Մեր նշա­նա­ւոր ու հե­ղի­նա­կա­ւոր բա­ռա­րան­նե­րը հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր կա­նո­նա­կան ու ըն­դու­նո­ւած բա­ռեր կը պա­րու­նա­կեն եւ կրնանք ը­սել, որ այս շատ խո­շոր թիւն իսկ ան­հա­մե­մա­տօ­րէն պզտիկ կը մնայ այն բա­ռե­րուն քով, զորս կրնա­յինք ու­նե­նալ հա­յոց Այ­բու­բե­նին 38 գի­րե­րը լրիւ օգ­տա­գոր­ծե­լով։

 

­Բայց հոս հե­տաքրք­րա­կան խնդիր մը կը ծա­գի։ Այն է՝ հարց­նել, թէ մենք պէտք ու­նի՞նք աս­կէ ալ ա­ւե­լի շատ բա­ռե­րու, ե­թէ ու­նե­նանք, պի­տի գոր­ծա­ծե՞նք այդ բա­ռե­րը։ ­Ներ­կա­յիս, ա­ռանց հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր նոր բա­ռեր ստեղ­ծե­լու ալ ար­դէն շատ հա­րուստ է մեր լե­զուն։ Եւ ե­թէ շա­րու­նակ կը խօ­սինք մեր լե­զուին հարստու­թեան մա­սին, կրնանք նաեւ մենք մե­զի հարցնել, թէ ին­չի՞ կը ծա­ռա­յէ այդ հարս­տու­թիւ­նը, ե­թէ այդ հարստու­թեան տէ­րը, այ­սինքն՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը, ընդ­հան­րա­պէս տե­ղեակ չէ այդ հարստու­թեան եւ ի վի­ճա­կի չէ զայն լրիւ օգ­տա­գոր­ծե­լու կամ հասկ­նա­լու։

­Բո­լո­րին ծա­նօթ ի­րո­ղու­թիւն է, որ մինչ մենք հոս Այ­բու­բե­նի 38 գի­րե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով մի­լիո­նա­ւոր նոր բա­ռեր շի­նե­լու կա­րե­լիու­թեան մա­սին կը խօ­սինք, ան­դին կայ հայ մար­դոց բա­նակ մը, կամ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մաս­նու­թիւն մը, որ քա­նի մը հա­րիւր բա­ռէն ա­ւե­լին չի գի­տեր, կամ նոյ­նիսկ բնաւ հա­յե­րէն չի գի­տեր։ Ա­սի­կա այն ող­բեր­գու­թիւնն է, զոր հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը կամ հայ մշա­կոյ­թը կ­þապ­րի այ­սօր։

Այս­տեղ ներ­քին ձայն մը մե­զի պի­տի յի­շեց­նէ, թե­րեւս մեզ մխի­թա­րե­լու հա­մար, որ ա­սի­կա նոր ե­րե­ւոյթ չէ, մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­զար տա­րիէ ի վեր կ­’ապ­րի լե­զո­ւի տագ­նապ, մեր ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րը պատ­մու­թեան խո­րե­րէն ի վեր մնա­ցած են ու­րիշ լե­զու­նե­րով խօ­սե­լու ստի­պո­ղու­թեան տակ եւ, հա­կա­ռակ այս ժխտա­կան պատ­կե­րին, մեր լե­զուն ու հա­յա­շունչ մշա­կոյ­թը գո­յա­տե­ւած են։

Ա­սի­կա ճիշդ է, որ­քան ալ կար­ծենք, թէ մեր օ­րե­րու տագ­նա­պը բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­մէ­նէն վտան­գա­ւոր ու բախ­տո­րոշ տագ­նապն է։

­Դար­ձեալ բո­լո­րին ծա­նօթ ի­րո­ղու­թեան մը մա­սին խօ­սած կ­þըլ­լանք՝ ե­թէ ը­սենք, որ լե­զո­ւա­կան ու հայ­կա­կան ինք­նու­թեան տագ­նա­պը միշտ ալ հե­տե­ւանք է քա­ղա­քա­կան ազ­դակ­նե­րու։

Եր­բեմն կը մոռ­նանք, որ 1915ի ա­նօ­րի­նակ ող­բեր­գու­թիւ­նը մէկ հա­րո­ւա­ծով ոչնչա­ցուց ո՛չ միայն մի­լիո­նա­ւոր հայ. մար­դիկ, ո՛չ միայն հայ մար­դի­կը աք­սո­րեց ի­րենց ծննդա­վայր հայ­րե­նի­քէն, այլ նաեւ մա­հա­ցու հա­րո­ւած ի­ջե­ցուց մեր մայ­րե­նի լե­զո­ւին։

Ե­թէ 1915ի հե­տե­ւան­քով ծնունդ ա­ռած չըլ­լար աշ­խար­հաց­րիւ հայ­կա­կան սփիւռք մը, հա­յե­րէն լե­զուն ալ իր տե­ղը այս­քան զի­ջած չէր ըլ­լար անգ­լե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, ռու­սե­րէ­նի։

­Մեր նո­րա­ծին­նե­րը այս սփիւռ­քին մէջ աշ­խարհ կու­գան՝ ի­րենց մայ­րե­րուն ար­գան­դէն դուրս բե­րե­լով օ­տար լե­զու­ներ։

­Լե­զո­ւա­կան մեր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը միայն քա­ղա­քա­կան կամ ար­տա­քին տուեալ­նե­րէ չէ՛ որ ծնունդ ա­ռած են։ ­Մե՛նք ալ մեր ձեռ­քե­րով դժո­ւա­րու­թիւն­ներ ա­ւել­ցու­ցած ենք ու կը շա­րու­նա­կենք ա­ւելց­նել ար­դէն մեր ու­նե­ցած­նե­րուն վրայ։

Օ­րի­նակ՝ հա­յոց ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը։

­Խորհր­դա­յին կար­գե­րը, ոտ­նա­կոխ ը­նե­լով ­Մես­րո­պեան դա­սա­կան ուղ­ղագրու­թիւ­նը, որ մեր լե­զո­ւին հիմ­նա­քարն էր, ըն­դու­նե­ցին ու ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րե­ցին նոր ու ան­ճոռ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւն մը, որ ար­դէն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն ու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն եր­կու տար­բե­րակ­ներ ու­նե­ցող մեր լե­զո­ւին վրայ նոր եր­կո­ւու­թիւն մը ա­ւել­ցուց։

Երբ հա­մայ­նա­վար կար­գե­րը փուլ ե­կան եւ հա­յոց եր­կի­րը գտաւ իր ան­կա­խու­թիւ­նը, շա­տեր կար­ծե­ցին, որ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շու­տով հա­յոց լե­զո­ւի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը պի­տի վե­րա­դարձ­նէին իր դա­սա­կան ձե­ւին։ ­Չե­ղա՛ւ։ ­Հա­յաս­տա­նի ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րը չկրցան աչք առ­նել այս­պի­սի փո­փո­խու­թիւն մը։

Այ­սօր ալ, ու­րեմն, կը շա­րու­նա­կենք դէմ յան­դի­ման գալ եր­կու տար­բեր ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րու։

­Կայ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծածուած հա­յե­րէ­նի ո­րա­կի հար­ցը։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րու հա­մար ցնցիչ է տես­նել, որ ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը որ­պէս հա­յե­րէն կը գոր­ծա­ծէ բա­ռեր, ո­րոնք ռու­սե­րէ­նի խո­ղո­վա­կով մուտք գոր­ծած օ­տար բա­ռեր են, մինչ մենք ու­նինք ա­նոնց հա­յե­րէն հրա­շա­լի հա­մա­պա­տաս­խան­նե­րը։

Ին­չո՞ւ «նա­խա­գահ» չը­սո­ւի, փո­խա­նակ «փրէ­զի­տէնթ» ը­սե­լու։

­Փոր­ձանք մըն ալ ե­կաւ՝ հա­մա­ցան­ցի վրայ ե­լեկտ­րո­նիկ նա­մա­կագ­րու­թեան նո­րու­թեամբ։

­Հի­մա հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ի­րա­րու հա­յե­րէն նա­մակ կը գրեն լա­տի­նա­կան տա­ռեր օգ­տա­գոր­ծե­լով, քա­նի որ ի­րենց հա­մա­կար­գի­չին մէջ չեն կրցած տե­ղադ­րել հա­յե­րէն տա­ռա­տե­սակ­ներ։ Այս նոր կա­ցու­թիւ­նը մեզ կը դնէ լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի նոր հո­սան­քի մը դի­մաց։

­Վա՜խ ­Մաշ­տո­ցեան գի­րե­րուն։

Ատ­կէ զատ, բա­ցէք ­Սով­տա­կան հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նը, որ մե­զի ժա­ռանգ մնա­ցած է ­Խորհր­դա­յին շրջա­նէն, ու նա­յե­ցէք «այ­բու­բեն» բա­ռին։ ­Պի­տի տես­նէք, որ հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նը կ­’ը­սէ, թէ մեր այ­բու­բե­նը ներ­կա­յիս ու­նի 39 տառ։ Ա­րեւմ­տա­հայ մա­նու­կը, որ դպրո­ցը կը սոր­վի թէ հա­յոց այ­բու­բե­նը կը բաղ­կա­նայ 38 տա­ռե­րէ, շատ պի­տի շո­ւա­րի, ե­թէ ի­մա­նայ վե­րը ը­սո­ւա­ծը։ ­Հարցն այն է, որ ­Խորհր­դա­յին շրջա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ­Մես­րո­պեան 38 տա­ռե­րուն վրայ որ­պէս նոր ու մէկ գի­րէ բաղ­կա­ցող տառ ա­ւել­ցու­ցած են «եւ» գի­րը եւ 38ը բարձ­րա­ցու­ցած են 39ի։

Ո՛չ ան­շուշտ։

­Մենք կ­’ը­սենք, որ ու­նինք 38 գիր։

Այս­քա՛ն։

Եւ այս­քա­նը ար­դէն կը բա­ւէ, ե­թէ մենք ա­մուր կեր­պով տէր պի­տի կանգ­նինք այդ գի­րե­րէն ա­մէն մէ­կուն։

Ռ. Հ.