Հայկուհի Ազարեանի Ծն. 1908 թ., Ատապազար
Ատապազարի մէջ թուրքերն անգամ հայախօս էին։ Երբ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը սկսաւ, քաղաքի բոլոր մեծամեծներուն ծեծելով ստիպեցին զէնքերը յանձնել։ Եկեղեցւոյ դռները փակեցին։ Ներսը ամէն ինչ պիտի ըլլար՝ ուտել, խմել, պառկիլ, միզել։ Ալ հաշիւդ ըրէ՝ եկեղեցւոյ սրբութիւնը ինչպէ՜ս պղծուեցաւ։ Տասը-տասնըհինգ օր տղամարդիկ մնացին եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքերը սկսան տունէ-տուն զէնք փնտռել։ Պարտէզները անգամ՝ ծառ, ծաղիկ, տակնուվրայ ըրին, հողի մէջ թաքցուած զէնք կը փնտռէին։ Շատերը իրենց զէնքերը յանձնեցին, որ փրկուին։ Շատերն ալ ժամէն դուրս եկան այնքան ծեծուած ու խոշտանգուած, ոտքերնին, քիթ-բերաննին ուռած, չդիմացան՝ մեռան։
Մեր տունը, որ բարձր տուն էր՝ քարաշէն, կողքը բեռջեկլըկ՝ շերամատուն ունէինք, ուր թուրք ասկեարները տեղաւորուած էին, իսկ զաբիթն ու իր օգնականը մեր տունը տեղաւորուած էին։ Ամէն առաւօտ թալիմի՝ մարզանքի դուրս կուգային մեր տունին պարտէզը։
Հայրիկիս ծեծած էին, բայց չէր խոստովանած, որ զէնք ունի թաղուած պարտէզին հողին մէջը։
Թուրք զաբիթը, որ մեր տունը կ’ապրէր, մեծ մայրիկիս օր մը կանչեց, ըսաւ.- Մայրա՜մ հանըմ, ձեզի սնքիեթ՝ աքսոր, պիտի ղրկենք, եկէք ձեզ ընտանիքով ղրկեմ իմ ընտանիքիս քովը՝ Պոլիս։
Ան գիտէր՝ մեր գլուխը ի՛նչ պիտի գար։
Հայրիկս, որ արդէն եկեղեցիին մէջ կերած ծեծերէն ուժասպառ էր, ըսաւ.- Ամա՜ն, ասքա՜ն ժողովուրդ, ո՞ւր պիտի աքսորեն,- չհաւատաց, Պոլիս չգացինք։
Յետոյ սկսաւ աքսորը։ Տուներէն դուրս կը հանէին հայերուն, պոռալով.- Քալքը՛ն, չըխը՛ն, եըխը՛ն, կիտը՛ն (ոտքի ելէք, դո՛ւրս գացէք, վառէ՛ք, գացէ՛ք)։ Աս խօսքերը լսեցինք մինչեւ Էրէյլի. իրենց լոզունգն էր։
Եկան ոստիկաններով տուներէն հանեցին։ Ո՞ւր երթանք։ Սարերը գնչուներ՝ չինգենեներ կային։ Ամէն մարդ իր ապրանքը դուրս թափեց, որ վաճառէ։ Ո՞վ է առնողը։ Տանող՝ տանողի, սկսաւ թալանը։ Գնչուները եկան, տեսան ամէն ինչ թափուած է փողոցը, առին տարին ինչ որ տեսան։
Ամբողջ քաղաքը դատարկուեցաւ։ Ո՞ւր պիտի երթանք։
Հրաման եկաւ.- Գացէ՛ք կայարան։
Թուրք դրացի մը ունէինք, ռանչպար էր, իր արապան (սայլակառքը) բերաւ, ըսաւ՝ ինչ կը լեցնէք, լեցուցէք, ձեզի տանիմ կայարան։ Ատապազարի կայարանի անունը Արիֆիէ էր։ Գացինք կայարան։ Տեսանք ամէն մարդ իր բարեկամներով՝ հօրեղբայրներով, մօրեղբայրներով լեցուած են հոն։ Գնացք չի հերիքեր, որ տանի այսքան ժողովուրդին։ Վերջապէս գնացք մը եկաւ, հրաման եկաւ, որ ունեցածնիս թողնենք, մտնենք վագոն։ Բոլորը լցուան մէջը՝ ամէն ինչ թողնելով կայարան։ Իրար վրայ լցուած հասանք Էսքիշեհիր։
Էսքիշեհիր իջանք թէ չէ, անձրեւ մը սկսաւ, ժողովուրդը թրջուեցաւ, ինչ կարչկար՝ ջուրի երեսը կը լողար։ Սոսկալի անձրեւ էր։ Ատ երեւի առաջին քարաւանն էր։ Ատապազար երեք հարիւր հազար հայ կար։
Յաջորդ օրը արեւ ելաւ։ Ժողովուրդը իր թրջուած իրերը արեւին հանեց։ Կայարանին մէջ արեւի տակ նստած ենք, ոստիկանն ալ գլուխնուս վերեւն է։ Մայրիկս խնդրեց ոստիկանին, որ երթանք շուքին նստինք, քանի որ արեւը կը վառէր։ Ոստիկանը ըսաւ.- Ասքան աղջիկ ունիս, մէկը տուր ինծի՝ թողնեմ քեզ շուքին նստիս։
Մայրիկս ըսաւ.- Ո՛չ մէկն ալ չե՛մ տար, արեւին ալ կը նստիմ...
Ատիկա լաւ կը յիշեմ։ Հոն քանի մը օր մնացինք։ Տեսանք Էսքիշեհիրի հայերուն ալ սկսան հաւաքել, մեզի հետ գնացք դրին։
Հօրեղբօրս տղան՝ Վաղարշակ Ազարեանը, Էսքիշեհիրի կայարանին մէջ պաշտօնեայ էր։ Երկու եղբայր միասին հոն կ´աշխատէին։ Մեզի տեսան, ըսին.
- Ձեզի պիտի աքսորեն։ Աղջիկներէդ մէկը գոնէ հոստեղ ձգէ։
Բայց մայրս ոչ մէկիս ալ չթողուց։
Յետոյ Վաղարշակը առաջարկած է նաեւ Գրիգոր Զոհրապին Պոլիս ղրկել, բայց ան մերժած է։
Հասանք Գոնիա։ Հոն ալ մի քիչ մնացինք։ Յետոյ Գոնիայի հայերուն ալ հաւաքեցին, մեր՝ ատապազարցիներս, էսքիշեհիրցիներու եւ ուրիշ տեղերէ եկած հայերուն հետ խառնելով, մեզ նորէն գնացք դրին, հասանք Էրէյլի։ Անտեղի ժողովուրդին ալ հաւաքեցին, բոլորիս միասին աքսոր ղրկեցին...
Մե՜ծ, ամայի՜ տարածութիւններ։ Աչքդ կտրածին չափ չոլ-անապատի մէջ լեցուցին հայ ժողովուրդին...
Էրէյլիէն ոտքով ճամբայ հանեցին մեզի մինչեւ Պոզանթի։ Ան անցեալի Բիւզանդիոնն է եղած։
Հոն բաւական մնացինք։
Լուրեր կը հասնէին, որ եթէ առաջ երթանք՝ պիտի մեզ մորթեն։ Անոր համար հայրս ոտքը կախ կը գցէր, որ ուշանանք, չերթանք առաջ...
Բաց տարածութեան վրայ ամէն կողմէ հաւաքուած հայերը կարպետներով, գոյն-գոյն շորերով չադրներ (վրաններ) խփած, ճանճերը կը վխտան, ջուր չկայ, հաց չկայ, խոտ կը քաղէինք կ´ուտէինք, որ անօթի չմեռնինք...
Թուրքերը կուգային կը հարցնէին.- Նէ՞ վար սաթլըք (ի՞նչ կայ ծախու)։
Մայրիկները կ´ըսէին.- Պիթ վար սաթըլըք, ալըրսընը՞զ (Ոջիլ կայ ծախու, կ’առնէ՞ք), որովհետեւ արդէն ոջլոտուած էինք։
Թուրքերը ոստիկանի հագուստով, բայց յանցագործի երեսով, կուգային, կը քանդէին մեր չադըրները. -Քալքը՛ն, չըխը՛ն, կիտը՛ն,- կ´ըսէին։ Երբ շատերը կ’երթային, մենք ոտքերնիս կախ կը գցէինք, քանդուած չադըրը նորէն կը լարէինք, կը մտնէինք, քանդուած չադըրը նորէն կը լարէինք, կը մտնայինք տակը, որ չերթանք։ Հայրս կ’ըսէր.- Առաջ չերթանք. ինչքան կրնանք ոտքերնիս կախ գցենք։
Արդէն մայրիկս ու քոյրերս հիւանդացան տիֆով։ Միայն ես ու հայրս չհիւանդացանք։ Բայց յետոյ ես ալ սթմա՝ ջերմ, ընկայ։
Հայրս մտածեց տուն մը վարձէ՝ հիւանդաներուն խնամէ։
Ոստիկանը ըսաւ.- Ո՞ւր կ´երթաք։
Հայրս բացատրեց.- Տուն մը վարձեմ հիւանդաներուն խնամեմ։
- Հիւանդ են՝ թող մեռնին,- ըսաւ անզգայ ոստիկանը։
Խամշիով հօրս վզին տուաւ, արիւնը չռռաց...
Մեղքերնիս ան էր, որ հա՜յ էինք եւ կ´ուզէինք մեզ համար տուն մը վարձել։ Արդէն հիւանդները պառկած են, ես ալ հետերնին։ Հայրս մինակը մեզ կը խնամէ։ Բայց հրաման կար, որ տղամարդ տանը չպիտի ըլլայ։ Հայրս օրուայ մէջ անտառները կը պտտէր, գիշերը գաղտնի տուն կուգար, չամիչ կը բերէր։ Յետոյ լսեցինք, որ հացթուխներուն եւ զինուորի ընտանիքներուն աքսոր չեն տարնիր։ Անոր համար հայրս ամէն օր հինգ փարայի խմոր կ´առնէր, վրան կը քսէր, իբր թէ հացթուխ է...
Տիֆով հիւանդները չամիչ ու հաց կ´ուտէին։ Հայրիկս, որ ողջ-առողջ գիշերը տուն կուգար, կ’ուրախանայինք։ Ալ չգիտեմ չամիչհա՞ցը օգնեց, թէ՞ Աստուած. կամաց-կամաց տիֆով հիւանդ մայրս եւ քոյրերս բաւական աղէկցան, բայց դեռ պառկած են։ Ես հազիւ ոտքի վրայ հիւանդները կը խնամեմ, չուքալիները կը թափեմ...
Օր մըն ալ գիշերը երազ մը տեսայ. պէտքարանին քովը մօրուքով մարդ մը կար. «Աղջի՜կս, մի՛ մտածեր. կը փրկուիք»,- ըսաւ։ Ես անոր ճանչցայ եկեղեցւոյ գմբէթի վրայի նկարէն։ Ատի ըսաւ, ես ուրախացայ, եկայ մայրիկիս ըսի.- Ասա՜նկ-ասա՜նկ երազ տեսայ։
Մայրս ըսաւ.- Ատի Աստուած հայրիկն է, հիւանդները Աստծոյ հրամանով պիտի աղէկնան։ Եւ իսկապէս ալ առանց դեղի լաւացան։
Օր մը ասանկ պէտքարանի վերեւի պալքոնէն մօրաքրոջս աղջիկը կը պոռայ.- Հայկուհի՜, ո՞ւր կ´ապրիք։
- Մենք ալ ձեռնայարկն ենք։
- Կուգամ՝ կը տեսնամ։
Եկաւ, բայց իրար օգնելու հնա՜ր չկայ։ Գոնէ իրար գտնանք այդ ժխորին մէջ... Մօրաքրոջս ամուսինը եւ իմ հայրիկը կը մտածեն՝ աս հիւանդները ո՞ւր տանինք։
Մօրաքրոջս ամուսինը, իմ հայրիկը եւ Սուրէն Ֆեսջեանի հայրը՝ Տիգրան էֆէնտին, մորքուրօղլի են։ Կը հանդիպին իրար, կ´ըսեն, որ յոյն մը, կաշառքով, յոյնի անունով մեզ կրնայ տանիլ, անցնել Տաւրոսի լեռները, ուր Պեռլին-Պաղտատ երկաթուղիին վրայ աշխատող կը փնտռեն, երկաթագործ որ աշխատի, բայց երեք հարիւր ոսկի կ´ուզեն։ Բոլորս ընտանիքով՝ օլուխ-չոճուխ, միայն երեք տղամարդ ունէինք։ Այդ երեք արհեստաւորները իբր պիտի երթան թունել բանան Պեռլին-Պաղտատ երկաթգիծին համար։ Տիգրան էֆէնտին փող ունէր, երկու հարիւր ոսկին ինքը տուաւ, հարիւր ոսկին ալ՝ յիսուն-յիսուն կիսելով, մենք ու մօրաքրոջս ամուսինը տուինք, քեմերները (գօտիները) պարպեցինք, նստանք էշերուն վրայ։ Բոզանթիէն ադ յոյնը մեզի վեսիկայով՝ այսինքն անցագրով պիտի դուրս հանէ։ Գիշերով, ջորիներով ճամբայ ելանք։ Ունեցածնիս ալ ի՞նչ է, պախըր-չախըր, սըխը սանր, ուրիշ բան չկայ։ Հիւանդ ենք, անկարող քայլերու։ Տաւրոսի լեռը ինչպէ՞ս պիտի բարձրանանք։ Տիգրանենք չորս հոգի, մենք՝ տասը-տասներկու հոգի։ Ջորիներն ու էշերը պիտի բարձրանան Տաշ Տուրմազ (Քար չի կենար) սարին գլուխը, որ Տաւրոսի լեռներուն մէջտեղն է։ Թէոդիկն ալ մեզի հետ էր, ան որպէս գրագէտ մարդ դրամ տուեր էր, եկած էր մեզ հետ։ Շուրջերնիս գիւղ չկայ։ Միայն թունել բացող բանուորներն են։ Բոլորն ալ զինուորութենէ (ամելէ թապուրէն) փախած մարդիկ են։ Մենք Ղուշչուլար գիւղը պիտի բարձրանանք։ Մեզ լեցուցին կազարմայի մը մէջ։ Մենք երեք ընտանիք ենք՝ մօրաքոյրենքս, Ֆեսջեանները եւ մենք։ Սենեակի մը մէջ ենք լեցուած, բայց հոգիներնիս ազատած ենք աքսորէն։ Ֆեսջեանը կ’ըսէր.- «Աս քաշուելի՛ք բան չէ, չեքիջ (մուրճ) է պէտք, որ ոջիլները կոտրենք»։ Այնքան շա՜տ ոջիլ կար զինուորներէն մնացած։
Առաւօտեան մեր երեք տղամարդիկը ելան գացին երկաթագործութեան։ Հայրս դերձակ մարդ, մուրճով գործ չէ ըրած, մուրճը մատերուն զարկած էր, սաստիկ ցաւցուցած։ Ալ հաշիւդ ըրէ, ատ ձեւով թունել պիտի բանան, որ Պեռլին-Պաղտատի երկաթգիծը անցնի։ Բոլոր մեհենտիզները (երկրաչափները) գերմանացի էին։ Ես ելեկտրական լամպ առաջին անգամ հոն տեսայ։ Թունելը փորեցին, մինչեւ պատերազմի վերջանալը երկաթգիծը միացուցին։
Սուրէնի մայրը երկու քեռի ունէր՝ Ներսէս եւ Պետրոս Էֆէյեաններ։ Անոնք որպէս գերմանացի սպայ կ’աշխատէին, կ’երթային հեռուներէն հայ որբեր կը բերէին մեծ մայրիկիս կուտային, որ պահէ մինչեւ ճար մը գտնէին։
Օր մը այդ Պետրոսն ու Ներսէսը, որոնք Գերմանիա ուսում ստացած էին ու լաւ պաշտօնեայ էին, եկան, որ Սուրէնի պապային, մամային տանին գծի վրայ, որ Պոլիս փախցնեն։ Առաջ երկու երեխաները, յետոյ՝ հօրն ու մօրը տարին հասցուցին Խաչկըրըն (խաչակիր բառէն էր այդ վայրի անունը), իսկ մենք մնացինք մինչեւ զինադադարը։ Բոլորիս ներում շնորհեցին։ Ի՞նչ մեղք գործած էինք՝ չիմացանք։ Ետ եկանք, բայց շատ պակսած։ Մէկուն մայրը չկայ, մէկուն քոյրը չկայ, մէկալին՝ հայրը, եղբայրը չկան...։ Այդպէս լացո՜վ, ողբո՜վ գացինք ետ՝ Ատապազար։
Մեր տունը քարուքանդ եղած էր, բայց թուրքեր մտած էին ու կ’ապրէին։ Մեծ մայրիկս անոնց դուրս հանեց, թուրքերը գացին։ Այդ մեր ազնիւ, շինարար ժողովուրդը նորէ՛ն սկսաւ շինել տուները։ Հօրեղբայրներուս, մօրեղբայրներուս տուները դատարկ մնացին։ Հայրս կարի մեքենայ առաւ, խանութ բացաւ։
Հազիւ ինքզինքնիս գտանք, միլլիջիները եկան։ Միլլիջիները ազգայնականներն էին՝ զինուած։ Մենք զարմացանք։ Այլեւս անցեալի խեղճ ու կրակ թուրքը չէր, որ պատերազմէն պարտուած էր դուրս եկած։ Մինչեւ ատամները զինուած միլլիջիները եկան, սկսան իրենց գործը։ Քեմալը կազմակերպած էր հայերուն, յոյներուն, որոնք մահմետական չէին՝ քշել...
Էլի իմ հօրեղբօր տղան՝ Ներսէսը, եկաւ, ըսաւ. «Շո՜ւտ ըրէք, փախէ՛ք, միլլիջիները եկած են, պիտի կոտորեն»։
Տուն, ունեցած-չունեցած ապրանքները, խանութը, որ հայրիկս նոր ստեղծած էր, թողեցինք, գացինք Իզմիր։ Լաւ է յոյնը շոգենաւերը բերաւ, հայերուն եւ յոյներուն օգնեց, որ փախչին Յունաստան։ Քեմալականները կը վառէին գիւղերը, ի՜նչ որ կը հանդիպէին։
Մենք եկանք Յունաստան։ Ազատեցանք։ Յոյն կառավարութիւնը Ատապազարէն, Էսքիշեհիրէն, Իզմիրէն եկած հայ գաղթականներուն տնաւորեց, նոյնիսկ դպրոցները փակեց, որ մեզ ապաստան տրուի։ Օրական երկու տրախմի կուտար՝ մարդ գլուխ։ Գաղթականներուն տուն տուաւ։ Մենք մնացինք Տրամա քաղաքը, Գաւալա, յետոյ՝ Թեսաղոնիկէ...
1925 թուականին ներգաղթով եկանք Հայաստան։
«Ամա՜ն, երթա՜նք,- ըսաւ հայրիկս,- թուրքին ձեռքէն ազատուի՜նք»։ Եկանք հոս՝ Երեւան։ Ուսում առի, գիշերային դպրոցը յաճախեցի, կոմսոմոլ ընդունուեցայ, յետոյ գացի Թիֆլիս սորվելու, քաղպարապմունքներու կ’երթայի Կիրակի օրերը, համալսարան ընդունուեցայ պարտիայի շարքերը։ Հանդիպեցայ Մացակին։ Ժիր, ճարպիկ աղջիկ էի, հազիւ ազատութիւն ստացած էի։ Ամուսնացանք։ Հանրակացարանին մէջ կ’ապրէինք։ Թիֆլիսի մէջ մայր եղայ, եկանք Երեւան։ Պարտիական աշխատանքի նշանակուեցայ։ Առաջ կոմսոմոլի կենտկոմումն կ’աշխատէի, կուլակաթափման աշխատանքներուն կը մասնակցէի, կոլխոզ շարժման կ’աջակցէի: Յետոյ եկաւ 1937 թուականը։ Սկսան մարդոց բռնել։ Ես կոմսոմոլի կեդրոնի պրոպագանդայի բաժնի վարիչն էի, արտասահմանի հետ կապ ունենալուս համար ինձ մեղադրեցին։ Այդ ժամանակ Անաստաս Միկոյեան եկաւ Երեւան. արդէն Ամատունին, Ենգիբարեանը, Աբուլեանը բռնուած էին։ Միկոյեանը եկաւ ըսաւ՝ ի՞նչ է միայն մտաւորականներուն բռնած էք, կոմսոմոլի աշխատողներու մէջ չկա՞ն ժողովուրդի թշնամիներ։ Ամուսինիս ալ բռնեցին որպէս ժողովուրդի թշնամի։ Թուղթ մը կը բերեն ամուսինիս առջեւը կը դնեն, որ ամուսինս ստորագրէ։ Ամուսինս չի ստորագրեր, իսկ Շաղբաթեանը կը ստորագրէ։ Ան ալ որբ էր։ Քշեցին աքսոր՝ Սիբիր, անտառներուն, ճահիճներուն ծառ կտրելու։ Կինը ամուսինին համար սաբոկներ (բարձր կօշիկներ) ճարեց, առաւ, տարաւ Սիբիր, որ ճահիճներուն մէջը աշխատելու ժամանակ հագնի։ Կինը մեծ դժուարութեամբ կ´երթայ, կը հասնի Սիբիրի լագերու դուռը։ Պահակը չի թողներ ներս մտնէ։ կ´ըսէ՝ արի ինձ հետ եղիր, յետոյ՝ գնայ ներս, ամուսինդ տեսնելու։ Կինը չի համաձայնիր, ետ կ´երթայ, սաբոկները ձեռքը բռնած՝ առանց ամուսինին տեսնելու։
Այնպէս որ, ամուսինս ալ բռնեցին, ժողովով ինձ հեռացուցին կուսակցութենէն, որպէս ժողովուրդի թշնամի։ Ես դուրսէն կը լսէի՝ իմ մասին ժողովը որոշում հանեց, լսեցի ու լացի։ Ինձ ծանօթ տղայ մը եկաւ ձեռքս բռնեց, ուզեց ինձ տուն տանիլ, ըսի՝ գործ չունիս, քեզ ալ կը մեղադրեն, որպէս ժողովուրդի թշնամի...։ Ի՜նչ ցաւ է, գիտե՞ս։ Այնքա՜ն յարգանքէ ետք՝ ժողովուրդի թշնամիի անուն վաստակել։ Ամուսինս՝ բանտարկուած, ես՝ կուսակցութենէն հեռացուած։ Մնացի անգործ։ Շատ սոված, դժուար օրեր ունեցանք զաւակներուս հետ։ Յետոյ ստիպուած լուսանկարչութիւն սորվեցայ։ Սկսայ աշխատիլ, երեխաներս փոքր էին, շատ խեղճացած էինք։ Պատերազմը սկսաւ։ Տղամարդիկ ճակատ մեկնեցան։ Ես աշխատեցայ, ընտանիքս պահեցի։ Յետոյ ամուսինս վերադարձաւ։ Վերականգնեցին ինձ ու անոր։ Սկսայ աշխատիլ պետական արխիւին մէջ որպէս լուսանկարիչ։ Ամուսինս չդիմացաւ այդ յուզումին՝ վախճանեցաւ։
Հիմա թոշակառու եմ, աշխատանքի եւ կուսակցութեան վեթերան եմ, կ´ապրիմ տղուս ընտանիքին հետ։