­Այն, ինչ որ Ի­րա­քի մէջ այ­սօր տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ, մարդ­կա­յին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ կա­տա­րեալ ող­բեր­գու­թիւն մըն է:

 

Գա­հի­րէի մէջ ա­րաբ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին, Ի­րա­քի կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան քան­դու­մը դա­տա­պար­տող բա­նա­ձե­ւի մը քննար­կու­մէն մէկ օր ա­ռաջ, ՏԱՀԵՇ քան­դեց Մու­սու­լի ա­րե­ւել­քը գտնո­ւող հնա­գի­տա­կան ա­սո­րես­տա­նեան Խո­րա­սա­պատ քա­ղա­քը, որ Նեմ­րու­թէն եւ Հաթ­րա­յէն ետք մին­չեւ օրս Ի­րա­քի մէջ քան­դո­ւած եր­րորդ հնա­գի­տա­կան վայրն է:

ԵՈՒՆԵՍՔՕն դա­տա­պար­տած էր այդ ա­րարք­նե­րը` զա­նոնք նկա­տե­լով «պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր» եւ հար­ցը փո­խան­ցած Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դին ու Մի­ջազ­գա­յին Ք­րէա­կան Դա­տա­րա­նին:

Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Քար­տու­ղար Պան Քի Մուն իր կար­գին դա­տա­պար­տեց Նեմ­րու­թի քան­դու­մը` նշե­լով.- «­Մեր հա­սա­րա­կաց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան քան­դու­մը պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր մըն է եւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան դէմ յար­ձա­կում մը»:

Այդ ժո­ղով­նե­րուն եւ դա­տա­պար­տում­նե­րուն պէտք չէ յոյս կա­պել` լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին, լե­ռը մուկ պի­տի ծնի:

Մինչ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ժո­ղով կը գու­մա­րէին, ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման զի­նեալ­նե­րը Մու­սու­լի կեդ­րո­նին մէջ քան­դե­ցին հնա­գի­տա­կան «­Սա­յի­տա Նա­ֆի­սա» մզկի­թը: Հա­ւա­տադր­ժո­ղա­կան խմբա­ւո­րու­մը Խո­րա­սա­պատն ու մզկի­թը քան­դե­լով ե­կաւ յայ­տա­րա­րե­լու, որ ինք թքած ու­նի թէ՛ այդ ժո­ղո­վին, ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րուն եւ այդ ժո­ղո­վէն բխե­լիք ո­րո­շու­մին, թէ՛ Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դին, թէ՛ ալ Մի­ջազ­գա­յին Ք­րէա­կան Դա­տա­րա­նին վրայ: Ի վեր­ջոյ ա­նոր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան պրիս­մա­կէն դի­տո­ւած՝ բո­լոր վե­րոն­շեալ­ներն ալ ոչ թէ հե­ղի­նա­կու­թիւն չու­նին, այ­լեւ՝ նոյ­նիսկ կար­ծէք գո­յու­թիւն չու­նե­նա­յին:

ՏԱՀԵՇ՝ Ի­րա­քի մէջ հնա­գի­տա­կան քա­ղաք­նե­րը, հնա­դա­րեան ե­կե­ղե­ցի­ներն ու մզկիթ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ թան­գա­րան­նե­րուն մէջ պահ դրո­ւած հնու­թիւն­նե­րը քան­դե­լով՝ կը կի­րար­կէ «ան­ցեա­լը քան­դե­լով ա­պա­գա­յին տի­րե­լու» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ նա­խա­պէս կի­րար­կո­ւած էր Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջորդ Թուր­քիոյ կող­մէ, Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Կի­լի­կիոյ մէջ:

Մ­շա­կու­թա­յին գան­ձե­րու կո­րուստ­նե­րը ան­դառ­նա­լի են: Հ­նու­թեան մը ար­ժէ­քը իր հին ըլ­լա­լուն մէջ է. զայն վե­րա­կա­ռու­ցե­լը ա­նի­մաստ է, իսկ ար­դիւն­քը` ա­նար­ժէք: Մար­դիկ գլխա­տող ու հրկի­զող խմբա­ւո­րու­մէ մը մշա­կոյ­թի եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան նկատ­մամբ պատ­կա­ռանք ակն­կա­լե­լը ան­տե­ղի պի­տի ըլ­լար: Ա­տե­նօք Եւ­րո­պա­յի մէջ «քրիս­տո­նեայ» հա­ւա­տադր­ժո­ղա­կան­նե­րը` հա­ւա­տաքն­նիչ­նե­րը եւս մար­դիկ կը հրկի­զէին եւ մա­հա­պա­տի­ժի ու չար­չա­րան­քի հա­զա­րու­մէկ հնարք­ներ կը ստեղ­ծէին: Միջ­նա­դա­րու խա­ւա­րին, սա­կայն, յա­ջոր­դեց լու­սա­ւո­րու­թեան դա­րը, եւ եւ­րո­պա­ցի­նե­րը քա­ղա­քակր­թու­թիւն կեր­տե­ցին:

Ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի պար­զած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին լոյ­սին տակ կա­րե­լի է հաս­տա­տել, որ «Ա­րա­բա­կան Գա­րուն»ը ան­պատ­շաճ ու հեգ­նա­կան ա­նո­ւա­նում մըն է, ո­րով­հե­տեւ գա­րու­նը կեանք ու ծաղ­կում կը նշա­նա­կէ, իսկ մեր շուրջ միայն մահ ու ա­ւեր է:

Ե­թէ պահ մը ըն­դու­նինք, որ ա­սի­կա ի­րա­պէս գա­րունն է, ա­պա ինչ­պի­սի՞ն պի­տի ըլ­լան մնա­ցեալ ե­ղա­նակ­նե­րը: Յու­սանք, որ պատ­մու­թիւ­նը շու­տով ինք­զինք կը կրկնէ. խա­ւա­րամ­տու­թեան ու խա­ւա­րի տի­րա­կա­լու­թիւ­նը կը չքա­նայ եւ կը վե­րա­բա­ցո­ւի լու­սա­ւո­րու­թեան ու զար­գաց­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը:

­

Վահ­րամ Էմ­միեան