(Ազգային իշխանութեանց ղեկավարումին մասնակցելու մեր իրաւունքը)
Ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը հիմնարար սկզբունք եւ, միաժամանակ, անփոխարինելի արժէք է ժողովրդավարական
հիմունքով ապրող որեւէ հասարակութեան համար։
Պետական թէ հասարակական կեանքի առողջ ղեկավարման անհրաժեշտ պայմանը Ազգի ու Ժողովուրդի բոլոր խաւերուն լիիրաւ, այլեւ անկաշկանդ մասնակցութեան իրաւունքին ապահովումն է՝ ժողովրդային լիարժէք հակակշռի հաստատուով ու կատարելագործումով։
Ժողովրդավարական այդ սկզբունքով ու արժէքով ապրելու եւ, ըստ այնմ, ազգային ու հաւաքական իր կեանքը առաջնորդելու ամէն հիմք ունի, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդին հայրենահան ու աշխարհասփիւռ դարձած մեծամասնութիւնը։
Յատկապէս Ազգային Սահմանադրութեամբ առաջնորդուող հայօճախներու ազգային իշխանութեանց ժողովրդավարական ղեկավարման առումով՝ թեմական իւրաքանչիւր ընտրութիւն ունի վճռորոշ մարտահրաւէրի նշանակութիւն։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իւրաքանչիւր թեմ, Ազգային Երեսփոխաններու ընտրութեան համար քուէարկութեանց մասնակցելով, փաստօրէն տէր կը կանգնի գաղութի ազգային իշխանութեանց ղեկավարումը ժողովրդային հակակշիռով զարգացնելու իր իրաւունքին։
Յունահայութիւնը յառաջիկայ Յունիս 7ին կոչուած է տէ՛ր կանգնելու իր ազգային երեսփոխանները ընտրելու եւ, այդ ճամբով, Ազգային Երեսփոխանական (Թեմական) Ժողովի նոր կազմը ձեւաւորելու հիմնարար իրաւունքին։
Վերջին ընտրութիւնները կատարուած էին 2007ին։
Այս տարուան ընտրութիւնները առանձնայատուկ նշանակութիւն ալ ունին։
Հայ համայնքը իբրեւ իրաւական անձնաւորութիւն ճանչցող եւ, իբրեւ ինքնուրոյն կրօնական համայնքի, յունահայութեան ազգային կեանքը կարգաւորող յոյն պետական նոր օրէնքի հիման վրայ տեղի կþունենան թեմական յառաջիկայ ընտրութիւնները։
Այժմու՝ գործող Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը երէկ գումարեց իր թեմական վերջին ժողովը եւ վաւերացուց, Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մայր կանոններուն վրայ հիմնուած, մեր գաղութի իրականութեան ու առանձնայատուկ պայմաններուն պատշաճեցուած՝ Յունահայոց Թեմի Կանոնագրութիւնը։
Ամիս մը ժամանակ ունինք, որպէսզի մեր ազգայինները իրազեկ դարձնենք թաղային հիմունքով կատարուող Ազգային Երեսփոխաններու ընտրութեան մասնակցելու հրամայականին։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նոր կազմին ընտրութեամբ՝ յունահայութիւնը իր ներկայացուցիչները պիտի լիազօրէ, որպէսզի ամբողջ Յունաստանը ցնցած տնտեսական աղէտի լոյսին տակ՝ նորովի լուծումներ գտնեն ազգային-համայնքային մեր կեանքին առջեւ ծառացած ծանրագոյն դժուարութիւններուն։
Դէմ յանդիման կանգնած ենք լուրջ մարտահրաւէրներու՝ հայկական վարժարաններու նիւթական ապահովման ու բարեկարգման հրամայականէն մինչեւ նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու ազգային մեր կեանքին ու կառոյցներուն մէջ ներգրաւման մեծագոյն մարտահրաւէրը։
Յունիս 7ի Ազգային Երեսփոխաններու ընտրութեան յունահայ բոլոր ազգայիններու անվարան մասնակցութեամբ եւ համադրուած ուժերով՝ մեր գաղութը ի վիճակի է վերանորոգելու իր կենսունակութիւնը։
Տէ՛ր կանգնինք ազգային-համայնքային մեր կեանքին վերանորոգումը-ժողովրդային մասնակցութեամբ ու հակակշռով, յառաջ մղելու ժողովրդավարական մեր իրաւունքին։
Տէ՛ր կանգնինք վաղուան մեր պայծառ օրը նուաճելու իրաւունքին։