­Խո­րագ­րի հար­ցու­մը պէտք է ուղ­ղել իւ­րա­քան­չիւր ճա­ռէ կամ հո­գե­պա­րար նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէ ա­ռաջ:

ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄ՝

Քա­ղա­քա­կան ի­րաւ աշ­խա­տան­քի ծրագ­րի մեկ­նա­կէտ, տար­բեր մխի­թա­րու­թիւն որ­սա­լու մի­տող եւ որ­պէս կեր տրո­ ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն ա­ռաջ եւ գե­րի­վեր: Ա­ռանց այս ըմբռ­նու­մին քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տան­քը կը վե­րա­ծո­ւի տպա­ւո­րիչ ըլ­լա­լու հո­գե­հանգս­տեան ի­րա­րան­ցու­մի: Ար­դէն սո­վո­րու­թիւն էր ը­սել՝ ո­գե­կո­չում:

­Յանձ­նա­խում­բեր կազ­մո­ւած են, տե­ղա­կան, հա­մազ­գա­յին: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կան, պի­տի ըլ­լան, հնչեղ հա­րիւ­րա­մեա­կի ա­ռի­թով: ­Կը բա­ւէ հե­տե­ւիլ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու, ի­մա­նա­լու հա­մար, թէ ին­չե՜ր պի­տի կա­տարուին. ծա­փա­հա­րե­լի հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ՝ աշ­խար­հի տար­բեր լե­զու­նե­րով՝ ը­սե­լու հա­մար, թէ ինչ կորսն­ցու­ցած ենք, եր­գի եւ ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թիւն­ներ, ցոյ­ցեր: ­Փորձ ու­նինք կա­րե­ւոր հա­մա­րո­ւած ան­ձե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու ե­տե­ւէն վա­զե­լու, վազք՝ զոր կը կո­չենք լոպ­պի­յինկ: ­Կոր­զո­ւած ցա­ւակ­ցու­թեան նմա­նող իւ­րա­քան­չիւր բառ եւ խօսք մեծ յաղ­թա­նակ կը հա­մա­րենք, մա­նա­ւանդ երբ մեր ե­սե­րը շո­յող լու­սան­կար­ներ ալ ըլ­լան, ձեռք թօ­թո­ւե­լով կամ հայ­կա­կան կեդ­րոն մը այ­ցե­լու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, ­Մոն­թե­պել­լո­յի կամ ­Պիք­ֆա­յա­յի յու­շար­ձան­ներ, ե­ւայլն, ի­րա­պէս ե­ւայլն:

Դ­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ե­թէ ա­նոնք էա­կա­նի վրայ կա­ռու­ցո­ւին կամ ի­րա­ւուն­քի վե­րա­կանգն­ման յան­գին:

Էա­կա­նը՝ հո­ղա­հա­ւաք եւ հա­յա­հա­ւաք, որ­պէս­զի տո­կանք եւ տե­ւենք, ա­ռանց խօս­քի փրփուր­նե­րու ան­վա­ղոր­դայն գի­նո­վու­թեան, չըլ­լա­լու հա­մար ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մէջ ե­րեւ­ցող սոսկ ա­նուն:

­Թուրք, ա­մե­րի­կա­ցի, ֆրան­սա­ցի, ռուս, ու­րու­կո­ւայ­ցի, պո­լի­վիա­ցի եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­ներ, յար­գե­լի մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, պե­տու­թիւն­ներ, մեր կող­մէ իսկ հիւսուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման զսպա­շա­պի­կէն դուրս գա­լով, խօ­սա՞ծ են, պի­տի խօ­սին հայ­րե­նա­հա­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւուն­քի մա­սին: Այդ պա­հան­ջով կը ներ­կա­յա­նա՞նք: ­Պի­տի ը­սե՞ն, որ բռնագրա­ւո­ւած ­Հա­յաս­տան մը կայ, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տանն է, հայ ժո­ղո­վուր­դի բնա­վայ­րը, զոր հա­ւա­քա­կան մեղ­սակ­ցու­թեամբ կը կո­չեն Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լու, Ա­նա­դո­լիա, ոչ միայն թուր­քե­րը: ­Նոյ­նիսկ մենք, գի­տա­կից կամ ան­գի­տա­կից թե­թեւ­սո­լի­կու­թեամբ, կը կոչենք պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տան, կար­ծէք ըն­դու­նե­լով, որ այդ հա­յաշ­խար­հը վերջ­նա­կա­նա­պէս ար­ձա­նագ­րո­ւած ըլ­լայ պատ­մու­թեան շահ-վնա­սի տո­մար­նե­րուն մէջ:

Ոչ պատ­մա­կան, այլ՝ Ա­րեւմը-տա­հա­յաս­տան:

Ե­թէ այդ­պէս է կա­ցու­թիւ­նը, ե­թէ այդ­պէս կ’ըն­դու­նին եւ վա­տու­թեամբ կ’ըն­դու­նինք կա­ցու­թիւ­նը, ազ­գի տե­սան­կիւ­նէն ի՞նչ կը հե­տապն­դենք:

Այս ին­չի սահ­մա­նու­մը ֆէ­թիշ թո­ւա­կա­նի ա­ւար­տէն ա­ռաջ պէտք է որ յստա­կա­ցած ըլ­լայ, ըլ­լար: Կ­’ըլ­լա՞յ: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ ամ­պա­գոր­գոռ ժո­ղով­նե­րու մէջ ան օ­րա­կարգ է՞:

­Ծա­փա­հա­րենք մեծ բե­մե­րու վրայ հան­դէս գա­լիք խօս­քի եւ եր­գի թե­նոր­նե­րը:

­Յե­տո՞յ:

­Մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ նստած հո­գե­խո­ցը (traumatisme) կը սպիա­նա՞յ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մով եւ ա­նո­րոշ բո­վան­դա­կու­թեամբ հա­տու­ցու­մով: ­Մեր ակն­կա­լած մխի­թա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ տեղ մը կը յի­շո­ւի՞ հայ­րե­նա­հա­նու­մը, որ բո­ցա­վառ մա­սը պէտք է ըլ­լայ ­Յի­շո­ղու­թեան, որ մեզ կը դա­տա­պար­տէ այ­լա­սեր­ման. ի­րա­տես եւ քաջ պէտք է ըլ­լալ մա­ղին վե­րը մնա­ցած­նե­րը եւ սա­հե­լով ան­ցած­նե­րը գնա­հա­տե­լու հա­մար: Ա­պա­գա­յի կա­ռու­ցու­մը շա­տա­խօ­սու­թեամբ չ’ի­րա­կա­նա­նար, այլ ի­րա­տե­սու­թեամբ, նոյ­նիսկ երբ ան ցաւց­նող ուղ­ղու­թիւն­ներ կը պար­տադ­րէ, յա­ճախ ընդ­դէմ էս­թէպ­լիշ­մըն­թին:

­Հա­տու­ցում: ­Զար­մա­նա­լի կեր­պով ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան սո­վոր մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­մա­խո­հու­թեան ըն­դու­նած է հրաշք տա­րա­զը:

­Բայց հրաշ­քով մեծ հայ­րե­րու տուն, տեղ, արտ եւ այլ կար­գի հարս­տու­թիւն­ներ կամ ա­նոնց փո­խար­ժէ­քը, թե­րեւս կը վե­րա­դար­ձո­ւին, ե­թէ տի­րու­թիւն ը­նող­ներ գտնո­ւին, ­Պե­վըր­լիէն, ­Փա­րի­զէն, ­Լի­բա­նա­նի ­Ռա­պիէ­յէն կամ ­Լոն­տո­նի Ալ­պըրթ հո­լի թա­ղա­մա­սէն վե­րա­դար­ձող­ներ ըլ­լան:

­Բայց հայ­րե­նա­հա­նու­մի ո­ճի­րը ազգ քան­դած է, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ ազ­գին տրո­ւե­լիք հա­տու­ցու­մը:

­Մի՞­թէ ազ­գին ըլ­լա­լիք հա­տու­ցու­մը այլ բան կրնայ ըլ­լալ բա­ցի բռնագ­րա­ւո­ւած հա­յաշ­խար­հէն:

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մով մեզ օ­րօ­րող­նե­րը եւ մխի­թա­րող­նե­րը պէտք է յանձ­նա­ռու­թեամբ յի­շեն, որ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գիր ստո­րագ­րած են, բո­լո­րը, նաեւ յետ-կայ­սե­րա­կան ­Թուր­քիան:

Այս է էա­կան խնդի­րը ազ­գին, այ­սօ­րո­ւան եւ վա­ղո­ւան հե­ռան­կա­րը: Մ­նա­ցեա­լը հո­գե­հան­գիստ է, նպա­րա­վա­ճա­ռի հա­շիւ, քաղ­քե­նիի սնա­փա­ռու­թիւն, դիր­քե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ջա­ղաց­քի չախ­չախ:

­Յա­ճախ կը կրկնեմ, որ մեծ հո­գի ու­նե­ցող հայ ա­ւագ­նե­րու դպրո­ցը պէտք է յա­ճա­խել: Այդ ը­նե­լու հա­մար ա­մէ­նա­գէտ­նե­րը հա­մես­տու­թեան ճիգ պէտք է ը­նեն:

­Պարզ հար­ցում­ներ կան, ո­րոնց անշ­պար պա­տաս­խան­նե­րը ազ­գը պէտք է ա­ռաջ­նոր­դեն: Ա­ռաջ­նոր­դած ըլ­լա­յին:

Ին­չո՞ւ հա­յոց թա­գա­ւո­րը Վ­ռամ­շա­պուհ, հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը ­Սա­հակ, ա­պա­գա­յա­տես հայ մտա­ւո­րա­կա­նը ­Մես­րոպ, հա­մա­խոր­հուրդ, հա­յոց այ­բու­բեն ըն­ծա­յե­ցին:

Ի՞նչ կ’ը­սէ պատ­մա­հայր ­Խո­րե­նա­ցին. ­Հա­յաս­տա­նը հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րով բնա­կո­ւած աշ­խարհն է: Իսկ ա­ռանց հա­յե­րէ­նի ո­րոնց­մով կը կազ­մո­ւի ազ­գը: ­Հո­ղին վրայ եւ տարտղ­նո­ւած­նե­րու պա­րա­գա­յին:

Ի՞նչ կ’ը­սէ հայ գրո­ղը, ­Վի­գէն ­Խե­չու­մեան. Օ­տա­րի դրա­նը քեզ կը կո­չեն հիւր, որ­պէս­զի չա­սեն ծա­ռայ: Որ­քա՜ն հո­լո­վե­ցինք եւ կը շա­րու­նա­կենք հո­լո­վել հիւ­րըն­կալ եր­կիր անհ­րա­պոյր բա­ցատ­րու­թիւ­նը, ուր հիւր ենք մին­չեւ որ ա­նա­նուն ան­գո­յու­թեան դա­տա­պար­տո­ւինք, դա­տա­պար­տեն կամ մենք մեզ դա­տա­պար­տենք յա­ջոր­դա­կան լքում­նե­րով, ո­րոնց թւու­մը պի­տի նմա­նի բա­ղա­ձայն տի­րա­ցո­ւի շա­րա­կա­նի: ­Ման­րա­նա­լով մա­ղին միւս կող­մը անց­նող­նե­րը:

­Յի­շո­ղու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած անշ­պար եւ ա­նայ­լայլ վա­ղո­ւան կա­ռու­ցու­մը կը սահ­մա­նո­ւի եր­կու բա­ռով, զորս պէտք է գոր­ծա­ծել ա­ռանց հռե­տո­րա­կան ճապ­կում­նե­րու, մենք մեզ եւ ու­րիշ միա­միտ­ներ շփո­թեց­նե­լու: Այդ եր­կու բա­ռե­րը ա­ռանց յանձ­նա­ռու­թեան, շա­բա­թա­վեր­ջի հան­դէս յու­զող ծափ սպա­սող շա­տա­խօ­սու­թիւն են:

Այդ բա­ռե­րը՝ հո­ղա­հա­ւաք եւ հա­յա­հա­ւաք, ալ­ֆա­յէն մին­չեւ օ­մե­կա: ­Ֆէ­թիշ հա­րիւ­րա­մեա­կը ազ­գը ապ­րեց­նե­լու այլ ի­մաս­տու­թիւն չու­նի, պէտք չէ ու­նե­նայ: Այ­լընտ­րանք­ներ պա­տե­հա­պաշտ­նե­րու եւ լու­սապ­սակ փնտռող բախ­տախն­դիր­նե­րու ինք­նար­դա­րա­ցում­ներ են: ­Գի­տա­կից զան­գո­ւած­ներ եւ ղե­կա­վա­րու­թիւն, ա­ռանց մար­դոր­սու­թեան տխրու­թեան մէջ խրե­լու, ա­ռանց ազ­գի յի­շո­ղու­թեան ա­ռանց­քին գտնո­ւող հո­ղա­հա­ւա­քի եւ հա­յա­հա­ւա­քի, պի­տի ըն­թա­նան դէ­պի ազ­գի ան­գո­յու­թիւն, կամ պի­տի հե­ռա­նան հրա­պա­րա­կէն:

Ա­պա թէ ոչ ժա­մա­նա­կը եւ պատ­մու­թիւ­նը ա­նո­ղոք կ’ըլ­լան:

Ա­նուն մըն ալ կ’ա­ւել­նայ ան­հե­տա­ցած ազ­գե­րու ցան­կին վրայ:

Եւ մո­լո­րակ­ներ ու աստ­ղեր կը շա­րու­նա­կեն դառ­նալ:

Յ.ՊԱԼԵԱՆ