17-րդ ­դա­րու Ա­մի­դը, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տը, յայտ­նի էր իր հա­յե­րէն ձե­ռա­գիր­նե­րով: ­Նոյ­նիսկ գո­յա­ցած է «Ա­մի­դի ­Ձե­ռագ­րաց Դպ­րո­ցը»: Այս ­Թան­կար­ժէք հարս­տու­թեան մա­սին խօ­սած ենք Ե­րե­ւա­նի ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան հին ձե­ռագ­րե­րու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան  ինս­տի­տու­տի՝«­Մա­տե­նա­դա­րան»-ի  գի­տաշ­խա­տող Ա­նուշ ­Սարգ­սեա­նի հետ: ­Ձե­ռա­գիր­նե­րը եւ ա­նոնց գի­տու­թիւ­նը շատ բան կ’ը­սեն ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի պատ­մու­թեան եւ հայ մշա­կոյ­թի մա­սին: ­Խօս­քը կը ձգենք Ա­նու­շին: 

­Ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րը պատ­րաստուած են ­Միջ­նա­դա­րի ըն­թաց­քին, յա­տուկ դպրոց­նե­րու, գրչա­տու­նե­րու կամ դա­սա­տու­նե­րու մէջ: ­Ձե­ռա­գի­րե­րը կը ստեղ­ծո­ւէին տար­բեր նպա­տակ­նե­րով, ընդ­հան­րա­պէս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծե­լու հա­մար, ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ կ’ու­զէին գե­ղե­ցիկ զար­դա­րո­ւած ձե­ռա­գի­րեր ու­նե­նալ, ա­տի­կա տե­սակ մը պա­տիւ էր: ­Ձե­ռա­գի­րեր կը պա­տո­ւի­րէին նաեւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն նո­ւի­րա­բե­րե­լու կամ յի­շա­տակ թող­նե­լու նպա­տա­կով: Օ­րի­նակ Ե­րու­սա­ղէ­մի ուխ­տի  եր­թա­լու ժա­մա­նակ ա­մէ­նէն յար­գի նո­ւէ­րը կը հա­մա­րո­ւէր ձե­ռա­գիր մա­տեան մը տա­նի­լը:

­Ձե­ռա­գիր մը պա­տո­ւի­րե­լը կամ պատ­րաս­տե­լը շատ թանկ ար­ժէր, մա­գա­ղա­թը, ներ­կե­րը, ոս­կին: ­Հիմ­նա­կա­նը վան­քե­րու մէջ է որ կ­‘ըլ­լար այս աշ­խա­տան­քը: ­Սա­կայն Ա­մի­դը եւ ­Հա­լէ­պը կ’ա­ռանձ­նա­նան ա­նով, որ քա­ղա­քա­մէ­ջի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն կից դա­սա­տու­նե­րու մէջ կը պատ­րաս­տո­ւէին ձե­ռա­գի­րեր: Այս­պէս, այս գրչա­կեդ­րոն­նե­րու մէջ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւէր ամ­բողջ դպրոց մը, որ կ­’ու­նե­նար ի­րեն յա­տուկ ձե­ռա­գի­րե­րու ոճ, գոյն, նկա­րա­գիր, մաս­նա­գէտ­ներ կրնան ան­մի­ջա­պէս գիտ­նալ, թէ որ ձե­ռա­գի­րը որ դպրո­ցին կը պատ­կա­նի:

­Ձե­ռա­գի­րե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը կը տե­ւէ վեց ա­մի­սէն կամ մին­չեւ մէկ տա­րի, եր­բեմն ալ ա­ւե­լի: Օ­րի­նակ, Ա­մի­դի ա­ռաջ­նոր­դի կող­մից  Ե­րու­սա­ղէ­մի Սր­բոց ­Յա­կո­բեանց վան­քին նո­ւի­րա­բե­րե­լու հա­մար պա­տո­ւի­րո­ւած Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի պատ­րաս­տու­մը տե­ւած է 10 տա­րի (1622-1632): ­Ձե­ռագ­րա­գի­տու­թիւ­նը նաեւ պատ­մագ­րու­թիւն:

­Ձե­ռա­գի­րե­րու ման­րան­կար­չու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ ներ­կա­յաց­նել ա­ռան­ձին, պէտք է ճիշդ հասկ­նալ ամ­բողջ գրչու­թիւ­նը, ժա­մա­նա­կը, գրչու­թեան դպրո­ցի ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, առն­չու­թիւն­նե­րը այլ կեդ­րոն­նե­րու հետ, եւ ընդ­հան­րա­պէս կեդ­րո­նին դե­րը եւ դիր­քը:

­Ձե­ռա­գի­րե­րը որ­պէս կա­նոն ու­նին յի­շա­տա­կա­րան­ներ, անգ­լե­րէ­նով colofons, այ­սինքն՝ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ձե­ռա­գի­րը գրո­ւե­լուն մա­սին, թէ գրի­չը երբ գրած ու ա­ւար­տած է ձե­ռա­գիր մա­տեա­նը, կը ներա­ռո­ւի թո­ւա­կա­նը, վայ­րը, եւ թէ ո­րու հա­մար գրո­ւած է եւ ինչ նպա­տա­կով գրած է, նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին: ­Յի­շա­տա­կա­րան­նե­րը շատ հա­րուստ սկզբնաղ­բիւր­ներ են սեր­տե­լու հա­մար տո­ւեալ ժա­մա­նա­կի պատ­մու­թիւ­նը: Այս աղ­բիւր­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով կրնանք ամ­բողջ ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տել, թէ ինչ­պէս ե­ղած է պատ­մու­թիւ­նը Ա­մի­դի դպրո­ցին, ինչ որ նաեւ պատ­մու­թիւնն է ինքն Ա­միդ քա­ղա­քի: Այս յի­շա­տա­կա­րան­նե­րուն մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի նաեւ ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կը եւ պատ­մա­կան դէպ­քեր եւ ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը: Օ­րի­նակ 1624 թո­ւա­կա­նի յի­շա­տա­կա­րա­նի մը մէջ (Մ1299, Ս­տե­փա­նոս ­Կար­միր) գրի­չը վկա­յում է, որ Ա­մի­դի նոր պարս­պի շի­նու­թեան հա­մար նոյ­նիսկ գոր­ծա­ծած են գե­րեզ­մա­նի շի­րիմ­նա­քա­րե­րը:  

Ե­ղած են դպրոց­ներ ո­րուն յստակ ուղ­ղու­թիւն չեն ու­նե­ցած, բայց Ա­մի­դի պա­րա­գա­յին շատ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­ներ կան, ո­րոնք կը բնու­թագ­րեն դպրո­ցը: ­Պէտք է ը­սել, որ Ա­մի­դի ման­րան­կար­չա­կան դպրո­ցը ուշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կը պատ­կա­նի, ար­դէն հա­սած են Եւ­րո­պա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, ­Պոլ­սոյ վրա­յով: ­Փաստ մը, որ մշա­կու­թա­յին կապ ե­ղած է ­Պոլ­սոյ եւ Ա­մի­դի մի­ջեւ, ուր մար­դիկ ճամ­բոր­դած են եր­կու­քին մի­ջեւ նաեւ գրչու­թեան նպա­տա­կով: ­Կայ նաեւ ­Ջու­ղա­յի գոր­ծօ­նը: ­Ջու­ղան ե­ղած է ա­ւե­լի մօ­տիկ քան ­Պո­լի­սը, եւ մշա­կու­թա­յին փո­խա­ռու­թիւն­նե­րը շատ զար­գա­ցած են: Այս դպրո­ցին մէջ ոչ միայն կը գրո­ւին ձե­ռա­գի­րեր ու կը կ’աշ­խա­տին ման­րան­կար­չու­թեան վրայ, այլ նաեւ ձե­ռագ­րեր կը կազ­մո­ւէին ու կը վե­րա­նո­րո­գո­ւէին:

Ա­մի­դի մէջ գրչու­թեան դպրոց սկզբնա­ւորո­ւած է 16-րդ ­դա­րու վեր­ջե­րուն, իսկ 17-րդ ­դա­րու կէ­սե­րուն ապ­րած է իր ծաղ­կու­մը, եւ յա­րա­տե­ւած  է մին­չեւ 18-րդ ­դա­րը: Ան­շուշտ վեր­ջին շրջա­նին ար­դէն կար տպագ­րու­թիւ­նը, բայց ա­ւան­դա­կա­նի կողմ­նա­կից­նե­րը շա­րու­նա­կած են ձե­ռա­գիր գրել՝ գիտ­նա­լով հան­դերձ տպա­գիր գիր­քե­րուն մա­սին: ­Մեծ քա­նա­կու­թեամբ տպա­գիր գիր­քեր կա­յին ար­դէն, սա­կայն գրչա­գիր գիր­քը չէ կորսն­ցու­ցած իր ար­ժէ­քը:

