Իմ փա­փաքս է, որ քա­րո­զիչ դառ­նաս եւ հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան ստանձ­նես», ե­ղած էր հօ­րը խի­զախ առ­ճա­կա­տու­մի տե­սա­կէ­տը՝ իր զաւ­կին հետ։ Տիգ­րա­նի հայ­րը յա­ճախ կրկնած էր հայ­րա­կան իր յան­կեր­գը. «Կ’ու­զե՞ս դար­ձեալ դպրոց եր­թալ»։ Տիգ­րան միշտ ալ մնաց իր ո­րո­շու­մին վրայ եւ հաս­տա­տած, թէ հե­տաքրք­րո­ւած չէր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեամբ։

Սա­կայն հետզ­հե­տէ Տիգ­րան հա­մո­զո­ւած էր, որ կեան­քի մէջ անհ­րա­ժեշտ էր ձգտիլ «ի­տէալ»-ի մը։ Երբ վեր. Յա­կոբ դար­ձեալ մեկ­նե­ցաւ Պէյ­լան՝ հո­վո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թեամբ, իր հետ տա­րաւ Տիգ­րա­նը, ուր ան ու­սու­ցի­չի պաշ­տօն վեր­ցուց տեղ­ւոյն հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ։

Եւ Պէյ­լա­նի մէջ սկսաւ Տիգ­րա­նի կեան­քի «ճամ­բուն» յստա­կա­ցու­մը։ Ան սկսաւ օ­րա­կան դրու­թեամբ Աս­տո­ւա­ծա­շունչ կար­դալ եւ միշտ հօ­րը պատ­րաստ նե­ցու­կը ըլ­լալ ու մաս­նա­կից դառ­նալ հո­գե­ւոր եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն։ Հայր ու որ­դի սկսած էին զի­րար հասկ­նալ եւ զի­րար վա­յե­լել։

Պէյ­լա­նէն ետք Տիգ­րան, որ­պէս ու­սու­ցիչ կը մեկ­նի Քե­սապ։ Այդ պաշ­տօ­նէն ետք, ան կ’ո­րո­շէ դար­ձեալ Այն­թա­պի քո­լեճ վե­րա­դառ­նալ՝ ե­րե­ւի «Ա­նա­ռակ Որ­դիին» վե­րա­դար­ձին նման։

Իսկ զղջո՞ւ­մը...։ Տիգ­րան այս ան­գամ ինք­զինք կը գե­րա­զան­ցէ իր կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ։ Այն­թա­պի քո­լե­ճէն ետք կ’անց­նի աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ճե­մա­րան, ո­րուն կրթա­կան ե­րեք տա­րի­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լէ ետք 1905-ին, կը վե­րա­դառ­նայ Քե­սապ՝ ստանձ­նե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւի ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

1907 թո­ւա­կա­նին, պա­տո­ւե­լի Տիգ­րան կը կազ­մէ ըն­տա­նիք՝ ա­մուս­նա­նա­լով Մա­րա­շի աղջ­կանց վար­ժա­րա­նի նախ­կին ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ես­թեր Գը­րը­գեա­նի հետ։ Բայց ար­դեօք քա­նի՞ տա­րի­նե­րու վրայ պի­տի եր­կա­րէր ըն­տա­նե­կան այս բոյ­նը։

1909 թո­ւա­կա­նին, Քե­սա­պի շու­կա­յին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջա­դէ­պի մը պատ­ճա­ռով վեր. Տիգ­րան կ’ամ­բաս­տա­նո­ւի եւ կը կան­չո­ւի Ժը­սըր Շու­ղու­րի ոս­տի­կա­նա­տու­նը, ուր ար­գե­լա­փա­կո­ւած կը մնայ ե­րեք ա­միս։ Ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լէն ետք, կը հաս­նին Ա­տա­նա­յի ջար­դե­րու դժբախտ լու­րե­րը...։

Տիգ­րա­նի հայ­րը վեր. Յա­կոբ, քսա­ներ­կու հո­վո­ւա­պե­տե­րու հետ կը նա­հա­տա­կո­ւի դէ­պի Ա­տա­նա ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թեան ճամ­բուն վրայ, երբ ա­նոնք կ­’ուղ­ղո­ւէին մաս­նակ­ցե­լու Կի­լի­կիոյ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Միու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին։ Ա­սոր պի­տի յա­ջոր­դէին իր եր­կու կրտսեր եղ­բայր­նե­րուն ու տա­կա­ւին այլ հա­րա­զատ­նե­րուն նա­հա­տա­կու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րը ե­կան հա­մո­զե­լու Տիգ­րա­նը, թէ իր ողջ մնա­ցած ըլ­լա­լը կը պար­տէր իր բան­տար­կը­ւած ըլ­լա­լուն։

Այս բո­լոր դժբախ­տու­թիւն­նե­րը կրնան ընկ­ճել մարդ ա­րա­րա­ծը, բայց Տիգ­րա­նին հա­մար ա­նի­կա ե­ղաւ նոր արթ­նու­թիւն մը՝ ա­ւե­լիով ծա­ռա­յե­լու իր ժո­ղո­վուր­դին։

Հ­զօ­րա­ցած այս կամ­քով, Տիգ­րան վե­րա­դար­ձաւ Քե­սապ, ուր ի­րեն կը սպա­սէր քան­դո­ւած ե­կե­ղե­ցի մը եւ սգա­կիր ժո­ղո­վուրդ։

Քե­սա­պի մէջ Տիգ­րան ար­տա­կարգ աշ­խու­ժու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց։ Ան նպա­տակ դար­ձուց կա­ռու­ցել խո­շոր եւ ամ­րա­կուռ ե­կե­ղե­ցի մը, ուր միան­գա­մայն կրնա­յին ա­պաս­տա­նիլ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ՝ երբ այլ դժբախտ դէպ­քեր կրկնո­ւէին։ Տիգ­րան կրցաւ Քե­սա­պի մէջ բո­լո­րին հա­մար խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծել, ա­ռանց հա­մայն­քա­յին եւ կու­սակ­ցա­կան խտրա­կա­նու­թեան։ Ան բո­լո­րը հա­մախմ­բեց Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան ե­կե­ղեց­ւոյ շէն­քին շի­նա­րա­րու­թեան ծրա­գի­րին շուրջ։

Վեր. Տիգ­րան նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ կրցաւ ա­պա­հո­վել աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ։ Ե­կե­ղե­ցին եւ վեր. Տիգ­րա­նը ե­ղան հա­յու­թիւ­նը միաց­նող օ­ղակ­նե­րը։

Բայց դժբախ­տու­թիւ­նը ու­րո­ւա­կա­նի մը նման միշտ ալ ե­րե­ւի պի­տի հա­լա­ծէր Տիգ­րան Գուն­տաք­ճեա­նին։ 1913-ին, իր կո­ղա­կի­ցին եր­րորդ զաւ­կին ծննդա­բե­րու­թեան ըն­թաց­քին, կի­նը կ’ան­հանգս­տա­նայ եւ ե­րեք ա­միս ետք կը մա­հա­նայ։

Ճիշդ է, որ Տիգ­րա­նին կեան­քին մէջ դար­ձեալ «մու­թը» կո­խած էր, բայց ընկ­ճո­ւիլ չգիտ­ցող այս հա­յոր­դին դար­ձեալ փա­րե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան։ Չէ՞ որ եր­կա՜ր «ճամ­բայ» կտրած էր գտնե­լու հա­մար այս «ի­տէա­լը» եւ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ան­կա­րե­լի էր զայն կորսն­ց­նել։ Ան իր ե­րեք մա­նուկ զա­ւակ­նե­րը յանձ­նեց իր մօր եւ շա­րու­նա­կեց իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը իր ժո­ղո­վուր­դին եւ Քե­սա­պի գա­ղու­թին հա­մար։ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը գրե­թէ ամ­բող­ջա­ցած էր եւ մնա­ցած էր միայն տա­նի­քի մա­սը ծած­կե­լը, երբ այս ան­գամ վրայ հա­սան 1915-ի Հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոր յա­ջոր­դած Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս որ այս ար­հա­ւիր­քը քան­դեց հայ­կա­կան ա­մէն ան­կիւն, նաեւ քան­դեց Տիգ­րա­նին թա­փած ջան­քե­րը ու նպա­տա­կը։

Իր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու Տիգ­րա­նի ան­հատ­նում ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձեալ փաս­տեց իր զօ­րու­թիւ­նը։ Տա­րագ­րու­թեան ա­ռա­ջին կա­րա­ւան­նե­րուն հետ աք­սո­րո­ւե­ցաւ նաեւ պա­տո­ւե­լի Տիգ­րան։ Ան միշտ իր ժո­ղո­վուր­դին հետ էր, կը փոր­ձէր ա­մէ­նուն հաս­նիլ։ Կա­րա­ւա­նի եր­թու­ղիին վեր­ջին կէտն էր Հոմս քա­ղա­քը։ Հա­մա­յի քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն մէջ հաս­տա­տո­ւած գաղ­թա­կա­յա­նի մը մէջ հա­ւա­քո­ւած էին ա­մէն կող­մէ ե­կած տա­րա­գիր հա­յեր։ Տիգ­րան դար­ձաւ բո­լո­րին պա­տո­ւե­լին. ան գործ, դրամ, կա­րեկ­ցանք, հաց եւ ջուր հաս­ցուց բո­լո­րին եւ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ յոյս նե­րար­կեց բո­լոր հա­յե­րուն սրտե­րուն։ Իր հա­րա­զատ­նե­րէն ստա­ցած նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը բաժ­նեց բո­լոր կա­րօ­տեալ­նե­րուն։ «­Քա­նի դեռ օ­րը լոյս է, կա­տա­րե­լու եմ զիս Ու­ղար­կո­ղին կամ­քը։ Գի­շե­րը մարդ չի կրնար աշ­խա­տիլ»։ Այս ը­սե­լով՝ կը բազ­մա­պատ­կէր իր ջան­քե­րը, տա­րա­գիր հայ ժո­ղո­վուր­դին «ցա­ւե­րը» կի­սե­լով եւ ա­նոնց կա­րեկ­ցե­լով։

Ե­րե­ւի Տիգ­րան նա­խազ­գաց, թէ «գի­շե­րը» պի­տի գայ...։

1 Սեպ­տեմ­բեր 1915-ին, շա­տե­րու կող­քին, վեր. Տիգ­րան եւս վա­րա­կո­ւե­ցաւ թի­ֆու­սէ եւ ան­կո­ղին ին­կաւ։ Ե­թէ ա­նոր կեան­քին բո­լոր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը չկրցան իր ու­ժը խլել իր­մէ, ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը կրցաւ։ Տիգ­րան չէր կրնար շար­ժիլ այ­լեւս։

Ան­շար­ժա­նա­լով հան­դերձ Տիգ­րան չկոր­սնցուց իր «ի­տէա­լը»…։ Այն «ի­տէա­լը», որ գտած էր անց­նե­լով իր կեան­քի տար­բեր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն։ «Աս­պա­րէ­զիս մէջ ցարդ հին­գէն մէկ քա­րո­զիչ էի», ը­սաւ ան, ա­ւելց­նե­լով. «Երբ ա­պա­քի­նիմ, հին­գէն հինգ քա­րո­զիչ պի­տի ըլ­լամ»։

Տիգ­րան չա­պա­քի­նե­ցաւ, որ­պէս­զի «հին­գէն հինգ քա­րո­զիչ ըլ­լար»։ Բայց ան մին­չեւ իր վեր­ջին շուն­չը սի­րեց իր «ի­տէա­լը»…։ Ի­տէա­լը հա­ւատ­քին եւ իր տա­րա­գիր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ «­Դի­մացս ե­րեք Լոյ­սեր կան (կ­’ակ­նար­կէր Հօ­րը, Որ­դիին եւ Սուրբ Հո­գիին-Հ. Ճ.), մէկն ալ գաղ­թա­կա­նի­նը թող ըլ­լայ», ը­սաւ ան։

Ե­րե­սու­նու­թը տա­րե­կա­նին վեր. Տիգ­րան Գուն­տաք­ճեան մա­հա­ցաւ իր տա­րա­գիր հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ։ Իր գե­րեզ­մա­նը մնաց ան­յայտ, ինչ­պէս բո­լոր տա­րա­գիր­նե­րը, բայց մնաց իր «ի­տէա­լը», եւ այդ «ի­տէա­լէն» ժայթ­քած իր շատ սի­րած Լոյ­սը։ Լոյ­սը, ո­րուն մէ­ջէն ան տե­սաւ, թէ իր ժո­ղո­վուր­դը ու ա­նոր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը ապ­րե­ցան, նոյ­նիսկ երբ ինք ու իր տա­րա­գիր ժո­ղո­վուր­դը մե­ռան…։

«­Հայ­րե­նա­սէր մըն էր պա­տո­ւե­լին…»։

Ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տաց եւ հա­ւա­տա­րիմ մնաց իր հայ­կա­կան «ի­տէա­լին»։ Տիգ­րա­նի «Ի­տէա­լը» հա­յուն «Ի­տէալն» էր, որ սա­կար­կու­թեան չեն­թար­կո­ւե­ցաւ, ի գին նա­հա­տա­կու­թեան։

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