Ա­րաբ գրող Մու­հէ­նէտ Ալ­կա­թիը «world-news-in-moment.blogspot.com»ի մէջ կը գրէ, որ Ի­րի­քի եւ Գա­միշ­լիի մի­ջեւ եր­թե­ւե­կող 8 հո­գի­նոց հին ինք­նա­շարժ­նե­րը կը պատ­կա­նէին հա­յե­րուն, հա­յե­րը Գա­միշ­լիի մէջ ար­տադ­րու­թեան ջի­ղը կը ներ­կա­յաց­նէին եւ հռչա­կա­ւոր էին, մաս­նա­ւո­րա­

պէս, մե­քե­նա­գէտ­ներն ու ար­հես­տա­ւոր­նե­րը:

 

Գա­միշ­լիի ա­ռա­ջին ճա­շա­րա­նին տէ­րը հայ էր` Ա­րամ Քէ­շի­շեան, որ հռչա­կա­ւոր էր հա­մեղ ու­տե­լիք­նե­րու տե­սա­կա­նի­նե­րով:

Գա­միշ­լիի ա­մե­նա­հին լու­սան­կա­րիչ Գ­րի­գոր Գ­րի­գո­րեան` (­Գո­գօ), ծնած էր 1939ին։ Ա­նոր ծնող­նե­րը գաղ­թած էին Տիգ­րա­նա­կեր­տէն, յետ հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րուն:

Ան հռչա­կա­ւոր մար­դոց նկա­րած էր, ինչ­պէս նա­խա­գահ Շուք­րի Քո­ւաթ­լին, երբ վեր­ջինս այ­ցե­լեց Գա­միշ­լի 1955ին:

Կը յի­շեմ մեր դրա­ցին` Սե­րո­բը, որ լաւ մե­քե­նա­գէտ էր եւ ա­նընդ­հատ իր մե­քե­նան կը նո­րո­գէր, ան­տե­սե­լով ձմրան ցուր­տը եւ ամ­րան տա­քը:

Ինչ­պէ՞ս մոռ­նալ Մա­մի­կոն զբօ­սայ­գին, ո­րուն տէ­րը` Մա­մի­կոն Պ­րա­մեանն էր: Իսկ ա­մե­նա­հին բժիշ­կը` Խա­չիկ Ռշ­տու­նին…

Եւ Գա­միշ­լիի ա­մե­նա­հին դպրոցն էր հա­յո՛ց դպրո­ցը, որ այ­սօր կը կո­չո­ւի Ալ­ֆու­րաթ մաս­նա­ւոր դպրոց:

1946ին Գա­միշ­լիէն հե­ռա­ցան 3500 հա­յեր՝ դէ­պի Հա­յաս­տան, ձգե­լով 20 գիւղ դա­տարկ. ո­մանք ալ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան Հա­լէպ:

Մա­նու­կի ջա­ղաց­քը, Կար­պի­սի սրճա­րանն ու Կար­պի­սի Սի­նե­ման Գա­միշ­լիի յու­շար­ձան­ներն են, ո­րոնք կը վկա­յեն հա­յոց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ու­նե­ցած դե­րը Գա­միշ­լիի կա­ռուց­ման մէջ:

Փայ­փա­յան­քով կը վե­բե­րինք հա­յե­րուն, ո­րոնք եր­բեք չըն­դու­նե­ցին գաղ­թա­կան ո­րա­կու­մը, այլ՝ ի­րենց ճակ­տի քրտին­քով վաս­տա­կե­ցին ի­րենց ապ­րուս­տը:

Յարգ ու պար­ծանք Գա­միշ­լիի բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թին­նե­րուն: