­Ան­ցեալ ա­միս ես տե­ղե­կա­ցու­ցած էի, որ Կ­լեն­տէյ­լի մէջ գտնո­ւող «Ա­մե­րի­քա­նա» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նը ե­րեք հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ար­գի­լած էր վա­ճա­ռել ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ շա­պիկ­ներ ի­րենց վար­ձա­կա­լած սե­ղան­ նե­րէն:

Յօ­դո­ւածս հա­մա­ցան­ցին մէջ տե­ղադ­րո­ւե­լէն եւ ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նին դէմ բո­ղո­քի մեծ ա­լիք յա­ռա­ջաց­նե­լէն կարճ ժա­մա­նակ անց, «Ա­մե­րի­քա­նա»-ի տնօ­րի­նու­թիւ­նը իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ հան­դէս ե­կաւ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ. «­Մենք կը ցան­կա­նա­յինք նե­րո­ղու­թիւն խնդրել մեր վա­ճա­ռա­սե­ղա­նը վար­ձա­կա­լող Թի­նա Չուլ­ճեա­նէն, Ա­լեքս Քո­տա­կո­լեա­նէն եւ Ար­մին Հա­րի­րէն` ա­նոնց կող­մէ վա­ճա­ռո­ւող ապ­րանք­նե­րուն հետ կա­պո­ւած թիւ­րի­մա­ցու­թեան հա­մար: Ա­ւե­լի քան ող­ջու­նե­լի է վար­ձա­կալ­նե­րուն կող­մէ խնդրոյ ա­ռար­կայ հան­դի­սա­ցող ի­րենց ապ­րանք­նե­րուն ցու­ցադ­րու­մը վա­ճա­ռա­սե­ղան­նե­րուն վրայ»:

Թէեւ «Ա­մե­րի­քա­նա»-ի նե­րո­ղու­թիւ­նը ող­ջու­նե­լի էր, սա­կայն հապ­ճեպ տե­ղադ­րո­ւած գրա­ռու­մը կը խե­ղա­թիւ­րէր ա­նոր ա­նօ­րի­նա­կան ո­րո­շու­մը` զայն ա­նո­ւա­նե­լով «թիւ­րի­մա­ցու­թիւն»: Տա­րօ­րի­նակ է, որ ա­ռեւտ­րա­կան կենտ­րո­նը նե­ղու­թիւն չէր քա­շած վար­ձա­կալ­նե­րուն տե­ղե­կաց­նե­լու, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­գուս­տի վա­ճառ­քի ար­գել­քը հա­նո­ւած է:

Մեր­ժե­լով այս կի­սատ-պռատ նե­րո­ղու­թիւ­նը, քա­նի մը հա­րիւր զայ­րա­ցած հա­յեր բո­ղո­քի ցոյց կազ­մա­կեր­պե­ցին «Ա­մե­րի­քա­նա»-ին առ­ջեւ` ե­րեք հայ վար­ձա­կալ­նե­րու հան­դէպ ա­նոր ա­նըն­դու­նե­լի ա­րար­քին հա­մար: «Կ­լեն­տէյլ նիւզ փրես»-ը լու­սա­բա­նեց բո­ղո­քի ցոյ­ցը եւ տա­րա­ձայ­նու­թիւ­նը ե­րեք յօ­դո­ւած­նե­րու շար­քով, ո­րոնք յա­ջոր­դե­ցին այս թե­մա­յով իմ սկզբնա­կան յօ­դո­ւա­ծին:

Ապ­շե­ցու­ցիչ է, որ Կ­լեն­տէյ­լի խո­շո­րա­գոյն ըն­կե­րու­թիւ­նը կրնայ այս­պէս ան­հո­գօ­րէն վարո­ւիլ իր մեծ թի­ւով հայ յա­ճա­խորդ­նե­րուն` քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան գրե­թէ կէ­սին հետ, ուր քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի հինգ ան­դամ­նե­րէն եր­կու­քը, ո­րոնց մէջ քա­ղա­քա­պետ Զա­րեհ Սի­նա­նեա­նը, հայ են: Բա­ցի այդ, քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը «Ա­մե­րի­քա­նա»-ի սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րուն շռայլ դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րած էին Կ­լեն­տէյ­լի մէջ ի­րենց գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար:

Քա­ղա­քա­պետ Սի­նա­նեա­նը շատ կոշտ ար­տա­յայ­տո­ւած էր «Ա­մե­րի­քա­նա»-ի ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Ան ը­սաւ «­Նիւզ փրես»-ին, որ յու­սա­խաբ էր «Ա­մե­րի­քա­նա»-ի տնօ­րի­նու­թեան «ան­միտ հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն», եւ որ ա­ռեւտ­րա­յին կեդ­րո­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հայ­կա­կան հա­մայն­քին հետ «փչա­ցած էին»: Քա­ղա­քա­պե­տը նաեւ զար­մանք ար­տա­յայ­տեց, որ «Ա­մե­րի­քա­նա»-ն կր­նար «այդ­քան անզ­գայ» ըլ­լալ իր յա­ճա­խորդ­նե­րուն մեծ մա­սին հան­դէպ, ո­րոնք հա­յեր են:

Մարտ 13-ին, ե­րեք վա­ճա­ռող­նե­րը` Չուլ­ջեա­նը, Հա­րի­րին (բաշ­խող «Ար-մին») եւ Քո­տա­կո­լեա­նը, ի­րենց ըն­կե­րու­թեան` «­Փեն­թա­կոն ռի­քորտս»-ի ա­նու­նէն հայց ներ­կա­յա­ցու­ցին Լոս Ան­ճե­լը­սի Գե­րա­գոյն դա­տա­րան` «Ա­մե­րի­քա­նա»-ի, «­Քա­րու­զօ հոլ­տինկս»-ի եւ քա­նի մը այլ ա­նա­նուն ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րու դէմ` զա­նոնք մե­ղադ­րե­լով հինգ տար­բեր խախ­տում­նե­րու մէջ.

1. Հա­մա­ձայն ԱՄՆ օ­րէնք­նե­րու ժո­ղո­վա­ծո­ւի (42, բա­ժին 1983) սահ­մա­նադ­րա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն` ԱՄՆ Սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին բա­րե­փո­խու­թեամբ պաշտ­պա­նո­ւող խօս­քի ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քի խախ­տում.

2. Հա­մա­ձայն ԱՄՆ օ­րէնք­նե­րու ժո­ղո­վա­ծո­ւի (42, բա­ժին 1985(3)) սահ­մա­նադ­րա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն` խտրա­կան դա­ւադ­րու­թեամբ զբա­ղիլ`  հայ­ցո­ւոր­նե­րուն օ­րէն­քի հա­ւա­սար պաշտ­պա­նու­թե­նէն զրկե­լու նպա­տա­կով.

3. Ան­րո­ւի ա­նո­ւամբ կո­չո­ւող քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու օ­րէն­քի Քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնս­գիր­քի 51-52-րդ բա­ժին­նե­րու խախ­տում` հայ­ցո­ւոր­նե­րու ամ­բող­ջա­կան եւ հա­ւա­սար հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րու, ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մեր­ժում ի­րենց հայ­կա­կան ծագ­ման պատ­ճա­ռով, եւ ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րու խտրա­կան, կա­մա­յա­կան եւ ան­խո­հեմ վար­քի դրսե­ւո­րում ա­ռանց ո­րե­ւէ օ­րի­նա­կան գոր­ծա­րա­րա­կան շա­հի.

4. Կա­լի­ֆոր­նիոյ գոր­ծա­րա­րու­թեան եւ մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու օ­րէնս­գիր­քի  բա­ժին 17200-ի խախ­տում` ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րը հայ­ցո­ւոր­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած են ա­նար­դա­րա­ցիօ­րէն խտրա­կան վե­րա­բեր­մունք եւ զբա­ղած են հա­կաօ­րի­նա­կան գոր­ծա­րա­րու­թեամբ.

5. Պայ­մա­նագ­րի խախ­տում` «Ա­մե­րի­քա­նա»-ն խախ­տած է հա­մա­ձայ­նա­գի­րը` թոյլ չտա­լով ե­րեք ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րուն վա­ճա­ռել Shop1915.com կայ­քին առն­չո­ւող ապ­րանք­նե­րը, նե­րառեալ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ապ­րանք­ներ:

Հայ վա­ճա­ռող­նե­րը խնդրե­ցին, որ­պէս­զի դա­տա­րա­նը ընդ­հա­նուր, պատ­ժիչ եւ ե­ռա­կի վնա­սի փոխ­հա­տու­ցում նշա­նա­կէ «Ա­մե­րի­քա­նա»-ին վրայ: Հայ­ցո­ւոր­նե­րուն փաս­տա­բան Ռի­չըրտ Ֆոս­թը­րը յայ­տա­րա­րեց, որ ինք դա­տա­կան հայց ներ­կա­յա­ցու­ցած էր «ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րու խայ­տա­ռակ վար­քա­գի­ծին պատ­ճա­ռով… որ նող­կա­լի եւ ան­յար­գա­լից է ոչ միայն իմ յա­ճա­խորդ­նե­րուն, այ­լեւ հայ­կա­կան հա­մայն­քին հա­մար, յատ­կա­պէս Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կէն ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ»: Ֆոս­թըր ա­ւել­ցուց, որ «ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րը պե­տա­կան զգա­լի օ­ժան­դա­կու­թեան շա­հա­ռու­ներ են, եւ որ­պէս այդ­պի­սին, պէտք է ձեռն­պահ մնան նման խտրա­կան վար­քա­գի­ծէ»:

Միայն հայ վար­ձա­կալ­նե­րուն կող­մէ  դա­տա­կան հայց ներ­կա­յաց­նե­լէն ետք է, որ «Ա­մե­րի­քա­նա»-ն­ ա­նոնց նա­մակ յղած է` տե­ղե­կաց­նե­լով, որ այժմ ա­նոնց «կը թոյ­լատ­րո­ւի ցու­ցադ­րել եւ վա­ճա­ռել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ապ­րանք­նե­րը»:

Հայ հա­մայն­քը եւ Կ­լեն­տէյ­լի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը, ո­րոնք մտա­հո­գո­ւած են քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ, պէտք է «Ա­մեր­քա­նա»-ի սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րուն հասկց­նեն, որ ի­րենք չեն հան­դուր­ժեր նման ա­նօ­րի­նա­կան եւ խտրա­կան վե­րա­բեր­մունք ըն­կե­րու­թեան մը կող­մէ, որ հան­րա­յին մի­ջոց­նե­րու շա­հա­ռու է եւ վա­ճառ­քի հա­սոյ­թին մեծ մա­սը կը ստա­նայ հայ յա­ճա­խորդ­նե­րէն:

Ե­թէ «Ա­մե­րի­քա­նա»-ն հ­րա­ժա­րի ուղ­ղել իր կե­ցո­ւած­քը եւ չկա­րե­նայ վստա­հեց­նել հա­մայն­քի ղե­կա­վար­նե­րուն, որ այ­լեւս նման սխալ վե­րա­բեր­մունք պի­տի չու­նե­նայ, ա­պա Կ­լեն­տէյ­լի բնա­կիչ­նե­րը պէտք է պոյ­քո­թեն ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նը, շա­րու­նա­կեն ի­րենց բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը եւ կոչ ը­նեն քա­ղա­քա­յին խորհր­դին ձեռ­նար­կե­լու վճռա­կան քայ­լեր, ո­րոնց շար­քին` վերց­նել նա­խա­պէս յատ­կացուած ֆի­նան­սա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը:

Յա­րութ Սա­սու­նեան
«­Քա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր»