«... այսօր չի մտածեր բաժնել Հայաստանը Թուրքիայէն։ Ինչ երազներ ալ ունենան հայերը հեռու ապագայի նկատմամբ, անոնք բոլորը լաւ գիտեն, որ դեռ շատ երկար տարիներու ընթացքին՝ չպէտք է մտածեն անկախ Հայաստանի մասին։ Այսպիսի երազ մը վեր է բոլորովին անոնց

կարողութենէն, նոյնիսկ այն կուսակցութեան կարողութենէն, որ կը կրէ յեղափոխական կուսակցութեան անունը»

 

ԷՏՈՒԱՐՏ ՊԵՐՆՇԹԱՅՆ (Պերլին, Յունիս 26, 1902)

Ռայխսթակի (Ազգային Ժողով) նիստի ընթացքին

«Եւ­րո­պա­յի ­Հայ Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան» ջան­քե­րով, աս­կէ հարիւր տա­րի ա­ռաջ, ­Գեր­մա­նիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած են ­Հա­յի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին բա­նա­խօ­սու­թիւն­ներ ու հրա­պա­րա­կա­յին ցոյ­ցեր՝ ի շահ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Մա­կե­դո­նիա­յի։

­Հայ­կա­կան ­Դա­տի շուր­ջը հա­մախմբուած էին նշա­նա­ւոր եւ­րո­պա­ցի­ներ, ո­րոնք աշ­խա­տած են գէթ մա­սամբ թե­թե­ւաց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պանք­նե­րը եւ նպաս­տել հայ­կա­կան ար­դար պա­հանջ­նե­րու ի­րա­գործ­ման։

Հռ­չա­կա­ւոր դա­նիա­ցի գրող ­Գէորգ Պ­րան­թէս ­Պեր­լի­նի մէջ դա­սա­խօ­սած է թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծած սար­սափ­նե­րուն մա­սին, եւ նկա­րագ­րած է ­Սա­սու­նի եւ ու­րիշ շրջան­նե­րու կո­տո­րած­նե­րը։ Ու­րո­ւագ­ծե­լով ­Հա­յոց ­Հար­ցի պատ­մու­թիւ­նը եւ շեշ­տե­լով կնճռոտ խնդի­րը, թէ ո՞վ է ար­դեօք պա­տաս­խա­նա­տուն հայ­կա­կան մեծ ող­բեր­գու­թեան հա­մար, ան ընդգ­ծած է.-

«Ա­ռանց ­Գեր­մա­նիոյ բա­րե­կա­մու­թեան՝ ­Թուր­քիան ան­կա­րող էր գոր­ծել 19րդ ­դա­րու ա­մե­նա­մեծ ո­ճի­րը»։

Այդ տա­րի­նե­րուն Է­տո­ւարտ ­Պերնշթայն մէկն էր այն լու­սա­միտ եւ ա­ռա­ջա­ւոր եւ­րո­պա­ցի­նե­րէն, ո­րոնք այն­պէ՜ս ան­կեղ­ծօ­րէն օգ­նե­ցին հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման. ա­նոնք մին­չեւ մահ մնա­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­դա­ւա­ճան բա­րե­կամ­նե­րու շար­քին։

20 ­Մարտ 1902ին, ­Պեր­լի­նի մէջ 3000 հան­դի­սա­կան­նե­րուն ա­ռաջ, մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը՝ գեր­ման ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Է­տո­ւարտ ­Պերնշ­թայ­նը խօ­սած է հե­տե­ւեալ ճա­ռը.-

«­Հայ ժո­ղո­վուր­դին մենք չենք ճանչ­նար. ան հե­ռու է մի­ջազ­գա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թե­նէն եւ աս­կէ քիչ ա­ռաջ շատ շա­տե­րը եւ­րո­պա­ցի­նե­րէն գա­ղա­փար ան­գամ չու­նէին ա­նոր գո­յու­թեան մա­սին։ ­Բայց հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ հե­տաքրքրա­կան է մեզ հա­մար, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը մաս մըն է Ա­րե­ւե­լեան մեծ Խնդ­րին, որ դեռ պի­տի շա­րու­նա­կէ խռո­վեցնել մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

«­Թուր­քիա­յի ամ­բողջ վար­չա­կան օ­րէն­քը միայն մահ կը բե­րէ հպա­տակ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, թուրք ցե­ղը ի­րա­ւունք չի տար, որ ու­րիշ ցե­ղե­րը ա­ռաջ եր­թան եւ առ­հա­սա­րակ մշա­կոյթ յա­ռաջ ըն­թա­նայ։ ­Թուր­քիան կը փճաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի պէս վայ­րե­րը, ո­րոնք դրախտ կա­րող էին դառ­նալ։ Ո­րո՞նք են ար­դեօք թուրք ժո­ղո­վուր­դի լաւ յատ­կու­թիւն­նե­րը, զորս մա­սամբ մար­դիկ կը շեշ­տեն յա­ճախ։ ­Նո­ւա­ճող ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան բար­բա­րոս յատ­կու­թիւն­ներն են ա­նոնք եւ ու­րիշ ո­չինչ։

«Ե­թէ այ­լե­ւայլ ցե­ղեր ­Թուր­քիոյ հպա­տա­կու­թեան տակ դա­րե­րու ըն­թաց­քին պահ­պա­նել են ի­րենց կրօ­նը եւ ազ­գայ­նա­կան ստա­ցո­ւածք­նե­րը - այդ ա­պա­ցոյց չէ թրքա­կան համ­բե­րու­թեան, այլ միայն այն փաս­տի, որ թուրք ցե­ղը իբ­րեւ նո­ւա­ճող տարր ա­նըն­դու­նակ է ե­ղած մար­սե­լու այ­լա­դա­ւան տար­րե­րը։ ­Կայ­սե­րա­կան-պա­պա­կան բռնա­պե­տու­թիւն է ­Թուրքիան, սուլ­թա­նը՝ ա­նոր աշ­խար­հա­կան եւ միան­գա­մայն կրօ­նա­կան գլու­խը։ Այդ ի­րո­ղու­թեան վրայ է կազ­մո­ւած ամ­բողջ ­Թուր­քիան եւ ան­կէ կը հե­տե­ւի այն բա­ցար­ձակ թշնա­մա­կան դիր­քը, որ բռնած է սուլ­թա­նը եւ առ­հա­սա­րակ իս­լամ­նե­րը դէ­պի ա­մէն քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­դի­մու­թիւն։

«Ճն­շու­մը կ­’ար­տադ­րէ հա­կաճն­շում։ Երբ ոե­ւէ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ կ­’ա­պստամ­բէ, երբ յե­ղա­փո­խա­կան կո­մի­տէ­ներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին՝ ազ­գա­յին ա­զա­տու­թեան գոր­ծը ա­ռաջ մղե­լու հա­մար, վրայ կը հաս­նին ա­րիւ­նոտ ջար­դեր, ան­զէն­նե­րու եւ ան­մեղ­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած… Այդ­պէս էր ­Յու­նաս­տա­նի, ­Պուլ­ղար­կա­յի, ­Լի­բա­նա­նի, ­Սեր­պիա­յի եւ այդ­պէս էր ­Հա­յաս­տա­նի մէջ…»։

­Սո­ցիալ-­Դե­մոկ­րատ Է­տո­ւարտ ­Պերնշ­թայն ծնած է ­Պեր­լի­նի մէջ 1850ին. գեր­մա­նա­ցի հրեայ ծնող­քի 15 զա­ւակ­նե­րէն 7րդը ըլ­լա­լով՝ կ­’ու­սա­նի մե­ծա­հա­րուստ ­Ռոթ­շիլ­տի դրա­մա­տան մէջ եւ այն­տեղ ալ կ­’աշ­խա­տի մին­չեւ 1878։ Դ­րա­մա­տէր ըլ­լա­լու տեղ կը դառ­նայ սո­ցիա­լիստ (ըն­կեր­վա­րա­կան), կ­’ան­դա­մակ­ցի Աու­կուսթ ­Պէ­պը­լի եւ ­Վիլ­հէլմ ­Լիպք­նէշ­թի ­Գեր­ման Ըն­կեր­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան։ ­Պիս­մար­քի սո­ցիալ-օ­րէն­քի պատ­ճա­ռով կը հե­ռա­նայ ­Գեր­մա­նիա­յէն եւ կ­’եր­թայ ­Զո­ւի­ցե­րիա. ան­կէ ետք, 1880ին, կը տե­ղա­փո­խո­ւի ­Լոն­տոն, ծա­նօ­թա­նա­լու եւ գոր­ծե­լու հա­մար «­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Մա­նի­ֆեստ»ի հե­ղի­նակ ­Քարլ ­Մարք­սի եւ Էն­կել­սի հետ։

23 տա­րի ետք կը վե­րա­դառ­նայ ­Պեր­լին, իբ­րեւ ­Սո­ցիալ-­Դե­մոկ­րատ ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ, ե­րեք ան­գամ ե­րես­փո­խան կ­’ընտ­րո­ւի ­Գեր­մա­նիոյ ­Ռայխս­թա­կի մէջ. ա­ռա­ջի­նը՝ 1902-1906ին, երկ­րորդ ան­գամ՝ 1912-1918ին եւ եր­րորդ ան­գամ՝ 1920-1928ին։

26 ­Յու­նիս 1902ին, ­Ռայխս­թա­կի նիս­տին մէջ, սո­ցիա­լիստ ե­րես­փո­խան Է­տուարտ ­Պերնշ­թայն բա­նա­խօ­սած է նշա­նա­ւոր քա­ղա­քա­կան ճառ մը, որ նուի­րո­ւած է գլխա­ւո­րա­պէս Ա­րե­ւե­լեան ­Հար­ցին եւ ­Պեր­լի­նի ­Հա­մա­ժո­ղո­վի այն կէ­տե­րու ի­րա­գործ­ման, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին ­Մա­կե­դո­նիա­յին եւ ­Հա­յաս­տա­նին։

Է. ­Պերնշ­թայն հա­մա­ձայն չէ ե­ղած ­Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետ ­Պիւ­լո­յին հետ, որ սուլ­թա­նի կող­մէ ըն­դու­նո­ւած ռուս-աւստ­րիա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու նա­խա­գի­ծը ու­զած է նկա­տել բա­ւա­րար։ Ան չէ հեր­քած, որ նա­խագ­ծո­ւած բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ի­րա­գործ­ման պա­րա­գա­յին, ա­նոնք կրնան ա­ռաջ բե­րել զգա­լի բա­րե­լա­ւում՝ մա­նա­ւանդ հար­կա­հա­նու­թեան մէջ, ուր կա­մա­յա­կա­նու­թիւն­ներն ու վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը ար­գելք կը հան­դի­սա­նան՝ նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ կը կոր­ծա­նեն երկ­րի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ճիւ­ղը՝ երկ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Բայց ­Պերնշ­թայն շեշ­տած է, թէ չի հա­ւա­տար, որ սուլ­թա­նին կող­մէ կ­’ի­րա­գոր­ծո­ւին նոյ­նիսկ այդ հա­մեստ բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը։

«­Միայն մեծ բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րը, եւ այն ալ եւ­րո­պա­կան հսկո­ղու­թեան տակ, կրնան բա­ւա­րա­րու­թիւն տալ ճնշո­ւած ազ­գե­րու կա­րիք­նե­րուն։ Այդ բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը չպէտք է ուղ­ղո­ւած ըլ­լան թուրք ազ­գի դէմ, ո­րուն ա­տե­նա­խօ­սը - իր հա­մա­խո­հե­րուն հետ միա­սին - շատ կը հա­մակ­րի։ Իր կու­սա­կից­նե­րը չեն ցան­կար նմա­նա­պէս ­Թուր­քիոյ բա­ժա­նու­մը, քա­նի որ ­Ռու­սաս­տա­նը այդ պա­րա­գա­յին կը ստա­նայ ա­ռիւ­ծի բա­ժին, բան մը, որ հա­կա­ռակ է թէ՛ ռամ­կա­վա­րու­թեան շա­հե­րուն Եւ­րո­պա­յի մէջ, եւ թէ՛ գեր­մա­նա­կան ազ­գի շա­հե­րուն։

«…­Հա­մե­մա­տե­ցէ՛ք, պա­րոն­ներ, Թըր­քա­հա­յաս­տա­նի դրու­թիւ­նը ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նագ­րի 61րդ ­յօ­դո­ւա­ծի հետ։ «Բ. ­Դու­ռը կը պար­տա­ւո­րո­ւի՝ ան­յա­պաղ ի­րա­գոր­ծել հա­յաբ­նակ գա­ւառ­նե­րուն մէջ այն բա­րե­նո­րո­գում­ներն ու րէ­ֆորմ­նե­րը, որ կը պա­հան­ջեն տե­ղա­կան պէտ­քե­րը, եւ ա­պա­հո­վել հայ ազ­գաբ­նա­կու­թիւ­նը քիւր­տե­րու եւ չէր­քէզ­նե­րու դէմ։ Ան պար­բե­րա­բար կը հա­ղոր­դէ այդ ուղ­ղու­թեամբ ը­րած իր քայ­լե­րը պե­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը հսկեն ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան վրայ։

«­Յօ­դո­ւա­ծը կ­’ը­սէ՝ «պար­բե­րա­բար» եւ այն 1878ին։ Իսկ ի՞նչ տե­ղի է ու­նե­ցած այդ թո­ւա­կա­նէն ի վեր Թր­քա­հա­յաս­տա­նի մէջ ձե­զի յայտ­նի է. ա­նոր մա­սին ձեզ ը­սո­ւած է նոյն այս յար­կին տակ։ ­Քա­նի մը ան­գամ զա­նա­զան պե­տու­թիւն­ներ հրա­ւի­րած են ­Թուր­քիան՝ կա­տա­րե­լու իր խոս­տում­նե­րը, բայց ա­պար­դիւն։ ­Տե­ղի ու­նե­ցան կո­տո­րած­ներ, ո­րոնց նմա­նը չէ տե­սած մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը։ Ան­խիղճ ղե­կա­վար­նե­րու դրդմամբ եւ ան­գութ հրո­սակ­նե­րու ձեռ­քով՝ ջար­դո­ւե­ցաւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը ա­հա­գին մա­սը եւ այն ալ այն­պի­սի պայ­ման­նե­րուն մէջ, որ Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նազ­գայ սիր­տերն ան­գամ զգա­ցո­ւե­ցան եւ ը­սին.- «ան­կա­րե­լի է այ­լեւս թոյլ տալ այս­պէս շա­րու­նա­կել»։

«­Դեռ կո­տո­րած­նե­րու սկիզ­բը, սուլ­թա­նը տո­ւած էր իր պա­տո­ւոյ խօս­քը ­Սալս­բու­րիին, թէ շու­տով կ­’ի­րա­գործուին բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը, ո­րով անհ­նա­րին կը դառ­նար նոյ­նան­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րու կրկնու­թիւ­նը։ ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը չի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան, վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը կրկին սկսան եւ շա­րու­նա­կո­ւե­ցան ա­ւե­լի քստմնե­լի, ա­ւե­լի վայ­րագ կեր­պով, մին­չեւ որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­րիւ­նա­թա­թախ տա­պա­լե­ցաւ՝ ա­նըն­դու­նակ շար­ժե­լու, զոհո­ւե­լով Եւ­րո­պա­յի ան­տար­բե­րու­թեան, զո­հո­ւե­լով վայ­րագ պաշ­տօ­նեա­նե­րու եւ սուլ­թա­նի ֆա­նա­թի­կո­սու­թեան (մո­լե­ռան­դու­թեան) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն…։

«Այն դէպ­քե­րը, որ ես կը յի­շեց­նեմ ձե­զի, կը հե­տե­ւին, ան­կաս­կած, ո­րոշ չա­փով ­Թուր­քիոյ թու­լու­թե­նէն։ ­Վեր­ջինս մի­նակ եւ իր կամ­քով ան­կա­րող է ի­րա­գոր­ծել այն­պի­սի փո­փո­խու­թիւն­ներ, զորս կը տեն­չան այս ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, եւ ո­րոնք անհրա­ժեշտ են ա­սոնց յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­մար. որ­պէս­զի իր բնա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րով այս դրախ­տան­ման եր­կի­րը, որ ժա­մա­նա­կին ու­նե­ցած է բարձր քա­ղա­քակր­թու­թիւն, կա­րո­ղա­նայ դուրս գալ ներ­կայ պայ­ման­նե­րէն, դա­դա­րի ըլ­լա­լէ ա­նա­պատ, ուր կեան­քը դար­ձած է դժոխք մը։

«­Պա­րոն­ներ,

«­Ժա­մա­նակն է ձեռ­նար­կե­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ո­րե­ւէ լուրջ գոր­ծի, հար­կա­ւոր է ի­րա­գոր­ծել այն բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը, զորս ա­ռա­ջար­կած են սուլ­թա­նին մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ որ սուլ­թա­նը ըն­դու­նած է սկզբուն­քով։ ­Սա­կայն, սուլ­թա­նի «սկզբուն­քով» ըն­դու­նե­լը ար­ժէք չու­նի, այս կը նշա­նա­կէ, որ ի­րե­րու դրու­թիւ­նը կը մնայ ան­փո­փոխ, մին­չեւ որ բա­րե­փո­խու­թեան ի­րա­գոր­ծու­մը չհրա­մա­յո­ւի ­Թուր­քիային՝ դուր­սէ՛ն։

«­Մե­զի կրնան ա­ռար­կել, թէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յիս կ­’իշ­խէ խա­ղա­ղու­թիւն, ի՞նչ կա­րիք կայ բար­դացնե­լու այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ ­Մենք եւս կը ցան­կա­նա­յինք պահ­պա­նել խա­ղա­ղու­թիւ­նը, մենք եւս հա­կա­ռակ ենք բար­դու­թիւն­նե­րու։ Ե­թէ իս­կա­պէս երկ­րին մէջ կայ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ան­դո­րու­թիւն, մենք եւս չենք կա­մե­նար ա­ռաջ բե­րել բար­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը յա­րու­ցա­նեն պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ մրցում։ ­Սա­կայն ը­սենք՝ քա­նի որ կայ խա­ղա­ղու­թիւն, կա­րիք չկայ ոե­ւէ բա­րե­նո­րոգ­ման, դուք կը ստի­պէք՝ ա­նոնց, ո­րոնք այ­սօր են­թա­կայ են ճնշման, բայց կը մնան հան­գիստ՝ մտա­ծե­լու խռո­վու­թիւն­նե­րու մա­սին, որ­պէս­զի հար­կադ­րո­ւած ըլ­լանք զբա­ղո­ւիլ ա­նոնց­մով։ Եւ չկար­ծէք, որ ե­թէ այ­սօր տե­ղի չեն ու­նե­նար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կո­տո­րած­ներ մեծ չա­փով, թէ այ­լեւս հոն չեն սպան­ներ, չեն այ­րեր. ժո­ղո­վուր­դը հոն այ­սօր կը տան­ջո­ւի ա­ւե­լի քան տան­ջո­ւած է եր­բե­ւի­ցէ։

«… Ոչ մէկ հայ այ­սօր չի մտա­ծեր բաժ­նել ­Հա­յաս­տա­նը ­Թուր­քիա­յէն։ Ի՛նչ ե­րազ­ներ ալ ու­նե­նան հա­յե­րը հե­ռու ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ, ա­նոնք բո­լո­րը լաւ գի­տեն, որ դեռ շատ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին՝ չպէտք է մտա­ծեն ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին։ Այս­պի­սի ե­րազ մը վեր է բո­լո­րո­վին ա­նոնց կա­րո­ղու­թե­նէն, նոյ­նիսկ այն կու­սակ­ցու­թեան կա­րո­ղու­թե­նէն, որ կը կրէ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թեան ա­նու­նը։

«­Հա­յե­րը չեն ձգտիր ռամ­կա­վա­րա­կան կար­գե­րու, ուր ա­մէն գիւ­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մաս­նակ­ցէին գա­ւա­ռա­կան ժո­ղո­վին մէջ, այլ՝ կ­’ու­զեն շատ ա­ւե­լի հա­մեստ բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ, ո­րոնք մշա­կո­ւած են պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Այս ծրա­գիրն է, որ կը ցան­կայ եւ կը կը պա­հան­ջէ ի­րա­գոր­ծել հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Ե­թէ կայ յար­մար ժա­մա­նա­կը պա­հան­ջե­լու ­Թուր­քիա­յէն ի­րա­գոր­ծե­լու լրջօ­րէն այս բա­րե­նո­րո­գում­նե­րը, ա­տի­կա այս խա­ղա­ղու­թեա՛ն ժա­մա­նակն է, երբ չկայ յե­ղա­փո­խու­թիւն։ Ե­թէ այդ ժա­մա­նա­կը փախցնենք, ա­պա­գա­յին - որ հե­ռու չէ - ա­ռաջ կու գան այն­պի­սի ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք կը յա­րու­ցա­նեն Եւ­րո­պա­յի զայ­րոյ­թը, գար­շան­քը եւ նզով­քը։

«… ­Ռու­սաս­տա­նը շահ ու­նի, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ չհաս­տա­տո­ւի խա­ղա­ղու­թիւն, նոյ­նը՝ գեր­մա­նա­կան պե­տու­թեան կող­մը։ Ինձ հա­մար բո­լո­րո­վին ան­հասկ­նա­լի է, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Գեր­մա­նիան շահ ու­նի դի­մադ­րե­լու այն բա­նին, որ ժա­մա­նա­կին գեր­մա­նա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը հա­մա­րած են անհ­րա­ժեշտ։ ­Գեր­մա­նիան շահ ու­նի ­Թուր­քիոյ հետ հաշտ ապ­րե­լու. բայց կա­րե­լի է հաշտ ըլ­լալ ­Թուր­քիա­յի հետ՝ յայ­տա­րա­րե­լով ա­նոր բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը. ա­պա­ցոյց Ֆ­րան­սիան եւ Անգ­լիան, ո­րոնք ա­ռանց վնա­սե­լու ի­րենց շա­հե­րուն՝ կը հսկեն թուրք պաշ­տօ­նեա­նե­րու վրայ եւ ան­ցեալ տա­րի պա­տիւ ու­նե­ցան նոյ­նիսկ ա­ռաջն առ­նե­լու պատ­րաս­տո­ւած գա­զա­նու­թիւն­նե­րուն»։

Է. ­Պերնշ­թայն 90 թո­ւա­կան­նե­րուն յայտ­նի դար­ձաւ իր յօ­դո­ւած­նե­րով, ո­րոնց մէջ հիմ­նա­կան վե­րագ­նա­հա­տու­թեան են­թար­կեց մարք­սիս­տա­կան վար­դա­պե­տու­թեան սկզբունք­նե­րը։ 1899ին լոյս տե­սաւ ա­նոր «­Տե­սա­կան ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը եւ գործ­նա­կան ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը» նշա­նա­ւոր աշ­խա­տու­թիւ­նը, ո­րուն մէջ ան կը հեր­քէր դրա­մագ­լու­խի կեդ­րո­նաց­ման եւ դրա­մա­տի­րա­կան հա­սա­րա­կար­գի անկ­ման մարք­սեան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը։

­Տե­սա­բան եւ գրող ­Պերնշ­թայն հրա­տա­րա­կեց իր տե­սա­կէտ­նե­րը հե­տե­ւեալ գիր­քե­րուն մէջ.- «Ըն­կեր­վա­րու­թեան պատ­մու­թիւ­նը՝ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րով», «Ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը Անգ­լիոյ մէջ 16րդ­ եւ 17րդ ­դա­րե­րուն», «Ըն­կեր­վա­րու­թեան պատ­մու­թիւնն ու տե­սու­թիւ­նը», «­Ֆեր­տի­նանտ ­Լա­սալ»։ ­Պերնշ­թայ­նի մէկ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը՝ «­Հայ­կա­կան տան­ջանք­նե­րը եւ Եւ­րո­պան»՝ լոյս տե­սած է ա­ռան­ձին գիր­քով, հա­յե­րէն եւ օ­տար լե­զու­նե­րով։

Է. ­Պերնշ­թայ­նի «­Վե­րաքն­նա­կա­նու­թիւն» (րէ­վի­զիո­նիզմ, նոր հո­սան­քի ա­նուն) գիր­քը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի փո­թո­րիկ ա­ռաջ բե­րաւ մարք­սիզ­մի շար­քե­րուն մէջ։ Ա­նոր դէմ ե­լան գեր­ման հե­ղի­նա­կա­ւոր ըն­կեր­վա­րա­կան­ներ՝ Կ. ­Կաուց­կին եւ Ա. ­Պէ­պէ­լը։ ­Գեր­ման ­Սո­ցիալ-­Դի­մոկ­րատ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս դա­տա­պար­տեց ­Պերնշ­թայ­նին եւ ա­նոր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը, բայց այս ար­գելք չե­ղաւ, որ ­Պերնշ­թայ­նի միտ­քերն ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի տա­րա­ծո­ւին ու Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տէն յե­տոյ նոյ­նիսկ ըն­դու­նո­ւին ա­նոր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն կող­մէ։ ­Պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ Կ. ­Կաուց­կին ալ ըն­դու­նեց մարք­սիզ­մի վե­րաքն­նու­թեան ճա­նա­պար­հը։

­Պա­տե­րազ­մէն ետք ­Պերնշ­թայ­նը դուրս ե­կաւ որ­պէս ան­հաշտ հա­կա­ռա­կորդ բոլ­շե­ւիկ­նե­րուն։ Կ. ­Կաուց­կի հետ ­Պերնշ­թայն ա­մե­նա­սուր եւ ա­նո­ղոք քննա­դա­տողն էր ­Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան։

18 ­Դեկ­տեմ­բեր 1932ին, 82 տա­րե­կա­նին, մե­ռաւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը՝ ­Գեր­ման Ըն­կեր­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Է­տո­ւարտ ­Պերնշ­թայն։

­Մին­չեւ մահ ­Պերնշ­թայն մնաց բա­րե­կամ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Ա­նոր մա­հո­ւան առ­թիւ, օ­րին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րօն հե­ռագ­րով ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նած է ­Գեր­ման Ըն­կեր­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան։

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ - Գերմանիա