Այս հրահանգը տուաւ Թալիաթ արիւնարբու բանակին
ու հրամայեց հայերը մէկ անգթօրէն ղրկել ջարդիև
մտքի մարդիկ, աշխատաւոր, ուսուցիչներ, գիւղացի,
պառաւ անզօր, երէց, մանուկ, մայր նորահաս դեռատիև:
Այս ինչ փորձանք մեզի տուիր ո՜վ իմ Աստուած բարեգութ
մենք որ քեզի հաւատացինք եւ յոյս դրինք քու վրան:
Անպատմելի ուժերու տէր, դուն ի՛նչ խղճով դիտեցիր
ու Ոճիրին դիմաց այս Մեծ, անզօր ու լուռ մնացիր:
Ջարդ մենք տեսանք, կոտորուեցանք, բայց մենք ընդմիշտ չկորանք,
ոչ թէ մէկով, միլիոններով երկրի վրայ դեռ մենք կանք
ու ապրեցանք թափառական, նոր օճախներ շինեցինք
ու վրէժը մեր սկզբնական ոճրագործէն լուծեցինք:
Հայրենիքը արդ կը կանչէ, հոն գործ ունինք ընելիք,
սահմանամերձ մեր հողերուն տէրը դառնանք ազգովին,
հեռու ապրիլ վայել չէ մեզ օտար վայրեր ման գալով,
միաձուլուած ուժ մենք դառնանք, որ մեզ յարգէ թշնամին:
Այս թող ըլլայ մեր կեցուածքը թշնամիին դէմ կանգնած,
որ մեզ ուզեց յաւերժ թաղել անապատին մէջ լքած,
բայց կիսամեռ մեր ազգութեամբ նորէն ոտքի կանգնեցինք
ու քաջաբար մարտնչելով նոր հայրենիք կերտեցինք:
Հայրենիքին մէջ բռնցքուած մենք խօսք ունինք ըսելիք,
թշնամիէն մեր հողերը մենք ետ ունինք առնելիք:
Ձրուած երբեք ուժ չենք դառնար, բոլորս ալ իմանանք,
եթէ կ՛ուզենք հզօր դառնալ պետք է երթանք Հայաստան:
Տէրը դառնանք մեր պատմութեան, հայրենիքին նորակերտ,
սերունդներուն նորահասակ մենք հոգ տանինք անվրէպ,
զի անոնց մէջ պէտք է տեսնենք մեր ազգի վեհ ապագան,
անմարդկային թշնամիին թող ա՛յս ըլլայ պատասխան:
Մարգար Շարապխանեան
Ուշի