Իր հիմնադրութեան 15-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, «Իրան եւ Կովկասը» ամսագիրը, որ կը խմբագրուի Գառնիկ Ասատրեանի կողմէ

ու կը հրատարակուի «Brill, academic publishers»ի կողմէ (Լէյտըն, Պոսթըն), համագործակցութեամբ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ու «Իրանեան ուսումնասիրութիւններու կովկասեան կեդրոն»ի, «Թուրքիոյ ուսումնասիրութեան միջազգային ընկերակցութեան», «Իրան եւ Կովկաս (ISSTIC)»ի եւ «Արմագադ»ի (ARMACAD), հայոց մայրաքաղաքին մէջ տեղի կþ ունենայ միջազգային գիտաժողով‘զազա ժողովուրդին մասին, որ ինչպէս 1915-ի Մեծ եղեռնի օրերուն, այնպէս ալ 1938 թ.ի զազա ժողովուրդի ցեղասպանութեան մութ տարիներուն‘հազարաւոր հայ որբեր փրկեց ի սպառ բնաջնջումէ՝ շնորհիւ Շէյխ Սայիտի եւ իր զինակիցներուն մարդասէր ջանքերուն:
Զազաները նաեւ, որոնք հազարամեակ մը արդէն կ՛ապրին Արեւմտեան Հայաստանի Տերսիմ չքնաղ աշխարհին մէջ, եղան հայ դարաւոր մշակոյթի բեկորներու պահպանողն ու փրկիչը, ինչպէս երաժիշտ ու երգահան Միքայէլ Ասլան, Ճեմիլ Քոչքիրի, Զաֆեր Քիւչիւք անցեալ տարիներուն մեզի փոխանցեցին «Փեթակ» ալպոմը, փաստօրէն շարունակելով անմահն Կոմիտասի գործը‘հայ ազգագրական հնագոյն մշակոյթի գոհարները փրկելով, որոնք կ՛երգուին նաեւ զազա լեզուով:
Գիտաժողովը նուիրուած է նաեւ զազա ուսումնասիրութեանց հռչակաւոր գիտնական Ֆ. Ս. Անդրէասեանին եւ կը հիւրընկալէ աւելի քան 30 ականաւոր զազա, Ակնէն հայ, օտար դէմքեր ու պատմաբան ազգագրագէտներ՝  Թուրքիայէն, Քանատայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Աւստրալիայէն, Հայաստանէն: Գիտաժողովը կþ անցնի ակադեմական բարձր մակարդակով, հեռու‘ամբոխավարութենէ, որպէսզի միջազգային գիտական շըրջանակներն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցները մօտիկէն ծանօթանան զազա ժողովուրդի մշակոյթին, լեզուին, ինքնութեան: Գիտաժողովին նեցուկ կը կանգնի «Հիւքսոս» հիմնադրամը եւ սփիւռքահայ բարերար Հրաչ Գաբրիէլեանը (Գերմանիա):
Մաղթենք, որ այս պատմական իրադարձութիւնը նոր էջ կը մնայ զազա թէ գզըլպաշ ժողովուրդներու հայասէր քաղաքականութեան մէջ, իբրեւ նոյն հողն ու հայրենիքը, իբրեւ «հօրենական տուն» կիսող ազգակից ու բախտակից ազգեր:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ-Երեւան