«Մեր թերթի պատմութիւնը, անոր սիւնը, հայերէն էջերու խմբագիրը եւ մեր ամէն ինչը` Սարգիս Սերոբեանը, մեզմէ հեռացաւ Շաբաթ երեկոյեան` Մարտ 28-ին»: Այսպիսին էր «Ակօս»-ի Մարտ 29-ի խորագի
րը:
Սարգիս Սերոբեան ծնած է 1935-ին: Անոր ընտանիքը Ցեղասպանութեան զոհ չէ դարձած սոսկ պատաբահար: «Ինծի հեքիաթ չէին պատմեր: Այն հեքիաթը, որ կը պատմէին ինծի, ճամբորդութիւն մըն էր, որ սկսած էր Սեւ ծովու ափերէն, շարունակուած Ակնի մէջ եւ կանգ առած է Մալաթիոյ որբանոցներէն մէկուն մէջ: Ատիկա մօրս, տատիկիս, մօրաքոյրներուս ու քեռիիս անցած ճամբան էր: Այդ մասին ինծի միշտ պատմած են: Գիշերը հանգիստ քնանալու համար չեն երգած, ատոր փոխարէն մայրս ու տատս այս պատմութիւնները պատմած են: Յետոյ ուրիշ երկրի մը մէջ քեռիս գտայ:
Ան ալ ինծի նոյն հեքիաթը պատմեց: Ես չեմ ուզեր ձեզի պատմել այդ հեքիաթը, չեմ ուզեր ձեզ տխրեցնել: Իսկապէս վշտալի պատմութիւն է»:
պոլսեցի Սարին Քորքմազը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղադրած է Սերոբեանի ընտանիքին պատմութիւնը, որ Սիվիլնէթը կրճատումներով կը թարգմանէ:
Անոնց ընտանիքի պատմութիւնը կը սկսի 1900-ականներու սկզբներէն` Կիւմուշհանէի մէջ: Սարգիս Սերոբեանի մօրական պապը` Պարանոկ Աւետիսեանը, ռազմական բժիշկ էր: Տատիկի անունը Զարուհի էր, ան մանուկ հասակին յունական դպրոց գացած է: Անոնք ամուսնացած էին 1899-ին: 1900-ին ծնած է Սարգսի քեռին, իսկ 1908-ին` մայրը: 1915-ին, երբ սկսած է «տեղահանութիւնը», նահանգապետի հրամանով կը սպաննուի Պարանոկ Աւետիսեանը: Սարգսի տատիկին` Զարուհին, որդիին եւ երկու դուստերուն հետ կ՛աքսորեն:
Երբ հայերու քարաւանով Ակնէն Սուրիա կ՛ուղեւորէին` Զարուհին իր ամենափոքր աղջիկը կը ձգէ տեղացիներէն մէկուն քով:
Ճանապարհին Զարուհին յունարէն կը խօսի, ոստիկանները կ՛ըսեն` ապացուցէք, որ յոյն էք, ձեզի ազատ կ’արձակենք: Հեռագիր կ՛ուղարկեն Կիւմուշհանէ, բայց պատասխան չի գար: Այդ ընթացքին քարաւանը կը շարունակէ իր ճանապարհը, իսկ Աւետիսեաններու ընտանիքը կը մնայ Ակն: Յետոյ կու գայ հեռագիր մը, որ կ՛ըսէ, որ Աւետիսեանները յոյն են:
Անգամ մը, ընտանիքներով Կիւմուշհանէ հաւաքուած ժամանակ, երբ տեղի երեւելիները հարցուցած են Պարոնակ Աւետիսեանին` ձեր կին յո՞յն է, բժիշկը կատակով պատասխանած է` այո, յոյն է: Եւ կատակով ըսուած այս արտայայտութիւնը յետագային անոր ընտանիքի փրկութեան առիթ կը հանդիսանայ:
Անոնք կը մնան Ակն` ծառերուն տակ, կը սնուին աքսորուած հայ ընտանիքներու տուներուն մէջ մնացած ուտելիքով:
Այնուհետեւ Զարուհին իր երեխաներուն հետ կը տեղաւորուի Մալաթիոյ ամերիկեան որբանոցը, աղջիկը` Սարգիսին մայրը, 7 տարեկան էր, որդին` Սարգսի քեռին, 16:
Ան կ՛ըսէ` ինծի որբանոց չեն վերցներ ու կը հեռանայ, եւ ատիկա կ՛ըլլայ Զարուհիին եւ որդիին վերջին հանդիպումը:
Որբանոցէն ետք Սարգիսին ընտանիքը կը հասնի Սթամպուլ, մայրը կ՛ամուսնանայ սեբաստացի հայու մը հետ: Շատ կը փնտռէ իր փոքր աղջիկը, ձայնասփիւռով յայտարարութիւններ կու տայ, սակայն այդպէս ալ չի գտներ:
Սարգիս Սերոբեանի քեռին, որ ընտանիքէն բաժանուած էր Մալաթիոյ մէջ, զինուորական հագուստ կը հագնի, կը հասնի Տրապիզոն, այնտեղէն նաւով կը փախչի Սթամպուլ, յետոյ կ՛երթայ Յունաստան ու այնտեղէն` Հայաստան: Սարգիս Սերոբեանը տարիներ ետք կու գայ Հայաստան եւ կը հանդիպի իր քեռիին:
Սարգիս Սերոբեանի կեանքի ուշագրաւ դրուագներէն մէկն այն է, որ դիմած է խորհրդային իշխանութեան` Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու նպատակով, սակայն մերժում ստացած է: Յետագային ան իր կեանքը նուիրած է Արեւմտեան Հայաստանի ուսումնասիրութեան: Զինուորական ծառայութեան բերումով եղած է պատմական Հայաստանի շատ շրջաններու մէջ` Սեբաստիոյ, Էրզրումի, Երզնկայի:
Շնորհք պատրիարքի օրօք մասնակցած է պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաներու մէջ ապրող հայերը Կ. Պոլիս բերելու գործին: Այդ ժամանակ ալ ծանօթացած է Հրանդ Տինքի հետ, իսկ արդէն 1996-ին Տինքի առաջարկով դարձած է «Ակօս» երկլեզու թերթի հայերէն բաժնի խմբագիրը:
Շատեր կը դիմէին Սարգիս Սերոբեանին իրենց Արեւմտեան Հայաստան ուղեկցելու համար. այդ գործը ան կ՛ընէր սիրով եւ անշահախնդիր: «Ակօս»-ի էջերուն մէջ ան մեծ տեղ կու տար հայրենաճանաչութեան գործին: Թերթի «Հայրենագիտութիւն-հայրենասիրութիւն» բաժնին մէջ անոր վերջին յօդուածներն էին «Տիգրանակերտն ու Մանանան», «Արծրունեաց Աղթամարը»: