Յան­կարծ նոր ճեղ­քեր եր­ևան կու գան Թուր­քիոյ ներ­քին քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տին մէջ և Նախ. Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գը կը յայտ­նո­ւի նո­րա­նոր հար­ցա­կան­նե­րու առջև։ Պիւ­լէնթ Ա­րընճ, որ Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր հայ­րե­ րէն մէկն է և ներ­կա­յիս կ­՚ըզ­բա­ղեց­նէ Փոխ-­Վար­չա­պե­տի կար­ևոր դիր­քը Ահ­մէտ Տա­ւու­թող­լո­ւի կող­քին, հրա­պա­րա­կաւ հար­ցա­կա­նի տակ կ­՚առ­նէ Նախ. Էր­տո­ղա­նի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս…Իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար կազ­մէն ներս ծա­ւա­լող այս վէ­ճը ինք­նա­բե­րա­բար խնդրոյ ա­ռար­կայ կը դարձ­նէ Էր­տո­ղա­նի ու­ժա­յին խա­րիս­խը երկ­րին մէջ և­ ի յայտ կը բե­րէ Թուր­քիոյ իշ­խա­նա­կան հա­մա­կար­գի ներ­քին ան­կա­յու­նու­թիւն­նե­րը։ Պէտք է հարց տալ, թէ որ­քա՞ն ճա­կա­տագ­րա­կան են այս խմո­րում­նե­րը վար­չա­կար­գի ա­պա­գա­յին հա­մար։

Շար­ժա­ռի՛­թը այս վէ­ճին՝ թուրք-քրտա­կան վեր­ջին մեր­ձեց­ման հետ կապո­ւած բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թացն է, որ կը թո­ւէր նոր էջ մը բա­ցած ըլ­լալ թուրքև­քիւրտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ։ Եւ սա­կայն կը թո­ւի, թէ ճեղ­քը շատ ա­ւե­լի խորն է այս պա­րա­գա­յին։ Էր­տո­ղան-Ա­րընճ առ­ճա­կատ­ման ե­տին Էր­տո­ղան-­Կիւ­լէն եր­կու հա­կա­ռա­կորդ բևեռ­նե­րու բուռն բա­խումն է Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին։

Յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 7-ին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րը իս­կա­կան ռազ­մա­դաշտ մը կո­չո­ւած են ըլ­լա­լու Թուր­քիոյ եր­կու իս­լա­միստ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն միջև։ Էր­տո­ղան իր ճա­կա­տա­գի­րը կա­պած է Ազ­գա­յին Մեծ Ժո­ղո­վի ա­պա­գայ կազ­մին։ Ինք պէտք ու­նի տի­րա­պե­տող մե­ծա­մաս­նու­թիւն մը գո­յաց­նե­լու յա­ջորդ խորհր­դա­րա­նին մէջ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նել (խու­սա­փե­լով հան­րա­քո­ւէի անհ­րա­ժեշ­տու­թե­նէն) և­ ա­ւե­լի ևս­ ամ­րապն­դել իր մե­նա­տի­րա­կան ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը երկ­րի պե­տա­կան հա­մա­կար­գէն ներս։ Իսկ Ա­րընճ, հա­կա­ռակ իր հրա­պա­րա­կա­յին հա­ւաս­տիք­նե­րուն կու­սակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու, այժմ կը նկա­տո­ւի ան­թա­քոյց հա­մա­կիր մը Կիւ­լէ­նի շարժ­ման և հետ­ևա­բար՝ իս­կա­կան վտա՛նգ մը Էր­տո­ղա­նի բեր­դէն ներս։ Հար­ցը այն է սա­կայն, որ Ա­րընճ միա­ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան բե­մի պահ­պա­նո­ղա­կան թևին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող գոր­ծիչ­նե­րէն մէկն է Էր­տո­ղա­նի կու­սակ­ցու­թեան հա­մար։ Քա­ղա­քա­կան այս եր­կընտ­րան­քի լոյ­սին տակ դժուար է գու­շա­կել, թէ ի վեր­ջոյ ի՞նչ բա­նի կը յան­գի Էր­տո­ղան-Ա­րընճ “ի­րա­ւա­սու­թեան” վէ­ճը և թէ ինչ­պի­սի՞ նոր դա­շինք­ներ կրնան ծնիլ այս ներ­քին ընդ­հա­րում­նե­րէն։

Ըստ Արևմ­տեան դի­տող­նե­րու, Էր­տո­ղա­նի դիր­քե­րը իր կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս ա­ռայժմ ա­մուր են և­ իր յե­նա­րան­նե­րը՝ վստա­հե­լի՛. և­ այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ՝ միշտ են­թա­կա՛յ Կիւ­լէ­նի շարժ­ման ա­նակն­կալ գրոհ­նե­րուն։ Էր­տո­ղա­նի ակն­կա­լած եր­կու եր­րոր­դի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նին մէջ նաև կա­խեալ է այն բա­նէն, թէ ինչ­պի­սի՞ յա­ռաջ­խա­ղացք կ­՚ար­ձա­նագ­րէ քրտա­կան Հաշ­տու­թիւն և Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն Կու­սակ­ցու­թիւ­նը (­Տէ­միր­թա­շի գլխա­ւո­րու­թեամբ) Յու­նի­սի 7ին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ե­թէ վեր­ջինս կա­րո­ղա­նայ ճեղ­քել 10%-ի պայ­մա­նա­կան սահ­մա­նը և մտ­նել խորհըր­դա­րան, Էր­տո­ղան հա­ւա­նա­բար ձա­խո­ղի իր ա­ռա­ջադ­րու­թեան մէջ և ս­տիպուի բա­նակ­ցիլ Տե­միր­թա­շի քրտա­կան խմբակ­ցու­թեան հետ։ Բայց հարց պէտք է տալ, թէ այս կնճռոտ մրցակ­ցու­թեան մէջ, ու՞ր կը գտնո­ւի Արև­մուտ­քի գրա­ւը… Արև­մուտ­քի շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն, Էր­տո­ղան ցան­կա­լի գոր­ծա­կի՞ց մըն է, թէ ան­ցան­կա­լի հա­կա­ռա­կորդ մը։

Յա­մե­նայն դէպս պարզ է, որ եր­կու իս­լա­միստ ու­ժե­րու հա­կա­մար­տու­թիւ­նը երկ­րի ներ­քին ճա­կա­տին վրայ լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը բա­նայ իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան հա­մար և քա­ղա­քա­կան հո­ղի վրայ “պար­տա­դիր” կը դարձ­նէ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի և Սու­րիոյ մէջ ամ­րա­ցած և Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թիւն ա­նո­ւան տակ գոր­ծող ծայ­րա­յե­ղա­կան շարժ­ման։ Մա­տա­կա­րա­րել այդ շար­ժու­մը և տէ՛ր կանգ­նիլ ա­նոր՝ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով յղի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մըն է Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գին հա­մար։ Շ­նոր­հիւ այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ Էր­տո­ղան կը դառ­նայ թրքա­կան իս­լա­միզ­մի ան­վի­ճե­լի ա­ռաջ­նոր­դը ընդ­դէմ Կիւ­լէ­նի։ Բայց նաև ան կ­՚ու­նե­նայ հզօր խա­ղա­քար­տեր տա­րա­ծաշր­ջա­նի սա­կար­կու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին վրայ տի­րա­կա­նօ­րէն ազ­դե­լու Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի և Հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ ճա­կա­տա­գի­րը ճշտող ա­պա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան հա­կակշ­ռին տակ գտնո­ւող հա­րուստ հան­քա­հո­րե­րը ա­ռա­ւել ևս շա­հե­կան կը դարձ­նեն վե­րո­յի­շեալ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ Եւ վեր­ջա­պէս Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան վրայ իր բա­ցա­ռիկ ազ­դե­ցու­թեամբ, Էր­տո­ղան կը յու­սայ դառ­նալ ան­փո­խա­րի­նե­լի բնա­կան դաշ­նա­կից մը Արև­մուտ­քի հա­մար հա­կակշ­ռե­լով Ի­րա­նի ա­ճող ու­ժը Ի­րա­քի, Սու­րիոյ և Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի մէջ։

Ան­կախ այն բա­նէն, թէ ի՞նչ է Արև­մուտ­քի վե­րա­բեր­մուն­քը իր վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հան­դէպ, Էր­տո­ղան հա­մո­զո­ւած է, որ ինք իր ձեռ­քին մէջ գտնո­ւող լծակ­նե­րով ի վի­ճա­կի է ինք­զինք - և իր ծա­ւա­լա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ՛­նը - պար­տադ­րե­լու Արև­մուտ­քին։ ԱՄ­Նի նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը Ի­րա­նի հետ իր կա­պե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու և Սու­րիոյ հետ երկ­խօ­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նե­լու՝ ինք­նա­բե­րա­բար կը հա­կա­սեն Էր­տո­ղա­նի յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն։ Լու­ծա­րել Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը յե­նո­ւե­լով Ի­րա­նի, Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի, Ի­րա­քեան շիի ու­ժե­րուն և Սու­րիոյ վրայ կեն­սա­կան խնդիր մըն է Արև­մուտ­քի հա­մար և­ ու­ղիղ հա­րո­ւա՛ծ մը՝ Էր­տո­ղա­նի ու­ժին։ Իտ­լի­պի գրա­ւու­մը ե­րէկ Ալ-­Նուս­րա­յի ծայ­րա­յե­ղա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ, որ կա­րե­լի դար­ձաւ Թուր­քիոյ օ­ժան­դա­կու­թեամբ, Էր­տո­ղա­նի ա­նուղ­ղա­կի հա­կա­հա­րո­ւածն էր ուղ­ղո­ւած ԱՄՆի այս նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Բարդ է տա­րա­ծաշր­ջա­նի ու­ժա­յին ա­ղիւ­սա­կը։ Բարդ են տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու գո­յատ­ևու­մի խնդիր­նե­րը։ Բարդ են մա­նա­ւանդ գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու շա­հե­րը այս պատ­կե­րին մէջ։ Հա­կա­ռակ մղո­ւող այս խուլ պայ­քա­րին, Էր­տո­ղան կը շա­րու­նա­կէ մնալ Արև­մուտ­քի “սի­րե­լի”ն և կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել իր յու­սա­լիու­թիւ­նը Իս­րա­յէ­լի աչ­քին։ Արև­մուտք և Իս­րա­յէլ մեծ համ­բե­րու­թեամբ կը վե­րա­բե­րո­ւին Էր­տո­ղա­նի հետ վեր­ջի­նիս մէջ այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ տես­նե­լով ու­ժեղ, ձեռն­հաս և­ ազ­դե­ցիկ ղե­կա­վար մը, զոր պէտք է սի­րա­շա­հիլ և­ ո­րուն հետ պէտք է գտնել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եզ­րեր։ Հետ­ևա­բար կը թո­ւի, թէ Էր­տո­ղան պի­տի շա­րու­նա­կէ վա­յե­լել կար­ևոր ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­ներ Արև­մուտ­քի մէջ, նոյ­նիսկ ե­թէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զգա­լի բա­րե­լա­ւում ար­ձա­նագ­րո­ւի Արև­մուտ­քի և Ի­րա­նի միջև ներ­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն որ­պէս ար­դիւնք։

