­Սու­րիան թա­խիծ է, սէր ու կա­րօտ է,
եւ ան չի կրնար յուշ ու ե­րազ դառ­նալ

­

Այն­պէ՜ս հա­րա­զատ կը հնչէ ­Սու­րիա ա­նո­ւա­նու­մը, ը­սես՝ ­Հայ­րե­նի­քի զգա­ցո­ղու­թիւն կը հա­ղոր­դէ էու­թեանս. գու­ցէ 1915թ. կո­տո­րա­ծէն մեր ժո­ ղո­վուր­դին իր հիւ­րըն­կալ, բա­րեաց­կամ վե­րա­բեր­մուն­քով ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դի սա­տա­րելն ու ըն­դու­նե՞լն է պատ­ճա­ռը, գու­ցէ վաղ դա­րե­րէն մեր բազ­մաշ­նորհ նախ­նի­նե­րու եւ ա­նոնց սե­րունդ­նե­րու ծննդա­վայր ըլ­լա­լո՞վ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է այդ զգա­ցու­մը, գու­ցէ նա­խաս­տեղծ հայ ժո­ղո­վուր­դի աշ­խար­հա­ձե­ւա­ւոր­ման, ազ­գաս­տեղծ ճշմար­տու­թեան մէ՞ջ է հա­րա­զա­տու­թեան ա­ռեղ­ծո­ւա­ծը… ­Գու­ցէ եւ` այս ա­մէ­նուն ներ­դաշ­նակ հա­մադ­րու­թեա՞ն մէջ…

Ե­րիտթր­քա­կան դա­հիճ­նե­րու ձեռ­քէն հա­յե­րէն շա­տե­րը ա­զա­տե­ցան, փրկո­ւե­ցան մա­հէն՝ ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դի օգ­նու­թեամբ: «Ե­թէ չըլ­լար ա­րաբ ազ­նիւ ժո­ղո­վուր­դի մար­դա­սի­րու­թիւ­նը, ­Սու­րիոյ ու ­Մի­ջա­գետ­քի հա­յե­րու մեծ մա­սը գո­յու­թիւն չէր ու­նե­նար», - իր նա­մա­կին մէջ կը գրէ 1915թ. նախ­ճի­րի վկա­նե­րէն Ա. ­Թո­րո­սեան:

­Հա­լէ­պի նա­հան­գա­պետ ­Ճե­լալ-պէ­յը, ­Թա­լէա­թէն հա­յե­րուն ոչն­չաց­նե­լու հրա­ման ստա­նա­լով, հե­ռա­գիր ը­րաւ ­Պո­լիս.- «Ես այս նա­հան­գի նա­հան­գա­պետն եմ եւ չեմ ցան­կար ա­նոր դա­հի­ճը դառ­նալ», որ­մէ յե­տոյ նա­հան­գա­պե­տին պաշ­տօ­նանկ ը­րին:

­Պատ­մու­թե­նէն մե­զի ար­դէն ծա­նօթ ­Նա­յիմ-պէյն իր յու­շե­րուն մէջ կ’ընդգծէ, որ ­Հա­լէ­պի վի­լա­յէ­թի ­Տէր-­Զօ­րի նոր նա­հան­գա­պե­տը ա­մէն ինչ կ’ը­նէր, որ­պէս­զի փոքր մեղ­մաց­նէ աք­սո­րո­ւած հա­յե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը: ­Կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հրա­ման­նե­րուն հա­կա­ռակ` ան հա­յե­րուն չքշեց ա­ւե­լի հե­ռու` դէ­պի ա­նա­պատ­նե­րու խոր­քը, այլ ա­նոնց տեղ յատ­կա­ցուց վրան­ներ տե­ղադ­րե­լու հա­մար եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց` զբա­ղե­լու ար­հեստ­նե­րով ու ա­ռեւ­տու­րով: ­Հա­յե­րը բա­ցին դեր­ձա­կա­տու­ներ ու կօշ­կա­կա­րա­կան ար­հես­տա­նոց­ներ, նպա­րա­վա­ճա­ռա­նոց­ներ, խա­նութ­ներ, կա­ռու­ցե­ցին քա­նի մը հա­ցի փու­ռեր: Աք­սո­րո­ւած հա­յե­րու մէջ մեծ թի­ւով ճար­տա­րա­պետ­ներ ու շի­նա­րա­րա­ներ կա­յին: Ա­նոնց օգ­նու­թեամբ ­Տէր-­Զօ­րի մէջ մեծ հի­ւան­դա­նոց կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ: ­Պո­լի­սէն տե­ղե­կա­նա­լով, որ նա­հան­գա­պե­տը հա­յե­րուն հետ լաւ վա­րո­ւած է, ա­նոր ան­մի­ջա­պէս պաշ­տօ­նէն հե­ռա­ցու­ցին: Ա­նոր տե­ղը նշա­նա­կո­ւե­ցաւ դահ­ճա­պետ ­Ճէւ­տէթ-պէ­յը:

­Մօտ 200 հա­զար հա­յեր մաս-մաս ուղար­կո­ւե­ցան ­Մու­սուլ, ուր զո­հո­ւե­ցան ոս­տի­կան­նե­րու գնդակ­նե­րէն, քաղ­ցէն ու հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէն: ­Տե­ղե­կա­նա­լով, որ աք­սո­րո­ւած հա­յե­րու մէկ մա­սը կանգ ա­ռած է ­Հա­լէ­պի մէջ, ­Թա­լէաթ կը հրա­մա­յէ քա­ղա­քը մաք­րել ա­նոնց­մէ եւ քշել դէ­պի ա­նա­պատ­նե­րու խոր­քը:

­Հա­յե­րու նկատ­մամբ ե­րիտթր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծադ­րած սահմռկե­ցու­ցիչ բռնու­թիւն­նե­րը զայ­րոյթ ու բո­ղոք ա­ռաջ բե­րին ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դի ա­մե­նա­տար­բեր խա­ւե­րուն մէջ:

­Պա­տա­հա­բար կեն­դա­նի մնա­ցած հա­յե­րէն մէ­կը կը բե­րէ հե­տե­ւեալ բնո­րոշ փաս­տը. «­Թուրք ժան­տարմ­նե­րը 70 հայ մա­նուկ­ներ լաս­տա­նաւ նստե­ցու­ցին եւ ա­ռանց ղե­կը վա­րո­ղի բաց ձգե­ցին Եփ­րա­տի ջու­րե­րը` ջրվէ­ժի մօտ: ­Լաս­տա­նա­ւը շրջե­ցաւ, եւ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը խեղդուե­ցան»: Ա­նօգ­նա­կան այդ մա­նուկ­նե­րուն կոր­ծան­ման ա­կա­նա­տես ա­րաբ­նե­րը դի­մե­ցին ­Հա­լէ­պի թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն` պա­հան­ջե­լով պատ­ժել դա­հիճ­նե­րը:

Կ­’ըլ­լա­յին դէպ­քեր, երբ ա­րաբ­նե­րը կը յար­ձա­կէին հա­յե­րուն ու­ղեկ­ցող ոս­տի­կան­նե­րուն վրայ՝ ա­զա­տե­լով քաղ­ցէն հիւ­ծո­ւած կա­նանց ու ե­րե­խա­նե­րուն, կը թաքց­նեն զա­նոնք ի­րենց տու­նե­րուն մէջ:

Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չկա­րո­ղա­ցան ամ­բող­ջու­թեամբ ոչն­չաց­նել աք­սո­րո­ւած հա­յե­րը… ու ապ­րե­ցան հա­յե­րը, վե­րըն­ձիւ­ղո­ւե­ցան, շատ­ցան, ա­րա­րե­ցին, եւ աշ­խար­հը զար­մա­ցաւ, որ բնաջնջուած ազ­գէն փրկո­ւած սուրբ նշխար­նե­րը կրցան ան­յա­տակ վշտե­րէն դար­ձեալ ծիլ ար­ձա­կել…

Եւ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հա­յուն կեան­քը աշ­խար­հի բո­լոր ծա­գե­րուն մէջ, եւ ­Սուրիան դար­ձաւ շա­տե­րուն հա­մար երկ­րորդ ­Հայ­րե­նիք, ծննդա­վայր, ուր պա­տա­րա­գո­ւե­ցաւ մեր ­Կո­մի­տա­սը, հայ մա­նու­կը հնչե­ցուց մեր ոս­կե­ղի­նիկ այ­բու­բե­նը, ապ­րե­ցան լե­զուն ու հա­ւատ­քը հա­յուն շուր­թե­րուն ու սրտին մէջ:

­Ծաղ­կե­ցաւ ­Սու­րիան. աշ­խա­տա­սէր հա­յե­րը ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դին հետ կողք-կող­քի ապ­րե­ցան, աշ­խա­տե­ցան, ստեղ­ծե­ցին, եւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­րա­րի­չի մե­ծա­գոյն պատ­գա­մը` «­Սի­րե­ցէք զմի­մեանս»:

Թր­քա­կան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու բո­վով ան­ցած եւ ան­լուր հա­լա­ծանք­ներ կրած ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր կրկին յայտ­նո­ւած է պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կի­զա­կէ­տին` այս ան­գամ ներ-քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի բո­վին մէջ, սա­կայն օ­տար ու­ժե­րու եւ օ­տար շա­հե­րու ինչ-ինչ ակն­կա­լիք­նե­րով:

Ա­ւե­րակ քա­ղաք­ներ, ա­ւե­րա­կուած թա­ղա­մա­սեր, բազ­մա­թիւ զո­հեր, ներառեալ շատ հա­յոր­դի­ներ, ու հա­յը կրկին գաղ­թա­կան դար­ձած է` հանգրուա­նե­լով աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու, նաեւ` ­Մայր ­Հայ­րե­նի­քի մէջ…

­Գու­ցէ այս­պէ՞ս կը բա­ցո­ւի ­Հայ­րե­նի­քի ճամ­բան…

­Դա­ժա՜ն է, ո­րով­հե­տեւ ­Սու­րիան ծննդա­վայր է, նախ­նի­նե­րու եր­կիր, ­Սուրիան հա­րա­զատ տուն է, ­Սու­րիան հայ­կա­կան հա­րուստ գաղ­թօ­ճախ մըն է, ուր սրբու­թիւն­ներ կան` ե­կե­ղե­ցի­ներ, դպրոց­ներ, մշա­կոյ­թի կեդ­րոն­ներ, հա­րա­զատ շի­րիմ­ներ, ար­հես­տա­նոց­ներ ու ա­րո­ւես­տա­նոց­ներ, խա­նութ­ներ ու այն­տեղ մնա­ցած շատ հա­րա­զատ­ներ…

­Սու­րիան թա­խիծ է, սէր ու կա­րօտ է, եւ այն չի կրնար յուշ ու ե­րազ դառ­նալ ­Կի­լիկեան վար­ժա­րան յա­ճա­խող այն սու­րիա­հայ փոք­րիկ տղուն հա­մար, որ տխուր ա­չուկ­նե­րով ու պեր­ճա­շուք ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նով բար­բա­ռեց. «Ես իմ խա­ղա­տեղս, մահ­ճա­կալս կը կա­րօտ­նամ…»:

­Կու գա՜յ այդ բաղ­ձա­լի օ­րը, երբ ցան­կու­թեան պա­րա­գա­յին ծննդա­վայր կը վե­րա­դառ­նան սու­րիա­հա­յե­րը, երբ ­Սուրիոյ մէջ այ­լեւս չեն լսո­ւիր կրա­կոց­ներ, ա­րիւն չի հո­սիր, տու­ներ ու ե­րազ­ներ չեն աւ­րո­ւիր…

­Կու գա՜յ այդ ե­րա­նե­լի օ­րը եւ չեն ի­րա­կա­նա­նար հռչակ ու­նե­ցող մար­գա­րէ­նե­րու խօս­քե­րը, թէ`կ’իյ­նայ ­Սու­րիան, եւ կը սկսի 3րդ ­հա­մաշ­խար­հա­յի­նը:

­Կը բարձ­րա­նա՜յ ­Սու­րիան, ոտ­քի կը կանգ­նի ­Սու­րիան, եւ ի­րա­րու հա­կա­դիր շա­հեր ու գա­ղա­փար­ներ ու­նե­ցող սու­րիա­ցի­նե­րը կը հասկ­նան, որ եղ­բայր­ներ են, ու կը դադ­րի եղ­բայ­րաս­պան, ու­րիշ­նե­րու շա­հե­րով թե­լադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մը:

­Կը դադ­րի… եւ սու­րիա­կան նո­ճի­նե­րը, կի­պա­րիս­ներն ու մայ­րի­նե­րը միայն ա­նուշ շշունջ­ներ կը բե­րեն ու խա­ղա­ղու­թեամբ կը լեց­նեն բո­լո­րի հո­գի­նե­րը:

­Բա­նաս­տեղ­ծի բա­ռե­րով ցան­կանք`

«Ա­րե­ւե­լեան կողմն աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւն թող ըլ­լայ…»:

Կա­րի­նէ Ա­ւա­գեան