­Ան­ցեալ շա­բաթ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ե­րե­ւա­նեան ձեռ­նարկ­նե­րէն վե­րա­դառ­նա­լու ճա­նա­պար­հին, այ­ցե­լե­ցի Ս. Փե­թերզ­պուրկ` մաս­նակ­ցե­լու հայ մշա­կոյ­թի նմուշ­նե­րու ան­նա­խա­դէպ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րոնք ռուս ազ­գագ­րա­ գէտ­նե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ փրկած էին Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նէն:

Ա­հա այդ բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէ­սի ան­հա­ւա­տա­լի նա­խա­պատ­մու­թիւ­նը. 1916 թուա­կա­նին ռու­սա­կան ռազ­մա­կան ար­շաւ­նե­րու ժա­մա­նակ, երբ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն, Ս. Փե­թերզ­պուր­կի Ազ­գագ­րու­թեան ռու­սա­կան թան­գա­րա­նը ար­տօ­նու­թիւն խնդրեց Նի­կո­լայ 2-րդ ցա­րէն Վա­նի շրջան գի­տա­կան ար­շա­ւա­խումբ ու­ղար­կե­լու հա­մար, որ­պէս­զի հա­ւա­քեն հայ մշա­կոյ­թի գոր­ծե­րը` փրկե­լով վե­րա­հաս կո­րուս­տէն: Ցա­րը ան­յա­պաղ տո­ւաւ իր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը` մա­կագ­րե­լով իր ձե­ռա­գի­րով. «­Հաս­տա­տել: Պէտք է շտա­պել»:

Ազ­գագ­րա­գէտ­նե­րու փոքր խումբ մը` Ա­լեք­սանդր Միլ­լե­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, 1916 թ. Յու­նիս 10-ին, եր­կա­րա­տեւ ու վտան­գա­ւոր ճա­նա­պար­հոր­դու­թե­նէ ետք հա­սաւ Վան: Եր­կու շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղի բնա­կիչ­նե­րէն գնե­ցին ընդ­հա­նուր թի­ւով 513 ա­ռար­կայ` 396 հայ­կա­կան, 110 ա­սո­րա­կան, 5 քրտա­կան եւ 2 թրքա­կան: Ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րուն մէջ էին հայ­կա­կան ազ­գա­յին տա­րազ­ներ, ոս­կեր­չա­կան զար­դեր եւ գոր­գեր` Վան, Ա­լուր, Պիթ­լիս, Մոկս, Մուշ, Շա­տախ քա­ղաք­նե­րէն եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րէն: Ի­րենց այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին գիտ­նա­կան­նե­րը նկա­րած էին 60 լու­սան­կար` բնա­պատ­կեր­նե­րու, պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու, կա­ռոյց­նե­րու եւ ո­րոշ բնա­կիչ­նե­րու: Այս բո­լոր նիւ­թե­րը տե­ղա­փո­խո­ւած էին Ս. Փե­թերզ­պուրկ ռու­սա­կան զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ներ­քոյ:

Քրտ­նա­ջա­նօ­րէն հա­ւա­քո­ւած այս մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը, զար­մա­նա­լիօ­րէն, հա­րիւր տա­րի մնա­ցած էին ռու­սա­կան թան­գա­րա­նի նկու­ղին մէջ եւ եր­բեք չէին ցու­ցադ­րո­ւած… Կը թո­ւի, թէ բո­լո­րը մոռ­ցած էին ա­նոնց գո­յու­թեան մա­սին մին­չեւ եր­կու տա­րի ա­ռաջ, երբ Ս. Փե­թերզ­պուր­կի մէջ Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Վար­դան Յա­կո­բեա­նը ի­մա­ցաւ այս ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րուն մա­սին եւ տե­ղե­կա­ցուց Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, տե­ղի հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար­ներն ու Հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու միու­թիւ­նը:

Շ­նոր­հիւ Հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու հիմ­նադ­րա­մի եւ Ռու­սաս­տա­նի ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րա­նի հա­մա­տեղ հսկա­յա­կան ջան­քե­րուն` այդ ցու­ցան­մուշ­նե­րը, ո­րոնք մէկ դար շա­րու­նակ կը պա­հո­ւէին թան­գա­րա­նի պա­հոց­նե­րուն մէջ, ան­ցեալ շա­բաթ վեր­ջա­պէս ցու­ցադ­րո­ւե­ցան Ս. Փե­թերզ­պուր­կի մէջ: Հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու հիմ­նադ­րա­մը եւ ռու­սա­կան թան­գա­րա­նը լոյս ըն­ծա­յե­ցին «Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րը» խո­րա­գի­րով տպա­ւո­րիչ պատ­կե­րա­գիրք, որ կը ներ­կա­յաց­նէր 1916 թ. Վա­նի շրջա­նէն հա­ւա­քո­ւած ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րը` մին­չեւ Վա­նի վե­րագ­րա­ւումն ու ցե­ղաս­պա­նա­կան ոչն­չա­ցու­մը օս­մա­նեան թրքա­կան զօր­քե­րու կող­մէն:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2015 թ. Ապ­րիլ 27-ին, Ռու­սաս­տա­նի ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ։ Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեա­նը, Ս. Փե­թերզ­պուր­կի նա­հան­գա­պե­տի տե­ղա­կալ Օլ­կա Գա­զանս­գա­յան, Ռու­սաս­տա­նի ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Վ­լա­տի­միր Կ­րուս­մա­նը, Հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Փիեռ Ա­քե­լեա­նը, Հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Գէոր­գեա­նը եւ Ս. Փե­թերզ­պուր­կի հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վար Կա­րէն Մկրտ­չեա­նը: Զար­մա­նա­լի չէր, որ երբ յայտ­նի դար­ձաւ, որ Ազ­գագ­րու­թեան ռու­սա­կան թան­գա­րա­նին մէջ կը գտնո­ւին ա­րո­ւես­տի ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծեր Վա­նի շրջա­նէն, Ս. Փե­թերզ­պուր­կի մէջ Թուր­քիոյ հիւ­պա­տո­սը կա­պո­ւե­ցաւ թան­գա­րա­նի հետ` պնդե­լով, որ այդ ի­րե­րը կը հան­դի­սա­նան Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը եւ պա­հան­ջեց վե­րա­դարձնել զա­նոնք: Թան­գա­րա­նի տնօ­րի­նու­թիւ­նը մեր­ժեց թրքա­կան դի­մու­մը, քա­նի որ այդ ա­ռար­կա­նե­րը գնո­ւած էին ա­նոնց տէ­րե­րէն 1916 թո­ւա­կա­նին:

Որ­քան ալ տա­րօ­րի­նակ է, սա­կայն թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը կը յանդգ­նին պա­հան­ջել հայ ա­րո­ւես­տի գոր­ծե­րը` ա­նոնց տէ­րե­րը սպան­նե­լէ, ա­նոնց տու­նե­րը այ­րե­լէ եւ ունեցուած­քը թա­լա­նե­լէ յե­տոյ… Կը մնայ միայն յու­սալ, որ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ան­միտ գտնուե­լով ա­ռաջ կ­՝եր­թայ եւ հայց կը ներ­կա­յաց­նէ ռու­սա­կան թան­գա­րա­նի դէմ` փոր­ձե­լով պա­հան­ջել այս ցու­ցան­մուշ­նե­րը: Ն­ման դա­տը յա­ւե­լեալ կը հրա­պա­րա­կայ­նացնէ թրքա­կան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու թա­լա­նի եւ հա­յե­րու նախ­նի­նե­րու հայ­րե­նի­քը բռնագ­րա­ւե­լու հա­մար…

Հա­րիւր տա­րի անց այլ ար­շա­ւա­խումբ մը պէտք է ու­ղար­կել թրքա­կան թան­գա­րան­ներ եւ գրա­դա­րան­ներ` Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ թա­լա­նո­ւած հայ մշա­կոյ­թի գոր­ծե­րը, ձե­ռա­գիր­նե­րը եւ այլ թան­կար­ժէք ի­րեր յայտ­նա­բե­րե­լու եւ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար: Հայ­ցեր պէտք է ներ­կա­յա­ցո­ւին թրքա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն դէմ, ուր կը պա­հո­ւին նման հայ­կա­կան ար­ժէք­ներ: Ե­թէ տե­ղա­կան թրքա­կան դա­տա­րան­նե­րը մեր­ժեն պա­հան­ջը, հա­յե­րը պէտք է դի­մեն Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան` հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան այս վա­ղա­կո­րոյս եւ թան­կա­գին բե­կոր­նե­րը վե­րա­կանգնե­լու հա­մար: Ն­ման ի­րա­ւա­կան ջան­քե­րը փոխ­հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու եւս մէկ մի­ջոց կը հան­դի­սա­նան մէկ դար ա­ռաջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած վիթ­խա­րի կո­րուստ­նե­րուն հա­մար…

Պէտք է Ռու­սաս­տա­նի թան­գա­րա­նի ու­շագ­րաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի շրջա­գա­յու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պել աշ­խար­հի բո­լոր հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ. Ա­թէնք, Պէյ­րութ, Պեռ­լին, Պոս­թըն, Պո­ւէ­նոս Այ­րէս, Լոն­տոն, Լոս Ան­ճե­լըս, Մոն­րէալ, Մոս­կո­ւա, Նիւ Եորք, Փա­րիզ, Թեհ­րան, Թո­րոն­թօ, Սան Ֆ­րան­սիս­քօ, Սան Փաու­լօ, Սիտ­նի, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւան ու բազ­մա­թիւ այլ քա­ղաք­ներ: Աշ­խար­հը թո ՛ղ տես­նէ այս փոքր հա­ւա­քա­ծուն, որ մաս կը կազ­մէ հսկա­յա­կան մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը կորսն­ցուց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ 1.5 մի­լիոն մարդ­կա­յին զո­հե­րու հետ միա­սին:

Յա­րութ Սա­սու­նեան «­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»