­Բո­լոր յի­շա­տա­կա­րան­նե­րու մէջ Ա­մի­դը կը յի­շո­ւի որ­պէս ­Հա­յոց ­Մի­ջա­գետ­քի մայ­րա­քա­ղաքն էր, միեւ­նոյն ա­տեն ե­պիս­կո­պո­սա­նիս­տը, ան նաեւ ճա­նա­պարհ­նե­րու խաչ­մե­րուկ էր: ­Պո­լի­սէն ա­րե­ւելք եր­թա­լու նոյ­նիսկ ­Հա­լէպ եր­թա­լու հա­մար ան­պայ­ման  Ա­մի­դէն կ’անց­նէին: Ինչ որ կը նշա­նա­կէ Ե­րու­սա­ղէմ ուխ­տի եր­թա­լու ճամ­բան ալ հոս­կէ կ’անց­նէր: Էջ­միա­ծին եւ ­Վա­նի ճա­նա­պարհ­ներն ալ հոս­կէ կ­‘անց­նէին: ­Նո­ւէր­ներ կ­’առ­նէին ճամ­բուն վրայ, եւ այդ­պի­սով պա­հան­ջար­կը կը մեծ­նայ եւ դպրո­ցը կը ծաղ­կի: Օ­րի­նակ ­Փի­լիպ­պոս ­Կա­թո­ղի­կո­սը (1632-1655)  Էջ­միա­ծի­նէն Ե­րու­սա­ղէմ ուխ­տի եր­թա­լու ճա­նա­պար­հին, իր հետ կը տա­նի Ա­ւե­տա­րան մը որ ան­կա­տար էր, կը յանձ­նէ Ա­մի­դի դպրո­ցին որ­պէս­զի ամ­բող­ջաց­նեն ման­րան­կար­չու­թիւ­նը եւ այդ ձե­ռա­գի­րը այժմ կը գտնո­ւի Ե­րե­ւան, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի ձե­ռա­գի­րե­րու հա­ւա­քա­ծո­ւին մէջ:

Ա­մի­դի դպրո­ցին մեծ թա­փով զար­գա­նա­լուն մէջ մեծ դեր ու­նե­ցած են մե­ծա­նուն վար­դա­պետ­նե­րը՝ ­Յով­հան­նէս ­Շի­րա­կը, ­Ղու­կաս ­Կե­ղե­ցին, Ս­րաա­պիոն Ուռ­հա­յե­ցին, որ յե­տա­գա­յին դար­ձած է ­Կա­թո­ղի­կոս,  ­Բար­սեղ Արծ­րու­նին՝ որ քա­ռա­սուն տա­րի վա­րած է Ա­մի­դի ե­պիս­կո­պո­սու­թիւ­նը եւ Մ­շոյ Սբ. ­Կա­րա­պե­տի ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը, ո­րը այդ ժա­մա­նակ կա­պո­ւած էր Ա­մի­դի Ե­պիս­կո­պո­սու­թեան: Այս­տեղ տե­ղա­կա­յո­ւած էին նաեւ հայ խո­ճա­նե­րը, ո­րոնք շատ հա­րուստ էին, եւ կը հո­վա­նա­ւո­րէին ե­կե­ղե­ցին, բան մը, որ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մըն էր Ա­մի­դի դպրո­ցի ծաղ­կու­մին: Այս­տեղ գրո­ւած ձե­ռա­գի­րե­րը կը կազ­մեն պատ­կա­ռե­լի թիւ մը: ­Մին­չեւ հի­մա կրցած եմ հա­ւա­քել հա­րիւ­րէն ա­ւե­լի ձե­ռա­գի­րեր, ո­րոնք գրո­ւած են Ա­մի­դի մէջ:

