Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­մէ­նէն ող­բա­լի հե­տե­ւանք­նե­րէն մէ­կը, վե­րապ­րող­նե­րու տա­րագ­րու­թիւնն էր: Տուն-տեղ կորսն­ցու­ցած, հայ­րե­նա­զուրկ դար­ձած, նա­հա­տա­կո­ւած սի­րե­լի­նե­րու դիակ­նե­րը թա­ղե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն իսկ չ’ու­նե­ցած, ա­նօ­թի-ծա­

րաւ ու ցնցո­տի­ներ հա­գած եր­բեմ­նի տա­նու­տէր հա­յը՝  ե­ղած էր այ­լեւս աս­տան­դա­կան: 

Յու­նա­հայ գա­ղու­թի «­Նոր Օր» օ­րա­թեր­թի 1929-ի տա­րե­գիր­քին մէջ «­Շա­հան» ստո­րագ­րու­թեամբ ու «­Մե­ռե­լոց» տիտ­ղո­սով բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը կը կար­դամ՝ ուր ան յատ­կան­շա­կան թա­խի­ծով այդ օ­րե­րու զգա­ցում­նե­րը կ’ար­տա­յայ­տէ.-  

«Ո՞վ է ան, որ մե­ռել չ’ու­նի...
Իմ մե­ռել­ներն 
Ո՛չ թիւ ու­նին, ո՛չ գե­րեզ­ման...
Ո՛չ խունկ ու­նիմ, ո՛չ­ ալ ա­ղօթք,
Ու մե­ռել­ներս հա­զա՜ր հա­զա՜ր
Այ­ցի չեն գար...
Ա­նա­պա­տի ո­րո­վայ­նին մէջ իժ դար­ձեր
Օ՜ ան­մու­րազ,
Շէկ ա­ւազ­ներ կը լի­զեն...»

Վ­տա­րան­դի հա­յը պէտք էր իս­կոյն ֆրան­սե­րէն, անգլե­րէն, ա­րա­պե­րէն կամ յու­նա­րէն սոր­վէր իր նոր մի­ջա­վայ­րին մէջ վե­րապ­րե­լու հա­մար: Մեծ էր հայ մօր անձ­կու­թիւ­նը ի տես ձուլ­ման վտան­քին.-

«Լ­սիր որ­դիս, ուր էլ լի­նես,
Էս լուս­նի տակ ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ ան­գամ մտգից հա­նես,
Քո մայր լե­զուն չմո­ռա­նաս:»

Բայց եւ այն­պէս, այս հա­մա­տա­րած թշո­ւա­ռու­թեան մէջ իսկ, շնոր­հիւ կարգ մը նո­ւի­րեալ­նե­րու վճռա­կա­մու­թեան, կա­րե­լի ե­ղաւ ա­րա­գօ­րէն կազ­մա­կեր­պել շշմած բազ­մու­թիւն­նե­րը ու հի­մը դնել սփիւռ­քեան մեր այժ­մու կա­ռոյց­նե­րուն: 
Այ­լոց կար­գին, մեծ ե­ղաւ այս գոր­ծին մէջ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ալ: Ըլ­լայ խնա­մա­տա­րա­կան, ըլ­լայ բա­րե­սի­րա­կան եւ կամ ալ կրթա­կան մար­զէն ներս՝ ան գտնո­ւե­ցաւ հոն ուր իր ներ­կա­յու­թեան կա­րի­քը անհ­րա­ժեշտ նկա­տո­ւե­ցաւ: 

«­Նոր աշ­խարհ­նե­րէն մին­չեւ Հա­յաս­տան
Ա­նոք­ներն ա­մէն քե­զի կը յու­սան:»

