Ժա­մա­նա­կին իս­կու­թեան խնդի­րը հի­նէն ի վեր չար­չա­րած է ի­մաս­տա­սէր­նե­րու միտ­քե­րը: Հասկ­նա­լու հա­մար թէ ի՛նչ է հա­սա­րակ մար­դուն կար­ծի­քը այդ մա­սին, կը բա­ւէ վեր­յի­շել ժա­մա­նակ կորսնց­նել, տա­րի­նե­ րը սա­հե­ցան, ժա­մա­վա­ճառ ըլ­լալ, ժա­մա­նա­կը որ­քան ա­րագ կը սա­հի եւ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը: Բա­ցա­յայտ է ու­րեմն թէ մէ­կը, որ եր­բեք ա­ռի­թը չէ ու­նե­ցած խոր­հե­լու ժա­մա­նա­կի մա­սին, զայն կը նկա­տէ որ­պէս հո­սա­նուտ մը, որ կը սա­հի ու կ’անց­նի: Ժա­մա­նա­կը կ’ա­ռըն­չո­ւի ա­մէն բա­նի, Տիե­զեր­քի, անջր­պե­տի, մի­ջո­ցի եւ կեն­դա­նի մար­դու: Ժա­մա­նա­կը մաս­նա­ւո­րա­պէս կա­պո­ւած է անջր­պե­տին: Դի­տենք Տիե­զեր­քը ստու­գե­լու հա­մար երկ­նա­յին ա­ռար­կա­նե­րու շար­ժում­նե­րը. Եր­կի­րը ինք­նիր ա­ռանց­քին շուրջ կը դառ­նայ մէկ օ­րէն, Լու­սի­նը Երկ­րի շուրջ կր դառ­նայ մէկ ա­մի­սէն, Եր­կի­րը՝ Ա­րե­ւին շուրջ կը դառ­նայ մէկ տա­րիէն: Տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր տա­րի­ներ, դա­րեր, շա­բաթ­ներ, ժա­մեր, վայր­կեան­ներ, երկ­վայր­կեան­ներ մարդ­կա­յին հնարք­ներ են զորս կա­րե­լի է փո­փո­խու­թեան են­թար­կել ակն­թար­թի մէջ, ինչ որ կա­տա­րո­ւած է ան­ցեա­լին՝ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կամ կրօ­նա­ւոր­նե­րու կող­մէ, հին եւ նոր տո­մար­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան պա­րա­գա­յին:

Ժա­մա­նա­կին մար­դու կող­մէ դի­տար­կո­ւած ա­մե­նէն բնո­րո­շիչ յատ­կու­թիւ­նը մե­զի տո­ւած այն զգա­ցումն է, որ ան ա­նընդ­հատ կը սա­հի եւ կ’անց­նի, ա­ռանց մեզ յստա­կօ­րէն ի­րա­զեկ պա­հե­լու, թէ ի՛նչ բան է ան, որ այդ­պէս կը փախ­չի ան­դա­դար: Ա­նո­րոշ, ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­յու­թիւն մը մեզ կը պա­տէ, զգա­յու­թիւ­նը բա­նի մը, որ մեզ­մէ խոյս կու տայ ա­մէն վայր­կեան եւ որ առ յա­ւէտ կը կոր­սո­ւի մեզ հա­մար: Ա­հա՛ այն պատ­կե­րը, զոր ժա­մա­նա­կը մե­զի կ’ըն­ծա­յէ ա­ռա­ջին առ­թիւ, այն ձե­ւը, ո­րու ներ­քեւ ան կը յայտ­նո­ւի մեր ներ­քին զգա­յա­կա­նու­թեան: Սա­կայն եւ այն­պէս, ժա­մա­նա­կը, որ­պէս տիե­զե­րա­կան հա­մա­պար­փակ յատ­կու­թիւն, ար­տա­քին աշ­խար­հի մէջ մե­զի կ’ե­րե­ւի ա­ւե­լի ընդ­հա­նուր ձե­ւի տակ, ձեւ մը, որ կը հե­տաքրք­րէ միան­գա­մայն ան­շունչ ի­րե­րը եւ կեն­դա­նի բնու­թիւ­նը:

Ա­մէն վայր­կեան մենք ներ­կայ կ’ըլ­լանք բնա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու կա­տար­ման, լոյ­սի եւ խա­ւա­րի շա­րու­նա­կա­կան յա­ջոր­դու­թեան, տաք եւ ցուրտ ե­ղա­նակ­նե­րու պարբե­րա­կան վե­րա­դար­ձին, ապ­րող էակ­նե­րու ծնուն­դին, զար­գա­ցու­մին եւ մա­հո­ւան: Բո­լոր այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կի մա­սին մե­զի կու տան ա­ւե­լի ընդ­հա­նուր պատ­կեր մը, ո­րով ան մե­զի կը յայտ­նո­ւի իբր անհ­րա­ժեշտ պայ­ման՝ բո­լոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման: Չ­մոռ­նանք որ բո­լոր այս բնա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը պար­տինք Ա­րե­ւի եւ Լուս­նի գո­յու­թեան: Կա­րե­լի է հարց տալ, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէր ժա­մա­նա­կը Ա­րե­ւի եւ Լուս­նի ներ­կա­յու­թե­նէն ա­ռաջ: Ու­րեմն Ա­րեւ եւ Լուս­նէն ա­ռաջ, տա­րի եւ ա­միս հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն ա­ռաջ ի՞նչ էր ժա­մա­նա­կը: Ու­րիշ խօս­քով, Ժա­մա­նա­կին ժա­մա­նակ պէտք ե­ղաւ որ­պէս­զի ան ա­նո­ւա­նո­ւի ժա­մա­նակ: Ու­րեմն հոս ինք­նա­բե­րա­բար պայ­ման մը կը ստեղ­ծոփ ժա­մա­նա­կի գո­յու­թեան հա­մար, ան ալ նիւթն է: Ա­ռանց նիւ­թի ներ­կա­յու­թեան ժա­մա­նակ գո­յու­թիւն չու­նի:

Տա­րա­կոյս չկայ, որ ժա­մա­նա­կի մա­սին մեր ու­նե­ցած ըմբռ­նու­մին զա­նա­զան հանգ­րո­ւան­նե­րը կազ­մո­ւած են գլխա­ւոր եր­կու ազ­դակ­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան ներ­քեւ, ո­րոնք են՝ կրօ­նա­կան մտած­ման բա­րեշր­ջու­մը եւ գի­տու­թեանց յա­ռա­ջա­ցու­մը:

Ան­թիք շրջա­նին Դե­մոկ­րի­տոս՝ եւ ա­ւե­լի յե­տոյ Է­փի­քիւր՝ կ’ըն­դու­նէին, թէ բնու­թեան մէջ որ­պէս ի­րա­կա­նու­թիւն՝ եր­կու բան միայն գո­յու­թիւն ու­նին՝ մար­մին­նե­րը եւ ա­նոնց մի­ջեւ գտնո­ւող պա­րա­պու­թիւ­նը, այ­սինքն՝ մի­ջո­ցը: Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ կա­րե­լի չէր այ­լեւս տեղ գտնել եր­րոր­դի մը հա­մար եւ ա­հա թէ ին­չո՛ւ ա­նոնք ժա­մա­նա­կը կը մեր­կաց­նէին այն բո­լոր ստո­րո­գե­լի­նե­րէն, ո­րոնք կրնա­յին ա­ռար­կա­յա­կան ի­րա­կա­նու­թիւն մը տալ ա­նոր:

Պ­ղա­տո­նա­կան դպրո­ցին, բայց մա­նա­ւանդ նոր պղա­տո­նա­կա­նին, ժա­մա­նա­կի ըմբռ­նու­մը բո­լո­րո­վին տար­բեր է ա­ռա­ջի­նէն, ո­րով­հե­տեւ ան ժա­մա­նա­կը կը դա­սէ իբ­րեւ ան­կախ էակ, որ­պէս բխու­մը Մէ­կին, որ ու­նի ոչ սկիզբ եւ ոչ ալ վախ­ճան, որ ան­հուն է եւ որ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ան­շար­ժու­թե­նէն կը զա­նա­զա­նո­ւի իր մշտնջե­նա­կան փո­փո­խա­կա­նու­թեամբ: Ա­րիս­տո­տե­լի մօտ, գի­տա­կան պրպտող միտ­քը պի­տի գե­րա­զան­ցէ Պ­ղա­տո­նի հա­յե­ցո­ղա­կան ճա­շակ­նե­րը, այն­պէս որ երբ Ա­րիս­տո­տել, ժա­մա­նա­կը սահ­մա­նե­լով, կ’ը­սէ թէ ան թիւն է շար­ժու­մին՝ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, այս սահ­մա­նու­մը կ’առ­նէ քա­նա­կա­կան բնոյթ, որ շար­ժուն ա­ռար­կա­յի մը ըն­թաց­քին զա­նա­զան վի­ճակ­նե­րը ի­րա­րու կը կա­պէ:

Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն մը մտցուց Աս­տու­ծոյ եւ Տիե­զեր­քի փոխ­յա­րա­բե­րու­թեանց մեր ըմբռ­նու­մին մէջ: Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին հա­մա­ձայն Աս­տո­ւած ա­մէն ինչ ստեղ­ծեց ո­չին­չէ, Տիե­զեր­քը դուրս բե­րաւ ա­նէու­թե­նէն եւ հե­տե­ւա­բար Ան ստեղ­ծեց նաեւ ժա­մա­նա­կը:

Փի­լի­սո­փայ St. Thomas d’Aquin նշա­նա­ւոր է ա­րիս­տո­տե­լեան դպրո­ցին գա­ղա­փար­նե­րը Ե­կե­ղեցտյ վար­դա­պե­տու­թեանց հետ հաշ­տեց­նե­լու իր փոր­ձով, եւ իբր այդ ան կ’ա­պա­ւի­նի աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան, այ­սինքն հա­ւատ­քի վճի­ռին: Արդ, հա­ւատ­քը այդ մա­սին բա­ցա­յայտ է, քա­նի որ ան կը յայ­տա­րա­րէ թէ, ի սկզբա­նէ ա­րար Աս­տո­ւած զեր­կին եւ զեր­կի­րե: Ու­րեմն, կ’եզ­րա­կաց­նէ St.Thomas d’Aquin՝ Տիե­զեր­քը չի կրնար ըլ­լալ յա­ւի­տե­նա­կան:

Երբ Այնշ­թայն եւ Մին­քովս­քի հրա­պա­րա­կե­ցին ի­րենց յա­րա­բե­րա­կա­նու­թեան տե­սու­թիւ­նը (theory of relativity) եւ նկա­րագ­րե­ցին ժա­մա­նա­կի եւ մի­ջո­ցի ձու­լու­մո­վը կազ­մո­ւած այդ քա­ռա­չափ նո­րա­տե­սակ գո­յա­ցու­թեան յատ­կու­թիւն­նե­րը, այն ա­տեն մի­ջոց եւ ժա­մա­նակ դադ­րե­ցան գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ իբր ա­ռան­ձին էու­թիւն­ներ, բայց միեւ­նոյն ա­տեն այս տե­սու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կը դրաւ վերս­տին բնու­թեան շրջա­նա­կին մէջ, ա­ռար­կա­յա­կան ի­րա­կա­նու­թեանց կար­գին:

Ու­րիշ գի­տուն­ներ ա՛լ ա­ւե­լի ա­ռաջ գա­ցին ժա­մա­նա­կի այս ա­ռար­կա­յա­ցու­մին մէջ: Մարդ­կա­յին միտ­քը, որ կ’ու­զէ բնու­թեան բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մէջ միու­թիւն մը տես­նել, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ընդ­լայ­նե­լու վրայ է հիւ­լէա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը, որ սկիզբ­նե­րը, մի­միայն նիւ­թին վե­րա­պա­հո­ւած ըլ­լալ կը թո­ւէր, ո­րով­հե­տեւ ան օր ըստ օ­րէ ա­ւե­լի եւս կը նշմա­րէ թէ ե­րե­ւոյթ­նե­րու ար­տա­քին միօ­րի­նակ տես­քին տակ ծած­կո­ւած կը մնայ տար­րա­կան մաս­նիկ­նե­րու, ան­ջատ հիւ­լէ­նե­րու ամ­բողջ աշ­խարհ մը: Այս­պէս է որ ծնունդ ա­ռած է ժա­մա­նա­կի մա­սին նոր-հիւ­լէա­կան տե­սու­թիւն մը:

Վեր­ջա­պէս, ու­րիշ­ներ ժա­մա­նա­կի եւ հիւ­լէա­կան յօ­րի­նո­ւած­քի գա­ղա­փար­նե­րը ի­րա­րու զօ­դե­լով, կ’ա­ռա­ջար­կեն ժա­մա­նա­կը նկա­տել որ­պէս զուտ վի­ճա­կագ­րա­կան մե­ծու­թիւն մը (grandeur statistique), այն­պէս ինչ­պէս՝ ջեր­մու­թիւ­նը, որ բո­լո­րո­վին նշա­նա­կու­թե­նէ զուրկ կը մնայ քիչ քա­նա­կու­թեամբ նիւ­թա­կան մաս­նիկ­նե­րու սահ­մա­նա­փակ շրջա­նա­կին մէջ:

Սո­վո­րա­կան է խօ­սիլ ժա­մա­նա­կի ա­րա­գու­թե­նէն: Կա­րե­լի է զոր օ­րի­նակ, են­թադ­րել որ Երկ­րի իր ա­ռանց­քին շուրջ ը­րած շար­ժու­մը ա­րա­գա­նայ: Այն ա­տեն գի­շե­րը եւ ցե­րե­կը ա­ւե­լի շուտ ի­րա­րու պի­տի յա­ջոր­դէին, եւ մենք պի­տի փոր­ձո­ւէինք ը­սել՝, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քը ա­րա­գա­ցած էե: Սա­կայն, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­րա­գա­ցեալ շար­ժու­մի մը տեղ՝ պի­տի ու­նե­նա­յինք անջր­պետ մը, որ պզտիկ­ցած է: Ժա­մա­նա­կը պի­տի ըլ­լար պար­զա­պէս կարճ­ցած, եւ ժա­մա­նա­կին՝ շար­ժուն ա­ռար­կա­յին ա­րա­գու­թեան հա­մե­մատ այդ կարճ­նա­լը հե­տե­ւանք պի­տի ըլ­լար սա՛ ի­րո­ղու­թեան, թէ երբ այդ ա­րա­գու­թեան ար­ժէ­քը ան­հու­նու­թեան կը հաս­նի, ժա­մա­նա­կը, զէ­րո­յի վե­րա­ծուած, ընդ­միշտ կ’ան­հե­տա­նայ:

Ըստ ֆրան­սա­ցի գրող, ա­կա­դե­մի­կոս Ժան տ՝Օր­մե­սո­նի՝ ժա­մա­նա­կը ե­րեք ան­հա­ւա­սար բաղ­կա­ցու­ցիչ ու­նի. ա­նոնց­մէ եր­կու­քը ա­հա­ւոր են եւ կա­րե­լի է ը­սել ան­վերջ, ան­ցեա­լը եւ ա­պա­գան: Իսկ եր­րոր­դը այն­քան անն­շան՝ ո­րուն գո­յու­թիւնն իսկ վի­ճե­լի է. ներ­կան է: Կա­րե­լի է նոյ­նիսկ պնդել որ այս ե­րեք բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րէն ոչ մէ­կը իս­կա­պէս գո­յու­թիւն ու­նի, ան­ցեա­լը՝ ո­րով­հե­տեւ այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի, ա­պա­գան որ դեռ ներ­կայ չէ, գա­լով ներ­կա­յին՝ ան ա­մէն ակն­թար­թին ան­հե­տա­նա­լու վրայ է հա­կա­ռակ իր շա­րու­նա­կա­կան բնոյ­թին: Սա պա­հուն երբ այս յօ­դո­ւա­ծը կը շա­րադ­րեմ ար­ձա­նագ­րե­լով ո­րոշ բա­ռեր, ար­դէն ան­ցեալ է՝ յա­ջորդ իսկ ակն­թար­թին: Ու­րիշ խօս­քով, այն պա­հը ուր ես կը գրեմ, ար­դէն հե­ռա­ցած է ինձ­մէ:

Ինչ որ նե­ղա­ցու­ցիչ է, ան է թէ մենք մեր ամ­բողջ կեան­քը կ’ան­ցը­նենք այս ա­նի­րա­կան բար­ձուն­քին վրայ, որն է ներ­կան, գո­յու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Տիե­զեր­քը կը կա­յա­նայ յա­ւի­տե­նա­կան ներ­կա­յի մը մէջ, որ իւ­րա­քան­չիւր ակն­թար­թին կը չքա­նայ, անց­նե­լով ա­պա­գա­յէն դէ­պի ան­ցեալ: Այ­սու­հան­դերձ, հա­կա­ռակ ի­մաս­տա­սէր­նե­րու ե­րա­զան­քին կամ խորհր­դա­ծու­թեանց, ի­րա­կան աշ­խար­հը իր գո­յու­թիւ­նը կը զգաց­նէ միշտ: Կ­’ա­նօ­թե­նանք, ցաւ կը քա­շենք, կը հրճո­ւինք, կու լանք, կ’եր­ջան­կա­նանք: Ու­րեմն, շա­րու­նա­կենք վա­յե­լել կեան­քը այն­պէս ինչ­պէս հրամ­ցո­ւած է մեզ­մէ ա­մէն մէ­կուն, ա­մե­նահ­զօր Ա­րա­րի­չին կող­մէ:

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