­Թոփ­քա­փո­ւի ձե­ռա­գի­րը

Ա­մի­դի ձե­ռա­գի­րե­րէն ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ կը պա­հո­ւին քա­ռա­սուն հա­տը, մնա­ցա­ծը ցրո­ւած են աշ­խար­հի տար­բեր գրա­դա­րան­նե­րուն եւ մա­տե­նա­դա­րան­նե­րուն մէջ՝ Իռ­լան­տա­կան ­Չես­թըր ­Պի­թիի գրա­դա­րա­նը, Բ­րի­տա­նա­կան ­Թան­գա­րա­նը, ­Վե­նե­տիկ եւ ­Վիեն­նա­յի Մ­խի­թա­րեան­նե­րու հա­ւա­քա­ծու­նե­րուն մէջ, Ե­րու­սա­ղէմ, ­Փե­թեր­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նը, ­Հա­լէպ, ­Պեռ­լին եւ ­Վա­տի­կա­նի գրա­դա­րան եւ այ­լուր: Եւ կայ մէկ Ա­մի­դի ձե­ռա­գիր, ­Պոլ­սոյ ­Թոփ­քա­փո­ւի թան­գա­րա­նին մէջ, ո­րը պատ­րաս­տո­ւած է 1625 թո­ւա­կա­նին, եւ ո­րը Գր­չա­պետ ­Յով­հան­նէ­սի կեան­քի 25 գոր­ծե­րէն վեր­ջինն է: ­Ձե­ռա­գի­րին վրայ կայ միայն ­Յով­հան­նէս ա­նու­նը, բայց պէտք է ման­րա­մասն սեր­տել ման­րան­կար­չու­թիւ­նը, հասկ­նա­լու հա­մար ո­ճը, ո­րի ա­ռի­թը  դե­ռեւս չենք ու­նե­ցած: ­Ձե­ռա­գի­րեր կան, ո­րոնց պատ­մու­թիւ­նը գի­տենք, սա­կայն այս մէ­կը չենք գի­տեր ճիշդ ինչ­պէս հա­սած է ­Թոփ­քա­փո­ւի թան­գա­րա­նը, վստա­հա­բար թան­գա­րա­նին ար­խիւ­նե­րուն մէջ կայ պատ­մու­թիւ­նը:

Այդ ձե­ռա­գի­րը1967-ին ­Հա­մա­զասպ Ոս­կեան  ցու­ցա­կագ­րած է: ­Կան ու­րիշ ձե­ռա­գի­րեր ալ ­Թոփ­քա­փո­ւի թան­գա­րա­նի մէջ, օ­րի­նակ ­Սի­րար­փի ­Տէր ­Ներ­սի­սեա­նը  ու­սում­նա­սի­րած է ­Կի­լի­կիոյ մէջ գրուած  ձե­ռա­գիր մը, եւ դար­ձեալ կը պա­հո­ւի ­Թոփ­քա­փո­ւի թան­գա­րա­նին մէջ Ես վստահ եմ որ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ա­մէն տեղ կան հայ­կա­կան ձե­ռա­գիրեր, քա­նի որ ի վեր­ջոյ մար­դիկ գի­տեն այս­պէս բա­նի մը ար­ժէ­քը, եւ վստահ նա­խընտ­րած են պա­հել քան ոչն­չաց­նել: Վս­տահ եմ ե­ղած են գի­տա­կից մար­դիկ, ո­րոնք գիտ­ցած են ա­տոնց ար­ժէ­քը եւ պա­հած են: ­Յայտ­նի է որ հա­րիւ­րա­ւոր  ձե­ռա­գի­րեր հա­սած են ­Պո­լիս եւ ­Պո­լի­սէն վա­ճա­ռո­ւած են դէ­պի աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րը:

Ա­մի­դի հետ կա­պո­ւած պատ­մու­թիւն մը կայ, թէ ինչ­պէս վա­նա­հայր մը, ­Ջեր­մու­կում 1921-ին գնած է  Չն­քու­շի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցիին պատ­կա­նած Ա­ւե­տա­րա­նը 50 ղու­րու­շի փո­խա­րէն եւ այժմ այս ձե­ռա­գի­րը կը պա­հո­ւի Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ: ­Պատ­կե­րացնե­լու հա­մար ը­սենք որ ճիշդ այդ օ­րե­րուն, դա­նիա­ցի մի­սիո­նե­րու­հի ­Քա­րեն Եփ­փէն, կը հա­ւա­քեր հայ որ­բե­րը ա­նա­պատ­ներն, իւ­րա­քան­չիւր որ­բը մէկ ղու­րու­շի փո­խա­րէն: Ու­րեմն կրնանք պատ­կե­րաց­նել թէ այդ օ­րե­րուն իսկ ինչ մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէին ձե­ռա­գի­րե­րը:

