Հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիոյ մէջ ա­սո­րի հա­մայն­քին նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ա­ռե­ւան­գու­մի, բռնու­թեան եւ բռնա­գաղ­թի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը թար­մաց­նեն հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ յատ­կա­պէս ե­զի­տի­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­սո­րի հա­մայն­քի տար­բեր դա­ւա­նա­կան խում­բե­րուն դէմ գոր­ ծադ­րո­ւած պատ­կեր­նե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը:

­Ցե­ղա­յին զտու­մի ա­մէ­նէն բա­րա­ցու­ցա­կան ժա­մա­նա­կա­կից օ­րի­նակ­ներն են այս բո­լո­րը, ո­րոնք տե­ղի կ­՛ու­նե­նան ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ իբ­րեւ թէ ան­նա­հանջ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին ե­րե­ւու­թա­պէս եւ յայ­տա­րա­րո­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ դա­տա­պար­տան­քի, ըստ էու­թեան քա­ղա­քա­կան կրա­ւո­րա­կա­նու­թեան փաս­տե­րուն դի­մաց:

­Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ի­րո­ղա­կան սահ­մա­նագծում­նե­րու ծա­ռա­յող մի­ջոց­ներ են այս բո­լո­րը, եւ խոր­քին մէջ Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն խմբա­ւո­րու­մը կը շա­րու­նա­կէ իբ­րեւ ա­մէ­նէն ազ­դե­ցիկ գոր­ծի­քը ի­րա­կա­նաց­նել աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան կեդ­րոն­նե­րու մէջ ո­րո­շո­ւող ծրա­գի­րը:

Յս­տակ է, որ ա­ռա­ջադ­րանք-յանձ­նա­րա­րա­կան դրո­ւած է ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­պաք­րիս­տո­նէաց­ման օ­րա­կար­գը: Այն ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ Ի­րա­քի մէջ, այն ինչ որ կը պա­տա­հի ­Սու­րիոյ մէջ, այն ինչ որ տա­կա­ւին Ե­գիպ­տո­սի ղպտի ազ­գաբ­նակ­չու­թեան նկատ­մամբ կը կա­տա­րո­ւի այդ ա­ռա­ջադ­րան­քի տրա­մա­բա­նու­թեան պա­րու­նա­կին մէջ կա­րե­լի է դի­տար­կել: ­Զու­գա­հեռ, ժո­ղո­վուրդ­նե­րը խու­ճա­պա­հա­րու­թեան մատ­նե­լը որ­դեգ­րո­ւած է իբ­րեւ մի­ջոց յա­ւե­լեալ թափ տա­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նի քրիս­տո­նէա­թափ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Այս գոր­ծըն­թաց­նե­րուն դէմ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին ա­ռած քայ­լե­րը ոչ միայն սահ­մա­նա­փակ են, այ­լեւ հետզ­հե­տէ կը հա­մո­զեն, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նի դի­մա­փոխ­ման եւ եր­կիր­նե­րու սահ­մա­նա­փոխ­ման այս ե­ղե­լոյ­թին ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թիւն տրո­ւած է:

­Հա­ւա­քա­կան գլխա­տում­նե­րու, ող­ջա­կի­զում­նե­րու, զան­գո­ւա­ծա­յին գնդա­կա­հա­րում­նե­րու եւ գա­զա­նա­յին վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու խու­ճա­պա­հա­րու­թիւ­նը տե­ղա­հա­նո­ւող եւ հա­լա­ծո­ւող ազ­գաբնակ­չու­թիւն­նե­րուն մօտ կը մթագ­նէ ի­րենց բնօր­րան­նե­րուն կառ­չած մնա­լու հե­ռան­կար­նե­րը եւ փախստա­կա­նի ու գաղ­թա­կա­նի կար­գա­վի­ճակ­նե­րը կը զար­գաց­նէ շատ ա­րագ կշռոյթ­նե­րով:

Այս­տեղ ա­ւե­լի հա­մո­զիչ կը դառ­նայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծրա­գի­րի առ­կա­յու­թիւ­նը: ­Նոյն դա­տա­պար­տող, բայց գետ­նի վրայ հա­կազ­դե­լու ա­ռու­մով կրա­ւո­րա­կա­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող պե­տու­թիւն­նե­րը ի­րենց դռնե­րը լայն կը բա­նան եւ գաղ­թա­կան­նե­րու հա­մար յա­տուկ դիւ­րու­թիւն­ներ կ­՛ըն­ձե­ռեն տե­ղա­հա­նո­ւող­նե­րուն եւ տե­ղա­հան­ման վտան­գին տակ գտնո­ւող ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար: ­Տա­կա­ւի՛ն. ե­թէ հա­ւաս­տի նկա­տենք Իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան ռազ­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն փո­խադ­րող բրի­տա­նա­կան օ­դա­նա­ւե­րու վար­կա­ծը, ար­դէն կրա­ւո­րա­կա­նու­թեան տե­սու­թե­նէն ա­ւե­լին ան­ցած կ­՛ըլ­լանք:

­Շար­ժա­ռիթ­նե­րու, մի­տում­նե­րու եւ ըն­թացք­նե­րու մա­սին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներն ու վեր­լու­ծում­նե­րը կրնան տա­րա­տե­սակ ըլ­լալ: ­Փաս­տը կը մնայ փաստ, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տե­ղի կ­՛ու­նե­նան ի­րո­ղա­կան սահ­մա­նագ­ծում­ներ, տե­ղա­հա­նու­թիւն­ներ, խու­ճա­պա­հար գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով բռնա­գաղ­թի նոր ա­լիք­նե­րու մա­կըն­թա­ցու­թիւն­ներ:

­Սու­րիա­կան տա­րած­քի վրայ Ան­գա­րա­յի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը խօ­սուն ձե­ւով կ­՛ընդգ­ծէ Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն-Ան­գա­րա ար­դէն իսկ զար­գա­ցած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան փաս­տը: նո­րօ­րեայ ա­հա­բեկ­չա­կան  ա­լի­քի բարձ­րաց­ման մէջ Ան­գա­րա­յի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը մատ­նա­ցոյց չը­նե­լու մի­ջազ­գա­յին մօ­տե­ցու­մը պար­զա­պէս յա­ւե­լեալ հա­մո­զող նա­խադ­րեալ է իս­լա­մու­թեան ա­նու­նին տակ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծին լծո­ւած խմբա­ւո­րում­նե­րուն ուղ­ղա­կի-ա­նուղ­ղա­կի պա­տո­ւէր կա­տա­րե­լու ի­րա­կա­նու­թեան:

­Հայ­կա­կան ոսպ­նեա­կը շատ զու­գա­հեռ­ներ կրնայ տես­նել ու ցոյց տալ 100 տա­րի ա­ռաջ մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ցե­ղա­սա­պա­նու­թեան, տե­ղա­հա­նու­թեան եւ այ­սօր միեւ­նոյն պե­տու­թեան կող­մէ լիա­զօ­րո­ւած եւ ֆի­նան­սա­ւո­րո­ւած խմբա­ւո­րում­նե­րուն կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւող տա­րածք­նե­րու ցե­ղա­յին զտում­նե­րու, բռնա­գաղ­թե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ:

«Ա.»