Ան­շուշտ կա­րե­լի պի­տի չ­’ըլ­լար իր ազ­գան­պաստ ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­գոր­ծել, ե­թէ չվա­յե­լէր տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րու բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւ­նը: 
Այդ եր­կիր­նե­րու կար­գին էր նաեւ Յու­նաս­տա­նը:
Թէեւ ան եւս ա­րիւ­նա­քամ, ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն յոյն գաղ­թա­կան­նե­րով ո­ղո­ղո­ւած, Փոքր Ա­սիոյ իր ազ­գա­կից­նե­րուն միեւ­նոյն ճի­ւա­ղի ձեռ­քով ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը տե­սած՝ բա­րե­հա­ճե­ցաւ այ­սու­հան­դերձ ա­պաս­տան շնոր­հել հա­րիւր հա­զա­րէ ա­ւե­լի հայ գաղ­թա­կան­նե­րու ալ:    
«Ասպն­ջա­կան Հել­լա­դա» բա­ռե­րով կը նկա­րագ­րէր զայն մեր «Ա­զատ Օր»ը:
Այս­պէս՝ ասպն­ջա­կան Հել­լա­դա­յի մէջ եւս կազ­մո­ւե­ցան ՀՕՄ-ի Յու­նաս­տա­նի եր­կու ժրա­ջան կա­ռոյց­նե­րը: Հայ Կա­պոյտ Խա­չը Ատ­տի­կէի մէջ եւ Հայ Գ­թու­թեան Խա­չը Հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նի մէջ: 
Այդ օ­րե­րէն ի վեր, ի­նը եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ Հայ Կա­պոյտ Խաչն ու Հայ Գ­թու­թեան Խա­չը ան­դուլ կեր­պով ծա­ռա­յե­ցին ու կը շա­րու­նա­կեն ծա­ռա­յել մեր ժո­ղո­վուր­դին:
Ու ա­հա հա­սաւ մեր հայ­րե­րուն ու մայ­րե­րուն ա­պաս­տան ըն­ծա­յած երկ­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու պա­հը:
Իբ­րեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան դոյզն նմուշ, մեր ազ­նուա­սիրտ Խա­չու­հի­նե­րը ո­րո­շե­ցին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին առ­թիւ, ու­տես­տե­ղէն­նե­րով լի, մէկ թոն ծան­րու­թեամբ «սի­րոյ ծրար­ներ» հա­ւա­քել մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն, Յու­նաս­տա­նի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ «Ա­փոս­թո­լի» (Ա­ռա­քե­լու­թիւն) բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թեան մի­ջո­ցաւ բաշ­խե­լու հա­մար երկ­րի կա­րօտեալ­նե­րուն: 
Պա­տա­հա­կան չէ «Ա­փոս­թո­լի»ի ընտ­րու­թիւ­նը այս աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ գոր­ծին հա­մար:
Փաս­տօ­րէն՝ այդ հաս­տա­տու­թեան մի­ջո­ցաւ տա­րի­նե­րէ ի վեր Յու­նաց Ե­կե­ղե­ցին ա­մէն օր հա­զա­րա­ւոր կա­րի­քա­ւոր­նե­րու ճաշ կը տրա­մադ­րէ: 
Երկ­րի մը մէջ ուր ըն­չազր­կու­թիւ­նը օր ըստ օ­րէ կը ծա­ւա­լի ու միա­ժա­մա­նակ ա­մէն օր հա­զար­նե­րով կը բարձ­րա­նայ շրջա­նա­յին պա­տե­րազմ­նե­րէն խու­սա­փե­լու հա­մար Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան փնտռող­նե­րու թի­ւը՝ «Ա­փոսթո­լի»ի կա­տա­րած գոր­ծը ա­ւե­լի քան կեն­սա­կան է: 
Այն ինչ որ հա­մայն­քը Հայ Կա­պոյտ Խա­չի մի­ջո­ցաւ պի­տի նո­ւի­րա­բե­րէ Յու­նաց Ե­կե­ղե­ցիին, նո­ւա­զա­գոյնն է որ կա­րե­լի էր ը­նել փո­խա­դար­ձե­լու հա­մար գթա­սիրտ Հել­լէն ժո­ղո­վուր­դի հիւ­րըն­կա­լու­թիւ­նը տա­րագրու­թեան դա­ժան օ­րե­րուն:
Ան­հուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր սի­րե­լի Յու­նաս­տա­նին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն նաեւ մեր հա­մայն­քի պար­ծանք  Հայ Կա­պոյտ Խա­չին:
 
Ա­րա Ման­կո­յեան