Ա­մի­դի դպրո­ցը իւ­րա­յա­տուկ է

Ա­մի­դի դպրո­ցի հա­մա­կող­մա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի դնէ 17-րդ ­դա­րու հա­յոց եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի պատ­մու­թե­նէն բա­ւա­կան դրո­ւագ­ներ: 17-րդ ­դա­րու պատ­մու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րե­լու քիչ աղ­բիւր­ներ ու­նինք, այս դպրո­ցը ու­սում­նա­սի­րե­լով ընդ­հա­նուր հա­յեացք պի­տի ու­նե­նանք այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մա­սին: ­Ման­րան­կար­նե­րուն եւ յի­շա­տա­կա­րան­նե­րուն շնոր­հիւ կրնանք պատ­կե­րա­ցում կազ­մել ամ­բողջ դա­րաշր­ջա­նին մա­սին: ­Դա­րու մշա­կու­թա­յին դրոյ­թը ամ­բող­ջո­վին կը բա­ցո­ւի մեր առ­ջեւ: Ա­մի­դի դպրո­ցը այն­պի­սի մեծ մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ տո­ւած է, ինչ­պի­սին է ­Մի­նաս Ամ­դե­ցին:

Ա­մի­դի դպրո­ցը բազ­մա­թիւ նո­րա­րա­րու­թիւն­ներ ու­նի, ա­նոնց­մէ մէկն է ­Հա­մա­ռօտ Աս­տո­ւա­ծա­շունչ կո­չո­ւած ձե­ռա­գի­րի ըն­դօ­րի­նա­կու­թեան ե­րե­ւոյ­թը: Այս ձե­ռա­գի­րը գրո­ւած է 1601 թո­ւա­կա­նին, Գր­չա­պետ ­Յով­հան­նէ­սի ձեռ­քով: ­Ծա­գում­նա­բա­նա­կան ծա­ռի տես­քով ներ­կա­յա­ցո­ւած Աս­տո­ւա­ծա­շունչ մըն է եւ կը պա­րու­նա­կէ զու­գա­հեռ պատ­մու­թիւն­ներ և­ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ման­րան­կար­չու­թիւն: Երբ այդ ժա­մա­նակ կ’աշ­խա­տէին այս ձե­ռա­գի­րին վրայ, ի­րենց յայտ­նի չէ ե­ղած թէ թարգ­մա­նա­կան գործ մըն ա­սի­կա: 12-րդ ­դա­րու յայտ­նի Ֆ­րան­սա­ցի Աս­տո­ւա­ծա­բան ­Պետ­րոս ­Պոա­տե­ցու «Compendium historiae in genealogia Christi» գործն է, ո­րը ու­նի զա­նա­զան լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նու­թիւն­ներ, եւ ­Հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան ա­ռա­ջին յայտ­նի օ­րի­նա­կը  1367-71թ­-ի է: Ու­րեմն Ա­մի­դի մէջ վե­րա­կեր­տո­ւած է այս ձե­ռա­գի­րը, եւ այս վե­րա­կեր­տու­մին շնոր­հիւ դար­ձեալ տա­րա­ծում գտած է աս­տո­ւա­ծա­բան­նե­րու մէջ: Ա­մի­դի օ­րի­նա­կէն ձե­ւա­ւո­րո­ւած է ձե­ռագ­րա­խումբ մը, ո­րոնց­մէ մին­չեւ հի­մա կրցած եմ հա­ւա­քել 15 օ­րի­նակ­ներ զա­նա­զան տե­ղեր ար­տագ­րո­ւած:

