Սեդ­րակ Աբ­րա­հա­մի ­Յա­րու­թիւ­նեա­ն (Ծ­նեալ 1904ին, ­Մուշ, Առնջ­կուս գիւղ)

1904 թո­ւին ծնած եմ ­Մու­շի Աղ­ջա­վա­զի շրջա­նի Առնջ­կուս գիւ­ղը։

­Մին­չեւ 1915 թո­ւա­կա­նը, խա­ղաղ կ­’ապ­րէինք։ ­Մին­չեւ տասն­մէկ տա­րե­կան դառ­նալս, մեր գեր­դաս­տա­նի մէջ մարդ չէր մե­ռած, բայց թուր­քը բո­լո­րին ջար­դեց։1908 թո­ւին թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­զա­տու­թիւն տո­ւաւ։ ­Մեզ մօտ քա­ռա­սուն հայ­կա­կան գիւղ կար։ ­Սի­փա­նայ սա­րը մեր շրջանն էր, լան­ջե­րը կը հաս­նէին ­Վա­նայ ծո­վի հիւ­սի­սա­յին ա­փը։ Այդ ամ­բողջ տա­րա­ծու­թիւ­նը լրիւ հայ էր, ո՛չ մէկ թուրք, ո՛չ մէկ քիւրտ կար։ ­Միայն քա­ղա­քին մէջ ծա­ռա­յող զա­բիթ­ներն էին թուրք։

­

Սի­փա­նայ սա­րէն ջու­րե­րով լե­ցուն գետ մը կ­’իջ­նէր, վրան քսան­հինգ ջրա­ղաց կը շար­ժէր։ ­Գի­տե՞ս ինչ ա­լիւր կ­’ա­ղէր։ ­Մենք, որ մաշ­կի հի­ւան­դու­թիւն ու­նէինք, ­Վա­նայ ծո­վը կը մտնէինք, կը լո­ղա­յինք, կը լո­ւա­ցո­ւէինք։ ­Նոր տա­րին, ­Զա­տի­կին տա­ռեխ կ­’ու­տէիէնք. մէ­ջը փուշ չկար։

Ե­րե­կո­յեան ա­րե­ւը թե­քո­ւած էր, ոչ­խա­րը դաշ­տէն ե­կաւ։ ­Մէրս, հօ­րեղ­բօրս կնիկ­նե­րը ոչ­խա­րը կը կթէին, ես ու հէրս փայ­տով ոչ­խա­րը կը ղե­կա­վա­րէինք։

­Մէկ ալ գիւ­ղի ա­րեւմ­տեան կող­մէն՝ Մ­շոյ, ­Պիթ­լի­սի կող­մէն, ձայն ե­կաւ.-«­Հա­ւա՜ր, գիւ­ղը կո­տո­րե­ցին»։

­Մէ­րը մա­նու­կը ու­րա­ցաւ, թէ ով ո՞ր կող­մը կը փախ­չէր՝ յայտ­նի չէր։ ­Գիւ­ղը ի­րար խառ­նո­ւե­ցաւ, ով ո՞ւր փա­խաւ։

­Մեր տան ե­րե­խան ես էի։ ­Հէրս ը­սաւ.- «­Քեզ փրկեմ, բա մնա­ցա­ծին ի՞նչ ը­նեմ»։ Ին­քը փա­խաւ։ Ես ը­սի՝ բարձ­րա­նամ, տես­նամ։ ­Տե­սայ, ձիա­ւոր­նե­րը ձեռ­քեր­նին հրա­ցան­նե­րով կու­գա­յին։ ­Հէրս ու հօ­րեղ­բայրս փա­խան, մտան տուն մը, թաքնուե­ցան։ Ես մնա­ցի շո­ւա­րած։ ­Մա­զերս եր­կար էին։ Ինձ աղջ­կայ շոր հագ­ցու­ցած էին։ ­Հօ­րեղ­բայրս՝ հաս­տուս ­Պե­տոն եօթ հա­րիւր գլուխ ոչ­խար ու­նէր, ինն­սու­նութ տա­րե­կան էր։ Ինքն ու իր նախր­չի ­Մե­լոն կու­գա­յին, եր­կու­քին ալ խփե­ցին։ ­Մէկ ալ տե­սայ՝ աջ կող­մէն մէ­կը ինձ գրկեց։ ­Տե­սայ՝ քիւր­տի կինն է, ո­րուն մենք հաց կու­տա­յինք։ ­Ձիե­րու ոտ­քե­րուն տակ պի­տի մնա­յի. այդ կի­նը փրկեց ինձ, տա­րաւ մօրս մօտ, ը­սաւ մօրս.- ­Սա­րէ՜, ե­րե­խին գրկեմ, որ չսպան­նեն, թող ի­մա­նան, որ քիւր­տի ե­րե­խայ է։

Երբ ձիա­ւոր­նե­րը ե­կան, այդ քիւր­տի կի­նը ը­սաւ.- «Ե­կան բո­լո­րին սպան­նե­ցին, ալ մարդ չմնաց»։

­Ձիա­ւոր­նե­րը հա­ւա­տա­ցին, ե­լան-գա­ցին։

Այդ կի­նը ինձ տա­րաւ իր տու­նը։ ­Մեր բո­լոր գեր­դաս­տա­նի ե­րե­խա­նե­րը այդ տան մջ ­թաք­նո­ւած էին։ Այդ քիւր­տի տան մէջ էր նաեւ հօ­րեղ­բօրս բո­յով-ջա­նով տղան, ո­րու ա­նու­նը ­Յա­րու­թիւն էր։

­Մութն ըն­կաւ։ ­Քիւր­տի կի­նը ը­սաւ.- «Ե­թէ հի­մա գան, այս աղ­ջիկ­նե­րուն գան տա­նեն, ես ի՞նչ կա­րող եմ ը­նել. ե­լէք գա­ցէք ռէ­սի՝ գիւ­ղի քո­խո­ւի տու­նը»։

­Հէնց դուրս ե­կանք, որ ռէ­սի տու­նը եր­թանք, աս­կեար­նե­րը ե­կան, կ­’ու­զէին հօրեղ­բօրս տղան սպան­նել։ Ան որ խփեց՝ ե­րեքն ալ ին­կան, փո­խա­նակ ա­նոնց զէն­քը վերց­նէ ու սպան­նէ ա­նոնց, ե­լաւ փա­խաւ։ Ես ու ե­րեք ե­րե­խա­ներ, մեր ձեռ­քե­րը ի­րար բռնած, գա­ցինք գիւ­ղին մէջ։ Պ­լե­թով կը խփեն, կը սպան­նեն։ Ես տե­սայ ռէ­սի տան մօտ ութ հո­գի սպան­նած էին, տան­ջե­լով սպան­նած էին. մէ­կուն թե­ւը կտրած էին, մէ­կուն գլու­խը խփած էին։ ­Քա­նի մը օր մնա­ցինք ռէ­սի տու­նը։ Օր մը մէրս գնաց մեր տու­նը, տե­սաւ հա­ցի փշրանք­ներ կան, բե­րաւ։ ­Վեց ե­րե­խայ ենք, ես ալ՝ եօ­թը։ ­Սո­ված ենք։ ­Մէկ ալ մէրս գնաց, տե­սաւ ո­չինչ չեն թո­ղած։ Ամ­բա­րի մի­ջի ա­լիւրն ալ թա­փած են գե­տին։ ­Մէրս այդ հո­ղով խառ­նո­ւած ա­լիւ­րը բե­րաւ, որ եու­խա սար­քէ՝ ու­տենք։ Եոն­ջա ալ կե­րանք։

­Մէկ ալ հէրս ե­կաւ, մեզ գտաւ։ ­Թուրք աս­կեա­րը կը տես­նէ հօրս գալ-եր­թա­լը, ձայն չի հա­ներ։ ­Յե­տոյ մօրս կ­’ը­սէ.- «Ես Աբ­րէին ե՛ւ գա­լու ա­տեն տե­սայ, ե՛ւ եր­թա­լու ա­տեն։ ­Բայց ես ձեր տան մէջ հաց կե­րած եմ, չկրցայ խփել. գլուխս շուռ տո­ւի, որ իբր չեմ տե­սած»։

1915 թո­ւին ռու­սը ար­դէն կու­գար։ ­Քիւր­տե­րը կը փախ­չին դէ­պի ­Պիթ­լիս՝ ա­րեւ­մուտք։ ­Բայց լցո­ւան ժո­ղո­վուր­դին մէջ, սկսան թա­լա­նել, նոյ­նիսկ վրա­յի շո­րե­րը կը հա­նէին, կը տա­նէին։ Օս­մա­նեան աս­կեար­նե­րը ե­կան քիւր­տե­րուն քշե­ցին։

­Մենք մտա­ծե­ցինք, որ ­Ղա­րա­քե­շիշ գիւ­ղը եր­թանք, հոն ա­ւե­լի ա­պա­հով էր, քա­նի որ ճա­նա­պար­հէն դուրս էր։ ­Դէ­պի ա­րե­ւելք կ­’եր­թա­յինք։ ­Քիւր­տե­րը սկսան կրա­կել մեր վրայ։ ­Ջա­հել հարս մը ա­զա­տե­ցաւ, եր­կու ե­րե­խայ բե­րաւ։ Ե­րե­խա­նե­րը թո­ղեց հո­ղին վրայ ու փա­խաւ։

­Հա­սանք ­Ղա­րա­քե­շիշ գիւ­ղը։ ­Հոն ալ սի­րուն աղ­ջիկ­նե­րուն կը փախց­նէին։ ­Մեր հինգ ե­րե­խա­նե­րը՝ ե­րեք տղայ, եր­կու աղ­ջիկ՝ ­Սամ­սո­նը, Ե­նո­քը, ­Սու­րէ­նը, Ազ­նի­ւը, ­Հայ­կա­նու­շը մէկ օ­րէն սո­վէն մե­ռան։ ­Մէրս գնաց աս­կեա­րի մօտ, խնդրեց, որ թոյլ տայ թա­ղել իր ե­րե­խա­նե­րը, բայց ան ը­սաւ, որ գե­րեզ­ման կա­րե­լի չէ։ Ս­տի­պո­ւած ձեռ­քե­րով հո­ղը փո­րե­ցինք, հին­գին ալ մէ­ջը լցրինք։

Օր մը տե­սանք աս­կեար չկայ։ ­Մեր գիւ­ղի աղ­ջիկ մը պո­րո­զան փչող աս­կեա­րը տա­րաւ ի­րեն կին։ ­Մեր գիւ­ղէն եօ­թը աղ­ջիկ տա­րած էին։ ­Հօ­րեղ­բօրս աղջ­կան ալ մէրս կը պա­հէր, գի­շե­րը վրայ կը պառ­կէր, որ չի­մա­նան։

Ես ոչ միայն մեր գիւ­ղի կո­տո­րու­մը տե­սած եմ, այլ նաեւ մեր բո­լոր գիւ­ղե­րու փա­խէ-փա­խը տե­սած եմ։ Խ­սի­րի պէս հա­մա­տա­րած գետ­նին փռած դիակ­ներ էին։ ­Վեր­ջը բո­լո­րը լցրին ծո­վը, որ խո­լե­րա չլի­նի։

­Մէկ ալ տե­սանք՝ ծո­վի կող­մէ մարդ մը ե­կաւ, ը­սաւ.- «­Ռու­սա­կան զօր­քը ­Սի­փա­նայ սա­րի ե­տե­ւէն, ­Մա­նազ­կեր­տէն ե­կած է ­Պիթ­լիս, իսկ ծո­վի հա­րա­ւա­յին ա­փով Անդ­րա­նիկն ու ռու­սա­կան զօր­քը ­Վան, ար­դէն հա­սան ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մօտ»։

­Հայ դա­ւա­ճան մը կար։ Թր­քա­ցած էր, գնաց խա­պար տո­ւաւ, որ տղա­մար­դիկ թաք­նո­ւած են թու­նե­լի մէջ։ ­Թուրք աս­կեար­նե­րը այդ դա­ւա­ճան հա­յուն կը տա­նեն, որ ցոյց տայ, դու մի ա­սա՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան փա­շան գի­շե­րով ե­կած էր ու բո­լո­րին տա­րած։

Այդ դա­ւա­ճան հա­յուն բե­րին ­Ղա­րա­քե­շիշ գիւղ, կայ­նե­ցու­ցին, խփե­ցին, խփե­ցին։ ­Մէրս ը­սաւ.-

- Ին­չո՞ւ կը խփէք։

- Ան, որ ձեր ազ­գէն է ու ձե­զի դա­ւա­ճա­նեց, ա­ւե­լի լաւ է թող մեռ­նի։

­Գեա­միք բե­րին՝ մեզ տա­րին։

­Պիթ­լի­սէն, ­Սա­սու­նէն, ­Բա­ղէ­շէն բո­լոր հա­յե­րուն տա­րին ­Վան։

­Հէրս, որ վնա­սո­ւած էր, գնաց ռու­սա­կան բժիշ­կի մօտ, բայց հէնց այդ օ­րը մա­հա­ցաւ։

­Մենք տաս­նութ հո­գի էինք։ ­Մեր հարիւր յի­սուն հո­գի­նոց ազ­գու­տա­կէն միայն ես ու հօ­րեղ­բօրս տղան՝ ­Թա­թո­սը ա­զա­տե­ցանք։

­Մէկ ալ ռու­սը հրա­մա­յեց, թէ ես ետ նա­հան­ջեմ, եր­թամ ­Ռու­սա­հա­յաս­տան։ ­Մին­չեւ Օլ­թի ռու­սա­կան գրա­նիցն էր։ ­Ճա­նա­պար­հին ռու­սա­կան զօր­քը մեզ տէ­րու­թիւն ը­րաւ, բե­րաւ մին­չեւ Իգ­տիր։ ­Ռու­սը սկսաւ մեզ նպաստ տալ։ ­Մե­շոկ­նե­րով ա­լիւ­րը խո­տի դէ­զե­րու պէս կի­տուած էին ի­րար վրայ։

Ե­կանք։ Ես որբ էի։ Ես գա­ցի ա­մե­րի­կեան որ­բա­նոց, ­Թա­թո­սը գնաց Էջ­միա­ծին։

1920 թո­ւա­կա­նին ­Սե­րոբ ­Դե­միր­ճեա­նը, ­Նա­յի­րի ­Զա­րեա­նը եւ շատ ու­րիշ­ներ որ­բա­նոց էին։ ­Չա­րեն­ցը մեր դաս­տիա­րակն էր։ ­Նի­հար-նի­հար որբ տղայ էր, բայց գրա­գէտ էր։

­Մեր որ­բա­նո­ցը բե­րին Ե­րե­ւան, որ տա­նեն Ա­մե­րի­կա։ ­Մէկ մա­սը տա­րին, մեզ ալ պի­տի տա­նէին, բայց չհա­սան։ ­Հա­յաս­տա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան՝ ­Խա­տի­սեա­նի հետ, թուր­քե­րը ստոր պայ­մա­նա­գիր կնքե­ցին։ ­Ջուլ­ֆա­յի ու ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի գի­ծը տո­ւին թուր­քին։

1920 թո­ւի ­Նո­յեմ­բեր 29ին ­Սար­գիս ­Կա­սեա­նի հետ տասն­մէ­կե­րորդ բա­նա­կը մուտք գոր­ծեց Ի­ջե­ւան եւ հե­ռա­գիր տո­ւաւ ­Լե­նի­նին.- «Աչքդ լոյս, ­Հա­յաս­տա­նը ­Սո­վե­տա­կան է»։

Այդ­պէս տա­րի­նե­րը ան­ցան։ Ես մեծ­ցայ, կա­մա­ւոր գա­ցի սո­վե­տա­կան բա­նակ։ ­Պոլ­կով­նի­կը կան­չեց, ը­սաւ.- «Տ­ղայ ջան, բա­նակ կ­’ու­զես եր­թալ, բայց փոքր ես»։

Ես ալ ը­սի,- «Ես որբ տղայ եմ, կ­’ու­զեմ եր­թալ, տուն չու­նիմ»։

­Գա­ցի հայ­կա­կան երկ­րորդ դի­վի­զիա, ո­րուն հրա­մա­նա­տա­րը ­Բագ­րատ Ա­ւա­գեանն էր, իսկ հայ­կա­կան դի­վի­զիա­յի հրա­մա­նա­տա­րը ­Մե­լիք-­Շահ­նա­զա­րովն էր։ Ա­ռա­ջին գուն­դը Ե­րե­ւան էր։ ­Բաղ­րա­մեա­նը գուն­դի հրա­մա­նա­տարն էր։

­Բա­նա­կէն ե­կայ։ Ե­րե­ւա­նի մէջ մի­լի­ցիա­յի դպրոց գա­ցի։ Ն­շա­նա­կե­ցին ­Մեղ­րի։ ­Չորս տա­րի մի­լի­ցա­պե­տի տե­ղա­կալ ե­ղած եմ։ 1935 թո­ւա­կա­նէն ետք ­Թիֆ­լի­սի մէջ դպրոցս շա­րու­նա­կե­ցի։ ­Յե­տոյ ըն­տա­նիքս տա­րի ­Թիֆ­լիս, հոն ա­ւար­տե­ցի։ Ե­կանք Ե­րե­ւան։

­Քա­ռա­սուն հո­գիի մի­ջեւ ին­ծի նշա­նա­կե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի եր­կա­թու­ղիին պետ։ Այն ժա­մա­նակ եր­կա­թա­գի­ծը Վ­րաս­տա­նին կը պատ­կա­նէր։

1941 թո­ւա­կա­նին ­Հայ­րե­նա­կան ­Պա­տե­րազ­մը սկսաւ։ ­Մոս­կո­ւա­յէն բրո­նեայ ե­կաւ, ինձ ֆրոն­տից ա­զա­տե­ցին։

1945 թո­ւին ի­մա­ցանք, որ ­Գեր­մա­նիան կա­պի­տու­լեա­ցիա­յի են­թար­կո­ւե­ցաւ։

­Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ թի­կուն­քի վրայ լաւ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցայ ե՛ւ ­Կար­միր Աստղ, ե՛ւ ­Կար­միր Դ­րօշ, ե՛ւ ­Լե­նի­նի շքան­շա­նով. քսան հատ մե­տալ ու­նիմ։

«­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն.
ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­ներ»
­Վեր­ժի­նէ Ս­վազ­լեան