Ա­նա­տոլ Ֆ­րանս՝ (­Ժագ Ֆ­րան­սո­ւա Թի­պօ ) ֆրան­սա­ցի գրող եւ գրաքն­նա­դատ, ա­կա­դե­մի­կոս, գրա­կա­նու­թեան Նո­պէլեան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր (1921 ): Հե­ղի­նակ է բազ­մա­թիւ վէ­պե­րու, պատ­մո­ւածք­նե­րու, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու եւ փիէս­նե­րու: Ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը ի­րեն բնու­թագ­րած են, որ­պէս «մեծ նի­հի­լիստ» եւ «մեծ գե­ղա­գէտ». իր բեղմ­նա­ւոր գրի­չին զու­գա­հեռ, շուրջ ե­րե­սուն տա­րի ան նո­ւի­րո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ հայ դա­տի պաշտ­պա­նու­թեա­նը:

19-րդ դա­րու վեր­ջին, Ֆ­րան­սա­յի մէջ ծնունդ ա­ռած հա­յա­սի­րա­կան շարժ­ման նո­ւի­րեալ­նե­րէն՝ Ա. Ֆ­րանս, ծա­ւա­լած է քա­րոզ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն, իր հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան եւ գրա­կան տա­ղան­դով հսկա­յա­կան ջանք թա­փած է հա­մի­տեան ջար­դե­րու զոհ դար­ձած հա­յու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար: Ա. Ֆ­րան­սի շնոր­հիւ եւ­րո­պա­կան հան­րու­թիւ­նը սկսաւ ճանչ­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ ա­նոր տա­ռա­պանք­նե­րը եւ մշա­կոյ­թը: Ջերմ բա­րե­կա­մու­թիւն հաս­տա­տեց հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հետ, այ­ցե­լեց հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­ներ եւ յա­ւելեալ վճռա­կա­մու­թեամբ լծո­ւեցաւ հա­յու­թեան ար­դար դա­տի պայ­քա­րին: Ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ եւ մաս կազ­մեց 1900 թո­ւա­կան­նե­րուն լոյս ըն­ծա­յո­ւած «Pro Armenia» («­Վասն Հա­յաս­տա­նին») հան­դէ­սին: Հրա­պա­րա­կա­խօ­սի իր տա­ղան­դով ֆրան­սա­յի եւ ողջ Եւ­րո­պա­յի հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քի վրայ ազ­դեց:

Ա­նա­տոլ Ֆ­րանս հա­յա­սի­րա­կան շարժ­ման ռահ­վի­րա էր, ա­նոր խօս­քը կ’­ ո­գեշն­չէր, հայ­կա­կան հար­ցի գի­տակ էր, ան­վի­ճե­լի հե­ղի­նա­կու­թիւն, տե­ղե­կատո­ւու­թեան աղ­բիւր:

Հա­յա­սի­րա­կան շարժ­ման ծրա­գիր մշա­կե­լէ բա­ցի, զու­գա­հե­ռա­բար վիթ­խա­րի ջանք գոր­ծադ­րեց զայն կեան­քի կո­չե­լու հա­մար:

Այդ շար­ժու­մը միա­ւո­րե­լու մի­տո­ւած խորհր­դա­ժո­ղով­ներ գու­մա­րեց՝ Լոն­տո­նի, Փա­րի­զի եւ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ՝ 1902-1904 թո­ւա­կան­նե­րուն: Շար­ժու­մը իր ժա­մա­նա­կին հա­մար իս­կա­պէս հզօր էր, բայց ա­ւաղ, մարդ­կու­թիւ­նը պատ­րաստ չէր՝ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ւել եւս: Բայց այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ մա­սամբ զսպե­ցին Ապ­տիւլ Հա­մի­տի հա­յա­կեր ա­խոր­ժակ­նե­րը: Հե­տաքր­քիր է Ա­նա­տոլ Ֆ­րան­սի ձե­ւա­կեր­պու­մը նախ­քան Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի խօս­քը, հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նու­թեան կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: Կո­չը՝ միա­ւո­րե­լու հա­յու­թեան ողջ նե­րու­ժը, ստեղ­ծելով հա­մա­հայ­կա­կան հզօր կա­ռոյց:

Ա­նա­տոլ Ֆ­րան­ս ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ ար­ձա­գան­գեց Հա­յոց Մեծ Ե­ղեռ­նին: 1916 Ապ­րի­լին Սոր­պո­նի մէջ կար­դա­ցած բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը մա­նի­ֆէստ էր, կոչ՝ ուղ­ղո­ւած ար­դա­րու­թեան եւ խղճի թե­լադ­րան­քով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող ան­ձանց:

«…ե­րիտ­թուր­քե­րը, տի­րա­նա­լով իշ­խա­նու­թեա­նը, ի­րենց դա­ժա­նու­թեամբ գե­րա­զան­ցե­ցին Ապ­տիւլ հա­մի­տին՝ կազ­մա­կեր­պե­լով Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դին մենք գի­տէինք ոչ այլ կերպ, քան այն հարուած­նե­րէն, որ կը հասց­նէին ա­նոր: Մենք պատ­կե­րա­ցում չու­նէինք ո՛չ ա­նոր ան­ցեա­լին, ոչ ա­նոր ո­գիին եւ դա­ւա­նան­քին, ոչ ալ ա­նոր բաղ­ձանք­նե­րուն մա­սին: Ան­հասկ­նա­լի էր, թէ ին­չո՞ւ կը կոտ­րեն հա­յե­րուն: Պայ­թեցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը եւ յան­կարծ Հա­յաս­տանն ու ա­նոր մար­տի­րո­սու­թեան պատ­ճառ­նե­րը միան­գա­մայն այլ լոյ­սի տակ յառ­նե­ցին Ֆ­րան­սա­յի առ­ջեւ: Մենք հասկ­ցանք, որ թուրք կե­ղե­քի­չի եւ հա­յու տե­ւա­կան ան­հա­ւա­սար պայ­քա­րը՝ բռնա­կա­լու­թեան պայ­քար է, բար­բա­րո­սու­թեան պայ­քարն է ընդ­դէմ ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան ո­գիի: Եւ երբ տե­սանք Թուր­քիոյ այդ զո­հին՝ մեզ ուղ­ղո­ւած մա­րող աչ­քե­րով, ո­րոնց մէջ յոյ­սի շող առ­կայ­ծեց, մենք վեր­ջա­պէս հասկ­ցանք, որ այդ մեր քոյրն է, որ կը մեռ­նի Ա­րե­ւել­քի մէջ եւ կը մեռ­նի, ճիշդ այդ բա­նի հա­մար, որ ան մեր քոյրն է, ո­րու յան­ցան­քը այն է, որ ան հա­մա­կո­ւած է մեր զգաց­ումնե­րով, կը սի­րէ այն, ինչ մենք կը սի­րենք, կը մտա­ծէ այն­պէս, ինչ­պէս մենք կը մտա­ծենք, կը հա­ւա­տայ ա­նոր, ին­չին մենք կը հա­ւա­տանք եւ մե­զի պէս կը գնա­հա­տէ ի­մաս­տու­թիւ­նը, ար­դա­րու­թիւ­նը, ա­րո­ւես­տը: Այս էր ա­նոր ան­քա­ւե­լի յան­ցան­քը…»: «…Ա­րեան այն փոքր քա­նա­կու­թիւ­նը, ո­րը ան դե­ռեւս կը պահ­պա­նէ, թան­կա­գին ա­րիւն է, որ­մէ հե­րո­սա­կան սե­րունդ ծնունդ պի­տի առ­նէ: Ժո­ղո­վուրդ, ո­րը մեռ­նիլ չի ու­զէր, եր­բեք չի մեռ­նիր»:

…­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի Յի­շա­տա­կի պա­տի պա­հա­րան­նե­րէն մէ­կուն մա­կագ­րու­թիւ­նը այս­պէս է՝ «Ա­նա­տոլ Ֆ­րանս. 1844-1924»:

Մա­նուկ Մա­նու­կեան