Բոլորիս կը պատահի։ Անսպասելի մէկ պահուդ, ուրկէ ուր ժահր մը կամ մանրէ մը վրադ տկար կէտ մը կը նկատէ, լռիկ-մնջիկ կը սողոսկի անկէ ներս ու հետզհետէ կը հաստատէ իր իշխանութիւնը մարմնիդ մէջ, առանց որ անդրադառնաս։ Ու քանի մը օր ետք արդէն հիւանդ ես։ Կը զգետնուիս։ Մինչ անզօրութեան զգցում մը կը պատէ քեզ ու անհամբեր կը դառնաս, թէ ե՞րբ պիտի լաւանաս, ե՞րբ պիտի վերագտնես ինքզինքդ, միւս կողմէ սակայն արդէն պայքար մը ծայր տուած է մէջդ՝ նոյնիսկ կամքէդ անկախ։ Բոլոր ուժերդ ի մի կու գան յաղթահարելու թշնամին։
Անզօրութեան այդ զգացումը կ՚ապրիս սակայն ո՛չ միայն հիւանդութեան պարագային, իսկ ներքին ուժերդ մի՛շտ չէ, որ օգնութեան կրնան հասնիլ քեզի։
Այսպէս, անզօրութեան զգացումը կը պատէ քեզ երբ ձմեռը կ՚երկարի, արեւը չի տաքցներ, ձիւնատարափներն ու ձիւնամրրիկները կը յաջորդեն իրարու, եւ ձեռքէդ բա՛ն չի գար այդ իրավիճակը փոխելու համար, բացի անշուշտ եթէ կրնաս հեռանալ գաղթող թռչուններուն նման...
Անզօրութեան կը մատնուիս, երբ գնացքդ կ՚ուշանայ, կամ երբեք չի գար այդ առաւօտ, ու ցուրտին երկար սպասելէ ետք՝ փոխադրական այլ միջոցներ կը փնտռես, կամ սառած մարմինդ տաքցնելու համար տուն կը վերադառնաս ու աշխատանքի օր մը կը կորսնցնես։
Անզօրութեան ու յուսահատութեան առջեւ կը գտնես դուն քեզ, երբ երկրին դրամը կ՚արժեզրկուի, սղաճը կը յառաջանայ իսկ մուտքերդ չեն բարձրանար համեմատաբար։ Դժուար օրեր կ՚երեւին հորիզոնին վրայ, ու կ՚անճրկիս-կը մնաս, չես գիտեր ի՛նչ ընել։
Տակաւին որքա՜ն անզօր կը թուիս դուն քեզի, երբ կը տեսնես ինչպէս ազգդ ամեն օր քիչ մը աւելի կը հիւծի, իր արմատներէն կը հեռանայ, իսկ հայրենիքդ չի կարենար հաւաքել զայն, ի՛նք բազում դժուարութեանց առջեւ կը գտնուի, սահմանները տեւական յարձակումի ենթակայ, իշխանութիւնները տեւական ամլութեան դատապարտուած, իմաստունները լռած, ոճրագործները աշխուժացած։ Ի՞նչ կրնաս ընել այսպէս հեռուէն՝ «դարման բերելու Հայոց աշխարհին»...
Բայց միայն Հայոց աշխարհը չէ, որ այդ վիճակին է մատնուած։ Կը տեսնես ինչպէս ամենուրեք ընչաքաղցութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, մութ դարերու շամբերու օրէնքները կ՚իշխեն, կը հարուածեն, կ՚ոչնչացնեն, փոխադարձաբա՛ր, ու Երկինք ու Երկիր աւելի կը հեռանան իրարմէ, մարդը կը դադրի Մարդ ըլլալէ։
Gary Younge իր «American Sniper reveals the west’s blind spots» (American Sniper ժապաւէնը կը յայտնաբերէ Արեւմուտքի քողարկուած երեսները) յօդուածով, The Guardian Weekly շաբաթաթերթի 2015-01-30 թիւին մէջ, բացառիկ բանաձեւումով մը կը բնութագրէ ներկայ իրավիճակը աշխարհի, գէթ մեր կարծած «քաղաքակիրթ» արեւմտեան աշխարհի, որ «եսակեդրոն՝ իր տառապանքով, ինքնասիրահարուած՝ իր ներմղումներով, ինքզինք կը ջատագովէ որպէս պաշտպանը սկզբունքներու, որ ի՛նք չի յարգեր, եւ բարոյականութեան մը, որ ի՛նք չի կիրարկեր։ Այս երեւոյթը զինք գրեթէ պիտի չտարբերէր ա՛յլ մշակոյթներէ։ Տարբերութիւնը իր այն զօրութեան մէջն է, որով ան միաժամանակ կը պարծենայ իր գերակայութեամբ ու կը հակասէ անոր։»
Սակայն պէտք չէ ենթարկուիլ այդ անզօրութեան զգացումին, այդ պարտուողականութեան ոգիին։ Պէ՛տք է յաղթահարել զայն, նոյնիսկ եթէ տոնքիշոտութիւն համարուի հողմաղացներու դէմ այդ պայքարը։ Իսկ խիզախ պայքարողներ չեն պակսիր, բայց անոնք կը կարօտին մեր պաշտպանութեան, ինչպէս դիտել կու տայ ֆրանսական «Le Canard enchaîné» երգիծաթերթի տնօրէնը՝ Michel Gaillard։ Ըստ անոր, այդ մարտիկները կը կոչուին Edward Snowden, Antoine Deltour կամ Hervé Falciani, ահազանգիչները այն գայթակղութեանց, որոնք բացայայտուեցան անոնց կողմէ ու ճանչցուեցան «NSA», «LuxLeaks» կամ «SwissLeaks» մակդիրներով ու անհանգըստացուցին իրենց անօրինականութեանց մէջ հանգի՜ստ ու անարգե՜լ գործող անձեր, կազմակերպութիւններ ու պետութիւններ, ինչպէս կը հաղորդէ Agence France-Presse՝ Մոնթրէալի Le Devoir օրաթերթի 2015-02-12 թիւին մէջ լոյս տեսած կարճ լրատուութեամբ մը։ Այո, պէտք է պաշտպանել այս հերոսները, որոնք մեզ կը զգուշացնեն տնտեսական խարդախութիւններու, հաւաքականութեան վնասաբեր արարքներու, բնութեան պահպանման կամ մեր առողջութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ։ Միայն վեց երկիրներ ցարդ օրէնքներ հաստատած են պաշտպանելու համար զանոնք ու տարբերելու անձնական շահեր կամ վրէժխնդրութիւններ հետապնդող ուրիշ «խենթ»երէ, ինչպէս դիտել կու տայ Միջազգային թափանցիկութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը։
Այդ ահազանգիչի գլխաւոր դերը սակայն մամուլին կը պատկանի, եւ անշուշտ անկախ ու յանդուգն մամուլին, որուն շնորհիւ ալ վերոյիշեալ անձերը կրցան հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել բոլոր այն գայթակղութիւնները, որոնք կը կատարուէին մինչ այդ։
Մամուլը սակայն պարբերաբար «սուլիչ փչող» այդ անհատներէն աւելի անդին ու աւելի տեւական առաքելութիւնը ունի հանրութիւնը մի՛շտ արթուն պահելու եւ զգուշացնելու բոլոր չարաշահութեանց, օրինազանցութեանց ու դաւերուն մասին, որոնք կը կատարուին մեր աչքին առջեւ ու կը վրիպին մեր ուշադրութենէն։ Նման մամուլ մը միայն կրնայ երաշխիքը հանդիսանալ ժողովրդավարութեան ու արդար կարգերու։
Որքա՜ն հեռատես եղած է Յարութիւն քհ. Շմաւոնեան, երբ 1794 թուականին Մատրասի մէջ կը հիմնէր առաջին հայերէն թերթը ու զայն կ՚անուանէր «Ազդարար», ոչ պարզապէս «Լրատու»։ Ազդարարելը պարզապէս լուր տալ չէ, զգուշացնելու, ահազանգելու իմաստ մըն ալ ունի այդ սքանչելի հայերէն բառը։
Այսօր ալ մեր այն թերթերը, որոնք կը յաւակնին ազգային հանգամանք մը կրել, մէկական ազդարարներ հանդիսանալու են, որպէսզի այդ անզօրութեան զգացումը չպատէ մեզ, եւ յոյս ներշնչեն, որ մենք ալ կրնա՛նք հաւաքել մեր ներքին ուժերը՝ մեր ամբողջ ներուժը եւ չկորսնցնենք առողջանալու յոյսը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն