Ա­նակն­կալ մը չէր Քա­լի­ֆոր­նիա­հա­յու­թեան «քի­թին տակ» գտնո­ւող Քար­սը­նի մէջ, թրքա­կան ա­նի­րա­գոր­ծե­լի ե­րազ մը…­գէթ ա­ռա­ջադ­րե­լու:

­Թէեւ, շատ բան կը բա­ցատ­րէ տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­կան խոր­հուր­դի կարճ ու կտրուկ դրժու­մը, տե­ղադ­րե­լու հա­մար Ա­թա­թուր­քի ար­ձա­նը, սա­կայն

հոս տե­ղին է նշել եւ կա­րե­ւո­րել թէ ա­մե­նու­րէք գոր­ծի լծո­ւած է թրքա­կան հա­կա­հայ կա­ռոյ­ցը:
Ա­միս­նե­րէ ի վեր գոր­ծի լծո­ւած է այս կա­ռոյ­ցը, յատ­կա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կի սե­մին, իր «ձեռ­քին գոր­ծը» տա­նե­լու:

 

Գ­րե­թէ միեւ­նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին է, որ մղոն­ներ հե­ռու…­տար­բեր ցա­մա­քա­մա­սէ մը՝ Ով­կիա­նիոյ մէջ միեւ­նոյն սադ­րիչ աշ­խա­տանքն է որ կը կա­տա­րէ հա­կա­հայ քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան: Ար­դա­րեւ Սիտ­նիի հան­րա­ծա­նօթ «­Հայտ Փարք»ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Ա­թա­թուր­քին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տախ­տա­կի տե­ղադ­րում եւ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի հոն ալ յու­շար­ձան մը տե­ղադ­րել: Ցա­ւա­լին այն է թէ, այս կա­ռոյ­ցին տակ պի­տի նշո­ւի.- .«Ի յի­շա­տակ Կա­լի­փո­լիի ճա­կա­տա­մար­տի հա­րիւ­րաա­մեա­կին»:

­Ճա­կա­տա­մարտ մը, որ յատ­կա­պէս Աւստ­րա­լիա­ցիին հա­մար ու­նի յա­տուկ եւ խոր ի­մաստ, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րող այդ ճա­կա­տա­մար­տին շուրջ ութ հա­զար եօթ հա­րիւր զի­նո­ւոր­ներ մա­հա­ցան եւ ա­ւե­լի քան 19 հա­զար բա­նա­կա­յին­ներ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան: Ծա­նօթ «Ան­զաք» ա­նու­նով այդ սու­գի օ­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն կապ ու­նի Կա­լի­փո­լիին եւ այդ ճա­կա­տա­մար­տէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած Ա­թա­թուր­քին հետ: Դեռ ա­ւե­լին, ա­մե­նայն յանդգ­նու­թեամբ թրքա­կան լո­պին նոյ­նիսկ մտադ­րած է նմա­նօ­րի­նակ «ա­մօ­թի յու­շար­ձան» մը կանգ­նեց­նել մայ­րա­քա­ղաք Քան­պե­րա­յի մէկ բա­նուկ պար­տէզ­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Այս գծով գերզ­բա­ղո­ւած կը թո­ւի ըլ­լալ Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մետ Տա­ւու­թօղ­լուն, որ դեռ ան­ցեալ շա­բա­թաս­կիզ­բին՝ Փոր­թու­գա­լի մայ­րա­քա­ղաք՝ Լիզ­պո­նի մէջ այ­ցե­լած էր ա­հա­բե­կո­ւած թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու յու­շար­ձան եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած՝ ա­նոնց յի­շա­տա­կին:

­Նիւ Եոր­քի մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ գոր­ծող թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն:

Օ­րա­կար­գի վրայ, կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցը ե­ղած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­րիւ­րա­մեա­կի հար­ցը:

Տա­ւու­թօղ­լու ա­հա­զանգ հնչե­ցու­ցած է եւ զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կոչ ը­րած է մէկ կողմ ձգել ազ­գա­յին հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ հա­մա­տեղ աշ­խա­տիլ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ըն­դա­ռաջ, ա­նոր ճա­նաչ­ման դէմ պայ­քա­րը ա­ւե­լի ազ­դու դարձ­նե­լու եւ մէկ խօս­քով զայն ու­րա­նա­լու նպա­տա­կով:
­Տա­ւու­թօղ­լու խոս­տա­ցած է ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին յատ­կա­պէս ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել «Ա­հա­բեկ­չու­թեան», շեշ­տը դնե­լով թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու սպա­նու­թիւն­նե­րուն հետ կա­պո­ւած դէպ­քե­րու վրայ:

Հուսկ, Թուր­քիոյ հա­կա­հայ կա­ռոյ­ցի նո­րըն­տիր ղե­կա­վար՝ «­Կա­զի» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն՝ փրոֆ. Ռե­ֆիք Թու­րան ար­դէն իսկ գոր­ծի լծո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման գծով, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն-գիրք մը հրա­տա­րա­կե­լու, նաեւ պատ­րաս­տե­լու փաս­տագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը:
Ար­դեօք այս բո­լոր հա­կա­քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քը պի­տի հա­մո­զէ՞ ո՛չ հայն ու ո՛չ թուր­քը:

…Ե­րե­ւոյթ մը, որ պա­տա­հե­ցաւ քա­նի մը օր ա­ռաջ եւ Քար­սե­նի քա­ղա­քա­կան խոր­հուր­դի օ­տա­րազ­գեայ ան­դա­մը պար­զա­պէս շեշ­տեց.- «… Չեմ կրնար հեր­քել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