Ա­մի­դի դպրո­ցը գոր­ծած է ցան­ցի մը վրայ, ո­րը ու­նե­նա­լով Ա­մի­դը որ­պէս կեդ­րոն, աշ­խա­տանք տա­րո­ւած է նաեւ մօ­տա­կայ շրջան­նե­րուն մէջ, օ­րի­նակ Չն­քու­շը, Մ­շոյ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քը, Արղ­նը, Ա­թա­խո վան­քը եւ այլ տե­ղեր: ­Սա­կայն կեդ­րոն ե­ղած են քա­ղա­քա­մէ­ջի Սբ. ­Կի­րա­կոս եւ Սբ. ­Սար­գիս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: Եւ քա­նի որ կը զբա­ղո­ւէին նաեւ ձե­ռա­գի­րե­րու վե­րա­նո­րո­գու­թեամբ, այս  ­Ճիշդ այս­տեղ է վե­րա­նո­րո­գո­ւած «­Հե­թու­մի Ա­ւե­տա­րան» ա­նու­նով յայտ­նի ձե­ռա­գի­րը (Մ9422):  Այս ձե­ռագ­րի յի­շա­տա­կա­րա­նէն կը գիտ­նանք , որ Մ­շոյ Ս. ­Կա­րա­պե­տի վրայ յար­ձա­կում­նե­րու ժա­մա­նակ վա­նա­կան­նե­րը կը թա­ղէին ձե­ռա­գիր­նե­րը, յե­տա­գա­յին երբ կը հան­դար­տէր վի­ճա­կը, ձե­ռա­գիր­նե­րը դար­ձեալ կը հա­նէին, ո­րոնք եր­բեմն փչա­ցած կ’ըլ­լա­յին: Եւ այս մէկ ճոխ ման­րան­կար­չու­թիւն ու­նե­ցող ձե­ռա­գի­րը բե­րո­ւած է Ա­միդ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու:  Եւ ան­գամ վե­րա­նո­րո­գո­ղը կը պատ­մէ, թէ  կը հի­ւան­դա­նայ ձե­ռա­գի­րին վրայ աշ­խա­տած ժա­մա­նակ, կար­ծե­լով որ ձե­ռա­գիրն է պատ­ճա­ռը: ­Սա­կայն ետ­քը շնոր­հիւ Ա­մի­դի ­Բար­սեղ Ե­պիս­կո­պո­սին, շա­րու­նա­կո­ւած է աշ­խա­տան­քը, եւ վե­րա­դար­ձո­ւած Սբ. ­Կա­րա­պետ: ­Ձե­ռա­գի­րը այ­սօր կը գտնո­ւի ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ, եւ այն գոր­ծե­րէն է ո­րոնք փրկո­ւած են ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հաս­նե­լով Էջ­միա­ծին:

­Կա­րե­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թեան խնդիր է թէ Ա­մի­դի հայ­կա­կան գրչու­թեան դպրո­ցը այլ լե­զու­նե­րով ալ ձե­ռա­գի­րեր պատ­րաս­տած է թէ ոչ: ու­նինք մէկ կա­րե­ւոր վկա­յու­թիւն մը որ այլ լե­զու­նե­րով եւս գրած են: ­Յի­շա­տա­կա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ, գրչա­պէ­տը կը սգայ իր ե­րի­տա­սարդ ա­շա­կեր­տին մա­հը, նշե­լով թէ ան կը գրեր նաեւ Օս­մա­նե­րէն, ա­րա­բե­րէն եւ պարս­կե­րէն: ­Փաս­տօ­րէն հա­յե­րուն հա­սու էր նաեւ ու­րիշ լե­զու­նե­րով ձե­ռա­գիր պատ­րաս­տե­լը: Ա­սո­րա­կան ե­կե­ղե­ցին ալ հա­րուստ ե­ղած է իր գրչու­թեամբ: ­Նա­յած եմ ա­սո­րա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րը, բայց բնաւ նմա­նու­թիւն­ներ չկան ­Հայ­կա­կան­նե­րուն հետ, այս ա­ռու­մով փո­խա­ռու­թիւն­ներ չեն ե­ղած ի­րար մի­ջեւ: ­Թե­րեւս ե­թէ հայ գրիչ­նե­րուն պէտք ե­ղած է, դրամ շա­հե­լու նպա­տակ­նե­րով աշ­խա­տած են նաեւ այ­լա­լե­զու ձե­ռա­գի­րե­րու վրայ: ­Պէտք է հա­շո­ւի առ­նենք որ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մա­սին է խօս­քը, եւ հա­յերն ալ մեծ դեր ու­նէին այս ըն­դար­ձակ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մշա­կու­թա­յին ար­տադ­րու­թեան մէջ: Այն­պի­սի քա­ղաք­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած էր Ա­մի­դը, օ­րի­նակ ­Հա­լէպ, Ե­դե­սիա (Ուր­ֆա), որ ան­կա­րե­լի է որ գոր­ծակ­ցու­թիւն ե­ղած չըլ­լայ լե­զու­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ:

