­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ ­տա­րե­լի­ցի նա­խօ­րէին աշ­խար­հի ոչ պաշ­տօ­նա­կան մայ­րա­քա­ղաք ­Նիւ Եոր­քը ան­ցեալ շա­բաթ դար­ձաւ հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մեծ կեդ­րոն:

­Մարտ 10ին ­Նիւ Եոր­քի ­Քառ­նե­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­Վար­դան Գ­րի­գո­րեան, գոր­ծա­րար­ներ` ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեան (­Մոս­կո­ւա) եւ ­Նու­պար Ա­ֆէեան (­Պոս­թըն) ազ­դա­րա­րե­ցին «100 կեանք» (100 LIVES) նա­խա­ձեռ­նու­թեան մեկ­նար­կը:

­Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն հա­ւա­քել ու­շագ­րաւ պատ­մու­թիւն­ներ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րած­նե­րու եւ ա­նոնց փրկիչ­նե­րու, նե­րա­ռեալ` ո­րոշ թուր­քե­րու մա­սին: «100 կեանք» նա­խա­գի­ծը կը սահ­մա­նէ 1 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ ա­մէ­նա­մեայ մրցա­նակ, որ պի­տի յանձ­նուի այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը վտան­գի են­թար­կե­լով` փրկած են այ­լոց կեան­քը աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մա­սի մէջ: 2016թ. Ապ­րիլ 24ին Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նի դե­րա­սան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ ­Ճորճ Ք­լու­նին պի­տի յանձ­նէ ա­ռա­ջին «­Մարդ­կու­թեան զար­թօն­քին հա­մար «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կը»։ Կ­՝ակն­կա­լո­ւի, որ այս մրա­ցա­նա­կին յաղ­թող­նե­րը, որ այդ­պէս կո­չո­ւած է  ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած Աւ­րո­րա (Ար­շա­լոյս) ­Մար­տի­կա­նեա­նի պա­տո­ւին, որ 1919 թո­ւա­կա­նին նկա­րա­հա­նո­ւած է «­Յօ­շո­տո­ւած ­Հա­յաս­տան» շար­ժան­կա­րին մէջ, 1 մի­լիոն տո­լար մրցա­նա­կը պի­տի փո­խան­ցեն ո­րե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թեան, ո­րուն գոր­ծու­նէու­թե­նէն ա­նոնք ա­մէ­նէն շատ ո­գեշն­չո­ւած են ի­րենց մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մէջ:

Այս յա­տուկ մրցա­նա­կի ընտ­րող յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ­ներն են ­Ճորճ Ք­լու­նին եւ ­Նո­պե­լեան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր Է­լի Ո­ւի­զել: ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մին մէջ ընդգըր­կո­ւած են ­Քոս­թա ­Ռի­քա­յի նախ­կին նա­խա­գահ Օս­քար Ա­րիա­սը, ՄԱԿ-ի ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու հար­ցե­րով նախ­կին գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար ­Մե­րի ­Ռո­պին­սը­նը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի խորհըր­դա­կան ­Կա­րեթ Է­ւան­սը, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան ­Հի­նա ­Ճի­լա­նին եւ դոկտ. Գ­րի­գո­րեա­նը:

«100 կեանք» նա­խա­գի­ծին հիմ­նա­դիր­նե­րը նաեւ կը նա­խա­տե­սեն ի­րա­կա­նաց­նել աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ար­խիւ­նե­րուն մէջ պա­հո­ւող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ մի­լիո­նա­ւոր փաս­տա­թուղ­թե­րու թո­ւայ­նաց­ման հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը:

­Ձեռ­նար­կի մեկ­նար­կին ներ­կայ էին` հո­լի­վու­տեան հան­րա­ճա­նաչ աստ­ղեր, ­Նիւ Եոր­քի ա­նո­ւա­նի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ յայտ­նի լրագ­րող­ներ «­Սի. Էն. Էն.» էն, «­Սի. ­Պի. Էս. 60 վայր­կեան» հե­ռուս­տա­ներ­կա­յա­ցու­մէն եւ «­Թայմզ» շա­բա­թա­թեր­թէն: ­Ճորճ Ք­լու­նին եւ ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­նը մաս­նակ­ցե­ցան քննարկ­ման մը, որ կը վա­րէր «Ո­ւա­շինկ­թըն ո­ւիք»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր եւ «­Փի. ­Պի. Էս. ­Նիուզ ­Հաո­ւըր» հե­ռուս­տած­րա­գի­րի հա­մա­հա­ղոր­դա­վար ու հա­մախմ­բա­գիր ­Կո­ւէն Ի­ֆի­լը:

Այս­տեղ հա­մա­ռօտ հա­տո­ւած­ներ` ­Ճորճ Ք­լու­նիի ե­լոյ­թէն.

«­Հա­յաս­տա­նի մա­սին տե­ղե­կա­ցայ իմ ըն­կեր­նե­րէս մէ­կուն` ­Պոպ ­Մա­նու­կեա­նին մի­ջո­ցով, որ հա­ւա­նա­բար օգ­տո­ւե­լով այն ժա­մա­նա­կո­ւան իմ ան­տե­ղեա­կու­թե­նէն` ը­սաւ. «­Դուն ծա­նօթ ես ո­րոշ ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու, հա­ւա­նա­բար կրնաս խօ­սիլ ա­նոնց հետ` ­Ծե­րա­կոյ­տին մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը քննար­կե­լու հա­մար»: Ես փոր­ձե­ցի… Այն­քան ալ յա­ջող չե­ղաւ, ինչ­պէս կը պատ­կե­րաց­նէք: ­Պար­զո­ւե­ցաւ` մենք քա­նի մը ռազ­մա­կա­յան ու­նինք ­Թուր­քիոյ մէջ, ո­րուն մա­սին ես չէի գի­տեր: Ին­ճիր­լիք, ո՞վ պի­տի ի­մա­նար… Ես ցնցո­ւած էի: Եւ այդ­պէս, սկսայ ա­ւե­լի շատ տե­ղե­կա­նալ ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին ըն­կե­րա­կան կա­պե­րու մի­ջո­ցով:

Ես դան­դաղ յա­ռաջ կ­՝եր­թա­յի այս գոր­ծին մէջ… ­Միայն այն պատ­ճա­ռով, որ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը յօ­րի­նո­ւած էր 30 տա­րի ա­ւե­լի ուշ, չի նշա­նա­կեր, որ ա­նի­կա տե­ղի չէ ու­նե­ցած… ­Կինս չէր գի­տեր, որ ես կը հան­դի­պէի ­Ռու­բէ­նին հետ: Ան Սթ­րազ­պուրկ մեկ­նե­լու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն մէջ էր` Եւ­րո­պա­կան դա­տա­րան, որ­պէս­զի պայ­քա­րի իս­կա­կան հայ­կա­կան հե­տաքրք­րա­կան գոր­ծին հա­մար: Երբ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ ինք­նա­շարժս կը կա­յա­նէի, կա­յա­նա­տե­ղի աշ­խա­տա­կից­նե­րը բո­լո­րը հա­յեր էին, ա­նոնք կը մօ­տե­նա­յին ին­ծի ու կ’ը­սէին. «Ես պի­տի ու­զէի համ­բու­րել ձեր կի­նը… ­Դուք կա­րիք չու­նիք վճա­րե­լու»։

«100 կեանք» նա­խա­գի­ծին մեկ­նար­կը լու­սա­բա­նո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու, նե­րա­ռեալ` «­Նիւ Եորք ­Թայմզ»ին կող­մէ: Ես զար­մա­ցած էի, երբ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մեծ պար­բե­րա­կա­նի` «The Hill» թեր­թի ա­ռա­ջին է­ջին տե­սայ իմ լու­սան­կարս` ­Ճորճ Ք­լու­նիի հետ ձեռք­սեղ­ման պա­հուն:

Ա­մալ Ք­լու­նիի հետ զրոյ­ցի ժա­մա­նակ ես ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­ցի ա­նոր` վեր­ջերս Սթ­րազ­պուր­կի մէջ ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նին մէջ նշա­նա­ւոր մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­բան ­Ճեֆ­րի ­Ռո­պըրթ­սը­նի հետ միա­սին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

­Նոյն շա­բա­թա­վեր­ջին ­Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ  ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ ­տա­րե­լի­ցի «­Պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն 2015» հա­մա­ժո­ղո­վը, որ տե­ւեց ե­րեք օր, եւ ո­րուն աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ 50  հան­րա­յայտ մտա­ւո­րա­կան­ներ, ի­րա­ւա­բան­ներ, գրող­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, լրագ­րող­ներ եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ ամ­բողջ աշ­խար­հէն, ո­րոնք լու­սա­բա­նե­ցին տար­բեր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հետ կա­պո­ւած հար­ցեր:

Ն­շա­նա­ւոր բա­նա­խօս­նե­րու շար­քին էին` ­Դա­ւիթ ­Պա­լա­պա­նեան, ­Դա­ւիթ ­Պար­սա­մեան, Է­րիկ ­Պօ­ղո­սեան, Ք­րիս ­Պոհ­չա­լեան, Իս­րա­յէլ ­Չառ­նի, ­Տէյ­վիտ ­Կոնտ, Ա­րամ ­Համ­բա­րեան, ­Ռի­չըրտ ­Յով­հան­նի­սեան, ­Ռայ­մոնտ ­Գէոր­գեան, ­Չար­լի ­Մահ­տե­սեան, ­Մարք ­Մա­մի­կո­նեան, ­Խա­չիկ ­Մու­րա­տեան, ­Մե­րի ­Փա­փա­զեան, ­Ճեֆ­րի ­Ռո­պըրթ­սըն, ­Ռո­ժէ Ս­միթ եւ ­Հեն­րի ­Թե­րիօ: Ին­ծի հա­մար մեծ պա­տիւ էր գտնո­ւիլ նման նշա­նա­ւոր մար­դոց շրջա­պա­տին մէջ եւ զե­կու­ցել «Ան­հա­տա­կան ու խմբա­յին փոխ­հա­տուց­ման» մա­սին:

­Հա­մա­ժո­ղո­վի զե­կու­ցող­նե­րու շար­քին էին նաեւ քա­նի մը թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ, ո­րոնք շատ բո­վան­դա­կա­լից զե­կոյց­ներ ու­նե­ցան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»