Այս բո­լո­րով հան­դերձ, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն Էր­տո­ղան պէտք ու­նի քրտա­կան և փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու քուէին, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նայ ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ դուրս գալ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն։ Ապ­տուլ­լահ Օ­ճա­լա­նի հետ իր իշ­խա­նու­թեան երկ­խօ­սու­թիւ­նը այս գործ­նա­կան հա­շո­ւար­կին կեն­դա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւնն է։ Եւ ան­շուշտ ա­սի­կա թան­կա­գին պա­տե­հու­թիւն մըն է քիւր­տե­րուն հա­մար քա­ղա­քա­կան նոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ձեռք ան­ցը­նե­լու և Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս ա­ւե­լի ևս­ ամ­րա­նա­լու։ Ի՞նչ ուղ­ղու­թիւն կը ստա­նայ ի վեր­ջոյ Էր­տո­ղա­նի կա­պը Տե­միր­թա­շի կու­սակ­ցու­թեան հետ մինչև Յու­նիս 7 ո­րո­շիչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Էր­տո­ղա­նի ա­պա­գա­յին հա­մար։ Յատ­կան­շա­կան է նաև այն պա­րա­գան, որ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կազ­մի քա­ջա­լե­րու­թեամբ Թուր­քիոյ մէջ սկսած է ձևա­ւո­րո­ւիլ քրտա­կան իս­լա­միզ­մի նոր խա­ւը։ Հին Հա­մի­տեան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան դա­սերն են ա­սոնք։ Էր­տո­ղան կը փոր­ձէ իս­լա­մա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով ու­ժի խա­րիսխ հաս­տա­տել նաև քրտա­կան ներ­քին դաշ­տէն ներս։ Պա­տա­հա­կան չէ, որ Էր­տո­ղա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­նա­լի դրոյթ­նե­րէն մէ­կը “նոր-օս­մա­նա­կա­նու­թեան” գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւնն է, զոր ինք և­ իր գոր­ծա­կից­նե­րը տևա­բար կը շե­փո­րեն։ Ինչ­պէս ան­ցեա­լին, Թուր­քիա այ­սօր ևս կ­՚ա­պա­ւի­նի հա­միս­լա­մա­կա­նու­թեան և փան­թուր­քիզ­մի իր զոյգ զէն­քե­րուն թէ՛ ներ­քին և թէ՛ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ իր տի­րա­պե­տու­թիւ­նը յա­ջո­ղա­պէս տա­րա­ծե­լու մտաս­ևե­ռու­մով։ Եւ այս մէ­կը կրնա՛յ ի վեր­ջոյ հա­մընկ­նիլ ԱՄ­Նի և Եւ­րո­պա­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կայ ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­նե­րուն տա­րա­ծաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու գե­րա­մե­ծար մեկ­նա­կէ­տով։

Կիւ­լէ­նեան շարժ­ման մար­տահ­րա­ւէ­րը յա­ջո­ղա­պէս դի­մագ­րա­ւե­լով և քր­տա­կան շարժ­ման հետ “փոխ-շա­հա­ւէտ” յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լով Էր­տո­ղան կրնայ ի վեր­ջոյ ներ­կա­յա­նալ աշ­խար­հա­կար­գի ու­ժե­րուն նոր և­ ա­ւե­լի հզօր ար­ժե­թուղ­թե­րով։ Էր­տո­ղան կը յա­ջո­ղի՞ հաս­նիլ այդ հա­ւա­սարկշ­ռու­թեան յաղ­թա­հա­րե­լով մեծ խո­չըն­դոտ­ներ և միա­ժա­մա­նակ վե­րա­կանգ­նե­լով զի­նեալ ու­ժե­րու կա­ռոյ­ցին հետ իր հին դա­շին­քը…Ե­թէ յա­ջո­ղի, ան­հա­ւա­նա­կան պէտք չէ հա­մա­րել, որ ի վեր­ջոյ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան լու­ծար­ման կամ “կեր­պա­րա­նա­փոխ­ման” գոր­ծին մէջ կար­ևոր դեր վստա­հո­ւի ի­րեն Արև­մուտ­քի կող­մէ, ո­րուն դի­մաց Թուր­քիա ա­պա­հո­վա­բար պի­տի տի­րա­նայ իր ան­խու­սա­փե­լի փո­խար­ժէ­քին… Հարց է, թէ ի՞նչ կրնայ ըլ­լալ այդ մո­գա­կան փո­խար­ժէ­քը։ Եւ հարց է, թէ ի վեր­ջոյ այս բո­լո­րը ի՞նչ անդ­րա­դարձ կ­՚ու­նե­նան Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։

Կա­րօ Ար­մե­նեան, Մարտ 28, 2015 - Ո­ւա­շինկ­թըն