­

Ձե­ռագ­րա­գի­տու­թեան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը

­

Ձե­ռագ­րա­գի­տու­թիւ­նը այն­պի­սի բան մըն է որ շատ իւ­րա­յա­տուկ է իր տե­սա­կին մէջ: Օ­րի­նա­կի հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կան մեծ թի­ւով նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան տար­բե­րակ­ներ, ճամ­բոր­դե­լու հա­մար, կամ այլ սեր­տո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մար, բայց օ­րի­նա­կի հա­մար թան­գա­րա­նի մը մէ­ջէն, ձե­ռա­գի­րի մը մէկ է­ջին պատ­ճէ­նը ա­պա­հո­վե­լը չիյ­նար այս տար­բե­րակ­նե­րէն ոչ մէ­կուն մէջ: ­Կար­ծես թէ մենք չեն տե­ղա­ւո­րո­ւիր ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ:

Ան­շուշտ շատ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ու­նինք, ա­ռա­ջին կար­գին, ին­ծի հա­մար հա­սա­նե­լի չեն բո­լոր ձե­ռա­գիր­նե­րը ո­րոնց պէտք ու­նիմ իմ ու­սում­նա­սի­րու­թեանս հա­մար: ­Բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցած եմ ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պեն­կեան ­Հիմ­նար­կու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ­Չէս­թըր ­Պի­թիի թան­գա­րա­նին մէջ պա­հո­ւող Ա­մի­դի եր­կու ձե­ռա­գիր­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու, ո­րոնց շնոր­հիւ շատ ծալ­քեր բա­ցո­ւած են ու­սում­նա­սի­րու­թեանս մէջ: ­Տա­կա­ւին ա­ռի­թը չեմ ու­նե­ցած ­Թոփ­քա­փո­ւի թան­գա­րա­նի Ա­մի­դի ձե­ռա­գի­րը ու­սում­նա­սի­րե­լու, բայց յոյ­սով եմ որ շու­տով այդ ալ կը ստա­ցո­ւի:

­Ձե­ռա­գիր­նե­րը մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն են

Այս ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ ա­նոր որ հա­զա­րա­ւոր ձե­ռա­գիր կոր­սո­ւած ու փճա­ցո­ւած են, այ­դու­հան­դերձ մնա­ցած ձե­ռա­գիր­նե­րը իսկ, տա­րա­ծո­ւած աշ­խար­հի թան­գա­րան­նե­րուն մէջ, վկա­ներն են քա­ղա­քակր­թու­թեան մը, որ այ­սօր այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի:

­Յայտ­նի է, որ ­Գա­րե­գին Սր­վանձ­տեան­ցը 1879 թո­ւա­կա­նին պտտե­լով ամ­բողջ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը եւ ցու­ցա­կագրած է ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րը: Այս ցու­ցա­կէն  գիտ­նանք որ միայն  Ա­մի­դի Սբ. ­Կի­րա­կոս եւ Սբ. ­Սար­գիս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ ե­ղած է 91 ձե­ռա­գիր, ո­րոնց­մէ մե­զի հա­սած են միայն թ ­հա­տը:  Իսկ մնա­ցա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ ան­հետ կոր­սո­ւած­նե­րու շար­քին են:

Ն­պա­տակ­նե­րէս մէկն է ի յայտ բե­րել եւ վե­րա­կեն­դա­նաց­նել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի մէկ մաս­նի­կը որ այ­սօր այ­լեւս ոչ մէկ ձե­ւով գո­յու­թիւն չու­նի: ­Բա­րե­բախ­տա­բար գո­յու­թիւն ու­նի Սբ. ­Կի­րա­կիս ե­կե­ղե­ցին: Ու­րիշ շատ մը տե­ղեր, այդ կեդ­րոն­ներն ալ  չեն պահ­պա­նո­ւած: Այդ­տեղ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած զար­գա­ցած կեն­ցա­ղին ոտ­քի փաս­տե­րէն մէ­կը ե­թէ ինքն Սբ. ­Կի­րա­կոսն է, ա­պա միւ­սը այս ձե­ռագ­րա­կան դպրո­ցի ա­ւանդն է, որ ե­կած հա­սած է մե­զի չորս դար ետք, եւ մենք այ­սօր ա­նոնց շնոր­հիւ կրնանք հասկ­նալ այդ ժա­մա­նա­կո­ւան կեան­քը:

Վա­հագն ­Քէ­շի­շեան - ԱԿՕՍ