Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հերթ օ­րա­կարգ է նաեւ Ջա­ւախ­քը: Պա­տե­րազ­մա­կան գօ­տի չէ, բայց եւ այն­պէս, հրա­տապ խնդիր է Ջա­ւախ­քի զար­գա­ցու­մը, ե­թէ կ­՛ու­զենք Հա­յաս­տա­նի հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող այս շրջա­նի հայ­կա­կան դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նել, ե­թէ կ­՛ու­զենք ջա­ ւախք­ցին պա­հել իր հո­ղին վրայ:

Ա­րեւմ­տեան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հայ հա­մայն­քը նկա­տա­ռե­լի վաս­տակ ու­նի ար­դէն Ջա­ւախ­քի մէջ: Փաստ է, որ Ջա­ւախ­քի գլխա­ւոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան ճի­գե­րով ստեղծուած հայ կեդ­րոն­նե­րը, այ­սօր ո­րոշ կեն­սու­նա­կու­թիւն կու տան այդ շրջա­նի բնակ­չու­թեան՝ հա­ւա­քո­ւե­լու, մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քով ապ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով ա­նոր:

Կ­՛ող­ջու­նենք Հ.Օ.Մ.ի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը եւ կը գնա­հա­տենք ա­նոր ցու­ցա­բե­րած հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը այս մար­զին մէջ: Պէտք է ը­սել, որ այ­սօր մեր հա­մայն­քին մէջ կայ շրջա­նակ մը, գի­տա­կից ազ­գա­յին­նե­րու խումբ մը, որ իր բո­լոր այլ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին, եր­բե՛ք չի զլա­նար իր շօ­շա­փե­լի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու Ջա­ւախ­քի զար­գաց­ման գոր­ծին:

Ա­հա՛ Ա­լէ­քը՝ Բաղ­դա­սա­րեան, իր կնոջ՝ տոքթ. Ա­լե­նու­շի հետ, տա­րի­նե­րով ըն­դա­ռա­ջած է Հ.Օ.Մ.ի Ջա­ւախ­քի յանձ­նա­խում­բի դի­մում­նե­րուն եւ միշտ իր բա­ժի­նը բե­րած ա­նոնց ծրա­գիր­նե­րուն: Յանձ­նա­խում­բը այս տա­րի ո­րո­շած է գնա­հա­տել այս զոյ­գը՝ զայն դարձ­նե­լով այս Կի­րա­կի, նա­ւապ­տոյտ-հան­գա­նա­կա­յին ար­շաւ ձեռ­նար­կին Պա­տո­ւոյ Հիւ­րը:

Հ.Օ.Մ.ի Ջա­ւախ­քի յանձ­նա­խում­բին այս գոր­ծու­նէու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան շրջա­նա­կը ըն­դար­ձա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կայ: Ընդ­հան­րա­պէս, Ջա­ւախ­քը ճանչ­նա­լու, Ջա­ւախ­քը ծա­նօ­թաց­նե­լու աշ­խա­տան­քը ո­րա­կա­կան նոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նե­լու մար­տահ­րա­ւէր կանգ­նած է յանձ­նա­խում­բին առ­ջեւ: Թե­րեւս այս հանգ­րո­ւա­նին, յանձ­նա­խում­բը ի­րեն վրայ պէտք է վերց­նէ յա­ւե­լեալ պար­տա­կա­նու­թիւն՝ քա­ջա­լե­րե­լու Հա­յաս­տան մեկ­նող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը, որ ի­րենց այ­ցե­լած վայ­րե­րուն մէջ նե­րա­ռեն նաեւ Ջա­ւախ­քը:

Ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու հա­մար այն­քա՛ն ալ մեծ հարց չէ ա­սի­կա, մա­նա­ւանդ ե­թէ նկա­տի առ­նենք, որ այ­սօր թէ՛ Հա­յաս­տան, թէ՛ Վ­րաս­տան մուտ­քի հա­մար, ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը մուտ­քի ար­տօ­նա­գի­րի կա­րի­քը չու­նին:

Այ­ցե­լենք Ջա­ւախք, զօ­րակ­ցինք Ջա­ւախ­քին ու նե­ցուկ կանգ­նինք Ջա­ւախ­քը զար­գաց­նե­լու ճի­գե­րուն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