Ս­տո­րեւ տրո­ւած յօ­դո­ւա­ծը լոյս տե­սած է ա­ւե­լի քան կէս դար ա­ռաջ: Զայն կը վե­րահ­րա­տա­րա­կենք գլխա­ւո­րա­բար այն պատ­ճա­ռով, որ ա­նի­կա կը հաս­տա­տէ հա­յոց կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­

նե­րու գո­յու­թիւ­նը: Վահ­րամ Ս. Փա­փա­զեան ա­նու­նով հայ մար­զիկ մը (կը կրէ հայ մեծ դե­րա­սա­նին ա­նուն-մա­կա­նու­նը), Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, ա­մե­րի­կա­ցի լրագ­րող Հեր­թիէն պա­տահ­մամբ կը լսէ, թէ գեր­մա­նա­ցի զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը նկա­րա­հա­նած են կո­տո­րած­նե­րու բազ­մա­թիւ տե­սա­րան­ներ, ո­րոնց ժա­պա­ւէն­նե­րը կը գտնո­ւին «­Պա­յա­զետ» ռազ­մա­կան մթե­րա­նո­ցին մէջ: Պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւած է Վահ­րամ Ս. Փա­փա­զեա­նի «­Սէր, սէր, սէր» ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան գիր­քին մէջ, որ լոյս տե­սած է 1962ին, Պէյ­րութ:

 

«­Տե­սա­րա­նը հա­զիւ եր­կու տա­րե­կան եւ մօ­րը ձեռ­քէն խլո­ւած աղ­ջիկ-ե­րե­խա­յի մը բռնա­բա­րու­մը կը ներ­կա­յաց­նէր` միա­ժա­մա­նակ եր­կու ոճ­րա­գործ թուր­քե­րու կող­մէ»:

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի զի­նա­դա­դա­րէն ետք, Պոլ­սոյ մէջ կազ­մո­ւե­ցաւ բարձ­րա­գոյն դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցած ե­րի­տա­սար­դա­կան ան­կախ միու­թիւն մը, ո­րուն ես եւս կ­՛ան­դա­մակ­ցէի: Միու­թեան նպա­տակն էր ա­մէն մի­ջո­ցով ա­ջակ­ցիլ Հայ Դա­տի հե­տապնդման` օ­տար շրջա­նակ­նե­րու մօտ ը­նե­լով մաս­նա­ւոր դի­մում­ներ եւ լու­սա­բա­նե­լով Հայ­կա­կան Հար­ցով հե­տաքրք­րո­ւող դի­ւա­նա­գէտ­ներն ու լրագ­րող­նե­րը:

Այդ օ­րե­րուն յի­շեալ միու­թիւ­նը կապ հաս­տա­տած էր նաեւ անգ­լիա­ցի Լորտ Ճէյմս Պ­րայ­սի հետ, Հայ Դա­տի առն­չու­թեամբ: Լոր­տը, հայ ազ­գին իր կա­րե­լի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ը­նե­լու հա­մար, Հա­յոց Կո­տո­րա­ծին շուրջ փաս­տա­ցի վա­ւե­րա­թուղ­թե­րը կ­’ու­զէր ու­նե­նալ` խնդրե­լով միա­ժա­մա­նակ, որ ա­նոնք ան­մի­ջա­պէս ի­րեն ղրկո­ւէին:

Այդ շրջա­նին Պո­լիս կը գտնո­ւէր ա­մե­րի­կա­ցի լրագ­րող մը` Հեր­թի ա­նու­նով: Լ­րագ­րո­ղի իր հան­գա­ման­քով եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ` Պոլ­սոյ մէջ ան կապ հաս­տա­տած էր կարգ մը թուրք շրջա­նակ­նե­րու հետ, մա­նա­ւանդ` զի­նո­ւո­րա­կան: Մենք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով իր­մէ՛ տե­ղե­կա­ցանք, թէ Հա­յոց Կո­տո­րա­ծի ըն­թաց­քին գեր­ման զի­նո­ւո­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ջար­դի բազ­մա­թիւ ժա­պա­ւէն­ներ ա­ռած էին, եւ ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գտնո­ւէին Պա­յա­զի­տի զի­նո­ւո­րա­կան մթե­րա­նոց­նե­րուն մէջ: Գեր­մա­նա­ցի­նե­րը կա՛մ մոռ­ցած էին զա­նոնք ի­րենց հետ տա­նիլ եւ կա՛մ ալ այ­լեւս ա­նոնց անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը չէին զգա­ցած…

Պր. Հեր­թի մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ ինք ինչ­պէ՛ս բա­րե­կա­մու­թիւն հաս­տա­տած էր Վոս­փո­րի նե­ղուց­նե­րը պաշտ­պա­նող մէկ բեր­դի բարձ­րաս­տի­ճան թուրք հրա­մա­նա­տա­րին հետ, որ ի­րեն խոս­տա­ցած էր - վե­րա­դարձ­նե­լու պայ­մա­նով - հայ­թայ­թել կարգ մը ժա­պա­ւէն­ներ` թուր­քե­րու հան­դէպ հա­յե­րու կող­մէ գոր­ծո­ւած խժդժու­թիւն­նե­րը փաս­տող…

Ա­մե­րի­կա­ցին իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ տե­սակ մը չա­փա­զան­ցեալ հա­յա­սէր կը թո­ւէր մե­զի, եւ պահ մը սկսանք տա­րա­կու­սիլ ա­նոր ան­կեղ­ծու­թեան վրայ` վախ­նա­լով, որ լա­րո­ւած ծու­ղա­կի մը մէջ կ’իյ­նանք: Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ո՞ւր, մենք ո՛ւր… Սկս­նակ­ներ էինք եւ պար­զա­պէ՛ս հրա­պա­րակ նե­տո­ւած` մեր ազ­գին օգ­տա­կար ըլ­լա­լու միակ մտադ­րու­թեամբ:

Բա­րե­բախ­տա­բար մեր ա­տե­նա­պե­տը ժա­մա­նա­կին Ա­տա­նա­յի մէջ գտնո­ւած ըլ­լա­լով` բա­ւա­կան նպաս­տա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նէր «հա­յու բա­րե­կամ» ներ­կա­յա­ցող օ­տա­րա­կա­նին մա­սին եւ յա­նուն մեր նպա­տա­կին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան եւ սրբու­թեան` ո­րո­շե­ցինք նոյ­նիսկ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին մեր ան­ձե­րը զո­հել եւ սկսանք լուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու: Մենք այն հաս­տատ հա­մո­զու­մը ու­նէինք, որ նո՛յն այդ շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը ոչ թէ հայ­կա­կան, այլ թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէին` գոր­ծո­ւած հայ ան­տէր ազ­գին հան­դէպ:

Մենք ա­մե­րի­կա­ցիին բա­ցատ­րե­ցինք, թէ այն պա­րա­գա­յին, որ մե­զի պէս կո­տո­րա­կո­ւած ազ­գի մը ի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն մը ը­նել կ­՛ու­զէ, լա­ւա­գոյ­նը պի­տի ըլ­լար, որ այդ ժա­պա­ւէն­նե­րը զա­տո­ւէին մե՛ր ընտ­րու­թեամ­բը եւ ոչ թէ թուրք սպա­յի­նը: Ան թե­րեւս նա­խընտ­րէր տալ ա­նո­րոշ, տար­տամ ժա­պա­ւէն­ներ, ուր հա­ւա­նա­բար դժո­ւար պի­տի ըլ­լար հայ կամ թուրք չա­րա­գոր­ծը զա­նա­զա­նել եւ թուրք ոճ­րա­գոր­ծը իբ­րեւ հայ ներ­կա­յա­ցո­ւէր:

Լ­րագ­րո­ղը մեր տե­սա­կէ­տին հա­մա­ձայն գտնո­ւե­ցաւ, եւ մեր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան ու յա­ջո­ղու­թեան շուրջ սկսանք ծրա­գիր մը կազ­մել: Հա­մոզուած` թէ ին­քը թուրք հո­գե­բա­նու­թեան բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­ծա­նօթ էր, ա­մե­րի­կա­ցին այդ ծրագ­րին կազ­մու­թիւ­նը մե­զի յանձ­նեց եւ խոս­տա­ցաւ զայն տա­ռա­ցիօ­րէն գոր­ծադ­րել:

Լ­րագ­րո­ղը թուրք սպա­յին կեր­պով մը ծա­նօ­թա­նա­լէ ետք, ա­նոր յայտ­նած էր իր հան­գա­ման­քը` իբ­րեւ ա­մե­րի­կա­ցի լրագ­րող, եւ թէ` կ­՛ու­զէր թուր­քե­րուն օգ­տա­կար ըլ­լալ` ա­նոնց­մէ ստա­նա­լով փաս­տա­թուղ­թեր հա­յե­րու կող­մէ թուր­քե­րուն դէմ գոր­ծո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րուն, ջար­դե­րուն շուրջ:

Ա­հա՛ թէ ին­չո՛ւ սպան խոս­տա­ցած էր տալ կարգ մը ժա­պա­ւէն­ներ:

Մեր ո­րո­շած ծրա­գի­րը սա էր.-

Ա­մե­րի­կա­ցին ժա­պա­ւէն­նե­րը առ­նե­լու հա­մար ա­ռան­ձին պի­տի չեր­թար, այլ պի­տի ըն­կե­րա­նար անգ­լիա­գէտ ան­բա­րոյ կնոջ մը, ան ալ` օ­տա­րա­կան: Երբ ա­մե­րի­կա­ցին ներ­կա­յա­նար պաշ­տօ­նա­տուն ժա­պա­ւէն­նե­րը առ­նե­լու հա­մար, իր թարգ­մա­նի պաշ­տօ­նին հետ` այդ կի­նը իր միւս պաշ­տօնն ալ պի­տի գոր­ծադ­րէր` կեր­պով մը հմա­յե­լով դիւ­րագր­գիռ թուրք պաշ­տօ­նեան: Եւ երբ այս եր­կու­քը ա­ռանձ­նա­նա­յին, ա­մե­րի­կա­ցին ի՛ր ընտ­րած­նե­րը պի­տի զա­տէր դա­րակ­նե­րուն մէ­ջէն եւ պի­տի վե­րա­դարձ­նէր ի­րեն պէտք չե­ղած­նե­րը:

Ա­մե­րի­կա­ցին իր ճանչ­ցած թուրք սպա­յէն յանձ­նա­րա­րա­գիր մը ա­ռաւ, ո­րուն մէջ կը հրա­հան­գո­ւէր, որ լրագ­րո­ղին յանձնուին 24 ժա­մո­ւան հա­մար միա՛յն, կարգ մը ժա­պա­ւէն­ներ` քննու­թեանց ար­դիւն­քը ա­մե­րի­կեան թեր­թե­րու հա­ղոր­դո­ւե­լու նպա­տա­կով:

Ուր­բաթ օր մըն ալ, Պո­լի­սէն ձիով քա­շո­ւող կառք մը առ­նե­լով, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2:00ին ես, ա­մե­րի­կա­ցին, «թարգ­ման­չու­հի»ն­ եւ բա­րե­կամ մը Պա­յա­զի­տի մթե­րա­նո­ցը գա­ցինք:

Լ­րագ­րո­ղը` ձեռ­քը ճամ­բոր­դա­կան պա­յու­սակ մը բռնած, եւ «թարգ­ման­չու­հի»ն­ ալ իր ա­նու­շա­հո­տու­թիւն­նե­րը չորս հո­վե­րուն սփռած` մեծ շէն­քէն ներս մտան, մինչ մենք` եր­կուքս, դուր­սի հրա­պա­րա­կին վրայ սկսանք վեր վար ճե­մել, մին­չեւ միւս եր­կու­քին վե­րա­դար­ձը:

Դուր­սը գրե­թէ սկսած էր մթնիլ, երբ ա­հա մեր զոյ­գը հո­յա­կապ շէն­քէն դուրս ե­կաւ. լրագ­րո­ղը ծան­րա­բեռ­նո­ւած կ­’ե­րե­ւէր. գոր­ծը յա­ջո­ղած էր, կեց­ցէ՛ «թարգ­ման­չու­հին»…

Հ­րա­պա­րա­կը յա­ճա­խոր­դի սպա­սող կառք մը նստե­լով` ուղ­ղո­ւե­ցանք դէ­պի Բե­րա­յի կող­մը, ուր, կան­խաւ ե­ղած կար­գադ­րու­թեամբ մը, հայ ծա­նօթ լու­սանկա­րիչ մը մեր վեր­ցու­ցած ժա­պա­ւէն­նե­րուն մէկ օ­րի­նա­կը պի­տի լու­սան­կա­րէր, որ­պէս­զի բուն ժա­պա­ւէն­նե­րը կա­րե­նա­յինք, ըստ մեր խոստ­ման, վե­րա­դարձ­նել մեր ա­ռած տե­ղը:

Եր­կու հա­զար մեթ­րէ ա­ւե­լի ե­ղող սոյն շար­ժա­պատ­կե­րին մէկ օ­րի­նա­կը մեր ձեռ­քը յանձ­նո­ւե­ցաւ յա­ջորդ օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան եւ 24 ժամ ետք, ա­մե­րի­կա­ցի մեր հա­յա­սէր բա­րե­կա­մը Պոլ­սոյ նա­ւա­հան­գիս­տէն հե­ռա­ցաւ յու­նա­կան փոքր նա­ւով մը: Մին­չեւ նաւ ես եւ ըն­կերս լրագ­րո­ղին հե­տե­ւե­ցանք: Ան­շո՛ւշտ որ ժա­պա­ւէ­նը տե­սանք, սեղմ շրջա­նա­կի մը մէջ, ա­նոր ար­տա­սահ­ման ա­ռա­քու­մէն ա­ռաջ:

Այս ժա­պա­ւէ­նին մէջ կար տե­սա­րան մը, որ մարդ­կա­յին ո՛չ մէկ հրէ­շա­ծին էակ սիրտ եւ քա­ջու­թիւն պի­տի ու­նե­նար նկա­րե­լու: Բայց գեր­ման զի­նո­ւո­րը կրցած էր գոր­ծադ­րել իր ստա­ցած հրա­մա­նը կէտ առ կէտ` ան­տե­սե­լով մարդ­կա­յին ո­րե­ւէ նախ­նա­կան խիղճ:

Տե­սա­րա­նը հա­զիւ եր­կու տա­րե­կան եւ մօ­րը ձեռ­քէն խլո­ւած աղ­ջիկ-ե­րե­խա­յի մը բռնա­բա­րու­մը կը ներ­կա­յաց­նէր` միա­ժա­մա­նակ եր­կու ոճ­րա­գործ թուր­քե­րու կող­մէ, հրա­ցա­նը ու­սեր­նէն կա­խո­ւած, պա­տա­ռո­տուն ցնցո­տի­նե­րո՜վ: Ա­թէն­քի վրա­յով ա­մե­րի­կա­ցի լրագ­րո­ղը այս ժա­պա­ւէն­նե­րը ուղ­ղա­կի Լոն­տոն տա­րաւ եւ յանձ­նեց Լ. Ճէյմս Պ­րայ­սի: Յե­տոյ ինք Ա­մե­րի­կա անց­նե­լով` այս ժա­պա­ւէն­նե­րուն մա­սին եր­կար ու ման­րա­մասն յօդուած­ներ գրեց ա­մե­րի­կեան զա­նա­զան թեր­թե­րու մէջ, զորս այդ թո­ւա­կա­նին (1919-1920) թարգ­մա­նե­ցի Պո­լիս հրա­տա­րա­կո­ւող «ճա­կա­տա­մարտ»ին մէջ:

Անգ­լիա­կան «­Թայմզ» եւ մաս­նա­ւո­րա­բար «­Տէյ­լի Թե­լեկ­րաֆ» թեր­թե­րը մէ­կէ ա­ւե­լի յօ­դո­ւած­ներ գրե­ցին այս ժա­պա­ւէն­նե­րուն շուրջ, նոյ­նիսկ ժո­ղովր­դա­յին բուռն բո­ղոք­ներ գրո­ւե­ցան նո՛յն թեր­թե­րուն մէջ` դժգո­հու­թիւն յայտ­նե­լով, որ վե­րո­յի­շեալ ժա­պա­ւէն­նե­րը սի­նե­մա­նե­րու մէջ հան­րու­թեան ցոյց տո­ւած էին` ա­ռանց կան­խաւ ազ­դա­րա­րե­լու, թէ զա­նոնք տես­նե­լը ար­գի­լո­ւած է հի­ւանդ­նե­րու, դիւ­րազ­գաց­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ տար­րին:

Սոյն ժա­պա­ւէն­նե­րը ցոյց տրո­ւե­ցան նաեւ անգ­լիա­կան ար­քու­նի պա­լա­տին, Հա­մայնք­նե­րու եւ Լոր­տե­րու Տան մէջ` բո­լո­րի՜ն պատ­ճա­ռե­լով նող­կանք եւ (թե­րեւս) խղճա­հա­րու­թիւն…

1927ին կամ 28ին, լաւ չեմ յի­շեր, վե­րո­յի­շեալ ժա­պա­ւէ­նը հան­րու­թեան ցոյց տրո­ւե­ցաւ Պել­ճի­քա­յի մայ­րա­քա­ղաք Պ­րիւք­սէ­լի մէջ, ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սի մը ըն­թաց­քին, թրքա­կան տա­ղա­ւա­րին ճիշդ մօ­տը գտնո­ւող շէն­քի մը մէջ: Պոլ­սոյ թեր­թե­րը, ա­տե­նին, բո­ղո­քի բուռն ձայ­ներ բարձ­րա­ցու­ցին` ա­ռար­կե­լով, որ կո­տո­րա­ծի այս դրո­ւագ­նե­րը… շին­ծու էին: (Այ­սինքն` հա­յե­րը շին­ծու հա­յեր, հա­յու­հի­ներ, ե­րե­խա­ներ են մեռ­ցու­ցեր, խող­խո­ղեր են մի­միայն Թուր­քիոյ դէմ «բան» մը ը­րած ըլ­լա­լու հա­մար): Ի՜նչ ծի­ծա­ղե­լի փաս­տար­կու­թիւն…

Մե­զի` հա­յե­րուս հա­մար, հար­ցին կա­րե­ւո­րա­գոյն ե­րե­սը ա՛յն է, թէ ներ­կա­յիս ո՞ւր կը գտնո­ւին ա­նոնք: Անձ­նա­կան հա­մո­զումս այն է, որ այս ժա­պա­ւէն­նե­րը տա­կա­ւին կը գտնո­ւին Հո­լի­վու­տի դա­րակ­նե­րուն մէջ: Հայ թեր­թե­րու մէջ, ան­գամ մը` ա­մե­րի­կա­հայ, այս հար­ցին մա­սին գրած եմ, բայց դժբախ­տա­բար ո՛չ ոք զբա­ղե­ցաւ այս շա՜տ կա­րե­ւոր հար­ցով:

Այս ազ­գա­յին ժա­պա­ւէն­նե­րը մե՛ր ցե­ղին սե­փա­կա­նու­թիւնն են. փոխ էինք տո­ւած եւ հարկ է, որ ա­նոնք վե­րա­դար­ձո­ւին:

ՎԱՀՐԱՄ Ս. ՓԱՓԱԶԵԱՆ