Պոլսահայ յայտնի ճարտարապետ Զաքարիա Միլդանօղլուն «Ակօս» թերթին մէջ յօդուած մը հեղինակած է, ուր հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիա մտադիր է Աղթամար

կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը իրականացնելու Ապրիլ 24ին: Զաքարիա Միլդանօղլուն ատիկա կը համեմատէ Կալիփոլիի միջոցառումները 2015ի Ապրիլ 24ին իրականացնելու Թուրքիոյ նախաձեռնութեան հետ: Յօդուածը, Civilnetի թարգմանութեամբ, ներկայացուած է ստորեւ.-

Աղ­թա­մար կղզիի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Ապ­րիլ 24ին կա­տա­րե­լու փոր­ձէն ութ տա­րի յե­տոյ՝ այ­սօր, ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով նոյն մտայ­նու­թեամբ, Թուր­քիա Տար­տա­նէ­լի (­Կա­լի­փո­լիի) տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տո­ւի կա­տա­րել նոյն օ­րը:

Տար­տա­նէ­լի ճա­կա­տա­մար­տի զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին օ­րը՝ Ապ­րիլ 24ին նշե­լու մա­սին Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի բա­նա­վէճ ա­ռա­ջա­ցու­ցած ո­րո­շու­մը կը շա­րու­նա­կէ գտնո­ւիլ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը: Կա­լի­փո­լիի 100ա­մեա­կը Ապ­րիլ 24ին նշե­լու այս քայ­լը կը յի­շեց­նէ ութ տա­րի ա­ռաջ Աղ­թա­մա­րի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­ցու­մը քա­ղա­քա­կա­նաց­նե­լու Թուր­քիոյ ճի­գե­րը:

Կը փա­փա­քինք վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րին նա­յիլ այս դի­տան­կիւ­նէն:

Կ. Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Մես­րոպ Մու­թա­ֆեա­նի ա­ռա­ջար­կով՝ 2005ին որ­պէս ճար­տա­րա­պետ մաս­նակ­ցած եմ Աղ­թա­մար կղզիի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Այդ ժա­մա­նակ Հ­րանտ Տին­քի հետ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ էի: Թուր­քիա-­Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու եւ սփիւռ­քի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով ծրա­գիր­ներ մշա­կած էինք: Ա­նոնց մեծ մա­սին վե­րա­բե­րեալ հան­րու­թեան կը տե­ղե­կացնէինք Տին­քի սիւ­նակ­նե­րուն մի­ջո­ցով:

Մես­րոպ Պատ­րիար­քի հետ այդ ժա­մա­նակ ըն­կե­րոջ պէս էինք: Ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ շատ մտեր­միկ կը զրու­ցէինք, նաեւ՝ կը բա­նա­վի­ճէինք: Աղ­թա­մա­րի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ան­ձամբ եւ տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նա­լու իմ ա­ռա­ջար­կիս եր­կար ժա­մա­նակ կը դի­մադ­րէր: Երբ պատ­ճա­ռը հար­ցու­ցի՝ ստա­ցայ հե­տե­ւեալ պա­տաս­խա­նը.- «Ես հի­մա եր­թամ հոն եւ դի­մացս յայտ­նուի լրագ­րող­նե­րու հոծ բա­նակ մը. ին­ծի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր պի­տի տան, ես ի՞նչ պի­տի ը­սեմ»:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան պայ­մա­նա­ւո­րո­ւե­ցանք, որ ան ը­սէ.- «Ես կրօ­նա­կան եմ, հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր եմ, ձեր հար­ցե­րը ուղ­ղէք ճար­տա­րա­պետ Զա­քա­րիա Միլ­դա­նօղ­լո­ւին»:

Այդ ժա­մա­նակ մի քա­նի ան­գամ միա­սին Վան գա­ցինք: Ան ի­րա­ւա­ցի էր. լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ա­ռա­ջին հար­ցը հե­տե­ւեալն էր. «Ի՞նչ կը մտա­ծէք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին»: Պա­տաս­խա­նե­լով Վա­նի մէջ գտնո­ւող բո­լոր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցե­րուն՝ մշտա­պէս կ­’ա­ռա­ջար­կէի Աղ­թա­մա­րի վե­րա­նո­րոգ­ման հար­ցը չքա­ղա­քա­կա­նաց­նել, եւ բա­ցա­յայտ կ­’ը­սէի՝ 1915 թո­ւին Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցած է:

Աղ­թա­մա­րի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­ցու­մը Ապ­րիլ 24ին կա­տա­րե­լու Թուր­քիոյ ջան­քե­րը

Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ւար­տէն ետք ե­կաւ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ բաց­ման օր նշա­նա­կե­լու հեր­թը: Թէեւ մշտա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ էինք, սա­կայն, ցա­ւօք, ա­ռանց Պատ­րիար­քա­րա­նէն եւ մեզ­մէ կար­ծիք առ­նե­լու, բաց­ման օր նշա­նակուե­ցաւ 2006ի Նո­յեմ­բեր 4ը:

Ա­ռա­ւօտ մը արթն­ցանք եւ կար­դա­ցինք, որ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րը պիւտ­ճէի քննարկ­ման ժա­մա­նակ ը­սած է, որ Աղ­թա­մա­րի ե­կե­ղեց­ւոյ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը հե­տաձ­գո­ւի Ապ­րի­լին: Շատ չան­ցած հասկ­ցանք՝ ժա­մա­նա­կի փո­փո­խու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած էր այն հան­գա­ման­քով, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մի­տէր ը­նել այն­պէս, որ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը հա­մընկ­նի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման օ­րո­ւան՝ Ապ­րիլ 24ին:

Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեան.- «­Պի­տի չմաս­նակ­ցիմ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան»

Նա­խա­րա­րին այդ յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք քննա­դա­տու­թեան մեծ ա­լիք բարձ­րա­ցաւ: Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Մես­րոպ Մու­թա­ֆեան, քննա­դա­տե­լով Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման հար­ցի քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը, յայ­տա­րա­րեց.- «­Յոյս ու­նինք, որ այս լու­րը ճիշդ չէ»:

Կը կար­ծեմ, որ օգ­տա­կար կ­’ըլ­լայ մէկ ան­գամ եւս կար­դալ Պատ­րիար­քի այդ ժա­մա­նա­կո­ւան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը:

«­Մա­մու­լէն տե­ղե­կա­ցանք, որ մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Ա­թի­լա Քոչ Վա­նի Աղ­թա­մար կղզիի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նշա­նա­կած է Ապ­րիլ 24ին: Յոյս ու­նինք, որ լու­րը ճիշդ չէ: Այդ քայ­լին ա­նու­նը ի՛նչ ալ դնենք՝ այն ոչ այլ ինչ է, ե­թէ ոչ ժո­ղո­վուր­դի մը ցա­ւե­րու նկատ­մամբ ան­յար­գա­լից, նոյ­նիսկ ծաղ­րա­կան վե­րա­բեր­մունք: Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը Ապ­րիլ 24ին ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին՝ կը դառ­նայ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման դրա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն: Ա­նի­կա եր­կու հա­րե­ւան­նե­րու ա­ռանց այդ ալ ոչ-լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ւե­լի մեծ հա­րո­ւած կը հասց­նէ, քան Ֆ­րան­սա­յի Սե­նա­տի ո­րո­շու­մը, եւ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զին մէջ Թուր­քիան կը մե­ղադ­րեն հա­յե­րու զգաց­մունք­նե­րը չյար­գե­լու մէջ: Հայ ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւին նկատ­մամբ այդ­պի­սի մօ­տե­ցու­մը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման մեծ սխալ կ­’ըլ­լայ: Նա­խա­պէս կը յայ­տա­րա­րեմ, որ ինչ­պէս ես, այն­պէս ալ ոե­ւէ հայ չմաս­նակ­ցի Ապ­րիլ 24ին կա­յա­նա­լիք բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Ի հար­կէ, կը սի­րենք մեր եր­կի­րը, ա­սի­կա այլ բան է, սա­կայն ցա­ւի նկատ­մամբ այս­քա՜ն անզգաց­մուն­քա­յին ըլ­լա­լը ո՛չ կրօ­նա­կան, ո՛չ ալ խղճի ա­ռու­մով ըն­դու­նե­լի է»:

Այս կոշտ ար­ձա­գան­գին հե­տե­ւան­քով՝ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րե­ցաւ Ապ­րիլ 24ին բա­ցու­մը ը­նե­լու մտքէն:

Այ­նու­հե­տեւ, Վա­նի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի յայ­տա­րա­րու­թե­նէն տե­ղե­կա­ցանք, որ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղա­փոխուած է Ապ­րիլ 11ին: Կարճ ժա­մա­նակ ետք պար­զո­ւե­ցաւ, որ Ապ­րիլ 11ն­ ալ պա­տա­հա­կան չէ. այն պե­տու­թեան նոր խաղն էր, հեր­թա­կան ա­րե­ւե­լեան խո­րա­ման­կու­թիւ­նը: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ կը յի­շա­տա­կո­ւի Ապ­րիլ 11ին, իսկ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թիւ­նը գի­տէ՝ Ապ­րիլ 11ը նոր տո­մա­րով կը հա­մընկ­նի Ապ­րիլ 24ին: Ա­ռա­ջին ան­գամ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չո­ւած է կեն­դա­նի մնա­ցած խումբ մը հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ 1919 թո­ւա­կա­նին: Թէո­դի­կը յի­շա­տա­կի այդ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ան­մա­հա­ցուց «11 Ապ­րիլ. յու­շար­ձան» աշ­խա­տու­թեամբ: Այդ օ­րե­րուն Հ­րանտ Տինք շատ սրտնե­ղած էր, իր խօս­քով՝ այն­պէս, ինչ­պէս ան­հան­գիստ ա­ղաւ­նին: Աշ­խա­տան­քէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու քննակ­ման հա­մար, այ­ցե­լե­ցի Հ­րանտ Տին­քին: Մեր հան­դի­պու­մը եր­կար չտե­ւեց: Ես ը­սի.- «Ա­սոնք խա­ղեր կը խա­ղան, մեզ կը ծաղ­րեն մեզ: Հե­ռուս­տա­տե­սա­յին խա­ղի ժա­մա­նակ մաս­նա­կի­ցին յա­ճախ կը հարց­նեն. «Վս­տա՞հ էք, այս ձեր վերջ­նա­կա՞ն ո­րո­շումն է: Այժմ ճիշդ այդ­պի­սի վի­ճակ է»:

2007ի Յու­նո­ւար 19ին «Ա­կօ­սի» խո­րա­գի­րը հե­տե­ւեալն էր. «Վս­տա՞հ էք, որ ձեր ո­րո­շու­մը վերջ­նա­կան է»:

Վերջ­նա­կան ո­րո­շումն ար­դէն կար: Նոյն օ­րը Հ­րան­տը սպա­նո­ւե­ցաւ:

Մես­րոպ Պատ­րիար­քի հետ 2007ի Մարտ 29ին սրտի խոր ցա­ւով մաս­նակ­ցե­ցանք Աղ­թա­մա­րի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան:

 

Թր­քա­կան պե­տու­թեան խա­ղերն անս­պառ են

 

Ութ տա­րի ան­ցած է:

 

Պե­տու­թիւ­նը կրկին գոր­ծի դրաւ իր գա­ւա­ռամ­տու­թիւ­նը:

 

Նա­խա­գահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Տար­տա­նէ­լի յի­շա­տա­կին ա­մէն տա­րի Մարտ 18ին կա­տա­րո­ւող ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը այս տա­րի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ապ­րիլ 24ին՝ նշե­լով, որ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն հրա­ւի­րո­ւած է նաեւ Հա­յաս­տա­նը:

 

Սա­կայն ան չի բա­ւա­րա­րո­ւիր միայն ցա­ւակ­ցա­կան հե­ռագ­րե­րով, Հ­րանտ Տին­քի հաս­ցէին գո­վես­տի խօս­քեր շռայ­լե­լով:

 

«­Վատ սփիւռք, Թուր­քիա­յի լաւ հայ քա­ղա­քա­ցի­ներ, խեղճ Հա­յաս­տան» կոն­ցեպ­ցիա­յի (յղաց­քի) ար­տա­ցո­լու­մը կրնաք գտնել «­Տար­տա­նէ­լի զո­հե­րուն մէջ հայ զի­նո­ւոր­ներ ալ ե­ղած են» ա­նազ­նիւ մօ­տեց­ման մէջ:

 

Պատ­մու­թիւն ի­մա­ցող­նե­րը գի­տեն, որ հո՛ն, ուր հա­յե­րը կ­’ապ­րին, ի­րենց հայ­րե­նի­քը կը հա­մա­րեն, ուր ալ որ ըլ­լան՝ այդ երկ­րի ա­պա­գա­յի հա­մար ի­րենց կեան­քը կու­տան:

 

Վեր­ջին խօս­քը վար­չա­պետ Տա­ւու­թօղ­լո­ւինն է:

 

Ան մօ­տա­ւո­րա­պէս ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.- «Ե­թէ Հ­րանտ Տինք կեն­դա­նի ըլ­լար, այդ­պէ՛ս կ­’ու­զէր»:

 

Ան կը սխա­լի:

 

Հ­րանտ Տինք իր հաս­ցէին հե­րո­սա­պա­տում­ներ սար­քե­լը սնանկ կը հա­մա­րէր: Չէր ցան­կա­նար այդ­պի­սի բան։ Ա­տի­կա չու­զե­լուն մա­սին յայ­տա­րա­րած էր ութ տա­րի ա­ռաջ, ո­րուն հա­մար իր կեան­քով վճա­րեց գի­նը:

 

Տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը ստի­պեն փորփ­րե­լու մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը. ա­տի­կա մէկ ան­գամ եւս կը յի­շեց­նէ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի խօս­քե­րը.

 

- «Ես պի­տի չմաս­նակ­ցիմ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան»: