Հե­տաքրք­րա­կան է հե­տե­ւիլ Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի գլխա­ւոր խորհր­դա­կան Է­թիէն Մահ­ճու­պեա­նի կա­տա­րած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, վեր­ջերս Եւ­րո­պա­յի մէջ կա­տա­րո­ւած գի­տա­ժո­ղով­նե­րու ըն­ թաց­քին:

Ա­ռա­ջին հեր­թին, յոյժ յի­շա­տա­կե­լի է ա­նոր գոր­ծա­ծած «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ցատ­րու­թիւ­նը: Ան ա­մե­նայն պարզ եւ յստակ բա­ցատ­րու­թեամբ կը նշէ թէ, պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մէկ­դի դնե­լով եւ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րին ի­րա­ւա­կան սահ­մա­նու­մը նկա­տի ու­նե­նա­լով, 1915-ի պա­տա­հա­ծը այդ մէկն էր, հե­տե­ւա­բար այ­սո­ւա­մե­նայ­նիւ զայն կա­րե­լի է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հա­մա­րել:

Թէ՛ Բ­րի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած կլոր սե­ղա­նի մը ըն­թաց­քին, եւ թէ՛ Պել­ճի­քա­յի Կենթ քա­ղա­քին մէջ «­Նոր Թուր­քիա» խո­րա­գի­րը կրող գի­տա­ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին, Մահ­ճու­պեան շեշ­տեց թէ ինք հայ է, սա­կայն ա­ւե­լի օս­ման­ցի կը զգայ, ա­ւելց­նե­լով թէ ազ­գայ­նա­կան մօ­տե­ցու­մով չէ որ կը կա­տա­րէ այս հաս­տա­տու­մը:

Հա­ւա­նա­բար, Մահ­ճու­պեա­նի այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նէ վե­րո­յի­շեալ գոր­ծա­ծո­ւած «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ցատ­րու­թեան վրայ եւ նոյ­նիսկ զայն կը գե­րակշ­ռէ:

Պար­զա­պէս հե­տե­ւե­լով, վեր­ջին ա­միս­նե­րու կա­տա­րո­ւած հաս­տա­տում­նե­րուն եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն,Ան­գա­րա­յի կող­մէ քա­րոզ­չա­կան հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք մը սկսած է գոր­ծել ուր «բո­լորս ալ օս­ման­ցի ենք» լո­զուն­քով, կը փոր­ձեն պղտո­րել եւ խառ­նաշ­փոթ վի­ճակ ստեղ­ծել: Ա­մե­նէն ա­ւե­լի երկ­րոր­դա­կան պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րէն, մին­չեւ ար­տա­քին գոր­ծոց Նա­խա­րար, վար­չա­պետ եւ նա­խա­գահ «բո­լորս ալ օս­ման­ցի ենք» վար­կա­ծով, կը փոր­ձեն ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մը կա­տա­րել, ե­րե­ւոյթ մը որ եր­բեք կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել Նոր Աշ­խար­հի հա­լո­ցին՝ melting pot-ին հետ:

Նաեւ կա­րե­լի չէ եր­բե՛ք բաղ­դա­տել Է­թիէն Մահ­ճու­պեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, տաս­նեակ տա­րի­ներ ա­ռաջ հան­րահռ­չակ ֆրան­սա­հայ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հան­րա­ծա­նօթ՝ «Ես հա­րիւր առ հա­րիւր հայ եմ, եւ հա­րիւր առ հա­րիւր ֆրան­սա­ցի» հաս­տա­տու­մին, որ շատ ա­ւե­լի զգա­ցա­կան բնոյթ ու­նէր եւ «Ա­նոնք Ին­կան»ը ներ­կա­յաց­նե­լու մէկ այլ մօ­տե­ցում մըն էր:

Դեռ ա­ւե­լին, Էր­տո­ղա­նի, Տա­ւու­թող­լո­ւի, Չա­ւու­շող­լո­ւի եւ Մահ­ճու­պեա­նի այս մօ­տե­ցու­մը «պղտոր ջու­րի մէջ որ­սա­լու» նեն­գա­միտ ոճ մըն է, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կը հա­րո­ւա­ծէ ո՛չ թէ միայն­հա­յը, այլ յատ­կա­պէս հայ զգա­ցող Ս­փիւռ­քա­հա­յը:

Ան­գամ մը եւս յստա­կօ­րէն պէտք է զա­նա­զա­նել եւ յա­ւե­լեալ ման­րա­մաս­նու­թիւ­նով եզ­րա­կաց­նել որ, Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տի գլխա­ւոր խորհր­դա­կանն է, որ կը հաս­տա­տէ թէ ինք օս­ման­ցի կը զգայ:

Իսկ ծա­գու­մով հայ մը, որ Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տին գլխա­ւոր խորհր­դա­կանն (այս պա­րա­գա­յին, ծա­գու­մով հայ ըլ­լա­լը՝ երկ­րոր­դա­կան) է կը գոր­ծա­ծէ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը: Ե­րե­ւոյթ մը, կամ ազ­դան­շա­նի նշոյլ մը… շատ հե­ռու ճա­նա­չու­մէն, ար­դա­րու­թե­նէն, պա­հաս­ջա­տի­րու­թե­նէն եւ հա­տու­ցու­մէն, մա­նա­ւանդ երբ նկա­տի ու­նե­նանք թէ, թուրք բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վար­ներ շա­րու­նակ կ­՛այ­ցե­լեն Ո­ւա­շինկ­թըն` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի նպաստ բա­նա­ձե­ւեր քո­ւէար­կու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լէ տար­հա­մո­զե­լու հա­մար:

«­Հայ­րե­նիք»