Դուն մեզի միշտ կը պատմէիր մեր հին պարտէզէն եւ հոն ինկած ծառի մը մասին: Դուն այդ ծառին նոր կոճղը, բունը դարձար: Միացուցիր՝ ցիր ու ցան սփռուած ճիւղերդ, մեր հողին ամենախոր եւ կենդանի արմատներուդ հետ: Անսպառ շունչդ տալով հրաշք մը գործեցիր. այս մեր հին ծառը նորէն կեանք սկսաւ առնել, նոր արմատներ արձակեց, նորէն սկսաւ ծծել մեր պարտէզի բարեբեր հողին նիւթերը: Հասցուցիր դուն այս նիւթերը ճիւղերուդ, շրջագայութիւնը ուխտաւորեցիր ծաղկեցնելով ամենաջնջին, ամենանուրբ, ամենաչոր անկիւններն անգամ:
Այո՛, դո՛ւն ուսերուդ վրայ կռեցիր այս ամէն հոգսերը: Եւ փորեցիր: Դժոխքին մութ աշխարհէն անցա՛ր. Եօլտաշդ, աղաւնիդ փարատեցին:
Դրախտի պարտէզի դռները բացի՛ր. անոր չորս գետերուն ջուրով զօրացա՛ր. Անահիտի առուակին անմահ ջուրէն խմեցիր եւ ակօսնե՛ր բացիր, առատօրէն տուի՛ր, բաշխեցի՛ր: Պտտցուցիր մեզի քար առ քար, առուակ առ առուակ. ատելութիւններէ ձերբազատուած, մօտեցուցիր մեզի մերիններուն եւ դրացներուն հետ:
Հասկցուցիր մեզի, թէ քարտէսի մը անշունչ տարածութիւնը չէր այս պարտէզը:
Թող գա՛ մէկը, թող ըսէ՛, թէ աս քու արասպելական կեանքդ երա՛զ է եղեր, իրա՛ւ չէ եղեր: Ո՞վ:
Անհո՛գ եղիր, հանգչի՛ր հիմա դուն ախբարիկ: Գիտե՛ս դուն. պտղաբե՛ր էր ծառդ... Ահա մենք հոս ենք. իրականութենէն չվախնալը, չհրաժարիլը մենք գիտենք՝ շնորհիւ քեզի:
Հանգի՛ստ հանգչէ հսկայ տիտան Սարգիս Սերոբեան:
Աթէնք 31/3/2015
Թագուհի-Քուին Մինասեան