Դա­րա­ւոր Կաղ­նին՝ Հեղ­նա Տա­տի­կը

Օր­թա­գիւ­ղի Ծ­նունդ Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ կոչ­նա­կը երբ զան­գէ, ա­ռա­ջին ե­կող­նե­րէն է Հեղ­նա Եոլ­տա­շը։ Միշտ խնա­մո­ւած է իր հա­գուստ-կա­պուս­տը։ Ս­պի­տակ մա­զե­րը միշտ սանտ­րո­ւած։ Ձեռ­քի պա­յու­սա­կը կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ իր վա­յե­լուչ կեր­պա­րը։ Կը նա­խընտ­րէ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­տե­ւի նստա­րան­նե­րէն մէ­կուն նստիլ։ Ան­տար­բեր կը մնայ շուրջ բո­լո­րի նկատ­մամբ եւ կ­՚ամ­փո­փո­ւի ինքն իր մէջ։ Ես որ միշտ հե­տաքր­քիր եմ մարդ­կանց ապ­րում­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ պատ­մու­թիւ­նե­րուն նկատ­մամբ, չէի կրնար ան­տար­բեր մնալ այս ա­նու­շիկ մեծ մայ­րի­կին հան­դէպ։ Ուս­տի ե­կե­ղե­ցի­յէն ել­քին մօ­տե­ցայ ու յայտ­նե­ցի փա­փաքս։ Բա­րի ե­ղաւ ու կի­սեց իր պատ­մու­թիւ­նը ին­ծի հետ։ Ես ալ ձեզ հետ կը կի­սեմ, քաջ գիտ­նա­լով թէ դուք բո­լորդ պի­տի բաժ­նէք այս հայ կեր­պա­րի հա­րա­զա­տու­թիւ­նը։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ - ԱԿՕՍ

Օր­թա­գիւ­ղի Ծ­նունդ Սուրբ Աս­տո­ւա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ կոչ­նա­կը երբ զան­գէ, ա­ռա­ջին ե­կող­նե­րէն է Հեղ­նա Եոլ­տա­շը։ Միշտ խնա­մո­ւած է իր հա­գուստ-կա­պուս­տը։ Ս­պի­տակ մա­զե­րը միշտ սանտ­րո­ւած։ Ձեռ­քի պա­յու­սա­կը կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ իր վա­յե­լուչ կեր­պա­րը։ Կը նա­խընտ­րէ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­տե­ւի նստա­րան­նե­րէն մէ­կուն նստիլ։ Ան­տար­բեր կը մնայ շուրջ բո­լո­րի նկատ­մամբ եւ կ­՚ամ­փո­փո­ւի ինքն իր մէջ։ Ես որ միշտ հե­տաքր­քիր եմ մարդ­կանց ապ­րում­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ պատ­մու­թիւ­նե­րուն նկատ­մամբ, չէի կրնար ան­տար­բեր մնալ այս ա­նու­շիկ մեծ մայ­րի­կին հան­դէպ։ Ուս­տի ե­կե­ղե­ցի­յէն ել­քին մօ­տե­ցայ ու յայտ­նե­ցի փա­փաքս։ Բա­րի ե­ղաւ ու կի­սեց իր պատ­մու­թիւ­նը ին­ծի հետ։ Ես ալ ձեզ հետ կը կի­սեմ, քաջ գիտ­նա­լով թէ դուք բո­լորդ պի­տի բաժ­նէք այս հայ կեր­պա­րի հա­րա­զա­տու­թիւ­նը։ 

1916-ին ծներ եմ Եոզ­ղա­տի Չոր­քոտն գիւ­ղը։ Վեց տա­րե­կան էի, երբ ըն­տա­նեօք Օր­թա­գիւղ ե­կանք։ Ե­կանք որ կ­՚ը­սեմ, մեր կամ­քո­վը չէր։ Ար­տեր ու­նէինք, տուն ու­նէինք, բո­լորն ալ ի­րենց մնա­ցին։ Ա­յազ­մա կը կո­չէին. հսկայ ա­պա­րանք մը կար։ Եոզ­ղա­տէն ե­կած տա­սը-տաս­ներ­կու ըն­տա­նիք, ա­մէն մէ­կը մէկ սե­նեա­կի մէջ հոն կը բնա­կէինք։ Հայրս բաժ­նե­տէր էր այդ տան։ Տան պար­տէ­զը յու­նաց եւ հրէից գե­րեզ­ման­նե­րուն կը նա­յէր։ Ա­նա­սուն­ներ ու­նէինք։ Այ­ծին կա­թէն, հա­ւե­րուն ձո­ւէն կ­՚օգ­տո­ւէինք։ Հայրս՝ Հայ­րա­պետ, բո­լո­րին ծա­նօթ էր Օր­թա­գիւ­ղի մէջ։ Ձիու վրայ կո­ղով­ներ բեռ­ցու­ցած սոխ ու գետ­նախն­ձոր կը վա­ճա­ռէր։

Պոլ­սե­ցի­նե­րը «­Գաղ­թա­կան» կը կո­չէին մեզ, մեր բնա­կա­րանն ալ՝ «­Գաղ­թա­կա­նաց Տուն»։ Ես այդ տու­նէն հարս գա­ցի։ Ափ­սոս 90-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն հրո­ճա­րակ դար­ձաւ այդ շէն­քը։

Ինք­զինքս 93 տա­րո­ւայ Թարգ­ման­չա­ցի սան կը հա­մա­րեմ։ Մին­չեւ եր­րորդ դա­սա­րան յա­ճա­խե­ցի այդ դպրո­ցը։ Դպ­րո­ցի ար­տա­քին տես­քը այ­սօ­րո­ւայ նման էր, բայց ներ­քե­ւը փայ­տա­շէն։ Ա­ւե­լի ուշ նո­րոգո­ւե­ցաւ։ Այն ա­տեն Վոս­փո­րի գիւ­ղե­րէն շա­տեր դպրոց չու­նէին, ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը Գու­րու­չէշ­մէ­յէն, Պէ­պէ­քէն, Թարգ­ման­չաց կու գա­յին։ Եր­րորդ դա­սա­րա­նէ վերջ ծխա­խո­տի գոր­ծա­րան աշ­խա­տիլ սկսայ։ Օր­թա­գիւ­ղի այժ­մու «­Զիւ­պէյ­տէ Հա­նըմ» ար­հեստ­նե­րու դպրո­ցը նա­խա­պէս ծխա­խո­տի շտե­մա­րան էր եւ բո­լորս ալ հոն կ­՚աշ­խա­տէինք։

Տօ­նա­կան օ­րե­րը շատ բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նով կ­՚ապ­րո­ւէին Օր­թա­գիւ­ղի մէջ։ Ծ­նուն­դի նա­խոր­դող Ճ­րա­գա­լոյ­ցին ամ­բողջ Օր­թա­գիւ­ղը ե­կե­ղե­ցի կը փու­թար։ Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք ալ ման­կունք-պա­տա­նե­կիք «­Խոր­հուրդ Մեծ» կամ «­Մել­քոն-­Գաս­պար» եր­գե­լով թա­ղի տու­նե­րը կը շրջէինք ու շա­քար կը հա­ւա­քէինք։ Թա­ղի ե­րէ­ցը Տէր Սա­հակն էր։ Մե­ռե­լո­ցին իր ե­տին թա­փօր կազ­մած գե­րեզ­ման կ­՚եր­թա­յինք։ Այն ժա­մա­նակ այ­սօ­րո­ւան նման վար­դա­պետ­ներ, ե­պիս­կո­պոս­ներ չէին ըլ­լար թա­ղում­նե­րուն։ Տէր Սա­հակ ա­ռան­ձին էր խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան պա­հուն։

Բա­րե­կեն­դա­նը ու­րիշ տե­սակ ու­րա­խու­թիւն մըն էր։ Այդ օ­րը դպրո­ցը ար­ձա­կո­ւե­լու պա­հուն բո­լո­րիս մէյ­մէկ տոպ­րակ կը բաժ­նէին։ Մէ­ջը շա­քա­րով լե­ցուն կ­՚ըլ­լար։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը ծպտո­ւէին ու այդ­պէս այ­ցե­լու­թեան կ­՚եր­թա­յին։ Տա­րի մը եղ­բայրս Գ­րի­գորն ալ բարձր կրուն­կով կօ­շիկ­ներ, փէշ ե­ւայլն հա­գած, կնոջ պէս ծպտո­ւած էր։ Ըն­տա­նեօք կառք նստած, Սա­մա­թիա մեր հա­րա­զատ­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան գա­ցած էինք։

Զատ­կին ան­պայ­ման ծնկա­չոք հա­ղոր­դու­թիւն կ­՚առ­նէինք։

Աս­տո­ւա­ծած­նի տօ­նը մեր թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւան տօ­նախմ­բու­թիւնն էր միա­ժա­մա­նակ։ Յա­ջորդ շաբ­թուն ան­պայ­ման մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն կ­՚ըլ­լար։ Նա­խոր­դող Շա­բաթ օր ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ մա­տաղ­նե­րը կը մոր­թո­ւէին եւ մեծ կաթ­սա­նե­րու մէջ մին­չեւ առ­տու կ­՚եփուէր մա­տա­ղի մի­սը։ Բո­լոր թա­ղե­ցի­նե­րը կը մաս­նակ­ցէին այդ աշ­խա­տու­թեան։ Այն ա­տեն ե­կե­ղե­ցին սրահ մը չու­նէր։ Ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զը վրան­ներ կը պար­զէինք, դպրո­ցէն նստա­րան­ներ ու սե­ղան­ներ կը փո­խադ­րէինք։ Ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կին մէջ կնքա­հայրս Ա­րամ Եոլ­տաշն էր, որ ա­ռա­ջին ան­գամ սրահ մը սար­քեց։ Ափ­սոս որ միշտ ու­րախ բա­ներ չեն յի­շած­ներս։ 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րը պա­տա­հե­ցան։ Իս­լամ հա­րե­ւան­նե­րէն մէ­կը «շուտ դրօ­շակ կա­խե­ցէ՛ք» ը­սե­լով զգու­շա­ցուց։ Քիչ անց խու­ժա­նի աղ­մու­կը լսո­ւե­ցաւ։ «­Կոտ­րե­ցէք, թա­փե­ցէք» ը­սե­լով յա­ռա­ջա­ցող խու­ժան մը բո­լոր հա­յու, յոյ­նի կամ հրէից տու­նե­րը կը թա­լա­նէին։ Յու­նաց ե­կե­ղե­ցին ալ ա­ւե­րե­ցին։ Սր­բանկար­նե­րը գե­տին նե­տե­լով կոխկռտե­ցին։ Այդ դէպ­քե­րէն ետք ալ բո­լոր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը զի­նո­ւոր տա­րին։ Խա­չի տա­ղա­ւա­րին երբ գե­րեզ­ման գա­ցինք, տե­սանք որ բնաւ ե­րի­տա­սարդ չէ մնա­ցած։

Հայրս Հայ­րա­պետ Ու­րու­շան 1871-ին Եոզ­ղա­տի Չոր­քո­տան գիւ­ղը ծնած է։ 1915-ին զի­նո­ւոր էր Օս­մա­նեան բա­նա­կի մէջ։ Ա­մուս­նա­ցած էր եւ որ­դի մը ու­նէր։ Վե­րա­դար­ձին, եր­կուքն ալ սպա­նո­ւած էին։ Հայրս միշտ թախ­ծոտ էր։ Ես ու եղ­բայրս՝ Գ­րի­գոր, մեր ծնո­ղաց երկ­րորդ ա­մուս­նու­թիւն­նե­րուն պտուղն ենք։ Տա­րագ­րու­թեան ժա­մա­նակ հօր­քու­րայրս սպան­նո­ւեր էր։ Հօ­րա­քոյրս Ե­ղի­սա­բեթ եր­կու որ­դի ու­նէր, ո­րոնց­մէ կրտսե­րը կրցած էր իր քո­վը պա­հել, իսկ ա­ւա­գը աք­սո­րո­ւէր է։ Հօ­րա­քոյրս եր­կար ժա­մա­նակ լուր չա­ռաւ իր­մէ։ Բա­ւա­կան ուշ լսե­ցինք որ Պեյ­րութ որ­բա­նոց մը ա­պաս­տա­նած է։ Տա­րի­ներ ետք հօ­րա­քոյրս ու զար­միկս ալ Պեյ­րութ գա­ցին ու միա­ցան ի­րեն։

Հայրս 1969-ին, 98 տա­րե­կան հա­սա­կին Իս­թան­պու­լի մէջ մա­հա­ցաւ։

Մօրս ա­նու­նը Ան­նա էր, բայց բո­լո­րը «Եւա» կը կո­չէին։ Չա­թէն հարս ե­կած էր Չոր­քո­տան։ 1915-ին ա­նոր ալ ա­մու­սի­նը սպան­ներ են։ Մանջ ու աղ­ջիկ եր­կու զա­ւակ ու­նե­ցած է, ո­րոնք կորսն­ցու­ցած է տա­րագ­րու­թեան ճամ­բա­նե­րուն։ Մայրս եր­կար տա­րի­ներ իր եղ­բայ­րը՝ Ա­ւե­տիս քե­ռին եւ որ­դին փնտռեց։ Ի վեր­ջոյ լսե­ցինք որ ա­նոնք ալ Պեյ­րութ հա­սած, հոն­կէ ալ Ֆ­րան­սա ան­ցած են։ Նա­մակ­ներ կ­՚եր­թար կու գար, բայց մայրս իր աչ­քով ան­գամ մըն ալ չտե­սաւ ոչ որ­դին, ոչ ալ եղ­բայ­րը։