2015-ի Յու­նո­ւա­րին Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը Ռե­ճեփ Էր­տո­ղան Ապ­րիլ 24-ը յայ­տա­րա­րեց Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի 100-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու օր եւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հրա­ւէր ու­ղար­կեց աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 100 եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին` ՀՀ նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին:

Ո­րո՞նք էին Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի մաս­նա­կից­նե­րը, ի՞նչ էր ա­նոր նպա­տա­կը, ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր ա­նի­կա: Mediamax-ի պար­զա­բա­նում խո­րագրի հեր­թա­կան հրա­պա­րա­կու­մը նուիրո­ւած է այս հար­ցե­րուն:

1. Ի՞նչ է Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տը:

Կա­լի­փո­լիի կամ Չա­նա­քա­լէի ճա­կա­տա­մար­տը Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Ան­տան­տի խմբա­ւոր­ման եր­կիր­նե­րու զի­նո­ւած ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն են, ո­րոնց նպա­տակն էր վե­րահս­կո­ղու­թիւն հաս­տա­տել Պոս­ֆո­րի եւ Տար­տա­նե­լի նե­ղուց­նե­րուն վրայ, գրա­ւել Կոս­տանդ­նու­պո­լի­սը (Ս­թամ­պուլ) եւ ստի­պել Թուր­քիոյ դուրս գալ պա­տե­րազ­մէն:

Այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նած էր Մեծ Բ­րի­տա­նիոյ ծո­վա­յին նա­խա­րար Ո­ւինս­թըն Չըր­չը­լը:

Թր­քա­կան կող­մի հրա­մա­նա­տարն էր Մուս­տա­ֆա Քե­մա­լը (Ա­թա­թուրք): Մար­տե­րը ըն­թա­ցած են 1915-1916 թո­ւա­կան­նե­րուն եւ ա­ւար­տած դաշ­նա­կից­նե­րու նա­հան­ջով: Այս ճա­կա­տա­մար­տին ձեռք բե­րած յաղ­թա­նա­կը թէեւ պա­տե­րազ­մի ել­քի վրայ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­ցաւ, սա­կայն նշա­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ ու յատ­կա­պէս ա­նոր դաշ­նա­կից Թուր­քիոյ հա­մար:

Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տը կը հա­մա­րո­ւի Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ա­մե­նաա­րիւ­նա­լի դրո­ւագ­նե­րէն մէ­կը:

2. Ե՞րբ եւ ինչ­պէ՞ս տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին այս ի­րա­դար­ձու­թեան նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը:

Տար­տա­նե­լի ճա­կա­տա­մար­տի յի­շո­ղու­թիւ­նը յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր կը հա­մա­րո­ւի Անգ­լիոյ, Աւստ­րա­լիո­յի եւ Նոր Զե­լան­տա­յի հա­մար (վեր­ջին եր­կու­քի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու ա­նո­ւա­նու­մը` ANZAC). ա­նոնց հա­մար յատ­կա­պէս ա­ռանց­քա­յին էր 1915-ի Ապ­րիլ 25-ը, երբ Կա­լի­փո­լի թե­րակղ­զիին վրայ սկսաւ ափ­հան­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին զո­հո­ւած անգ­լիա­ցի, աւստ­րա­լիա­ցի եւ նոր­զե­լան­տա­ցի զի­նուոր­նե­րուն թոռ­ներն ա­մէն տա­րի այդ օ­րը ա­րե­ւա­ծա­գին ANZAC-ի ծո­վա­խոր­շին կը մաս­նակ­ցին ի­րենց զո­հո­ւած պա­պե­րու յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան:

2015-ին Անգ­լիան, Աւստ­րա­լիան եւ Նոր Զե­լան­տան կրկին կը պատ­րաս­տո­ւին մեծ շու­քով նշե­լու այդ ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը:

Թուր­քիոյ մէջ Չա­նա­քա­լէ­յի ճա­կա­տա­մար­տի յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը սո­վո­րա­բար տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին Մա­րի 18-ին, երբ 1915-ին դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րու նա­ւա­տոր­մը Տար­տա­նե­լի նե­ղու­ցով անցնե­լու փորձ կա­տա­րեց, սա­կայն Օս­մա­նեան բա­նա­կի հրե­տա­նա­ւոր­նե­րը խո­չըն­դո­տե­ցին դաշ­նա­կից եր­կիր­նե­րու մուտ­քը Տար­տա­նե­լի նե­ղուց` ար­ձա­նագրե­լով պա­տե­րազ­մին ի­րենց ա­մե­նա­լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:

3. Ի՞նչ ար­ձա­գանգ գտաւ 2015-ին Թուր­քիոյ` Կա­լի­փո­լիի հա­րիւ­րա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը Ապ­րիլ 24-ին ի­րա­կա­նաց­նե­լու ո­րո­շու­մը:

Ան­գա­րա­յի այս ո­րո­շու­մը ոչ միան­շա­նակ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, թէ ներթր­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ:  Մինչ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պնդէ, որ Ապ­րիլ 24-ին Թուր­քիան ամ­բողջ աշ­խար­հին բա­րե­կա­մու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան ու­ղերձ պի­տի յղէ, շարք մը քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ հան­դէս ե­կան այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան քննա­դա­տու­թեամբ: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, The Independent թեր­թի մեր­ձա­ւո­րաե­ւե­լեան թղթա­կից Ռա­պըրթ Ֆիս­քը իր սիւ­նա­կին մէջ Թուր­քիոյ այս ո­րո­շու­մը Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը քօ­ղար­կե­լու ա­մօ­թա­լի փորձ ո­րա­կեց:

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ «­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան» նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Թուր­քիա-ԵՄ խորհր­դա­րա­նա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նախ­կին հա­մա­նա­խա­գահ հո­լան­տա­ցի Եոստ Լա­խեն­տայ­կը «­Զա­ման» թեր­թին մէջ տպագ­րո­ւած իր սիւ­նա­կին մէջ նոյն­պէս քննա­դա­տեց այս ո­րո­շու­մը` հա­մա­րե­լով, որ ա­նի­կա կը վար­կա­բե­կէ Թուր­քիոյ հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը:

Թուրք հե­ղի­նակ­նե­րը եւս քննա­դատօրէն կը մօ­տե­նան Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի յի­շա­տա­կին քա­ղա­քա­կան են­թա­տեքստ տա­լու փոր­ձե­րուն: Թր­քա­կան «­Միլ­լիէթ» պար­բե­րա­կա­նի սիւ­նա­կա­գիր Մուս­թա­ֆայ Եըլ­տը­րը­մը իր յօդուա­ծին մէջ Կա­լի­փո­լիի հա­րիւ­րա­մեա­կը նշե­լու հա­մար Ապ­րիլ 24-ի ընտ­րու­թիւ­նը կը հա­մա­րէ «ա­նա­մօ­թու­թիւն», որ կրնայ վի­րա­ւո­րել հայ ժո­ղո­վուր­դը: Նոյն պար­բե­րա­կա­նի սիւ­նա­կա­գիր Աս­լը Այ­տըն­թա­շօա­շըն իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը գրէ. «ինչ­պէս սգա­ցող տուն զան­գե­լով չեն ը­սեր` «այ­սօր խնջոյք ու­նինք, հրա­մե­ցէք», այն­պէս ալ Ապ­րիլ 24-ին Հա­յաս­տան նա­մակ ու­ղար­կե­լով չեն ը­սեր` «Հ­րա­մե­ցէ՛ք Չա­նա­քա­լէ»:

4. Ի՞նչ առն­չու­թիւն ու­նին հա­յե­րը Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տին հետ:

Կա­լի­փո­լիի մէջ թրքա­կան կող­մէն կռուող­նե­րու 8-9%-ը ե­ղած են ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնց շար­քին` հա­յեր: Ա­մէ­նէն յայտ­նին է Տար­տա­նե­լի ճա­կա­տա­մար­տի մաս­նա­կից, հրե­տա­նա­ւոր Սար­գիս Թո­րո­սեա­նի պատ­մու­թիւ­նը:

Սար­գիս Թո­րո­սեա­նի 2012-ին հրա­տա­րա­կո­ւած յու­շե­րը բուռն ար­ձա­գանգ գտան Թուր­քիոյ մէջ: Բա­նա­կի գլխա­ւոր սպա­յա­կու­տը հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, որ Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի ժա­մա­նակ Սար­գիս Թո­րո­սեան ա­նու­նով սպայ չէ ե­ղած: 2013-ին The Independent պար­բե­րա­կա­նի մէջ լոյս տե­սաւ «­Հայ սպան, ո­րուն Թուր­քիան կը նա­խընտ­րէ մոռ­նալ» յօ­դո­ւա­ծը, ուր հե­ղի­նա­կը կը պատ­մէր, որ թուրք պատ­մա­բան Թա­ներ Աք­չա­մը ԱՄՆ-ի մէջ գտած է Թո­րո­սեա­նի թոռ­նու­հին եւ զննած հայ սպա­յի ստա­ցած եր­կու մե­տալ­նե­րը, ո­րոնց­մէ մէ­կուն վրայ ե­ղած է ան­ձամբ Էն­վէր Փա­շա­յի բնօ­րի­նակ ստո­րագ­րու­թիւ­նը:

Սաս­նոյ Դիւ­ցազ­նու­հին՝ խմ­բա­պե­տու­հի Ռը­պէ - Մա­հո­ւան 100-ա­մեակ

Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն, Սաս­նոյ 7-ամ­սեայ հե­րո­սա­մար­տի ըն­թաց­քին ի­րենց կա­րե­ւոր բա­ժինն ու­նե­ցան կի­նե­րը: Ա­ռան­ձին խում­բե­րով ա­նոնք կը շրջէին դիր­քե­րը, կռո­ւող­նե­րը կը խրա­խու­սէին, ու­տե­լիք եւ ջուր կը հասց­նէին, յա­ճախ ալ կը մաս­նակ­ցէին նաեւ կռիւ­նե­րուն: Ա­նոնք հա­զար տե­սակ հնարք կը գոր­ծադ­րէին թշնա­մի­նե­րուն վնա­սե­լու հա­մար: Լեռ­նե­րու գա­գաթ­նե­րէն քա­րեր կը գլտո­րէին, եր­կա­թէ լծակ­նե­րով ժայ­ռեր տե­ղա­հան կ­՚ը­նէին: Կա­տար­նե­րէն գլո­րո­ւող այս քա­րե­րը, մին­չեւ ձոր հաս­նի­լը ի­րենց ճամ­բուն վրայ տե­ղա­հան կ­՚ը­նէին քա­րա­կոյ­տեր ու ժայ­ռեր: Լեռ­ներն ու ձո­րե­րը կը լեցուէին աղ­մու­կով ու թնդիւն­նե­րով, կար­ծես երկ­րա­շարժ տե­ղի կ­՚ու­նե­նար ու աշ­խար­հը փուլ կու գար ա­մէն կող­մէ: Այս մի­ջո­ցով թշնա­մին զո­հեր կու տար ու չէր կրնար հաս­նիլ մեր դիր­քե­րուն:

Կի­նե­րու այս խում­բը օգ­նու­թեան կը հաս­նէին նաեւ վի­րա­ւոր­նե­րուն: Ժո­ղովր­դա­կան դե­ղեր, մեծ մա­սամբ պատ­րաս­տո­ւած մեղ­րով, ա­նա­նու­խով եւ ա­ղով, կը բու­ժէին վի­րա­ւոր­նե­րու վէր­քե­րը: Իսկ դար­մա­նէն ա­ւե­լի, կի­նե­րու անձն­ւէր խնամքն ու քա­ջա­լե­րանքն էր, որ ուժ կու տար ա­նոնց: 

Կ­ռիւ­նե­րու ա­մե­նէն վտան­գա­ւոր վայր­կեան­նե­րուն, այս կի­նե­րը կը սկսէին եր­գել ու պա­րել: Եր­բեմն ա­նոնք յան­կարծ նշմա­րած կ­՚ըլ­լա­յին հե­ռո­ւէն ե­րեւ­ցող հայ կա­մա­ւո­րա­կան խում­բե­րը եւ ռուս զօր­քը: Դի­տում­նա­ւոր կեր­պով տա­րա­ձայն­ւած այս լու­րե­րը ուժ կու տա­յին կռո­ւող­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք քիչ մը եւս տո­կան հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր զօր­քե­րու եւ քիւրտ ա­շի­րէթ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րուն:
Այս կի­նե­րուն մէջ նշա­նա­ւոր էր Ռը­պէն: Մի­ջին տա­րի­քը անց­նող այս հե­րո­սու­հին, իշ­խա­նա­կան ըն­տա­նի­քէ ծա­նօթ Գր­դէի Վար­դա­նին տու­նէն էր: Գր­դէն շա­ռա­ւիղն էր նշա­նա­ւոր Մո­սո­յի տան: Մո­սոն Սաս­նոյ յայտ­նի քաջ իշ­խան­նե­րէն ե­ղած էր: Դաշ­նակ­ցու­թեան ծնուն­դէն ա­ռաջ բազ­մա­թիւ կռիւ­ներ ու­նե­ցած էր քիւր­տե­րու հետ եւ նա­հա­տա­կո­ւած:

Մո­սո­յէն ետք Գր­դէն պա­հած էր այդ նշա­նա­ւոր տան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը: Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն հա­մար իս­կա­կան օ­ճախ մը ե­ղած էր այդ տու­նը: Տա­մա­տեա­նէն մին­չեւ Հ­րայր, Գէորգ Չա­ւուշ եւ Ռու­բէն, ա­պաս­տան գտած էին այդ յար­կին տակ:

Ռը­պէն ա­հա­ւա­սիկ փոքր հա­սա­կէն այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ մեծ­ցած էր, ե­կող ու գա­ցող յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու շուն­չովն էր թրծո­ւած:

Ա­մուս­նա­ցած էր, զա­ւակ­նե­րու տէր, սա­կայն հա­կա­ռակ իր մի­ջին տա­րի­քին, պա­հած էր ուժն ու կո­րո­վը: Ռը­պէն Ան­տո­քի շրջա­նը կը գտնո­ւէր, կա­նանց իր խում­բով Ռու­բէ­նի կող­քին էր միշտ, սա­կայն եր­բեմն փա­խուստ կու տար ու կը հաս­նէր միւս շրջան­ներ, կը հաս­նէր մին­չեւ Տալ­տար ու կը հաս­նէր միւս շրջան­ներ, կը հաս­նէր մին­չեւ Տալ­ւո­րիկ, կը խրա­խու­սէր կռո­ւող­նե­րը, միւս շրջան­նե­րուն մէջ ալ կի­նե­րու խում­բեր կը կազ­մա­կեր­պէր ու կը վե­րա­դառ­նար Ան­տոք:

Ռը­պէն յոգ­նիլ չէր գի­տեր: Բազ­մա­թիւ ժա­մեր տե­ւող այդ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րէն ետք ա­նի­կա դար­ձեալ ու­ժեղ էր, կո­րո­վի ու ժպի­տը դէմ­քին ան­պա­կաս: Ինչ­պէս կռիւ­նե­րու, նոյն­պէս եւ պա­րի ու եր­գի մէջ ա­նի­կա նմա­նը չու­նէր: Իր եր­կար, սէլ­վիի հա­սա­կը օ­րօ­րե­լէն պա­րի մէջ ու­ժաս­պառ կ­՚ը­նէր նոյ­նիսկ ա­մե­նէն ու­ժեղ տղա­մար­դի­կը: Այս անն­ման հե­րո­սու­հին նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ Ան­տո­քի փե­շե­րուն, թնդա­նօ­թա­յին ռմբա­կո­ծու­թեան մը ըն­թաց­քին ու բախ­տը ու­նե­ցաւ չտես­նե­լու Սաս­նոյ ան­կու­մը:

Կ­ռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նի դար­ձան նաեւ Շու­շա­նը ու Կու­լէն: Եր­կուքն ալ Տալ­ւո­րի­կի իշ­խա­նա­կան տու­նե­րէ: Այս եր­կու քաջ կի­նե­րը ի­րենց խում­բե­րով բախ­տո­րոշ դեր մը ու­նե­ցան մեր շրջա­նի կռիւ­նե­րուն մէջ: Ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը, ցու­ցադ­րած կո­րովն ու քա­ջու­թիւ­նը պատ­ճառ կ­՚ըլ­լա­յին հրահ­րե­լու կռո­ւող­նե­րու ե­ռան­դը: Ափ­սոս որ Շու­շա­նը եւ Կու­լէն եւս ի­րենց հա­րիւ­րա­ւոր քոյ­րե­րուն հետ ին­կան Սաս­նոյ ան­հա­ւա­սար կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին:

Ռու­բէն «­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կա­նի մը յի­շա­տակ­նե­րը»

Պատ­րաս­տեց Ան­ժե­լա Կժդ­րեա­նը