­Մինչ հա­յե­րը կը քննա­դա­տեն Թուր­քիան՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու այլ զան­գո­ւա­ծա­յին խախ­տում­նե­րու հա­մար, նոյն­քան կա­րե­ւոր է մե­ղադ­րել բո­լոր ոչ թուր­քե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծակ­ցին Թուր­քիոյ հետ, ա­տով իսկ խրա­խու­սե­լով թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը` շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց ա­նար­գա­լից վար­քա­գի­ծը:

Օ­րի­նակ, այս պա­հուն, բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ ա­նա­մօ­թա­բար կը պատ­րաս­տո­ւին Ապ­րիլ 24-ին մեկ­նե­լու Կա­լի­փո­լի` տօ­նե­լու մէկ­դա­րեայ թրքա­կան յաղ­թա­նա­կը, շատ լաւ ի­մա­նա­լով, որ պի­տի մաս­նակ­ցին կեղծ ամ­սա­թի­ւով ա­րա­րո­ղու­թեան մը, որ նա­խա­տե­սո­ւած է Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի ո­գե­կո­չու­մը խա­փա­նե­լու հա­մար:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է «ա­մօ­թի պատ» կա­ռու­ցէ եւ վրան ար­ձա­նագ­րէ աշ­խար­հի բո­լոր ղե­կա­վար­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ըլ­լան Կա­լի­փո­լիի մէջ Ապ­րիլ 24-ին…  Իսկ ո՞վ է ա­ւե­լի մե­ղա­ւոր: Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա՞­նը, որ եր­բեք խղճի խայթ չէ ու­նե­ցած մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախտ­ման հա­մար, թէ՞ օ­տա­րերկ­րեայ պաշ­տօ­նեա­նե­րը, ո­րոնք պի­տի մաս­նակ­ցին ա­նոր պատ­րաս­տած խեղ­կա­տա­կու­թեան:

Կը թո­ւէr, թէ Էր­տո­ղա­նի դա­տա­պար­տե­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք, ինչ­պէս ա­ջակ­ցու­թիւ­նը «իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան», դրա­մի լո­ւա­ցու­մը, լրագ­րող­նե­րու բան­տար­կու­թիւ­նը, խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու վրայ Ս­թամ­պու­լի Կե­զի զբօ­սայ­գիին մէջ կրա­կե­լու հրա­ման տա­լը եւ այլ բազ­մա­թիւ խախ­տում­ներ, ան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէն պի­տի դի­տո­ւէր իբ­րեւ ան­ցան­կա­լի եւ ար­հա­մար­հո­ւած անձ­նա­ւո­րու­թիւն…

Ցա­ւօք, շատ օ­տա­րերկ­րեայ ղե­կա­վար­ներ կան, ո­րոնք ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը պահ­պա­նեն  Թուր­քիոյ հետ եւ պատ­րաստ են ան­կո­ղին մտնել «սա­տա­նայ»-ի հետ` հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով ի­րենց խե­ղա­թիւ­րո­ւած շա­հե­րուն: Թէեւ բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ ի­րենց մեղ­քի բա­ժի­նը ու­նեն, սա­կայն ա­մե­նա­զար­մա­նա­լին Իս­րա­յէ­լի ղե­կա­վար­նե­րու վար­քա­գիծն է Թուր­քիոյ հան­դէպ` նկա­տի առ­նե­լով Էր­տո­ղա­նի թու­նոտ հա­կա­սե­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու հա­կաիս­րա­յէ­լա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը… Այ­դու­հան­դերձ, հա­զիւ թէ Իս­րա­յէ­լի հա­մար­ձակ վար­չա­պետ Պեն­ճա­մին Նե­թա­նեա­հո­ւի կող­մէ ո­րե­ւէ քննա­դա­տա­կան խօսք լսենք Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րի հաս­ցէին: Պէտք չէ զար­մա­նալ, ե­թէ Նե­թա­նեա­հուն Կա­լի­փո­լի ու­ղար­կէ Իս­րա­յէ­լի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեայ մը…

Ար­դէն քա­նի մը տաս­նա­մեակ է, որ Իս­րա­յէ­լի ղե­կա­վար­նե­րը կը հան­դուր­ժեն թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ առ­կայ ռա­սիս­տա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը եւ նոյ­նիսկ կ­՝ա­ջակ­ցին Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով` չու­զե­լով թշնա­մա­նալ Թուր­քիոյ հետ եւ վտան­գել Ս­թամ­պու­լի մէջ ապ­րող հրեա­նե­րուն կեան­քը: Մե­զի կ­՝ը­սէին, թէ Իս­րա­յէ­լը ստի­պո­ւած էր հան­դուր­ժել Թուր­քիոյ ան­վա­յել պա­հո­ւած­քը, քա­նի որ ա­նի­կա թոյլ կու տար հրեա­նե­րուն Ի­րա­նէն փախ­չե­լու ժա­մա­նակ հա­տե­լու ա­նոր սահ­մա­նը, իսկ մէկ հրէա­յի կեան­քի փրկու­թիւ­նը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր էր, քան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը: Մին­չեւ մէկ տաս­նա­մեակ ա­ռաջ, Իս­րա­յէ­լի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զգոյշ էին ո­րե­ւէ քայլ ձեռ­նար­կե­լու ժա­մա­նակ, որ­պէս­զի չվնա­սեն ի­րենց երկ­րի ռազ­մա­վա­րա­կան դա­շին­քը Թուր­քիոյ հետ: Այժմ, երբ Թուր­քիան դար­ձած է բա­ցա­յայտ թշնա­մա­կան եր­կիր, Իս­րա­յէ­լի ղե­կա­վար­նե­րը բո­լո­րո­վին անտ­րա­մա­բա­նա­կան դիր­քո­րո­շում որ­դեգ­րած են` յան­կարծ այն­պի­սի բան չը­նենք, որ ա­ւե­լի պի­տի վնա­սէ Թուր­քիոյ հետ մեր «փխրուն» յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը…

Ան­ցեալ ա­միս Լոս Ան­ճե­լը­սի Jewish Journal Սի­մո­նէ Վիլ­սո­նը գոր­ծու­ղեց Թուր­քիա` այն­տեղ ապ­րող հրեա­նե­րու վի­ճա­կին մա­սին հա­ղոր­դե­լու հա­մար: Եր­բեմ­նի ծաղ­կուն հրէա­կան հա­մայն­քի մնա­ցորդ­նե­րուն վի­ճա­կը ան նկա­րագ­րեց իբ­րեւ ան­յոյս. «հրեա­նե­րը եւ միւս ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը շատ մեծ խտրա­կա­նու­թեան կ­՝են­թար­կո­ւի` գոյ­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, լե­զո­ւի եւ կրթու­թեան ա­զա­տու­թեան, պաշ­տօն­նե­րու բարձ­րաց­ման եւ այլ ա­ռում­նե­րով»: Հ­րէայ բնակ­չու­թիւ­նը 500 հա­զա­րէն նո­ւա­զած է մին­չեւ 17 հա­զար եւ կը շա­րու­նա­կէ կրճա­տո­ւիլ: 2003 թո­ւա­կա­նին շատ հրեա­ներ հասկ­ցան, որ այ­լեւս չեն կրնար մնալ Թուր­քիոյ մէջ` Ս­թամ­պու­լի «­Նե­ւէ Շա­լոմ» եւ «­Բետ Իս­րա­յէլ» սի­նա­կո­կե­րուն վրայ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րէն ետք, երբ սպան­նո­ւե­ցան 27 եւ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ: «­Հան­րա­յին ո­լոր­տի մէջ առ­կայ հա­մա­տա­րած հա­կա­սե­մա­կա­նու­թիւ­նը եւս անժխ­տե­լի դեր խաղ­ցած է հրեա­նե­րու ար­տա­գաղ­թին հա­մար, կը հա­ղոր­դէ Ո­ւիլ­սըն: Ըստ Հա­կազր­պարտ­չա­կան լի­գա­յի (ADL) հար­ցա­խոյ­զին` թուր­քե­րուն գրե­թէ 70 տո­կո­սը կը տա­ծէ հա­կա­սե­մա­կան վե­րա­բեր­մունք»:

Թուր­քիոյ մէջ հրէա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան վի­ճա­կը օ­րէ օր ա­ւե­լի ան­տա­նե­լի կը դառ­նայ: Ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին «Ս­թամ­պու­լի կեդ­րո­նը գտնո­ւող բջի­ջա­յին հե­ռա­խօս­նե­րու խա­նու­թի ցու­ցա­փեղ­կին վրայ գրո­ւած էր. «հրէայ շու­նե­րուն մուտ­քը ար­գի­լո­ւած է», կը հա­ղոր­դէ Ո­ւիլ­սըն: Տե­ղա­կան հրէա­կան թեր­թի խմբա­գիր Մոիս Կա­պա­յը գրած է. «­Մենք ա­մէն օր կ­՝են­թար­կո­ւինք սպառ­նա­լիք­նե­րու, յար­ձա­կում­նե­րու եւ հե­տապն­դում­նե­րու»: Ան­ցեալ Յու­լի­սին Էր­տո­ղան իր ծայ­րա­յեղ ա­տե­լու­թիւ­նը յայտ­նեց հրեա­նե­րուն հան­դէպ` քա­րո­զար­շա­ւի ժա­մա­նակ թուրք հա­սա­րա­կու­թեան ը­սե­լով` «ա­նոնք (հրեա­նե­րը) օր­նի­բուն կ­՝ա­նի­ծեն Հիթ­լե­րը, սա­կայն ի­րենց բար­բա­րո­սու­թեամբ գե­րա­զան­ցե­ցին Հիթ­լե­րը»: Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պետ եւ Էր­տո­ղա­նի իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Մե­լիհ Կէոք­չէ­քը գո­վա­բա­նեց թուրք եր­գիչ մը, որ յայ­տա­րա­րած էր` «թո՛ղ Աս­տո­ւած օրհ­նէ Հիթ­լե­րը»: Յու­նո­ւար 27-ին, Ան­գա­րա­յի մէջ Հո­լո­քոս­թի յի­շա­տա­կու­թեան օ­րո­ւան նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ նշո­ւե­ցաւ, որ  խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Ճե­միլ Չի­չէ­քը սաս­տած է Իս­րա­յէ­լը` Կա­զա­յի մէջ ժա­մա­նա­կա­կից Հո­լո­քոսթ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Իս­րա­յէ­լի, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան լռու­թիւ­նը թրքա­կան ա­նար­գա­լից վար­քա­գի­ծին դէմ, ստեղ­ծած է վե­րահս­կո­ղու­թե­նէ դուրս գտնո­ւող հրէշ մը: Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք շփա­ցու­ցած են Էր­տո­ղա­նը, պար­տա­ւոր են զսպել զինք` մինչ ան իս­կա­կան չա­րիք կը դառ­նայ տա­րա­ծաշր­ջա­նին եւ աշ­խար­հին:

Յա­րութ Սա­սու­նեան
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիեր»