«­Թա­րաֆ» թեր­թին մէջ Էն­վէր ­Սէզ­կին գրած է ­Սա­սու­նի «վեր­ջին» հա­յե­րէն Ի­սա ­Տէ­միր­ճիի, այս ա­ռի­թով ալ ­Սա­սու­նի պատ­մա­կան վայ­րե­րուն մէջ մնա­ցած «վեր­ջին» հա­յե­րուն մա­սին։

Ի­սա ­Տէ­միր­ճի ե­րեք տա­րե­կան ե­ղած է 1915ին: Այդ օ­րե­րուն քիւրտ ­Պէ­քիր­հա­նի ցե­ղա­խում­բը պա­հած է ­Տէ­միր­ճի ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը եւ զա­նոնք փրկած է։

­Հայ­րը՝ ­Գէորգ ­Տէ­միր­ճի տե­ղա­հա­նու­թե­նէն ետք վե­րա­դար­ձած է ի­րենց ­Հէ­րէնտ գիւ­ղը։ ­Վեց զա­ւակ­ներ ու­նե­ցած է, մէ­կը՝ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան գաղ­թած է, եր­կու աղ­ջիկ­նե­րը՝ ե­րի­տա­սարդ հա­սա­կի մէջ՝ ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցած են։

­Գէոր­գի մա­հէն ետք ըն­տա­նի­քին հո­գը ստանձ­նած է Ի­սա ­Տէ­միր­ճի։ Ան դար­ձած է շրջա­պա­տէն սի­րո­ւած անձ մը, բայց 1980ի պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծով դար­ձեալ ե­կած են գէշ օ­րեր։ Ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու պատ­ճա­ռաւ ծանր ճնշու­մի մթնո­լորտ ստե­ղո­ւած է։ Ըն­տա­նի­քը ստի­պո­ւած է գաղ­թե­լու, բայց Ի­սա ­Տէ­միր­ճի հոն մնա­ցած է մին­չեւ իր մա­հը։ ­Գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցիին քով մզկիթ մըն ալ կա­ռու­ցել տո­ւած է։ Իր եր­կու աղ­ջիկ­նե­րը ­Պէ­շիր­հան ցե­ղա­խում­բէն տղոց հետ ա­մուս­նաց­նե­լով՝ այդ ցե­ղա­խում­բին հան­դէպ իր պարտ­քը վճա­րած է։ Ի­սա­յի դա­գա­ղին վրայ գրած են.- «­Սա­սու­նի ­Վեր­ջին ­Հա­յը»։

­Բայց իս­կա­պէս վեր­ջի՞ն հայն էր ան։

Իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ Էն­վէր ­Սէզ­կին այ­նու­հե­տեւ կը պատ­մէ դէ­պի այդ վայ­րե­րը կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թեան մա­սին.-

Այս վայ­րե­րը ի­րենց պատ­մա­կան հարս­տու­թեամբ դրախ­տա­յին գե­ղեց­կու­թիւն ու­նին։ Ա­տե­նօք հոս միա­սին կ­՚ապ­րէին հա­յեր, ա­րաբ­ներ ու քիւր­տեր։ ­Հի­մա ի­րենց դի­մաց ել­լո­ղին ­Սէզ­կին կը հարց­նէ, թէ հոս հա­յեր կա՞ն։ ­Միշտ նոյն պա­տաս­խա­նը կը ստա­նայ.- Ո՛չ։ ­Յե­տոյ գիւ­ղա­պե­տը կը խոս­տա­նայ ա­նոնց ըն­կե­րա­նալ ու միա­սին կը բարձ­րա­նան դէ­պի ­Մէ­րէ­թօ (­Մա­րա­թուկ) լե­ռը։ ­Ճամ­բա­նե­րը ա­հա­ւոր կեր­պով գէշ են, մի­ջոց մը ետք կը ստի­պո­ւին կառ­քե­րէն իջ­նել ու հե­տիոտն եր­թալ։ Ի վեր­ջոյ կը հաս­նին 50 հո­գի բնակ­չու­թեամբ գիւղ մը։ ­Գիւ­ղա­պե­տը կ­՚ը­սէ.- «Ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնք»։ Այ­սինքն՝ հա­յե­րը։

­Մէ­կը Ա­րիֆ ­Գափ­լանն է, որ ­Պո­լիս կ­՚ապ­րի։ ­Ճէ­միլ ­Գափ­լանն ալ 38 տա­րե­կան է ու բնաւ չէ հե­ռա­ցած իր գիւ­ղէն։ ­Բայց չէ ա­մուս­նա­ցած։ Երբ պատ­ճա­ռը կը հար­ցո­ւի, կը պա­տաս­խա­նէ, որ գիւ­ղին մէջ հայ աղ­ջիկ չկայ, որ­պէս­զի ա­նոր հետ ա­մուս­նա­նայ։ ­Քա­նի մը մահ­մե­տա­կան ըն­տա­նի­քէ աղ­ջիկ ու­զեց, ա­նոնք ալ պա­հան­ջե­ցին, որ նախ կրօն­քը փո­խէ եւ իս­լա­մա­նայ։

­Հա­ճե­լի զրոյց մը կը սկսի, բայց երբ խօս­քը կու­գայ ջար­դին, ա­նոնց բե­րա­նը չի բա­ցո­ւիր։ ­Կը վախ­նան խօ­սե­լու։

­Ճէ­միլ ­Գափ­լան կ­՚ա­ւելց­նէ, սա­կայն, որ իր հօր ու մեր­ձա­ւոր­նե­րուն գե­րեզ­ման­նե­րը հոս են ու ինք ալ հոն ծնած է եւ հոն ալ պի­տի մեռ­նի։ ­Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը ինքն ի­րեն կը հարց­նէ, թէ ար­դեօք ­Ճէ­միլ ­Գաճ­լան պի­տի կա­րե­նա՞յ յար­գել իր խօս­քը։ ­Յայտ­նի չէ։ ­Միայն յայտ­նի է, որ այդ տե­ղե­րը այ­լեւս հա­յե­րը բո­լո­րո­վին ոչն­չա­նա­լու վրայ են։

­Վե­րա­դար­ձին, յօ­դո­ւա­ծագ­րի ա­կանջ­նե­րուն մէջ միշտ կը հնչէ գիւ­ղա­պե­տին սա խօս­քը.- «Այս հո­ղե­րը տժգու­նիլ սկսան։ ­Մե՜ղք, շատ մե՜ղք»։